Աւելի քան յուշեր ու ցոլքեր. Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը բոլորիս մասին է

Կ.Հ.

Երբ կ’ըսենք դասարանի մը արձագանգները, կարելի է հասկնալ այն ձայնը, որ կ՚արձակուի անկէ, կը հնչէ հոն, ապա կը կրկնուի անոր պատերուն վրայ: Սակայն «Դասարանի մը արձագանգները» գիրքին մէջ, հեղինակը՝ Լենա Պօղոսեան, նկատի չունի այդ պարզ ու բառացիօրէն լսելի ձայնը, այլ այն ամբարուած հարուստ փորձը, որ արձագանգելով ժամանակի թաւալումին մէջ՝ կը դառնայ մղիչ ուժ եւ ուղի կը հարթէ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու կեանքի հիմնական որոշումներուն եւ իրագործումներուն: Դասարանին այդ արձագանգները կը սաւառնին գրասեղաններէն անդին ու նաեւ կը կերտեն քաջ ու ազնիւ մարդը, եւ այս պարագային՝ կը կոփեն հայ դպրոցէն շրջանաւարտ հայ գիտակից մարդու կերպարը:

Echoes of A Classroom (Դասարանի Մը Արձագանգները) խորագրեալ գիրքը կը բովանդակէ տասներկու գլուխներ, որոնք ընդհանդրապէս կը պատմեն ուսուցչական ասպարէզին մէջ երկարամեայ փորձառութեան առնչուած յուշեր, մտորումներ եւ պատառիկներ հայ դպրոցի երդիքին տակ տեղի ունեցող առօրեայէն, միաձուլուած մանկավարժական գիտելիքներու, ներառելով ուսուցիչին մտահոգութիւնները, նուիրումը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հոն շեշտը կը դրուի ուսուցիչ-աշակերտ առողջ յարաբերութեան, նաեւ միտք ու նկարագիր կերտող եւ հայ արժէքներ փոխանցող դպրոցի կարեւոր դերին վրայ: Այս բոլորը, շաղախուած մանկավարժական ու մասնագիտական կարեւոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով, կը  հարստացնեն ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որ հեղինակին համար ասպարէզ ըլլալէ աւելի կոչում է։ Նպատակը գիտելիք փոխանցելէ առաջ ոգի փոխանցելն է՝ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ոգին։

Գիտելիքէն բացի, գիրքին էջերը կը հարստանան դպրոցական առօրեայ դէպքերով, որոնք, սահուն, գեղեցիկ եւ մտերմիկ պատկերելով, ընթերցողը կը փոխադրեն իր աշակերտութեան օրերը, իր նստարանը, ու այն խորհրդածութիւններն ու խօսքերը, որոնք հայ ուսուցիչը փոխանցած է այնտեղ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ իր մէջ կը հնչեն՝ անկախ անկէ, թէ ու՛ր կ’երթայ եւ որքան ալ ժամանակը փորձէ զանոնք մոռցնել։ Հեղինակը ինք կը վկայէ, որ այս նոյն արձագանգներն են, որոնք մղած են զինք գրի առնելու իր՝ ուսուցիչի յուշերը, որ զանոնք պահպանէ կորուստէ եւ իր մտահոգութիւնները բաժնէ նոր սերունդի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Հեղինակը հարցադրումներ կ’ուղղէ կրթական պատասխանատուներուն՝ անդրադառնալու այն նոր ու վտանգաւոր հոսանքներուն, որոնք կը սպառնան մեր կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ այն ուսուցիչներուն թիւին, որոնք հայ ոգին կը փոխանցեն, եւ հետեւաբար՝ հայ օճախին շարունակականութեան կը նպաստեն։ Այս պատճառով, գիրքը կը դառնայ յուշագրութեան, խորհրդածութեան եւ մանկավարժութեան համադրութիւն մը, որուն հերոսներն են աշակերտները՝ այն երեխաները, որոնք նոյնպէս այդ դպրոցը յաճախած են, եւ ուսուցիչները, որոնց հեղինակը ձօնած է այս գիրքը։

Հայրենիքն ալ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ այս գիրքին մէջ, երբ խումբ մը աշակերտներու հետ, հոն՝ ջամբարի մը մէջ, մայր հայրենիքը գրկաբաց կ’ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն եկող սփիւռքահայ պատանիները, ճիշդ այդ նոյն գգուանքով, որով հայ դպրոցը կը փայփայէ հայ երեխան ու պատանին:

Ոճը՝ ջերմ եւ հաղորդական, յատուկ ձեւով կը գրաւէ ընթերցողը, որ կ’ուզէ ամբողջ գիրքը մէկ շունչով կարդալ, կարծես այս նպատակով ալ էջերուն թիւը հազիւ անցած է հարիւրը։ Տեղ-տեղ պատկերներու մէջբերումներով կը հարստացնէ ընթերցողին տեսլականը՝ զերծ մնալով բարդ եւ վերացական գաղափարներ փոխանցելէ։ Եւ թէեւ լեզուն գրուած է պարզ անգլերէնով, հոգին հայկական է՝ ուղղուած ոչ միայն հայ ընթերցողին, այլ նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն՝ թէ՛ հայկական դպրոցին մէջ եւ թէ՛ դուրսը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնք հայերէն կը խօսին, բայց տարբեր պատճառներով առիթ չեն ունեցած հայերէն գրել եւ կարդալ սորվելու, հետեւաբար գիրքն ու հայ հոգին հասանելի դարձնելով աւելի լայն շրջանակի։ Այս բոլորը համեստ գիրքը կը վերածեն հայկական դպրոցին ուղղուած հրաւէրի մը, եւ միաժամանակ կամուրջի մը՝ հայերէնէն հեռացող սերունդները եւ լեզուին չտիրապետելու անոնց պատրուակները վերացնելու ճիգով՝ անշուշտ միշտ զանոնք մայրենիին վերադարձնելու յոյսով: Այս բոլորէն անդին՝ կարելի է նաեւ նշել, որ գիրքը քայլ մըն է տարբեր մշակոյթներու հետ հաղորդակցութեան եւ ծանօթացման ճամբուն վրայ, որ ինքզինք կը պարտադրէ այս արագ զարգացող ու փոխուող 21-րդ դարուն:

Բարի ընթերցում, բոլոր փափաքողներուն:

Կ.Հ.

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x