Նոր բառեր արեւմտահայերէնի մէջ (47)

November 20, 2026

ՄՏԱԿԱՌՈՅՑ, գ., Միտք, որուն բաղկացուցիչ դրոյթները մեծաւ մասամբ ոչ թէ փորձառական են, այլ ենթակայական // Մտովի կառոյց՝ պատկերացում։ …. Ընթացիկ եւ աւանդական (mainstream) հայ պատմագրութեան նեղ եւ միակողմանի տարազներուն եւ հեղինակներու մտակառոյցներուն (construct) համար անմատչելի կամ անբաղձալի էին պատմական փորձառութեանց եւ գործունէութեանց իրողական պարագաները (Ազդակ, 1 Հոկ տեմբեր 2021, էջ 5):

ՄՏԱՀԵՐՁՈՒԹԻՒՆ, գ., Հակասական կացութեան մը մէջ,  իմա՝ մէկը միւսը չէզոքացնող հրամաններու կատարումը, մտքի անդարձ տրոհումը մասերու, որոշում մը ընդունելու անհնարինութիւնը։ Մարկ, սակայն, հազուագիւտ կերպով, եթէ երբեւիցէ, կը յիշէ Կրեկորի Պէյթսոնի անունը, որ յայտնագործողը եղած է double-bind կոչուածին (կրկնակի հարկադրանք) կամ գոնէ՝ անոր մասին առաջին բանաձեւումները կատարողներէն հաղորդակ ցութեան տեսութեան մը շրջածիրէն ներս, որ կը վերաբերի մտա հերձութեան պատճառախօսութեան (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 118)։

ՄՏԵՐՄԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, գ., Մտերիմ՝ հոգիին հարազատ մարդ  մը սիրելը, անոր հետ նրբանկատօրէն վարուիլը // Փափկանկատութիւն, նրբամտութիւն։ Անձայն կը մտնէ գրասենեակս, երբ առանձին եմ եւ փափկօրէն ուշադրութեանս կը յանձնէ բացթողում մը. առանց ցուցադրութեան կը պաշտպանէ զիս չար լզուներէ։ Կը զգացուիմ իր մտերմասիրութենէն (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 17) )։

ՅԱՂԹԱՁԻԳ, ած., Յաղթողի մը՝ գլուխը տնկած՝ շիփ-շիտակ՝  անյողդողդ կենալու ձեւը:  …Հպարտ աքլորներու պէս կանգնեցան յաղթաձիգ, քայլ կապեցին իր քայլերուն հետ եւ յուզեցին ոլորապտոյտը յիշողութեան անել շրջանակին (Բագին, 2010, 1, էջ 3):

ՅԱՂԹԵՐԳԱԿԱՆ, ած., Յաղթութիւն մը տօնելու՝ փառաբանելու համար յօրինուած երգի, կազմակերպուած հանդիսութեան նմանող, անոնց յատուկ նկարագիրը ունեցող։ «Թաղմանական այլազան տարօրինակութիւներու ընդմէջէն կը տեսնուի թէ ինչպէս հպարտ պերճանքը արագօրէն կը վերածուի մեծամոլ խստամբերութեան մը, ամբարտաւան ճգնաւորութեան մը, յաղթերգական համտեսութեան մը թատերականացած ձեւերուն…. (Մ.Ն., 2015, էջ 53)։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՂԱԿԱՆ, ած., Հրապարակաւ պաշտօնական  որոշում մը յայտնելուն յատուկ, հոս՝ այն խօսքը, որուն գործը՝  որոշումին իրագործումը չի հետեւիր: Երկար ժամանակէ ի վեր փոխադարձ եւ առաստաղազուրկ յայտարարողական յարձակումները գետնի վրայ թարգմանուեցան պատերազմը յիշեցնող գործողութիւններով…. (Ազդակ, 16 Հոկտեմ բեր 2021, էջ 1):

ՅԱՅՏՆԱՏԵՍԱԿԱՆ, ած., Անյայտը յայտնի դարձնելու ունակ, յստակատես, հոս նաեւ՝ երեւոյթի էութիւնը ճիշդ կռահելու հոգիի  կարողութեանը յատուկ: Մեկնաբանելով օշականեան յայտնատեսական միտքը, վերլուծաբանը ըսած է. «Բացայայտ է՝ թուրք սիրերգն է այդ ժողովուրդին միակ յաջողութիւնը, յայտնի անով՝ որ անոր մէջ արիւնը միաժամանակ զգալի է ու զանցուած է….» (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 179)։

ՅԱՆԳԱԿԷՏ, գ., Նպատակ, (պատմութեան) յանգման կէտը,  անոր վերջաւորութեան մասին գոյացած համոզումը։ Այո, այդ պատմութեան «փիլիսոփայութիւն»ն է, որովհետեւ անոր յանգակէտին գաղափարը միայն հնարաւոր կը դարձնէ ժամանակին մէջ ծուարած պատմական տուեալներուն նկատմամբ քննադատական, կտրուկ ու վճռական դիրքորոշում մը (Բագ, թիւ 2-3 2021, էջ 112)։

ՅԱՆԿԱՐԾԱՑԱՅՏ, մկբ., բնստ. Անսպասելիօրէն՝ անակնկալօրէն ոստնելով՝ նետուելով, յանկարծակի։ Ի՛նչ հաճոյք իր ծռած դէմքին վրայ, երբ կինը յանկարծացայտ ետեւ կը թռչի (Պարութճեան Նորա, Զէրօ (2016-2021), Երեւան, Լուսակն, 2022, 80 էջ (էջ 36))։

ՅԱՊԱՂՈՂԱԿԱՆ, ած., Դանդաղօրէն զարգացող, երկարաձգուած, ձգձգուած։ Ի հեճուկս անոր հոգեվերլուծական ներշնչումին, արխիւի յապաղողական կառոյցը կարելի է նկատել որպէս մէկ այլընտրանքը բենիամինեան «իրականութիւն կոչուածին եւ արձանագրութեան արխիւացումի միջոցներուն խորագոյն փոխներթափանցում»ին (Բագ,  թիւ 2-3 2021, էջ 86)։

ՅԱՐՁԱԿՈՂԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ, գ., Պատերազմը պաշտելը, այն այլ երկիրներու իր հակօրինական պայմանները թելադրելու միակ  եղանակ սեպելը: Անարդար է, երբ յարձակողապաշտութեան պատճառով հազարաւոր կեանքեր խլելէ եւ բազմահազար հայեր հայրենազրկելէ ետք այժմ մեզի կը փորձեն թելադրել, այսպէս ըսուած, խաղաղասիրական օրակարգ (Ազդակ, 2 Հոկտեմբեր 2021, էջ 7):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x