Արշակ Չօպանեան եւ Ասատուր Կիւզելեան Անթիլիասի Մէջ

Հրատարակութեան պատրաստեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

——————————————————————————————————————————-

Մուտք

Գրող, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ Դատի նուիրեալ, ներկայիս Լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանի արձագանգը՝ Արշակ Չօպանեանի մասին  «Տարբերակ21»ի մէջ Շաքէ Մանկասարեանի յօդուածին (տես՝ https://bit.ly/3HfYl5y)

Սիրելի Շաքէ,

Այսօր հետաքրքրութեամբ ու մեծ հաճոյքով «Տարբերակ21»ին մէջ կարդացի Արշակ Չօպանեանի մասին գրած յօդուածդ։ Կը շնորհաւորեմ։  Մեծ գրողը՝  նոյնքան մեծ ազգային մեծ գործիչը ճանչնալու եւ իր ներկայութիւնը վայելելու հաճոյքն ու պատիւը ունեցայ, երբ ան 28 Սեպտեմբեր 1952-ին Լիբանան եկաւ եւ շուրջ վեց ամիս Անթիլիաս մնաց (Խմբգ. Գարեգին Յովսէփեանց Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով): Ես, 22 տարեկան երիտասարդ մը՝ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտ էի։ Կից կը ղրկեմ քանի մը լուսանկար այդ շրջանէն: Շաքէ ջան, ղրկուած նիւթերը  քու սեփականութիւնդ են. ազատ ես ընելու ինչ որ կը փափաքիս:

Ասատուր

——————————————————————————————————————————-

Կը պատմէ Ասատուր Կիւզելեան

 «Դպրեվանքի մէջ մենք յաճախ վիճաբանական երեկոներ կ’ունենայինք։ Չօպանեան անոնցմէ մէկուն ներկայ գտնուեցաւ։ Վիճաբանութիւնը նուիրուած էր  հայ ժողովուրդի ծագման հարցին։  Դանիէլ Արզումանեանն (ներկայիս Դոկտ. Տէր Զաւէն Աւ. Քհնյ., Լոս Անճելըս[1]) ու ես կը պաշտպանէինք այն վարկածը, ըստ որուն՝ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած էր տեղական ցեղերէ, իսկ Գէորգ Վրդ. Կարպիսեանի[2] խումբը կ’աշխատէր փաստել, որ հայերը  եկուոր  Արմէններէն[3] սերած են։

Վիճաբանութեան աւարտին, երբ դատական կազը (Սիմոն Սիմոնեան[4], Շահան Պէրպէրեան, Բիւզանդ Եղիայեան[5], Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեան[6]) առանձնացաւ իր որոշումը կայացնելու համար (միջանկեալ ըսեմ որ մեր խումբը շահեցաւ…), ուսանողները խնդրեցին որ Պետրոս Դուրեանի «Տրտունջք»ը արտասանեմ՝ Չօպանեանի ամենէն սիրած բանաստեղծութիւններէն մէկը: Ան Դուրեանի մասին գիրք հրատարակած էր եւ այդ տարիներուն կը նկատուէր մեծագոյն դուրեանագէտը։

Այս առնչութեամբ անհրաժեշտ է նշել որ ասմունքի իմ ուսուցիչս եղած է դպրեվանքի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան  դասախօս, երգահան-երաժշտագէտ, արուեստաբան, գրականագէտ Շահան Պէրպէրեանը[7]։   Նախակրթարանէն մէջս արմատացած արտասանական «սխալ ոճը» հիմնայատակ քանդելու վճռակամութեամբ, ան շաբաթ մը ամբողջ «հոգիս հանեց…»:   «Խիստ կերպով քննադատեց՝ նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աղջիկներուն պէս, բարաբաբամ, բարաբաբամ, բարաբաբամ  ոճով” արտասանելս։ Իրեն յատուկ բածխնդրութեամբ, բացատրեց  որ բառերը, բացի իրենց  իմաստային արժէքէն, ունին նաեւ ձայնային արժէք, որ  բանաստեղծութիւն մը ճիշդ արտասանելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ։ Արտասանողը պարտաւոր է  բառին իմաստը զգեստաւորել ձայնային ճիշդ արժէքով։ Օրինակ՝ կարելի չէ «զեփիւռ» եւ «փոթորիկ» բառերուն ձայնային նոյն արժէքը տալ…։ Զեփիւռը մեղմ է, քնարական, իսկ փոթորիկը՝  հուժկու, աղմկահարոյց։

Ամիս մը յետոյ  յաջողած էի դժուարահաճ Շ. Պէրպէրեանի բոլոր պահանջքները գոհացնել։ Ապացոյց որ Վարդանանց 1500-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսութեան, ինծի վստահեցաւ Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ի արտասանութիւնը։

Վերադառնանք վիճաբանական երեկոյթին։

Այդ երեկոյ երբ աւարտեցի «Տրտունջք»ը, Չօպանեան զիս քովը կանչեց, ճակատս համբուրեց եւ խնդրեց որ յաջորդ օր իր սենեակը երթամ։ Երբ գացի քովը,  իր հեղինակութիւններէն մակագրուած գրքոյկ մը նուիրեց ինծի եւ ըսաւ.

-Տղաս, խորհուրդ կու տամ որ «Տրտունջք»ը տարին առաւելագոյն երկու անգամ արտասանես, որովհետև արտասանած պահուդ ոչ թէ մահամերձ Դուրեանի ապրումները կը թարգմանես, այլ անոր հոգեվիճակը կ’ապրիս, վնասելով առողջութեանդ»։

Ասատուր Կիւզելեան եւ Արշակ Չօպանեան

Առ ի տեղեկութիւն

  • 1952-ին, հայ մշակոյթի 80-ամեայ ալեհեր դեսպան Ա. Չօպանեան պիտի հրաւիրուէր Պէյրութ՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով ու տարի մը պիտի մնար Լիբանան: Այդ շրջանին հոն կը գտնուէր ՌԱԿ-ի կեդրոնը ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը: Լիբանանի գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը աւարտած Չօպանեան պիտի վերադառնար Փարիզ (Աղբիւր՝ Արա Ահարոնեան, Զարթօնք, 2014):
  • Գրող, բանաստեղծ, հայագէտ, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ Դատի եռանդուն նուիրեալ, ներկայիս Լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեան ծնած է Ալեքսանտրեթի նահանգի Սովուգ Օլուգ հայկական գիւղը: Ան հայ ազգային իրականութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է կրթական, հրապարակագրական, եկեղեցական եւ հասարակական մարզերու մէջ իր տարած աշխատանքով:

Ասատուր Կիւզելեան Անթիլիասի դպրեվանքին պատիւ բերող մտաւորական մը եղաւ:  Եզնիկ Բալիկ Բալայան

  • 5 Յունիսի 2019-ին, Երեւանի Cinematographers միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասատուր» փաստա-վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը: Ֆիլմի գլխաւոր հերոսը` ազգային, հասարակական, գրական, մշակութային եւ եկեղեցական գործիչ, գրող-հրապարակախօս, հայ բարերար եւ մեծ մտաւորական լոնտոնաբնակ Ասատուր Կիւզելեանն է:
  • Ասատուր Կիւզելեան ցարդ հրատարակած է երեք գիրքեր՝

«Համոյ եւ Ֆատիլէ» չափածոյ սիրավէպը, որ լոյս տեսած է տպարան «Սեւան»էն 1960-ին: Գիրքը երկրորդ անգամ հրատարակուած է Երեւանի մէջ 2009-ին, անգլերէն թարգմանութեան հետ համատեղ:

«Թերթելով Մամուլը», լոյս տեսած է Պէյրութ, 2011-ին: Գիրքը կը պարունակէ Ասատուր Կիւզելեանի խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն հատընտիրը։ Այս հատորի «Դէմքեր» խորագրուած բաժնին մէջ հեղինակը, ի միջի այլոց, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ հնդիկ հանճարեղ բանաստեղծ Ռապինտրանաթ Թակորի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը: Գիրքի «Ճամբու Նոթեր» բաժնին մէջ, Ասատուր Կիւզելեան կը ներկայացնէ սփիւռքի զանազան հայաշատ քաղաքներէն ստացած իր տպաւորութիւնները, ինչպէս օրինակ, Պոլսոյ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին իր սիրած բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի եւ Մաթէոս Զարիֆեանի աճիւնները:

«Կը Խօսին Նամակները» հատորը նուիրուած է Ասատուր Կիւզելեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի՝ Ասատուր Կիւզելեանի եւ Վահրամ Մավեանի տպաւորիչ նամակագրութիւններուն։ Գիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2014-ին։

  • «Յարատեւող Բարեկամութիւն», հեղինակ` Ալբերտ Փարսադանեան, հրատարակուած` 2004-ին, Երեւան: Գրքի երկրորդ եւ նոր նիւթերով ընդարձակուած տարբերակը լոյս տեսած է Երեւան, 2009-ին, որուն մէջ կան Ասատուր Կիւզելեանի բազմաթիւ յօդուածներն ու բանաստեղծութիւնները։
  • Ասատուր Կիւզելեանի մասին՝ https://bit.ly/3iIGM48

Հրատարակութեան պատրաստեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

[1]Հայ Եկեղեցականներ Նահատակ Ցեղասպանութեան, Դոկտ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան http://abakanews.org/ September 25, 2015: Հայր Զաւէն Արզումանեան, որ Գահիրէէն Անթիլիաս ժամանած էր 1949-ի Սեպտեմբերին: Ապագայ Շաբաթաթերթ, էջ 14,  6 April 2020

[2] Հոգելոյս   Տ. Գէորգ Ծ. Վարդապետ Կարպիսեան Հաճըն թաղի Սուրբ Գէորգ եւ Ռըմէյլի, Խալիլ Պատաուի թաղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ էր: Նաեւ Դարուհի Յակոբեան եւ Տէմիրճեան դպրոցներու մէջ Կրօնք կը դասաւանդէր: Խեղդամահ եղած է Լիբանանի ծովին մէջ:Այս մասին կը տեղականամ գրող՝ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանէն:

[3] Հայալեզու ցեղախումբ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, Արմենի-Շուպրիա երկրի հիմնական բնակչութիւնը։

[4] Սիմոն Սիմոնեան (24 Մարտ 1914, Այնթապ – 11 Մարտ 1986, Պէյրութ ), հայ գրագէտ: «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» տպագրատան ու հրատարակչատան (Պէյրութ) հիմնադիր։ 1954–ին կ՛ուղարկուի Սովետական Հայաստան, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան, որպէս անդամ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի պատուիրակութեան։

[5] Բիւզանդ Եղիայեան (1900 Ատանա – ԱՄՆ,1995) Տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած է Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին, Պէյրութի «Դարուհի Յակոբեան» եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդ. վարժարաններուն եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Տարսոնի եւ Զմիւռնիոյ ամերիկեան քոլէճներուն, Աթէնքի կրօնից Վարժարանին, Ժընէւի Institut Universitaire de Hautes Études Internationalesի եւ  Birmingham.Woodbrooke College, (Անգլիա) Selly Oak Colleges մէջ՝ մասնագիտնալով մանկավարժական, աստուածաբանական, միջազգային-օրէնսգիտական եւ քաղաքական – տնտեսութեան ճիւղերուն մէջ:

[6] Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեան (Նիկոսիա), Լիսանիէ Մանկավարժական Գիտութեանց, Պրիւսէլի Համալսարանէն (1940): Հետեւած է նաեւ Փոլիթէքնիքի, «Օրիանթասիոն Փրոֆէսիոնէլ»ի եւ Գրականութեան ճիւղերուն: Աղբիւր՝ Յուշարար Պաշտօնաթերթ, ՀԲԸՄ, Նիւ Եորք, 1 Յունուար 1946, Էջ 9: Դասախօս էր Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ:

[7] Շահան Պէրպէրեան (1 Յունուար 1891, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 9 Հոկտեմբեր 1956[1], Փարիզ, Ֆրանսա), հայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող։ Նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանի հայրը։ 1911-ին ծանօթացած է Կոմիտասին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած է արուեստի հարցերու շուրջ։ 1922-ին Գեղամ Գաւաֆեանի, Վահան Թեքեանի, Յակոբ Օշականի եւ Կոստան Զարեանի հետ խմբագրած է «Բարձրավանք» ամսաթերթը, որ կը բաղկանար արուեստի եւ գրականութեան բաժիններէ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x