(Q-ով, R-ով եւ S-ով) Անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարան

October 21, 2026

Q

QUANTUM COMPUTING — քուանթային հաշուարկ

Քուանթայինը կը վերաբերի բնագիտութեան այն ոլորտին, որ կ’ուսումնասիրէ հիւլէներու եւ անոնցմէ աւելի փոքր մասնիկներու վարքը, ուր բնութեան օրէնքները սովորական՝ առօրեայ աշխարհի օրէնքներէն տարբեր ձեւով կը գործեն։

Քուանթային հաշուարկը հաշուարկի բնագաւառ մըն է, որ կը հիմնուի քուանթային բնագիտութեան այս սկզբունքներուն վրայ եւ տեղեկութիւնը կը մշակէ սովորական համակարգիչներէ տարբեր եղանակով։

Օրինակ. Քուանթային հաշուարկը ապագային կրնայ որոշ տեսակի բարդ խնդիրներու լուծումը զգալիօրէն արագացնել։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Քուանթային հաշուարկ»-ը գործածելի եւ հասկանալի աշխատանքային տարբերակ է։

R

RANSOMWARE — փրկագնային ծրագիր

Վնասակար ծրագիր մը, որ սովորաբար կը փակէ կամ կը գաղտնագրէ զոհին թղթածրարները կամ համակարգը եւ անոնց հասանելիութիւնը վերադարձնելու դիմաց փրկագին կը պահանջէ։

Օրինակ. Փրկագնային ծրագիրը գաղտնագրեց կազմակերպութեան թղթածրարները եւ դրամական վճարում պահանջեց։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

REASONING — տրամաբանութիւն / դատողութիւն

ԱԻ-ի քոնթեքսթին մէջ՝ տուեալներու, տրուած պայմաններու կամ միջանկեալ քայլերու հիման վրայ խնդրի մը լուծման կամ պատասխանի մը հասնելու գործընթացը նկարագրող եզր։

Օրինակ. Որոշ ԱԻ համակարգեր կը ներկայացուին իբրեւ բարդ տրամաբանութիւն պահանջող խնդիրներ լուծելու կարողութիւն ունեցող մոտելներ։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Reasoning-ը շատ զգուշութեամբ պէտք է թարգմանել, որովհետեւ «տրամաբանել» կամ «դատել» բառերը կրնան այն տպաւորութիւնը տալ, թէ մեքենան մարդկային իմաստով կը մտածէ։ Արհեստագիտական քոնթեքսթին մէջ « տրամաբանութիւն » գործածելի է, բայց սահմանումը պէտք է յստակ պահէ, թէ կը նկարագրենք համակարգին հաշուարկային վարքը։

RECOMMENDATION SYSTEM — յանձնարարական համակարգ / առաջարկող համակարգ

Համակարգ մը, որ օգտագործողի նախասիրութիւններուն, նախկին վարքին կամ այլ տուեալներու հիման վրայ անոր բովանդակութիւն, ապրանք, ծառայութիւն կամ այլ ընտրութիւններ կ’առաջարկէ։

Օրինակ. Տեսանիւթերու հարթակին յանձնարարական համակարգը օգտագործողին նախորդ դիտումներուն հիման վրայ նոր նիւթեր կ’առաջարկէ։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։ «Յանձնարարական համակարգ»-ը recommendation system-ի մօտ համարժէքն է, բայց «առաջարկող համակարգ»-ը սովորական ընթերցողին համար աւելի անմիջական է։

REMOTE WORK — հեռավար աշխատանք

Աշխատանքի ձեւ մը, ուր աշխատողը իր պարտականութիւնները կը կատարէ գործատուին հիմնական աշխատավայրէն դուրս՝ թուային հաղորդակցութեան միջոցներ գործածելով։

Օրինակ. Հեռավար աշխատանքը աշխատակիցին կարելիութիւն կու տայ իր պարտականութիւնները տունէն կամ այլ վայրէ կատարելու։

Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։

ROBOT — ռոպոթ

Ծրագրուած մեքենայ մը, որ կրնայ ֆիզիքական գործողութիւններ կատարել ինքնագործ կամ մասամբ ինքնավար կերպով։

Օրինակ. Գործարանին մէջ ռոպոթները կրկնուող որոշ աշխատանքներ կը կատարեն։

Կարգավիճակ. Ընդհանրացած գործածութիւն։

ROBOTICS — ռոպոթագիտութիւն / ռոպոթային արհեստագիտութիւն

Ռոպոթներու նախագծման, կառուցման, ծրագրաւորման եւ գործածութեան վերաբերող գիտական եւ արհեստագիտական բնագաւառ մը։

Օրինակ. Ռոպոթագիտութիւնը իրարու կը կապէ մեքենաշինութիւնը, ելեկտրոնիկան, ծրագրաւորումը եւ ԱԻ-ն։

Կարգավիճակ. Քննարկելի։

S

SEARCH ENGINE — որոնիչ / որոնողական շարժիչ

Համացանցային ծառայութիւն կամ համակարգ, որ կը փնտռէ եւ կը դասակարգէ համացանցի բովանդակութիւնը՝ օգտագործողին հարցումին համապատասխան արդիւնքներ ներկայացնելու համար։

Օրինակ. Որոնիչը քանի մը երկվայրկեանի մէջ հազարաւոր համապատասխան էջեր կրնայ գտնել։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր՝ որոնիչ։

SENSOR — զգայակ

Սարք մը կամ բաղադրիչ մը, որ ֆիզիքական միջավայրէն տեղեկութիւն կը հաւաքէ՝ օրինակ ջերմաստիճան, շարժում, լոյս, ճնշում կամ ձայն, եւ զայն կը վերածէ մշակելի տուեալի։

Օրինակ. Զգայակը շարունակաբար կը չափէ սենեակին ջերմաստիճանը եւ տուեալները կը փոխանցէ համակարգին։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

SERVER — սպասարկիչ

Համակարգիչ մը կամ համակարգ մը, որ ցանցի միջոցով այլ համակարգիչներու եւ օգտագործողներու տուեալներ, ծրագիրներ կամ ծառայութիւններ կը տրամադրէ։

Օրինակ. Կայքին բովանդակութիւնը պահուած է հեռակայ սպասարկիչի մը վրայ։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

SCROLL — գլորել

Պաստառին վրայ բովանդակութիւնը վեր կամ վար շարժել՝ անոր յաջորդ կամ նախորդ մասը տեսնելու համար։

Օրինակ. Էջը վար գլորեց՝ յաջորդ բաժինը կարդալու համար։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

SCROLLING — գլորում

Պաստառին վրայ բովանդակութիւնը շարունակաբար վեր կամ վար շարժելու գործողութիւնը։ Ընկերային ցանցերու պարագային կրնայ նաեւ նշանակել լրահոսը (news feed) շարունակաբար դիտելու վարքը։

Օրինակ. Անվերջ գլորումը ընկերային ցանցերու ամենէն տարածուած սովորութիւններէն մէկը դարձած է։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

SMART DEVICE — խելացի սարք

Թուային սարք մը, որ կրնայ տուեալներ հաւաքել, մշակել, ցանցի միանալ եւ որոշ գործողութիւններ ինքնագործ կերպով կատարել։

Օրինակ. Խելացի սարքը կրնայ զգայակներու միջոցով հետեւիլ տան ջերմաստիճանին եւ ինքնաբերաբար կարգաւորել զայն։

Կարգավիճակ. Ընդունուած / նախընտրելի եզր։

SOCIAL MEDIA — ընկերային ցանցեր

Թուային հարթակներ, որոնց միջոցով օգտագործողները բովանդակութիւն կը ստեղծեն, կը հրապարակեն, կը տարածեն եւ իրարու հետ կը հաղորդակցին։

Օրինակ. Ընկերային ցանցերը տեղեկութեան տարածման գլխաւոր միջոցներէն մէկը դարձած են։

Կարգավիճակ. Ընդունուած եզր:

SOFTWARE — ծրագրակազմ

Համակարգիչին կամ այլ թուային սարքին վրայ աշխատող ծրագիրներու եւ համապատասխան հրահանգներու ամբողջութիւնը։

Օրինակ. Սարքակազմը առանց համապատասխան ծրագրակազմի չի կրնար նախատեսուած աշխատանքը կատարել։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

SPEECH RECOGNITION — խօսքի ճանաչում

Արհեստագիտութիւն մը, որ համակարգիչին կարելիութիւն կու տայ մարդկային խօսքը ճանչնալու եւ զայն մշակելի տուեալի կամ գրութեան վերածելու։

Օրինակ. Խօսքի ճանաչման համակարգը ձայնագրուած նախադասութիւնը գրութեան վերածեց։

Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։

STARTUP — սթարթափ / փորձառական նախաձեռնութիւն

Փորձառական նախաձեռնութիւն մը, որ սովորաբար կը ձգտի նորարարական արտադրանք կամ ծառայութիւն զարգացնելու եւ արագ աճելու։

Օրինակ. Սթարթափը ԱԻ-ի վրայ հիմնուած նոր կրթական հարթակ մը կը մշակէ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։ Տարբերակ21-ը կը գործածէ «սթարթափ» ձեւը։ « փորձառական նախաձեռնութիւն»-ը կը պահենք իբրեւ բացատրական հայերէն տարբերակ։

SYSTEM — համակարգ

Ամբողջութիւնը իրարու կապուած բաղադրիչներու, որոնք միասին կը գործեն որոշ նպատակի կամ աշխատանքի համար։

Օրինակ. ԱԻ համակարգը կրնայ բաղկացած ըլլալ մոտելէ, տուեալներէ, ծրագրակազմէ եւ ծրագրաւորման օղակէ։

Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x