Oգոստոս 2021. Շաբաթ թիւ 3
August 18, 2021
Տեղի ունեցաւ Armenians Forward Together եռօրեայ ֆորումը, որուն նպատակն էր միմեանց ծանօթացնել նմանատիպ խնդիրներով զբաղող նախաձեռնութիւնները: Քանի որ կազմակերպիչներուն մեծ մասը Հայաստանէն չէին, իրենց ուզածին պէս չէին կրցած տարածել միջոցառման մասին տեղեկատուութիւնը: Չնայած ատոր, բաւականաչափ շատ մասնակիցներ կային, եւ օգտակար կապեր հաստատուեցան: Առաջին օրը ներկայացուեցան թիւով 18 նախաձեռնութիւններ, իսկ յաջորդ օրերուն աւելի նեղ թեմաներով աշխատարաններ եղան: Կազմակերպուած էր բաւական բարձր մակարդակով:
Armenians Forward Together-ին ներկայացուած ամենամեծ անակնկալը ինծի համար Zartnir նախաձեռնութիւնն էր, որուն նպատակն է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ստեղծել գիրք կարդալու խմբակներ: Կ’ընտրեն դպրոցներ, կը նուիրեն գիրքեր եւ կը կազմակերպեն ամէնշաբաթեայ քննարկումներ կարդացած գիրքերուն շուրջ: Սկսած է 2017 թուականին երկու դպրոցներու մէջ, այս տարի հասած է 37 դպրոցի, կ’աշխատին հիմնականին մէջ կամաւորական սկզբունքներով: Patreon-ի մէջ դրամահաւաք ունին, ամսական կը հաւաքեն մօտ $1000: Նախաձեռնութեան հիմնադիրին խօսքով, որ այս տարի տեղափոխուած է Հայաստան, եթէ հասնին ամսական $5000-ի, կրնան առնուազն հարիւր դպրոցներու մէջ նման խմբակներ ունենալ: https://www.patreon.com/zartnir
Յայտարարուեցաւ, որ Հոկտեմբերի վերջը պիտի մեկնարկէ DigiWeek-ը՝ արհեստագիտական աշխարհի միջոցառումներու ութօրեայ շարքը: Այդ օրերուն պիտի կայանան Digitec Expo ցուցահանդէսը, Hyetech Showcase 2021 միջոցառումներու շարքը (Սփիւռքի արհեստագիտական համայնքի մեծ ներգրաւումով) եւ շարք մը մեծ ու փոքր այլ միջոցառումներ:
Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան կրթական ծրագիրներուն ընդունելութիւնը կը շարունակուի 16 ուղղութիւններով: Յայտարարուեցաւ, որ պատերազմի մասնակիցներուն համար դասընթացքները անվճար պիտի ըլլան:
Մեկնարկեց Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան փորձնական աշխատանքի անցնելու ծրագիրը: Ինը արհեստագիտական ընկերութիւններ վեց ամիս փորձնական աշխատանքի հնարաւորութիւն պիտի տան մօտ հարիւր երիտասարդներու, որոնց աշխատավարձը (կամ անոր մէկ մասը) պիտի վճարէ պետութիւնը:Մասնակցող ընկերութիւններն են․ Instigate Mobile, Web Projects, G-host, ISTC Labs, EPAM Systems, DataArt, The Gurus, Codics, FimeTech․ մէկ մասին մէջ տեղերը արդէն լրացուած են:
FAST հիմնադրամը եւ արեւային վահանակներ արտադրող SolarOn ընկերութիւնը յայտարարեցին $30000-նոց դրամաշնորհ մը Հայաստանի ուժանիւթի ապահովութեան ճանապարհային քարտէս մշակելու համար․
նման ձեւաչափ հաւանաբար առաջին անգամն է, որ կը փորձարկուի Հայաստանի մէջ:
Նախապէս պատմած եմ Paradigma հիմնադրամին մասին, որ նախորդ տարիներուն EdCamp միջոցառումներ կ’ընէր` նպատակ ունենալով ուսուցիչներուն համար փորձի փոխանակման ու քննարկումներու հարթակ ըլլալ: Այս տարի, իրենց աջակցութեամբ տարբեր խումբեր կ’իրականացնեն սեփական EdCamp-երը: Նման միջոցառում մը եղաւ նախադպրոցական կրթութեան թեմայով:
Մեկնարկեց «Մարզերու երեխաները մարզերուն մէջ» նախաձեռնութեան ամառնային ճամբարը Սեւանի ափին:
Ճարտարագիտական քաղաքին մէջ կ’ընթանայ ամառնային դպրոցը. տեսանիւթ մը պատրաստած էին, թէ ինչպէս կ’ընթանան ավիամոտելաւորման դասերը.
Սեպտեմբեր 10-11-ին պիտի կայանայ DataFest Yerevan 2021 միջոցառումը, նուիրուած մեքենայական ուսուցման եւ տուեալագիտութեան:
«Զինուորի տան» մէջ պիտի ստեղծուի Ցաւի կառավարման կեդրոն մը, ուր կ’օգնեն վիրաւոր զինուորներուն՝ կառավարելու երկար ժամանակ զգացուող ցաւերը:
«Զինուորի տուն»ը ձեռք պիտի բերէ յատուկ լէյզըր- Ճառագայթային սարք մը՝ այրուածքներ բուժելու համար․
Ըստ Արմէն Մուրատեանին, սա եւս հնարաւոր դարձած է Armenians Forward Together ֆորումին շնորհիւ:
AICA ցանցը յայտարարեց նոր «հրեշտակ ներդրողներ» ներգրաւելու մասին․
եւ
Օգոստոսի վերջը կը կայանայ BANA Bootcamp-ը, որուն նպատակն է նորաստեղծ սթարթափները նախապատրաստել BANA Startup Incubator-ին մասնակցելուն:
Քանի մը ամիս առաջ «Բարձունք» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ միմեանց ծանօթացած էին մարդիկ, որոնք համաձայնած էին գինիի գործարան մը կառուցել Կողբի մէջ: Այս շաբաթ ցոյց տրուեցաւ գործարանի կառուցման ընթացքը, Սեպտեմբերէն պիտի սկսի գործել:
Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը հիանալի մէկ այլ ուղեցոյց պատրաստած է․ հայերէն սորվելու բոլոր հնարաւորութիւնները՝ մէկ էջի մէջ․
Տաւուշի մարզին մէջ աղբի մաքրութեան տեղի ունեցաւ միջոցառում մը, որուն կը մասնակցէին հիմնականին մէջ մանուկները․
Այսպիսի փոքր միջոցառումներ յաճախ կ’ըլլան, ոչ բոլորը կը գրանցեմ: