Անմահ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիուած երեկոն երկրորդն էր «Սօս Սարգսեանի» անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբի Պէյրութի մէջ ներկայացումներուն (14 մարտ 2025) «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան:
Թատրոն եւ բանաստեղծութիւն. անոնք յաճախ կը հանդիպին, սակայն հազուադէպօրէն անոնց միաձուլումը կ’ըլլայ այնքա՛ն մոգական, որքա՛ն եղաւ «Մարդը ափի մէջ» ներկայացման ընթացքին։
Բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան եւ օգնական բեմադրիչ Տաթեւիկ Ղազարեան նոր շունչ տուած էին Սեւակի բանաստեղծութիւններուն՝ ժամանակակից անհատի հոգիի խորքերուն մէջ անոր որոնումներուն, որոնք բեմին վրայ կը վերածուէին երկխօսութեան, սիրոյ, կարօտի, հակամարտութեան եւ մարդկային հոգիէն բխող բազում արտայատութիւններու։ Այն, ինչ որ տեղի կ’ունենար բեմին վրայ, սովորական ասմունք չէր, այլ բառի, շարժումի եւ զգացումներու բեմական ստեղծագործութիւն, ուր խօսքը ոչ միայն կը վերածուէր ասմունքի, այլեւ ձեւ ու մարմին կը ստանար, կը կենսաւորուէր, կը կը գրաւէր ու ի վերջոյ՝ կը թռչէր հանգչելու համար հանդիսատեսին հոգիին ու մտքին մէջ:
Իր երեք մասերով՝ «Ես», «Դու» եւ «Մենք», ներկայացումը կը մէկտեղէր հատուածներ Պ. Սեւակի յայտնի ժողովածուէն` «Մարդը ափի մէջ», հրատարակուած 1963-ին: Իւրաքանչիւր բաժին բանաստեղծին հոգեկան բացայայտումներուն մէկ նոր շերտը կը բանար։ «Խոստանում եմ»ի խոստովանանքը, «Դու մի հարցրու»ի ներքին ցնցումը եւ «Ապրել»ու գոյաբանական հարցադրումը բեմին վրայ կը վերածուէին ապրող իրականութեան։ Բանաստեղծութիւնը այլեւս ոչ թէ գիր էր ու էջ, այլ ապրող, շնչող ու շնչաւորող ուժ։ Սեւակի բանաստեղծութիւնները այլեւս անշարժ տառեր չէին. անոնք կը բաբախէին թատերական կենսունակութեամբ՝ հարստացած դերակատարներու արտայայտութեան, շարժումներու եւ խօսքի, երաժշտութեան ու լռութեան կշռութաւոր ներգործութեամբ:
Բեմադրական լուծումները բացառիկ ու կախարդական էին՝ առանց չափազանցութեան։ Տեսիլք ունեցող բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի զգայնութիւնը կշռոյթի եւ շարժումի հանդէպ, նշմարելի էր իւրաքանչիւր քայլափոխի, դադարի ու հնչեղութեան ալիքներուն մէջ։ Բեմը կ’ապրէր չորս դերասաններու ներդաշնակ խաղով. Նարեկ Բաղդասարեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան եւ Միլենա Ղազարեան՝ իբրեւ Սեւակի տարբեր ձայները, կը մարմնաւորէին բանաստեղծին բազմաշերտ էութիւնը, մինչ կարմիր հագուած մուսան խորհրդանշական կերպարով կը մարմնաւորէր անոր ստեղծագործական ոգին։ Անոնց փոխազդեցութիւնները՝ կիրքի յայտնաբերումներ, շշուկով արտասանուած խոստովանութիւններ, կրքոտ վիճաբանութիւններ եւ միասին երգուած պահեր, հանդիսատեսին հետ շօշափելի կապ մը կը ստեղծէին։ Ինչպէս ինքը Գրիգորեան կը նշէ. «այս ներկայացումը պատմուելու համար չէր՝ պէտք էր զայն տեսնել եւ զգալ», իսկ մեր կողմէ…նաեւ հասկնալ:
Երաժշտութիւնը (Արմէն Շահինեան)՝ ներկայացման անբաժանելի մասը, թատերական այս փորձառութիւնը կը հասցնէր նոր բարձունքներու։ Ան պարզ յաւելում մը չէր, այլ՝ երկխօսութիւն մը բանաստեղծութեան հետ՝ միահիւսուած դերասաններու շարժումներուն՝ խորացնելով անոնց յուզականութիւնը։
Ներկայացման գրքոյկին վկայութեամբ, Պ. Սեւակի թոռնիկը՝ գրականագէտ Սեւակ Ղազարեան, որ նաեւ բանաստեղծին տուն-թանգարանի տնօրէնն է, բարձր գնահատած է ներկայացումն ու բեմադրութիւնը. «Ժամանակակից մօտեցումը անսովոր էր, բայց նաեւ խորապէս սեւակեան. բանաստեղծի ոգին, շունչը, կիրքը եւ կեանքային եռքը ամբողջութեամբ բեմին վրայ կային»։
Այս ներկայացումը ոչ միայն յարգանքի տուրք մը հանդիսացաւ մեծ բանաստեղծին, այլեւ առիթ մը անոր ստեղծագործութիւններուն նորարարական կենսաւորման` երաժշտութեան, շարժումի եւ բեմարուեստի հրաշալի միաձուլումով։ Տէր Մելքոնեանի բեմին վրայ Սեւակը ոչ միայն յիշուեցաւ ու անոր 100-ամեակը նշուեցաւ, այլ վերածնաւ՝ խօսքերու հոսքին, շարժումներու բաբախումին ու բեմին վրայ բռնկած բանաստեղծական երկունքին մէջ։
Բանաստեղծութիւնները ունէին ժամանակի սահմաններէն անդին անցնող հնչեղութիւն։ Սեւակի անդրադարձը մարդ արարածի վիճակին՝ մեր խոցելիութեան, ձգտումներուն եւ իմաստի որոնումին, նոյնքան հրատապ ու յուզիչ կը հնչէր բեմին վրայ։ «Բայց իմ ափը ի՞նչ է տալիս: Ինքըդ գիտես, որ մի ափը մինչեւ անգամ ծա՛փ չի տալիս» տողերը, քաղուած «Մարդը Ափի մէջ» երկէն, մտածելու հրաւէր կ’ուղղեն բոլորիս՝ մարդ արարածի դիւրաբեկութեան ու տոկունութեան մասին։
Երբ Նարեկին, Յարութիւնին, Անդրանիկին եւ Միլենային սեւակեան վերջին հնչիւնները մարեցան եւ լոյսերը խամրեցան, հանդիսատեսը մնաց յափշտակուած՝ կրկին յիշելով այն կախարդանքը, որ կը ծնի, երբ խօսքը, երաժշտութիւնը եւ շարժումը կը միաձուլուին գեղարուեստականօրէն։
«Սօս Սարգսեանի» անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբը եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը մեզի հրամցուցին երեկոյ մը, ուր բանաստեղծութիւնը ոչ միայն կը հնչէր ու թռչէր, այլեւ՝ կ՛ապրուէր։
Հայրենի արուեստագէտները եկան, կախարդեցին ու մեկնեցան: Մնացինք որբացած: Նորէն կը սպասենք: