«Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածի այսօրուայ բաժինով (թիւ 4), Քիւրքճեան կը քննարկէ այլուրութեան զգացումը, զոր կ’ապրին ափիւռքահայերը՝ օտար մշակոյթներու բացուելու եւ աւանդական հայկական ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութիւններուն միջեւ յառաջացած ներքին պայքարին պատճառով: Ան լուսարձակի տակ կ’առնէ, թէ ինչպէ՞ս առօրեայ կեանքին մէջ գերակշռող դարձած են պարզունակութիւնն ու միօրինակութիւնը՝ օտարուած թէ՛ աւանդականէն, եւ թէ՛ ժամանակակից իրականութիւններէն: Քիւրքճեան կը վիճարկէ, օրինակ, որ թէեւ տնտեսական անհատական յաջողութիւնները արմատացած են լիբանանեան առօրեային մէջ, անդին հաւաքական արժէքները կը մնան իրականութենէն կտրուած՝ այս բեւեռները կամրջելու տեսական ըմբռնողութեան մը բացակայութեան լոյսին տակ: Մարդիկ կորսուած են ուծացման եւ պահպանումի առասպելներուն միջեւ:
Քիւրքճեան կ’անդրադառնայ սփիւռքեան տարբեր փորձառութիւններու, օրինակ՝ հայերը Ֆրանսայի կամ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր անոնք մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն երբ միաժանակ կը փորձեն թէ՛ իրենց ինքնութիւնը պահպանել եւ թէ՛ օտար մշակոյթներու բացուիլ: Ան հարցականի տակ կ’առնէ ձուլուողներու եւ պահպանութեան ձգտողներու միջեւ ստեղծուած խրամատը՝ կենդանի օրինակներով: Քիւրքճեան կը քննադատէ Սփիւռքի մէջ տարածուած ինքնապահպանման պահպանողական գաղափարախօսութիւնը՝ նշելով, որ ան ձախողած գաղափարախօսութիւն մըն է եւ նկատի չ’առներ ժամանակակից հայկական գոյութեան իրականութիւնները, մասնաւորաբար հայկական պետականութեան եւ հաստատութիւններու բացակայութեան լոյսին տակ մէջ:
Քիւրքճեան կը քննադատէ նաեւ սփիւռքեան կեանքի պարզեցուած տրամաբանութիւնը, որ օտար արժէքները կը դիտէ որպէս սպառնալիք, եւ ոչ թէ հարստացման հնարաւորութիւն: Նոր մշակոյթի բացուելու եւ սեփական մշակոյթը պահպանելու միջեւ ընտրութիւն կատարելու անճկուն մտածողութիւնը կը ստեղծէ լճացած եւ իրականութենէն անջատուած ապրելակերպ մը: Հետեւանքը՝ երիտասարդ սերունդները իրենք զիրենք կորսուած ու կտրուած կը զգան իրենց մշակութային արմատներէն՝ պայքարելով գտնելու իրենց ինքնութիւնը շրջագիծի մը մէջ, ուր անոնք բզկտուած են երկու մշակոյթներու միջեւ: Ի վերջոյ, Քիւրքճեան կը թելադրէ հեռու մնալ հին, պարզունակ ստորոգութիւններէ (օրինակ` «ձուլում» ընդդէմ «պահպանում») եւ որդեգրել բարդ եւ յարմարուող՝ հայ ըլլալը սահմանող մտածողութիւն մը, որ կը ճանչնայ եւ կը ներառէ արտաքին ազդեցութիւններն ու իրականութիւնները՝ միաժամանակ անաղարտ պահելով հայկական ինքնութեան կարեւոր երեսները:
Վ. Թ.
Դարձեալ պիտի չուզէի հեռանալ անմիջական նիւթէս, երթալ նոյն փութկոտ ընդհանրացումներուն։ Բայց կեանքս, մեր կեանքը խճողուած է տուեալով, ամփիրիզմով։ Ճզմուած՝ պարզութեան ու միամակարդակութեան մէջ։ Մեր առօրեան օտարած է մեր աւանդութենէն, եւ դեռ օտար՝ մեր այժմէականութեան, ներկային: Տնտեսական մեր իրագործումները միայն, անհատականները մանաւանդ, լայնօրէն արմատ ձգած են համալիբանանեան առօրեային մէջ, մինչ մեր հաւաքական արժէքները կը մնան օտար այդ առօրեային։ Հում աւանդութիւն եւ հում առօրեայ, անգամ մը եւս, կը խճողեն մեր Ներկան, եւ Տեսականը ցաւագինօրէն բացակայ է։ Վերլուծող, համադրող, պայծառալոյս Տեսականը։ Մեզի պատմականօրէն պարտադրուած տուեալներէն, անոնց խեղճ պարզութենէն մեզի նո՛ր, բա՛րդ, բազմեզր (multidimensionnel) գոյութիւն մը համադրող, ստեղծող Տեսականը։
Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիմ ես։ Օտարեալ կեանք մը կ’ապրիս դուն: Օտարում, aliénation կ’ապրինք մենք. օտարած ենք ամեն մէկս իր անհատական գոյութենէն, կարելիութիւններէն։ Բոլորս հաւաքաբար օտարած ենք մեր հաւաքական կացութենէն։ Թակարդի մէջ բռնուածի պէս, բռնուած Ձուլումի ու Պահպանումի միթոսներուն, երեւակայական ստորոգութիւններուն միջեւ։ Ըսէ՛ք ինծի՝ ո՞վ է ձուլուածը, ո՞վ է պահպանուածը։ Պահպանուածը Հա՞յկն է, կամ Դանի՞էլը, որոնք նոյն անորոշութիւնները, գոյութենական նոյն խակութիւնը, նոյն պաթոսը եւ դերի վերածուած նոյն դժգոհութիւնը խաղցան նաեւ երկրորդական վարժարանէն ետք, ինչպէս կը խաղայ մեծամասնութիւնը իմ սերնդակիցներուս: Նաւաբեկելու համար ապա՝ Հիւսիսային Ամերիկայի ափերուն վրայ։ Եւ ձուլուածը ալֆորվիլցի Ժա՞նն է, որ փարիզեան արուարձանի իր տունէն մինչեւ գործատեղի եւ գործատեղիէն մինչեւ ակումբ՝ փաստօրէն ֆրանսերէն լեզուի, ֆրանսական առօրեայի ու ֆրանսական մշակոյթի մէջ ընկղմած դրական ու յստակ կերպով գիտէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ ու հայութեան հանդէպ յանձնառութիւններ ունենալ։ Ի՜նչ փոյթ իր ֆրանսախօսութիւնը, իր քարթէզիէն մտածելակերպը կամ սիրած soupe à l’oignonը: Ինչո՞վ չափել իր հայութիւնը, թէ ոչ իր պայծառ մտքով եւ նոյնքան պայծառ հաւատքով։ Մէկ խօսքով` ճանաչումի, ինքնաճանաչումի իր որակով ։ Ձուլուա՞ծ է Շարլին, որ պատրաստութեան ու «մտայնութեան» բերումով անկարող է ընդունելու Ահարոնեանով կամ Շահնուրով (իրարմէ այնքա՜ն տարբեր, անշուշտ) բնորոշուող հայկական մասնաւոր, որոշ ժամանակաշրջանի պատկանող զգայնութիւններ. ու այդ անհաղորդութիւնը բնական է պարզապէս: Բայց գիտակից է ան իր գոյութեան բարդ տուեալներուն, որոնց մէկ մասը բնականաբար ֆրանսական է, կամ ֆրանսականէն եկող, – եւ կը փորձէ անձնական համադրութիւն մը իրագործել, մեկնելով հայկական ու ոչ- հայկական այդ տուեալներէն:
Ո՞վ է դարձեալ «հայ պահուածը»։ Հայապահպանման քարոզներով յորդելու չափ լեցուած Միջին Արեւելքի հայ երիտասարդութեան զանգուա՞ծը, որ իր մէջ կը յաւերժացնէ կրկնակ ու ամուլ տագնապը տեղական քաղաքացիութեան ու «արեւելքցիութեան»: Որ, աւելի պարզօրէն, չի կրնար ամբողջապէս հայ ըլլալ, որովհետեւ լիբանանցի է կամ սուրիացի. բայց որ չի ալ կրնար ըլլալ լիբանանցի կամ սուրիացի, ո՛չ միայն որովհետեւ «աւանդաբար» հայ է, այլ որովհետեւ այդ երկիրները իրենք ալ կ’ապրին քաղաքակրթական լինելութեան սուր տագնապ: Արտագաղթելու, աշխարհի չորս ծագերուն ցրուելու ախտագին, սպանիչ տենդէն վարակուած, Արեւմուտքի դէմ (եւ անոր աժան, առօրեայ արժէքներուն դէմ մանաւանդ) իր «արեւելքցի» ըլլալէն ամչցող, տառապող, «ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւն» ստացած երիտասարդութի՞ւնը, որ եւրոպական, ամերիկեան կենցաղի հետ առաջին շփումին իսկ պատրաստ է լուացուելու ազգապահպանման բոլոր չափանիշներով իրեն ջամբուած «ազգային» դաստիարակութենէն, կամ դատապարտուած քաշքշուելու, նուաճուած միշտ՝ ոչ-հայ բաներու արգելումէն եւ անխուսափելի ձգողութենէն: Հարցը չի վերաբերիր բաղդատութեան մը` լիբանանեան տիպի ու ֆրանսական տիպի գաղութներու միջեւ։ Հարցը այն է, որ Սփիւռքի տարածքին, հայ պետականութեան ու ամբողջովին հայ հիմնարկութիւններու բացակայութեան, ճակատագրական սխալ է հայութիւնը կապել պահպանումի գաղափարաբանութեան մը։ Իսկ վերը կատարուած դիտողութիւնները՝ պարզապէս փաստեր են, այս էական դրոյթը (thèse) լուսաբանող։ Այս տեսակի գաղափարաբանութենէ մը ծնած է իմ սերունդս: Երէցները զայն կը դատափետեն, իրենց գիտնալիքն է. Ես պիտի չըլլամ սերունդս «պաշտպանող»ը։ Որովհետեւ պատճառները փաստօրէն աւելի անդին կը գտնուին եւ մէկուն, ու միւսին հասողութենէն։ Ամբաստանեալի ու դատախազի դերերը զանցուած են, ի յառաջագունէ. Եւ երեւոյթներու մակերեսէն սահիլ կը նշանակէ՝ ամբաստանել մէկուն «նեղմտութիւնը», միւսին ամուլ դժգոհութիւնը։ Շուշանեանական մելամաղձութիւնը յաւերժացնող երիտասարդ ասպետները ու իրենց դաս տուող ծեր խմբագիրները արտադրութիւններն են միեւնոյն աշխարհայեցողութեան: Իսկ գոյութիւնը, Ֆրանսայի թէ Ամերիկայի մէջ, սերունդի մը (կամ սերունդի մը փոքր մէկ հատուածին, հոգ չէ, փաստը չի դադրիր փաստ ըլլալէ), սերունդի մը՝ որ, ի հեճուկս պահպանումի այդ գաղափարաբանութժան, ստեղծած է կամ ստեղծելու վրայ՝ հայութեան նո՛ր, անտիպ որակ մը՝ սա ալ առաջինի զուգահեռ նոյնքան փայլուն փաստ մըն է պահպանումի «վարդապետութեան» սնանկութեանը։
Եւ, ի վերջոյ, ի՞նչ է հայը Սփիւռքի տարածքին: Տուեալ ժառանգութեան մը բրածոյ պահա՞կը, նոր ու «արտաքին» բաներու հանդէպ անպայման ժխտականօրէն դիրքորոշուող մարդ-մեքենա՞ն։ Պիտի պատասխանուի, անշուշտ որ օտար արժէքները պէտք է հայացնել, եւ այլն, եւ այլն։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ինչպէ՞ս հայացնել օտար արժէքը, երբ նախ անոր մասնակցիլը վերածուած է թապուի։ Անկէ անդին՝ օտար արժէքները հայացնելու հրաւէրը բառ է միայն, «պաշտպանողական» կեղծի՛ք: Անկէ անդին միամիտ հակադրում է, դարձեալ ձուլումի ու պահպանումի ցնորական, հրէշային հակադրումը։ Արուեստականօրէն պարզացուած, հաշմուած, ինքիրմէ օտարացած հաւաքական կացութիւն մըն է անկէ անդին։ Գոյութիւն մը, որուն կը պակսի մեծ մշակոյթներու նպաստն ու պատուաստումը չէ՞ որ այդ բաները ձուլումի եւ կորուսման նշանին տակ են տեղաւորուած։ Գոյութիւն՝ որուն կը պակսին նաեւ քաղաքացիական կեանքի կաղապարները – չէ՞ որ բնակութեան երկիրներուն մէջ «տեղացի» զգալու տրամադրութիւնն ալ ձուլումի միթոսին նշանը կը կրէ…: Այս բոլորը՝ սփիւռքեան երկբեւեռ ու պարզ, պարզացուած տրամաբանութեան: Եւ այս բոլորը՝ իրենց հետեւանքներով. այսինքն աճող սերունդներուն յաճախ տժգոյն, աննկարագիր դէմքը, անոնց անպատրաստութիւնը` դիմագրաւելու եւ նուաճելու աւանդականի ծիրէն դուրս որեւէ նորութիւն, որեւէ արժէք (որոնց հետ սակայն օր մը անխուսափելիօրէն դէմ առ դէմ պիտի գտնուին, յաճախ… նուաճուելու համար անոնցմէ): Ուրիշ հետւանք՝ այդ սերունդներուն արմատախիլ վիճակը. Պէյրութէն մինչեւ Փարիզ, մինչեւ Աւստրալիա, մինչեւ… Երեւան՝ իրենք զիրենք գաղթական զգալու եւ իրենց գաղթականութիւնը յաւերժացնելու տրամադրութիւնը: Դրական, խիտ ներկայութեան, աշխատանքի ու ստանձնումի (engagement) ոգիի բացակայութիւն:
Ի՞նչ են, դարձեալ, հայը, հայութիւնը՝ Սփիւռքի տարածքին։ Միանգամ ընդմիշտ սահմանուած էութի՞ւն մը, գաղափա՞ր մը, թէ՝ գոյութենական կացութիւն, ամեն վայրկեան ճշդելի արժէք։ Ի՞նչ պիտի ընենք սա հայութիւնը. պիտի պահենք-պահպանե՞նք, թէ՞ պիտի ապրինք զայն։ Ի վերջոյ, ինչպէս պիտի ըսէր Ժէռարը, կարելի բան է թէ չէ՞ հայ ըլլալը այսօր…
Այս էական հարցերը կը դրուին այսօր մեզի, մինչ Հալէպի կամ Պէյրութի մէջ զանազան տեղեր՝ տժգոյն պատանիներ կամ տարտամ դժգոհութիւններէ տառապող հրիտասարդներ՝ Շուշանեաններու հիւանդագին պաթոսը կը պտտցնեն իրենց ջղային ցանցի ու սեռականության արմատին (ներէ, գաղափարախօս, առողջ, մի՛ւս Շուշանեան…), ու իրենց սնարին կը պահեն Շահնուրի «Նահանջ»ը։ Կը խօսին անոնք ինչ որ վերացական վայրերու մէջ ձուլուող հայութեան մը մասին, եւ կը կրկնեն, ահաւոր անգիտակցութեամբ ու մազոխականութեամբ, ապայժմէ ահազանգը.
– Կը նահանջեն…, կը ձուլուին . . .:
Յետոյ տարտամօրէն կ’երազեն Փարիզի մասին, Նիւ Եորքի կամ Մելպուռնի մասին: Նուաճուած անոնցմէ ծաւալող հաճոյքի ու չարիքի երկդիմի թապու մթնոլորտէն: Հին, շահնուրեան մազոխականութենէն դեռ կրծուած։
Կը դրուին այս էական հարցերը, մինչ Արեւելքի գաղութներուն հայը, ե՛ւ իբր անհատ, ե՛ւ իբր հիմնարկութիւն, կը շարունակէ ապրիլ նոյն այլուրութիւնը, գրեթէ նոյն անշեղ յամառությամբ. վերջին տասնամեակի կարգ մը երեւոյթները տեղական լեզուներու ուսուցում, բարձրագոյն ուսման ընդհանրացում – մակերեսային են միայն, ոչ իսկ կիսամիջոցներ, ու կը ծառայեն միայն ծածկելու, քօղարկելու մտային հիմնական ենթակառոյցը, արժէքներու նոյն երկբեւեռ, պարզ աստիճանաչափը, որ քիչ մը վեր փորձեցի սահմանել։ Որովհետեւ համալսարանի ուսանողը մշակութային դիմագծի, յաճախ ու անհատականութեան նոյն տարտամութենէն կը տառապի, մտաւորական գծով ինքնաճանաչումի ու նախաձեռնութեան նոյն պակասէն։ Ինքնատպութեան պակասէն: Տեսական մտքի ու կազմակերպուած, համակարգեալ աշխարհայեացքի նոյն ահաւոր բացակայութենէն:
(շարունակելի)
Նախորդ բաժինը (Գ. մաս) կարելի է կարդալ այս կապով: