Ապագայի գործարանը՝ առա՞նց մարդու, թէ՞ գործարան մը, ուր մարդուն դերը կը փոխուի
September 6, 2026
Երբ կը փորձենք պատկերացնել ապագայի գործարանը, մեր երեւակայութիւնը գրեթէ ինքնաբերաբար մեզ կը տանի նոյն վայրը՝ հսկայական գործատուն մը, ուր ռոպոթներ կը շարժին, մեքենաներ իրարու հետ կը հաղորդակցին, արուեստական իմացականութիւնը հազարաւոր տուեալներ կը վերլուծէ, իսկ մարդը… գրեթէ չկայ։
Տասնամեակներ շարունակ ճարտարարուեստական յառաջդիմութեան իտէալական պատկերներէն մէկը եղած է այսպէս կոչուած «lights-out factory»-ն՝ գործարանը, ուր արտադրութիւնը այնքան ամբողջական կերպով ինքնագործ դարձած է, որ նոյնիսկ լոյս վառելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ աշխատող մարդ չկայ։
Բայց այսօր հետաքրքրական բան մը կը պատահի։
Մինչ արհեստագիտութիւնը մեզ երթալով աւելի կը մօտեցնէ ամբողջական ինքնագործ արտադրութեան կարելիութեան, ճարտարարուեստի որոշ առաջատար ընկերութիւններ կը սկսին հարց տալ՝ արդեօք ամբողջական ինքնագործութիւնը իսկապէ՞ս այն ապագան է, որուն պէտք է ձգտիլ։
World Economic Forum-ի հրապարակած նիւթերու շարք մը այս հարցը կը դնէ շատ պարզ խորագրի մը տակ՝ «Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ապագայի գործարանը» (What Does the Factory of the Future Look Like?)։
Առաջին հայեացքով պատասխանը արհեստագիտական է։ Ռոպոթներ, արուեստական իմացականութիւն, զգայակներ (sensors), 5G ցանցեր, մեծ տուեալներ, եռաչափ տպագրութիւն, թուային երկորեակներ (digital twins), ինքնավար փոխադրամիջոցներ: Բայց երբ այդ նիւթերը միասին կը կարդանք, ուրիշ պատասխան մը կը սկսի ուրուագծուիլ։
Ապագայի գործարանին ամենէն հետաքրքրական բաղադրիչը կրնայ մեքենան չըլլալ։
Կրնայ դարձեալ մարդը ըլլալ։
Մեծ երազը՝ գործարան առանց մարդու
Արդիւնաբերական յեղափոխութիւններուն պատմութիւնը որոշ իմաստով նաեւ մարդու աշխատանքը մեքենային փոխանցելու պատմութիւնն է։
Շոգեշարժ մեքենան փոխարինեց մարդկային եւ կենդանական ուժին մէկ մասը։ Ելեկտրականութիւնը եւ աշխատակայաններու շարքով փուլ առ փուլ արտադրական գիծը կարելի դարձուցին զանգուածային արտադրութիւնը։ Համակարգիչները եւ առաջին ռոպոթները արտադրութեան նոր բաժիններ ինքնագործ դարձուցին։ Իսկ այսօր՝ չորրորդ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան շրջանին, արուեստական իմացականութիւնը, Industrial Internet of Things-ը, ամպային հաշուարկումը, մեծ տուեալները եւ ինքնավար համակարգերը սկսած են ոչ միայն աշխատանք կատարել, այլ նաեւ տեղեկութիւն հաւաքել, վերլուծել, կանխատեսել եւ որոշումներու պատրաստութիւնը դիւրացնել։
Ուստի տրամաբանական կը թուէր մտածել, որ այս ընթացքին վերջնական հանգրուանը պիտի ըլլար մարդէ գրեթէ ամբողջովին զերծ գործարանը։
Բայց իրականութիւնը աւելի բարդ է։
Ամբողջովին ինքնագործ գործարանը շատ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, եթէ տարիներով նոյն արտադրանքը պիտի արտադրէ նոյն ձեւով։ Սակայն ժամանակակից շուկան այլեւս այդպէս չի գործեր։ Արտադրանքները արագ կը փոխուին, նոր ձեւաւորումներ կը ստեղծուին, պահանջարկը կը տատանի, մատակարարման շղթաները կը խախտին, իսկ գործարանները ստիպուած են շատ աւելի արագ յարմարիլ փոփոխութեան։
Եթէ ամէն նոր արտադրանքի համար ամբողջ գործարանը վերակազմակերպելու եւ վերաինքնագործելու կարիք կայ, ինքնագործութիւնը կրնայ նոյնիսկ իր առաւելութիւններէն մէկը կորսնցնել՝ ճկունութիւնը։
Եւ ճիշդ հոս մարդը կը վերադառնայ գործարան։

Ericsson-ի փորձը. մեքենան՝ հոն, ուր մեքենան լաւ է
Այս գաղափարին հետաքրքրական օրինակը Ericsson-ի 5G Smart Factory-ն է՝ Թեքսասի Լուիսվիլ քաղաքին մէջ։
Երբ գործարանը կը կառուցուէր, սկզբնական ձգտումը շատ աւելի ամբողջական ինքնագործութիւն էր։ Սակայն արտադրութեան ընթացքին ընկերութիւնը նկատեց, որ 5G-ի նման արագ զարգացող արհեստագիտութիւն արտադրելը կը պահանջէ ոչ միայն մեքենական ճշգրտութիւն, այլ նաեւ ճկունութիւն, դատողութիւն եւ ճարտարագէտներու ու արտադրական անձնակազմին մշտական համագործակցութիւն։
Ուստի տրամաբանութիւնը փոխուեցաւ։
Ինքնագործել ոչ թէ ամէն ինչ, որ կարելի է ինքնագործել, այլ այն աշխատանքը, որ կ’արժէ ինքնագործել։
Կրկնուող, ծանր եւ կանխատեսելի աշխատանքները կարելի է վստահիլ մեքենային։ Մարդը կը մնայ հոն, ուր անհրաժեշտ են խնդիր լուծելու կարողութիւն, որակի գնահատում եւ անմիջական որոշում։
Արդիւնքները ուշագրաւ են։ 2020-ին գործարանին բացումէն ի վեր արտադրական գիծերը անընդհատ գործած են։ Աշխատուժը եռապատկուած է, մինչ արտադրութեան ծաւալը՝ ութապատկուած։ Այսինքն՝ ինքնագործութիւնը պարտադիր կերպով մարդոց թիւի նուազում չէ նշանակած։
Մեքենաները հոն են։ Բայց մարդիկ ալ հոն են։
Պարզապէս անոնք նոյն գործը չեն ըներ։
Ռոպոթը կու գայ. բայց ի՞նչ կը պատահի աշխատաւորին
Ահա այստեղ է, որ ապագայի գործարանին արհեստագիտական հարցը կը վերածուի ընկերային հարցի։
Եթէ մեքենան սկսի կատարել այն աշխատանքը, որ մարդը տասնամեակներ շարունակ կատարած է, ի՞նչ պիտի պատահի այդ մարդուն։
Պատմութիւնը պատճառներ կու տայ մտահոգուելու։ Ամէն ճարտարարուեստական յեղափոխութիւն ոչ միայն նոր աշխատանքներ ստեղծած է, այլ նաեւ հիներ ոչնչացուցած։
WEF-ի հրապարակած նիւթերէն մէկը նոյնիսկ շատ կտրուկ կը ձեւակերպէ խնդիրը. ինքնագործութեան արագութիւնը որոշ պարագաներու մէջ աւելի մեծ է, քան աշխատողներուն վերապատրաստութեան արագութիւնը։
Հետեւաբար հարցը այլեւս միայն՝ «քանի՞ աշխատանք պիտի վերանայ» չէ։ Աւելի կարեւոր հարցումը հետեւեալն է.
մարդը պիտի պատրաստուի՞ այն աշխատանքներուն, որոնք յաջորդաբար ծնունդ պիտի առնեն։
Ericsson-ի փորձը դարձեալ հետաքրքրական է։ Ընկերութիւնը կը նշէ, որ իր բարձր արհեստագիտական արտադրական գիծերուն վրայ աշխատողներէն շատերը ճարտարագէտներ չէին։ Անոնք եկած էին փոքրաքանակ առեւտուրէն, ինքնաշարժներու նորոգութենէն, առողջապահութենէն, բանակէն եւ այլ ոլորտներէ։ Չորսէն վեց շաբաթ տեւող վերապատրաստումով անոնք կրցած են աշխատիլ բարձր արհեստագիտութեամբ արտադրութեան մէջ։ Այս մանրամասնութիւնը թերեւս աւելի կարեւոր է, քան գործարանին մէջ գործող ռոպոթներուն թիւը։ Որովհետեւ ապագայի մեծ հարցը կրնայ ոչ թէ մարդուն եւ մեքենային միջեւ մրցակցութիւնը ըլլալ, այլ՝ մարդուն կարողութիւնը մեքենային հետ փոխուելու։
Industry 4.0-էն Industry 5.0. մարդուն վերադարձը
Վերջին տարիներուն ճարտարարուեստական բառապաշարին մէջ նոր եզր մը սկսած է տարածուիլ՝ Industry 5.0։
Industry 4.0-ի կեդրոնը խելացի մեքենան էր՝ իրարու կապուած սարքեր, մեծ տուեալներ, արուեստական իմացականութիւն, ռոպոթներ, ամպային համակարգեր եւ ինքնագործ արտադրութիւն։
Industry 5.0-ը չի մերժեր այդ բոլորը։ Ընդհակառակը՝ կը պահէ զանոնք, բայց անոնց կողքին դարձեալ կը զետեղէ մարդը։
Նոր տրամաբանութիւնը պարզ է. մեքենան ունի արագութիւն, ճշգրտութիւն եւ հաշուարկելու գրեթէ անսահման կարողութիւն։ Մարդը ունի ստեղծագործութիւն, քննական մտածողութիւն, փորձառութիւն եւ անսպասելի կացութեան յարմարելու կարողութիւն։ Հետեւաբար ապագայի ամենէն զարգացած գործարանը կրնայ ոչ թէ այն ըլլալ, ուր մարդ չկայ, այլ այն՝ ուր մարդն ու մեքենան ճիշդ բաժնած են իրենց աշխատանքը։ Ասիկա փոքր տարբերութիւն մը չէ։ Առաջին պատկերացումին մէջ արհեստագիտութեան յաջողութիւնը կը չափուի մարդուն բացակայութեամբ։ Երկրորդին մէջ՝ մարդուն եւ մեքենային համագործակցութեան որակով։
Խելացի գործարանը միայն ռոպոթներով չի կառուցուիր
Սակայն կայ ուրիշ պատրանք մըն ալ։ Կարելի է կարծել, թէ բաւարար է գործարան մը լեցնել նորագոյն սարքերով, որպէսզի ան «ապագայի գործարան» դառնայ։
PwC-ի ուսումնասիրութիւնը այլ պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Ըստ անոր՝ արտադրողները նոյն ճամբով չեն ընթանար։ Ոմանք կը փորձեն յաճախորդին աւելի մօտ ըլլալ, ուրիշներ՝ արտադրութեան արդիւնաւէտութիւնն ու դիմադրողականութիւնը բարձրացնել, իսկ երրորդ խումբ մը կը կեդրոնանայ նորարարութեան եւ նոր արտադրանքներու վրայ։ Բայց երեք պարագաներուն ալ հիմնական խնդիրը նոյնն է։
Արհեստագիտութիւն ունենալը բաւարար չէ։
Պէտք է գիտնալ զայն արդիւնքի վերածել։
Արուեստական իմացականութիւնը անօգուտ է, եթէ իրեն տրուած տուեալները անկանոն են։ Ինքնագործ համակարգերը ամբողջ ուժով չեն գործեր, եթէ ընկերութեան տարբեր բաժինները իրարու հետ չեն հաղորդակցիր։ Ամենէն արդիական մեքենան անգամ սահմանափակ արժէք ունի, եթէ զայն գործածող մարդիկ անհրաժեշտ գիտելիքը չունին։ Ուստի ապագայի գործարանին իսկական ենթակառոյցը միայն պողպատը, ռոպոթը եւ համակարգիչը չեն։
Տուեալն է, գիտելիքն է եւ մարդուն կարողութիւնը։
PwC-ի ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնն ալ հոս կը դառնայ յատկանշական. յառաջիկային մրցակցային առաւելութիւնը պիտի պատկանի ոչ այնքան անոնց, որոնք նոր արհեստագիտութիւնը առաջինը ձեռք կը բերեն, որքան անոնց, որոնք կրնան զայն իրական արտադրողականութեան եւ արդիւնքի վերածել։
Իսկ բնութի՞ւնը
Ապագայի գործարանին մասին խօսիլ եւ բնապահպանական հարցը անտեսել այլեւս կարելի չէ։
Որքան գործարանը կը թուայնանայ, այնքան անոր ելեկտրականութեան, կապի, հաշուարկային կարողութեան եւ այլ միջոցներու պահանջը կրնայ մեծնալ։ Հետեւաբար «խելացի» գործարանը ինքնաբերաբար «կանաչ» գործարան չի նշանակեր։
Ericsson-ի Թեքսասի գործարանը այս իմաստով եւս հետաքրքրական փորձ մըն է։ Անոր ելեկտրականութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնուող աղբիւրներէ կը ստացուի, տեղւոյն արեւային վահանակները կը հայթայթեն ուժանիւթին շուրջ 17 տոկոսը, իսկ անձրեւաջուր հաւաքող համակարգը ջուրի գործածութիւնը 75 տոկոսով նուազեցուցած է։ Շէնքը նաեւ նախագծուած է բաղդատելի կառոյցներէ 24 տոկոս աւելի ուժանիւթային արդիւնաւէտ ըլլալու համար։
Այսինքն՝ ապագայի գործարանը միայն աւելի արագ արտադրելու վայր չէ։Ան նաեւ պէտք է հարց տայ՝ ի՞նչ գնով կ՚արտադրենք։ Որքա՞ն ուժանիւթ կը սպառենք։ Որքա՞ն ջուր։ Որքա՞ն թափօն կը ստեղծենք։ Կարելի՞ է արտադրանքը նախագծել այնպէս, որ անոր նիւթերը հետագային վերագործածուին։
Այս առումով Industry 4.0-ի գործիքները կրնան նաեւ բնապահպանական գործիքներ դառնալ՝ արտադրանքի ամբողջ կեանքի շրջանին հետեւելով, ուժանիւթի սպառումը չափելով, թափօնը նուազեցնելով եւ վերամշակումը դիւրացնելով։
Ուրեմն ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ ապագայի գործարանը
Թերեւս մենք սխալ պատկերով սկսած էինք։ Ապագայի գործարանը պարտադիր չէ ըլլայ մութ վայր մը, ուր հազարաւոր մեքենաներ անձայն կ՚աշխատին եւ մարդ գոյութիւն չունի։ Կրնայ ճիշդ հակառակը ըլլալ ։ Շատ լուսաւոր վայր մը՝ բառին երկու իմաստներով։
Վայր մը, ուր ռոպոթը կը վերցնէ ծանր եւ կրկնուող աշխատանքը, ԱԻ-ն կը վերլուծէ միլիոնաւոր տուեալներ, զգայակները կը հետեւին մեքենաներուն, թուային երկորեակները կը փորձարկեն արտադրանքը նախքան անոր արտադրութիւնը, իսկ մարդը կը կատարէ այն, ինչ տակաւին ամենէն դժուարն է մեքենային համար՝ կը դատէ, կը ստեղծագործէ, կը հարցադրէ, կը լուծէ անսպասելի խնդիրներ եւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ։
Եթէ այս պատկերացումը ճիշդ է, ապա ճարտարարուեստի ապագային վերաբերող ամենէն կարեւոր հարցումը թերեւս այլեւս այս չէ.
«Մեքենան ի՞նչ կրնայ ընել մարդուն փոխարէն»։
Այլ՝
«Երբ մեքենան ստանձնէ այն, ինչ ինք լաւագոյնս կրնայ ընել, մարդը ի՞նչ պիտի կարենայ աւելի լաւ ընել»։
Եւ թերեւս ճիշդ այդ հարցումին տրուած պատասխանն է, որ պիտի որոշէ ոչ միայն ապագայի գործարանին տեսքը, այլ նաեւ ապագայի աշխատանքին իմաստը։
«Տարբերակ21»