Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը իր ստեղծագործական ձեռքբերումներուն մասին: Այս անգամ, նկարիչին 53-երորդ անհատական ցուցահանդէսը մէկտեղած էր թէ՛ իր սեփականութիւնը հանդիսացող, թէ՛ ալ հայաստանեան թանգարաններու մէջ պահուող տարիներու ընթացքին տարբեր առիթներով եւ տարբեր վիճակներով իրագործուած ինքնանկարներ:
Վալմարի կենսագրութիւնը լի է բուռն իրադարձութիւններով․ շրջագայած է տասնեակ երկիրներ, բազում անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի եւ Գանատայի շարք մը քաղաքներուն մէջ: Անոր գործերը կը պահուին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ճափոնի, Ֆրանսայի ցուցասրահներուն եւ թանգարաններուն մէջ:
«Ես ինքնանկարներ կ’ընեմ, երբ դրական կամ բացասական հոգեվիճակներու մէջ գտնուիմ․ կը նայիմ հայելիին ու ներսս եղածը կը հանեմ, կը տեղափոխեմ կտաւի վրայ. կը մաքրուի ու կը հանգստանայ»,- կը պատմէ Վալմար: Ինքնանկարները որպէս կանոն կը ստեղծուին նկարներու շարքերը աւարտելէ յետոյ: Այս մօտեցումն է թերեւս պատճառը, որ ինքնանկարները իրարմէ տարբեր են ու կը դիտուին առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ: Իւրաքանչիւր ինքնանկար ունի իր ստեղծման շարժառիթն ու պատմութիւնը:
Արուեստասէրին քիչ ծանօթ գործերէն է 1970-ին Գիւմրիի մէջ կատարուած Վալմարի ինքնանկարը, որ մինչեւ վերջերս մնացած է նկարիչին հօրենական տունը: Վառ եւ մեղմ գոյներու հետաքրքրական համադրութեամբ աչքի զարնող այս գործը ստորագրուած է Վոլոդեայ անունով. հեղինակը դեռ չէր սկսած գործածաելու Վալմար կեղծանունը: Ինքնանկարին մէջ, արուեստագէտին թիկունքին պատկերուած են կին մը եւ գինիի շիշ մը՝ իբրեւ ազատ արուեստագէտի խորհրդանիշեր: Լենինականի նկարիչներու միացեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած այս ինքնանկարին մէջ իր ապագայ ամուսնոյն առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է մանկաբոյժ Եւգինէ Մինասեան: Զինք տպաւորած է հեղինակին ոչ հայեցի անունը, ու բախտի քմահաճոյքով կարճ ժամանակ ետք, ան ծանօթացած է Վալմարի:

1972-ին պատկերուած ինքնանկարին մէջ նախորդին հետ գոյներու համադրումի նմանութիւն կայ, սակայն ան աւելի խորհրդապաշտական է․ նկարիչի ձեռքին ժամացոյցն է, որ կը յիշեցնէ ժամանակի ընթացքին մասին, իսկ թիկունքին դէպի լոյսը քալող մարդու մը ուրուապատկերն է: Հեղինակը կը յիշէ․ «նոր աւարտած էի ուսումս, ու ըսելիքս այն էր, որ ինձմէ է կախեան իմ յաջողութիւնս»:
Յաջորդ ինքնանկարը բերուած է Ազգային պատկերասրահէն: Ան իրագործուած է 1973-ին, Թիֆլիս, բանակային ծառայութեան ժամանակ: Բանակ երթալէ առաջ, Վալմար նկարիչներու միութեան կողքի սրճարանը մեծ հիւրասիրութիւն կազմակերպած է, թամադայութիւնը ըրած է մաեսթրո Երուանդ Քոչարը․ ան խորհուրդ տուած է մազերը սափրելէ անմիջապէս յետոյ նկարել ինքնանկար մը, որ բանակային ղեկավարութիւնը ծանօթանայ երիտասարդ արուեստագէտի նկարչական ունակութիւններուն ու թոյլատրէ զբաղիլ նկարչութեամբ: «Ես այստեղ տուն ալ չունէի, բանակ գացի այդ սրճարանէն: Ընկերս չուզեց զիս առանձին թողել, ան ալ միացաւ ինծի»,- կը պատմէ Վալմար: Բանակային ինքնանկարն կարծէք եզրաւորուած էջի մը վրայ կատարուած է՝ ըսել ուզելով, թէ կեանքի նոր էջ մը բացուած է նկարիչին կեանքին մէջ: Կեդրոնացած, անհանգիստ հայեացքով մեզի կը նայի երիտասարդ արուեստագէտը, որ իր ստեղծագործական փառաւոր ուղիին արշալոյսին կը գտնուէր տակաւին:
Բանակէն Գիւմրի վերադառնալէ անմիջապէս ետք (1974) ստեղծած է «Ճանապարհորդութիւն» ինքնանկարը, ուր նկարիչին դէմքը զուգորդուած է գանգով եւ երկուքն ալ կը ծագին կեանքը խորհրդանշող հաւկիթէն: Հեղինակը կը նշէ․ «միշտ պիտի յիշես, որ յաւիտենական չես, դուն քու կեանքիդ օրօք քու ընելիքդ մինչեւ վերջ պիտի իրագործես, Աստուծոյ տուածը չվատնես: Քու ներքին պահանջդ, երջանկութիւնդ քու՛ ձեռքերուդ մէջ կը գտնուի»: Այս դիմանկարին մէջ, Վալմար անսովոր կերպարանք մը ունի՝ թաւ պեխերով: Երբ զարմանք կը յայտնեմ, թէ այնքան ալ նման չէ իրեն՝ կը հակադարձէ․ «ընդհակառակը, շատ նման է, սա ե՛ս եմ»:
1973 գծուած ինքնանկարը, որ հեղինակը կը պատկերէ տարբեր դիտանկիւններէ՝ կը յիշեցնէ հայելային արտացոլումներու անոր յայտնի շարքը՝ կապոյտի գերակայութեամբ: Հեղինակը կարծես ինքզինք կ’ուսումնասիրէ տարբեր կողմերէ՝ շարժման մէջ, իր ներաշխարհը կը բանայ դիտողին առջեւ․ «ըսել կ’ուզեմ, որ պիտի յայտնաբերես, թէ Աստուած ինչ տուած է քեզի, անոր վրայ աշխատիս ու զայն մատուցես աշխարհին»:

1974-ին, բանակէն ետք նկարուած է նաեւ արմատախիլ եղած ծառի տեսքով սիւրռէալիսթ «թախիծ» ինքնանկարը․ ան կ’արտայայտէ հեղինակին հոգեվիճակը, մայրաքաղաք տեղափոխուելու, ինքզինք գտնելու ցանկութիւնը: Նկարիչին վրայ իր հայեացքը կը տարածէ հասարակութեան անտարբեր աչքը: Նկարը այնպէս վարպետօրէն կատարուած է, որ իրական կը թուի նոյնիսկ դէմքին վրայ պատկերուած ճեղքուածքը:
Նկարիչը կը շեշտէ, որ իրեն համար կեանքի հիմնասիւներն են Աստուած, Հայրենիքը, ընտանիքը եւ աշխատանքը: Կարծես առանձին, եզրաւորուած էջի մը վրայ պատկերուած է նաեւ Վալմարի ու Եւգինէի հարսանեկան դիմանկարը (1975)՝ խորքին եկեղեցիի սիւներ, քանզի եթէ եկեղեցին հիմնուած է սիւներու վրայ, ապա ամուսնական զոյգն ալ ամուր ընտանիքի հիմքն է․ «կինը եւ տղամարդը իրարու համար յենման կէտեր են, այն զոյգ սիւները, որոնց միջեւ կը բացուի պատուհանը դէպի լոյս»: Ընդհանրապէս, Վալմարի՝ խորհրդային տարիներու ստեղծագործութիւններուն մէջ դժուար է այն ժամանակ պաշտօնապէս պարտադրուած ընկերային իրապաշտութեան որեւէ հետք գտնել:
Աւելի ինքնավստահ հայեացք կ’ուղղէ մեզի 1978-ի ինքնանկարը, որ նորդասականութեան ուղղութիւնը ներկայացնող ուշագրաւ աշխատանք ըն է:

1979-ին գծուած ինքնանկարները աղերսներ ունին հայկական մանրանկարներու հետ: Անոնցմէ մէկուն հեղինակը պատկերուած է սրբապատկերներու բնորոշ հանդիսաւոր հանդարտութեամբ, մեղմ երանգներով: Նոյն թուականին, Վալմար ստեղծած նման լուծումներով այլ աշխատանք մը, որ սակայն աւելի լուսաւոր է ու պակաս տարածական:
1989-ի ինքնանկարը Սպիտակի երկրաշարժին ու նկարիչին «Արհաւիրք» շարքի արձագանգներն են: Յաջորդ ինքնանկարներուն մէջ նկատելի են Արցախեան շարժման, ցուրտ ու մութ տարիներու, արտասահմանեան տպաւորութիւններու հետքերը․ «շարքը աւարտելէ յետոյ պիտի հանգստանաս, մէջէդ դուրս հանես կուտակուածը, ինքնանկարները զիս կը փրկեն, կը բուժեն: Ունիմ նոյնիսկ ազատ ոճով կատարուած ինքնանկարներ, բայց ինծի համար կարեւոր է, որ դէմքիս

արտայայտութիւնը երեւայ»: Այդպիսի գործ մըն է «Անտարբերութիւնը» (1979), ուր անհարազատ միջավայրի մէջ կքած նկարիչը բռնած է գլուխը: Աւելի հանդարտ արտայայտութիւն կը նկատենք 1997 եւ 1999 թուականներու ինքնանկարներուն մէջ: Նշանակալից է խօսուն գոյներով, ընդհանրացուած ու յախուռն գիծերով պատկերուած կրաֆիք

ինքնադիմանկարը (2000), որ կը զարդարէ ցուցահանդէսին հրաւիրատոմսը: Իր ստեղծած դիմանկարներուն, յատկապէս՝ ինքնանկարներուն մէջ, Վալմար նախ եւ առաջ հմուտ հոգեբան է, ի զուր չէ, որ Արտօ Չաքմաքչեանը անոր մասին այսպէս արտայայտուած է․ «ան ինծի համար յայտնութիւն մըն էր իր անհատականութեամբ եւ մարդկային խնդիրներու մէջ խորացող իր նկարչական աշխարհով»:
Վերջին տասնամեակներուն, նկարիչը կը շարունակէ ստեղծել նորաշունչ, տպաւորիչ ինքնանկարներ, քանզի «նկարիչին համար պարպուելու լաւագոյն միջոցը ինքնանկարն է»: Ի վերջոյ, անկախ անկէ, թէ որքանով խառնակ ու բարդ են ժամանակները, Վալմար շարունակականօրէն իր գործը կը կատարէ՝ արուեստի լոյսն ու ջերմութիւնը բերելով անոր կարիքը ունեցող մարդոց:
Աշոտ Գրիգորեան