Դարաշրջանի մը մէջ, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը յաճախ կ’անտեսուին, վերջերս տեղի ունեցաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը, որ հայկական առումով նոր չափանիշներ կը սահմանէ հանրային եւ համայնքային ծառայութիւններու մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ոգեշնչող օրինակ մը հանդիսացաւ՝ լիբանանահայ համայնքին ներկայացնելով իր գործունէութէան նիւթական եւ բարոյական համապարփակ զեկոյցը (Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2023, «Ազդակ»ի Փիւնիկ սրահ): Թափանցիկութեան այս աննախադէպ նախաձեռնութիւնը ոչ միայն ընդգծելի է իբրեւ երեւոյթ, այլեւ կը ծառայէ իբրեւ հզօր յիշեցում մը այն սկզբունքներուն, որոնք հիմք պէտք է հանդիսանան հասարակական եւ համայնքային գործունէութեան:
Շատերու համար «թափանցիկութիւն» եւ «հաշուետուութիւն» հասկացութիւնները կրնան դիւանակալական դարձուածքներ նկատուիլ, բայց խորքին մէջ անոնք մաս կը կազմեն արդիւնաւէտ եւ պատասխանատու կառավարման էութեան թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական ծառայութեան ոլորտներուն մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան համար այս սկզբունքները կը նկատուին առաջնահերթ: Անոնք կը հանդիսանան այն հիմնաքարերը, որոնց վրայ կը կառուցի վստահութիւնը, եւ վստահութիւնը բարոյական այն մեծ դրամագլուխն է, որ կը խթանէ բոլորանուէր ծառայութիւնը:
Թափանցիկութիւնը, ըստ էութեան, կը նշանակէ ըլլալ բաց եւ անկեղծ՝ աշխատանքներու, նիւթականի եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն մասին: Այս թափանցիկութիւնը նման է կամուրջի մը, որ կազմակերպութիւնը կը կապէ այն մարդոց, որոնց ծառայութիւններ կը մատուցէ՝ խթանելով մասնակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումը:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթաբարոյական զեկոյցի պարագային, այս թափանցիկութիւնը առիթ տուաւ Լիբանանահայ համայնքին աւելի խոր պատկերացում ունենալու, թէ ինչպէ՛ս կը գործածուին Բաժանմունքին յատկացումները: Զեկոյցը փարատեց որեւէ կասկած կամ սխալ պատկերացում՝ ամրապնդելով վստահութիւնը Հիմնարկութեան եւ համայնքին միջեւ, ուր բազմաթիւ ծրագիրներ կը հովանաւորէ ան:
Հաշուետուութիւնը, միւս կողմէ, կատարուած աշխատանքներուն եւ տրուած որոշումներու գծով պատասխանատուութիւն ստանձնելու ազնիւ արարք մըն է: Հասարակական կազմակերպութիւններու համար հաշուետուութիւն կը նշանակէ պատասխանատուութիւն վերցնել ոչ միայն իրենց յաջողութիւններուն, այլեւ ձախողութիւններուն ու բացթողումներուն համար: Այդ մէկը կը նշանակէ ընդունիլ թերութիւնները եւ գործնապէս բարելաւումներ փնտռրել:
Իր զեկոյցը ներկայացնելով հանրութեան, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ցոյց տուաւ իր խոր յանձնառութիւնը հաշուետուութեան նկատմամբ: Ան ինքնակամօրէն զինք լսողները ոչ միայն բաժնեկից դարձուց իր իրագորղումներուն, այլեւ մարտահրաւէրներուն եւ քաղած դասերուն: Բաց ու թափանցիկ ըլլալու այս մակարդակը ոչ միայն հիացում կը յառաջացնէ, այլեւ կ’ամրապնդէ համագործակցութեան եւ կառուցողական աշխատանքի մթնոլորտը Հիմնարկութեան եւ լիբանանահայ համայնքին միջեւ:
Այս նախաձեռնութէան կարեւորութիւնը բնականօրէն կը տարածուի սրահին մէջ զայն լսողներէն անդին: Ան կը ստեղծէ նախընթաց մը եւ կը խրախուսէ համայնքային բոլոր կազմակերպութիւնները՝ ընդունելու թափանցիկութիւնը իբրեւ առաջնորդող սկզբունք: Նման թափանցիկութիւն կը խթանէ պատասխանատուութեան մշակոյթ մը, որ ի վերջոյ միայն օգուտ կրնայ բերել ամբողջ համայնքին: Ազնիւ եւ թափանցիկ աշխատանքը իսկապէս կրնայ փոփոխութիւններ յառաջացնող ազդակ մը հանդիսանալ:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին թափանցիկութեան նկատմամբ ցուցաբերած այս բծախնդրութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, որ պղտոր ջուրերու մէջ ընթացող համայնքային ծառայութիւնները փոխեն իրենց ընթացքը եւ անդրադառնան, որ վստահութեան վերականգնումը իսկապէս կրնայ փոփոխութիւններ յառաջացնել հաւաքական կեանքին մէջ:
Այս ուշագրաւ արարքին միջոցով, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը յոյս կը ներշչէ, որ թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը բացառութիւն չեն, այլ՝ կանոն հասարակական ծառայութեան: