Լենա Պօղոսեան
Ամէն առաւօտ կը հանդիպինք իրարու,
Դո՛ւն՝ հեւքի մէջ, կ’աճապարես դէպի դպրոց,
Իսկ ես՝ հանդարտ, զգուշ, կ’ուղղուիմ վարժանոց։
Երէկ նորէն հանդիպեցանք,
Բարեւեցինք շատ արագ ու բաժնուեցանք։
Ամէն հանդիպումիս կ’ուզեմ ընդհատել ճամբադ,
Ի զուր է ճիգս—վազքի մէջ ես, աշխուժ, եռանդուն,
Ծրագիր ու գործ կերտելու։
Որքա՜ն կ’ուզեմ հեւքդ հատել, բացատրել՝
Վաղը արագ կը հասնի, ընկեր,
Աճապարել պէտք չունիս այդքան։
Բայց քայլերդ երբ ամուր, ձայնդ վճիտ,
Կ’աւետեն լոյսը բարի,
Եւ ես կը մնամ ետ՝ անվճիռ։
Եւ կը բացուի հորիզոնը երազներուդ,
Տենչը ապագայի, իղձը յաղթանակի։
Կամաց, ընկեր, ըսեմ քեզի՝
Քանի՜ երազ նուիրական պիտի կորչին առյաւէտ։
Չմտածես այդ մասին, սիրելի՛ս,
Իրականն է միայն մնայուն։
Երանի տամ գաղտնիքը ապագայի,
Պահես անդորրը հոգիիդ։
Տարբեր էր այսօր հանդիպումը մեր,
Ես ու դուն՝ խաղաղ,
Սուրճին հետ մտերիմ,
Կ’երկնէինք անցեալը կրկին։
Բայց ահով ժամանակէն՝
Հեռացար սուրճէն հեւագին։
Փոխուած ես դուն՝ կը վճռեմ։
Փորձ մը վերջին՝ կասեցնեմ վազքդ տենդագին։
Ուժ ու կորով են պէտք հողմերուն դիմաց։
Փայլատակող լոյսը աչքերուդ
Կու տայ թեւեր՝ վճռագին։
Պատմութիւն մը կայ հոն՝ քաջ,
Յաղթահարութեամբ կերտուած։
Դուն կ’ուզես հեռանալ արագ,
Ես բռնած եմ ձեռքդ ամուր։
Ես, դուն՝ միեւնոյնը,
Անցեալն ենք հատած՝ ներկայով վստահ։