Ալֆա, պեթա, կամմա, էփսիլիոններ ե՞նք, թէ՞ մարդ

Նշանաւոր արձակագիր Օլտըս Հաքսլի 1932-ին հեղինակած է հիանալի գործ մը՝ «Չքնաղ նոր աշխարհ» (Brave New World), որ կը նկատուի եութոբիան (utopia) ժխտող գրականութեան գլուխգործոցներէն մէկը։ Հակառակ երեւութապէս դրական եւ ուրախ միջավայրին, այս գիրքը աւելի մռայլ եւ սարսափելի իրավիճակի մէջ գտնուող աշխարհ մը կը ներկայացնէ, քան նոյնիսկ Ճորճ Օրուէլի «1984»-ը։ Հաքսլիի նկարագրած աշխարհին մէջ անհատականութիւնը ամբողջովին ջնջուած է եւ չկան որեւէ քաղաքական կամ տնտեսական գաղափարախօսութիւններ, չկան պատերազմներ։ Մարդիկ կ’աճեցուին արուեստական վերահսկուած միջավայրեու մէջ՝ նախապէս սահմանուած չափորշիչներով՝ ալֆա, պեթա, կամմա, էփսիլիոններ։ Խիստ դասակարգուած այդ աշխարհին մէջ չկան ընտանիքներ եւ իւրաքանչիւր դաս զբաղած է իրեն  համար սահմանուած աշխատանքներ եւ պարտականութիւններ կատարելով։ Պետութիւնը խստօրէն կը հսկէ եւ մանկուց արդէն իսկ սահմանուած ունակութիւններով ծնած երեխաները կը ստանան մշակուած դաստիարակութիւն եւ չունին տարբերող կամ այլ պահուածք։ Անոնք մնայուն անվնաս թմրացուցիչ կ’առնեն, հանգիստ են եւ ուրախ։ Իտէալական ստրկատիրութիւն մը, ուր բոլորը երջանիկ են եւ ոչինչ գոյութիւն ունի, բացի անկէ, որ կը զետեղեն մարդուն մէջ իր ծննդեան պահէն սկսեալ։

Իր գործը ստեղծելէն շուրջ քսան տարի անց՝ 1950-ականներուն Հաքսլի կը գրէ ուշագրաւ այլ աշխատութիւն մը «Վերադարձ չքնաղ նոր աշխարհ» (Brave New World Revisited, 1958) ուր ան կը ներկայացնէ իր գիրքին վերլուծութիւնը եւ կը խօսի պետական քարոզչութեան, ուղեղի լուացման, վերահսկումի մասին։ Հաքսլի կ’ըսէ, որ իր «Նոր չքնաղ աշխարհ» գիրքին մէջ ներկայացուած ապագայի պատկերացման իրականացումը աւելի մօտ է, քան կարելի է կարծել։ Ազատութիւնը երթալով կը հեռանայ մարդոցմէ՝ արհեստագիտական իւրաքանչիւր զարգացումի զուգահեռ։ Ընդ որում այդ ազատութեան հեռացումը ոչ թէ կը կատարուի բռնի, ինչպէս Օրուէլի «1984»ի պարագային, այլ մարդիկ նոյնիսկ չեն ալ նկատեր, որ իրենք վերածուած են խամաճիկներու։ Այդ նոյն խնդիրներուն մեծ անդրադարձ կատարած են օրինակ Էրիք Ֆրոմը (Erich Fromm) իր «Փախուստ ազատութենէն» (Escape from Freedom) փիլիսոփայական, վերլուծական գիրքին եւ Եվկէնի Զամյաթինը (Yevgeny Zamyatin)՝ «Մենք» հակաեութոպիսթական գիրքին մէջ։ Ֆրոմ կը նշէ, թէ մարդիկ ինչպէս իրենց կամքով կը հրաժարին ազատութենէ եւ անսահմանափակ լիազօրութիւններ կու տան բռնապետերուն, որովհետե այդ ձեւով կը խուսափին անձնական պատասխանատւութենէ եւ կ’ուզեն, որ որեւէ զօրաւոր ձեռք գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ։ Եւ նոյնիքն այդ զօրաւոր ձեռքն ալ սովորաբար կը վերածուի բռնատիրութեան, այնպէս, ինչպէս Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, լատինական երկիրներու մէջ եւ այլուր։

Եւ այս բոլորին մէջ իր յստակ ու կայուն տեղը ունի քարոզչութիւնը, որովհետեւ համակարգային որեւէ երեւոյթ նախ եւ առաջ կը փորձէ իր օրինականութիւնը ապահովել եւ յաջողութեան պարագային՝ ամրապնդել այդ յաջողութիւնը։ Եւ այդ քարոզչութիւնը, որ Հաքսլիի մօտ յաջողութեամբ կ’արտայայտուի սոմմա թմրեցուցիչի օգնութեամբ,  Օրուէլի մօտ՝ աննախադէպ դաժան ճնշումներով, մեր իրականութեան մէջ կը դրսեւորուի դրական, բանական քարոզչութեամբ, զոր մենք կը տեսնենք ժամանակակից լիպերալ-ազատական ընկալումներուն մէջ։

Այս պարագային բաւական ուշագրաւ են Թեոտոր Պարպըրի «Քուն եւ հիփնոսիս» («Sleep» and «Hypnosis») եւ Միլն Պրամուելի (Milne Bramwell) «Հիփնոսիսի պատմութիւնը, կիրարկութիւնը եւ տեսութիւնը» աշխատանքները։ Այս աշխատանքներուն մէջ կը նշուին հիփնոսիսի կիրառութեան ազդեցութիւնները խոր եւ մակերեսային քունի պարագային, առանձին խումբերու պարագային ի՞նչ մեթոդներ կը կիրարկուին աւելի տպաւորիչ արդիւնքներու հասնելու համար, ինչպէս նաեւ՝ ի՞նչ արդիւնքներ գրանցուած են։ Հիփնոսիսի եւ անոր արդիւքներուն մասին քննարկումները Հաքսլի նաեւ կը դիտարկէ քննադատելու ունակութեան տեսանկիւնէն։ Հիփնոսիսի միջոցով կարելի է թէ՛ անհատը առանձին, թէ՛ խումբը դարձնել համեմատաբար աւելի քննադատող, կամ՝ տարակարծիք եւ ըմբոստ։ Երկու երեւոյթներու ծայրայեղական դրսեւորումնեը կրնան բացասաբար ազդել անհատին եւ խումբին։ Իսկ եթէ այդ բոլորը կը դիտարկենք հասարակական եւ ազգային-պետական քարոզչութեան մակարդակի վրայ, կրնանք քննարկել, թէ ժողովրդավար եւ ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ, ինչպիսի՞ մեթոդներ կը կիրարկուին հասարակութեան միտքեր ներշնչելու եւ համոզելու համար։ Հասարակական հիփնոսիսը ի հարկէ կ’աշխատի ամբողջովին այլ ձեւով, բայց նպատակը նոյնն է՝ ներշնչել այն, որ ձեռնտու է իշխանութիւններուն ու կառավարիչներուն։ Նոյն ձեւով եւ անկէ կախեալ է, թէ տուեալ հասարակութիւնը կառավարման ի՞նչ համակարգ ունի, հասարակական հիփնոսիսը, կամ այլ խօսքով, պաշտօնական քարոզչութիւնը կրնայ որդեգրել այնպիսի մօտեցումներ, որոնք կրնան հասարակութիւնը դարձնել աւելի դիւրին համոզուող եւ կամազուրկ։ Իր կարգին, շուէտացի նշանաւոր հոգեբոյժ Օթո Կէյորկ Վէթէրսթրէնտ (Otto Georg Wetterstrand) իր աշխատութիւններուն մէջ կը նշէ յատկապէս քնացած վիճակի մէջ գտնուող մարդոց  վրայ հիփնոսիսի ազդեցութեան արդիւնաւէտութիւնը, ինչպէս նաեւ, որ հիփնոսիսը շատ աւելի ազդու է մանուկներուն։ 

Այժմու աշխարհին մէջ, այդ «մանուկ» եւ «մակերեսային ու խոր քուն» եզրերը քաղաքական առումով կարելի է նոյնացնել կրթութեան եւ փորձառութեան պակասի հետ։ Ոչ-ուսեալ հասարակութիւնները աւելի շատ ենթակայ են քարոզչութեան։ Նաեւ հասարակութիւն մը աւելի հակուած կ’ըլլայ դիւրին հաւատալու իրեն մատուցուած քարոզներուն, եթէ ան ո՛չ միայն կրթութեան եւ փորձառութեան պակաս ունի, այլեւ՝ կը գտնուի տնտեսական ծանր վիճակի մը մէջ, այսինքն՝ խոր սթրեսի մէջ։ Խոր եւ երկարատեւ սթրեսը կրնայ կոտրել ո՛չ միայն անհատի մը, այլեւ՝ ամբողջ հասարակութեան մը կամքը։ Այդ բոլորը գիտական առումով իր ժամանակին փաստեց ռուս բնախօս ակադեմիկոս Իվան Փավլովը, որ պայմանական ռիֆլեքսներու (conditioned reflexes) տեսութեան մշակումով ցոյց տուաւ, որ ջղային ծանր իրավիճակը կրնայ կոտրել ու հնազանդ դարձնել օրկանիզմը։ Փավլով իր տեսութիւնը փաստեց շուներու վրայ կատարուած փորձերով, բայց իրմէ ետք, համայնավարներն ու ֆաշիսթները գործնականօրէն հաստատեցին այդ՝ անլուր տանջանքներու միջոցով կոտրելով անհատներու եւ խումբերու դիմադրութիւնը՝ զանոնք հոգեպէս հաշմելով ու հնազանդ ֆանաթիքներ դարձնելով, իսկ ոչ-ցանկալիները՝ ոչնչացնելով։

Մեր օրերուն, քարոզի, այլ խօսքով հասարակական հիփնոսիսի գործիքներ կարելի է նկատել մասսայական մետիան, տարբեր յաւելուածները (Apps)՝ թիք-թոք, ինսթակրամ, Ֆեյսպուք եւ այլն, ինչպէս նաեւ մասսայական սպառողական մշակոյթը՝ երգ-երաժշտութիւն, տարբեր թրենտներ, ֆլեշմոպեր եւ այլն։ Անոնցմով ո՛չ միայն կարելի է վերահսկել հասարակական միտքը, զայն առաջնորդել նախընտրած ուղղութեամբ, այլեւ՝ զայն դաստիարակել ընտրովի սկզբունքերով, որոնցմէ ան ոչ մէկ ձեւով կը շեղի։ Այսինքն Հաքսլիի «սոմմա» թմրեցուցիչը եւ արուեստական վերահսկուած միջավայրերը հիմա իրականութիւն կը դառնան նշուած մեթոդներով։

Այս բոլորէն կ’առաջանան բազմաթիւ հարցեր, որոնց շարքին պէտք է առանձնցնել մէկը՝ արդեօ՞ք կարելի է նման մեծ միջոցներ ունենալով՝ հասարակութիւնը ոչ թէ կոտրել, այլ դարձնել աւելի զօրաւոր ու հաստատակամ։ Կը կարծեմ, որ կարելի է։ Բայց արդեօք նման բան կը կատարուի՞։ Արդեօք իշխանութիւնները (սկզբունքային առումով) պատրա՞ստ են յառաջադէմ կառավարման՝ յանուն համընդհանուր զարգացման։ Իշխանութիւնը ինքը թունաւոր դեղահատ մըն է եւ կը գինովցնէ  որեւէ դեղէ աւելի։ Մեկ անգամ իշխանութեան համը առած ռեժիմները չեն ուզեր զիջիլ իրենց դիրքերը եւ իշխանութեան կռիւը կ’առաջնորդէ հասարակութեան ուղղուած քարոզչական նորանոր փորձերու, երբ ամէն ձեւով հսկողութեան տակ կը դրուի հասարակութեան կեանքը, եւ մարդը կը սկսի սիրել, մտածել եւ ապրիլ այնպէս, ինչպէս զինք համոզած են ու կը համոզեն։ Եւ կը համոզե՛ն։

Այս մէկը հարց մըն է, որուն կարելի չէ միանշանակ պատասխանել։ Սովորաբար ամենէն սարսափելի բաները կը կատարուին լաւագոյն ցանկութիւններէ ելլելով։ Ո՛չ Հիթլերը, ո՛չ Սթալինը իշխանութեան չեն ձգտած, որ սպանեն եւ կործանեն, որովհետեւ հաճելի բան է այդ։ անոնք առաջնորդուած են անձնական ձգտումներով եւ, երեւութապէս՝ լուսաւոր գաղափարներով։ Բայց հետեւանքը տեսանելի է։ Նոյն ձեւով, նաեւ այսօր, երբ ամբողջատիրութիւնը կը փորձէ կրկին գլուխ բարձրացնել, իսկ ազատականութիւնը որոշակիօրէն շփոթի մատնուած է, ի՞նչ մեթոդներու կը դիմեն առաջնորդներն ու կառավարիչները՝ իրենց սեփական ծրագիրները աւելի համոզիչ քարոզելու եւ հասարակութիւնը «Նոր, սքանչելի աշխարհ» մը առաջնորդելու եւ նոր ստրկութիւնը աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։ Այս թեմաներով քննարկումները շարունակելու ընթացքին պէտք է նշել ռուս-ուքրանական պատերազմը, Կազայի պատերազմն ու ջարդը, Արցախի բռնի հայաթափումը, տասնեակ այլ անիմաստ կոտորածները ու այն գինը, որ կը վճարուի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար, նշել այն իմաստը, որ տարբեր երկիրներու մէջ կը հասկնան «ազատութիւն» եւ «իրաւունք» ըսելով եւ նշել անհամար շարասիւները՝ բաղկացած  սպիտակ, սեւ, թխամորթ, դեղին երիտասարդներէ, որոնք զինուորական տարբեր համազգեստներ հագած կը տողանցեն դէպի իրենց հասարակաց գերեզմանը։

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x