(O-ով եւ P-ով) Անգլերէն–արեւմտահայերէն արհեստագիտական բառարան
October 19, 2026
O
OPEN SOURCE — բաց սկզբնաղբիւրով / բաց աղբիւրով
Ծրագիր մը կամ համակարգ մը, որուն սկզբնաղբիւրային քոտը հրապարակաւ հասանելի է՝ համապատասխան արտօնագրի պայմաններով զայն ուսումնասիրելու, փոփոխելու կամ տարածելու համար։
Օրինակ. Բաց սկզբնաղբիւրով ծրագրակազմը մշակողներուն կարելիութիւն կու տայ ուսումնասիրելու անոր քոտը եւ մասնակցելու անոր զարգացման։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։
OPERATING SYSTEM — գործառական համակարգ
Հիմնական ծրագրակազմ մը, որ կը կառավարէ համակարգիչին կամ սարքին սարքակազմը եւ միւս ծրագիրներուն աշխատանքը։
Օրինակ. Գործառական համակարգը կը կառավարէ սարքին յիշողութիւնը, թղթածրարները եւ յաւելուածները։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։
OUTPUT — ելք / արտադրուած արդիւնք
Տուեալ, պատասխան կամ բովանդակութիւն, զոր ծրագիրը կամ ԱԻ համակարգը կ’արտադրէ մուտքային տուեալները մշակելէ ետք։
Օրինակ. ԱԻ համակարգին ելքը կրնայ ըլլալ բնագիր, պատկեր, ձայն կամ քոտ։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի՝ ըստ քոնթեքսթի։ «Ելք»-ը արհեստագիտական կարճ եզրն է, իսկ ընդհանուր ընթերցողին ուղղուած բնագիրին մէջ երբեմն «արդիւնք»-ը աւելի բնական է։
P
PARAMETER — չափանիշ / ներքին փոփոխական
Մոտելին ներքին թուային արժէքներէն մէկը, որ մարզումի ընթացքին կը փոփոխուի եւ կ’ազդէ այն ձեւին վրայ, որով մոտելը մուտքային տուեալները կը մշակէ եւ արդիւնք կ’արտադրէ։
Օրինակ. Ժամանակակից լեզուական մեծ մոտելները կրնան միլիառաւոր parameter-ներ ունենալ։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։ Այստեղ «չափանիշ» բառը կրնայ շփոթ ստեղծել criterion կամ metric-ի հետ, իսկ «ներքին փոփոխական»-ը բացատրական է, բայց ամբողջովին նոյն հասկացութիւնը չէ։ Այս եզրը դեռ բառագիտական աշխատանքի կը կարօտի։
PASSWORD — գաղտնաբառ
Գաղտնի բառ մը կամ նշաններու շարք մը, որ կը գործածուի հաշիւի, սարքի կամ համակարգի մուտքը պաշտպանելու։
Օրինակ. Նոյն գաղտնաբառը տարբեր հաշիւներու համար գործածելը ապահով չէ։
Կարգավիճակ. Ընդունուած եզր։
PERSONAL DATA — անձնական տուեալներ
Անձի մը վերաբերող տեղեկութիւնները, որոնց միջոցով կարելի է զինք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճանչնալ կամ առանձնացնել։
Օրինակ. Անձնական տուեալները առանց անհրաժեշտութեան պէտք չէ հրապարակել։
Կարգավիճակ. Ընդունուած / նախընտրելի եզր։
PHISHING — խայծում / խաբէական հաղորդագրով (message) տուեալներ կորզել
Թուային խարդախութեան ձեւ մը, ուր յարձակողը վստահելի անձի կամ կազմակերպութեան անունով կեղծ հաղորդագիր, նամակ կամ կայք կը գործածէ՝ զոհէն գաղտնաբառ, դրամական կամ այլ զգայուն տեղեկութիւն կորզելու համար։
Օրինակ. Խայծումի նամակը օգտագործողէն կը պահանջէր սեղմել կեղծ յղումի մը վրայ եւ մուտքագրել իր գաղտնաբառը։
Կարգավիճակ. Քննարկելի։
PLATFORM — հարթակ
Թուային միջավայր կամ համակարգ, որուն վրայ օգտագործողները, մշակողները կամ այլ ծառայութիւններ կրնան աշխատիլ, հաղորդակցիլ կամ բովանդակութիւն ստեղծել եւ տարածել։
Օրինակ. Հարթակը հեղինակներուն կարելիութիւն կու տայ իրենց նիւթերը հրապարակելու եւ ընթերցողներու հետ կապ հաստատելու։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։
PREDICTION — կանխատեսում
Տուեալներու մէջ սորված օրինաչափութիւններուն հիման վրայ ԱԻ կամ մեքենական ուսուցման համակարգին արտադրած հաւանական արդիւնքը։
Օրինակ. Մոտելը անցեալի տուեալներուն հիմամբ պահանջարկի կանխատեսում կը կատարէ։
Կարգավիճակ. Տարբերակ21-ի գործածութիւն։
PRIVACY — գաղտնիութիւն / անձնական կեանքի անձեռնմխելիութիւն
Անհատի մը իրաւունքն ու կարողութիւնը՝ վերահսկելու իր անձնական տեղեկութիւնները, հաղորդակցութիւններն ու թուային գործունէութիւնը:
Օրինակ. Դէմքի ճանաչման համակարգերը գաղտնիութեան վերաբերող լուրջ հարցեր կը յարուցեն։
Կարգավիճակ. Քոնթեքսթէն կախեալ։
PROGRAM — ծրագիր
Համակարգիչին որոշ գործողութիւններ կատարել տուող հրահանգներու եւ քոտի կազմակերպուած ամբողջութիւնը։
Օրինակ. Ծրագիրը կը մշակէ ստացած տուեալները եւ արդիւնքը կը ցուցադրէ օգտագործողին։
Կարգավիճակ. Ընդունուած գործածութիւն։
PROGRAMMING — ծրագրաւորում
Համակարգչային ծրագիրներ նախագծելու, գրելու, փորձարկելու եւ կատարելագործելու գործընթացը։
Օրինակ. Ծրագրաւորումը կը պահանջէ ոչ միայն քոտ գրելու, այլեւ խնդիրները տրամաբանօրէն վերլուծելու կարողութիւն։
Կարգավիճակ. Ընդունուած / նախընտրելի եզր։
PROMPT — հրահանգ
ԱԻ համակարգին տրուած հարցում, պահանջ, տեղեկութիւն կամ ուղղութիւն, որ կը սահմանէ, թէ համակարգէն ի՛նչ պատասխան կամ գործողութիւն կ’ակնկալուի։
Օրինակ. Յստակ հրահանգ մը սովորաբար ԱԻ-ին կ’օգնէ աւելի համապատասխան պատասխան տալու։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։
Կարեւոր է նշել, որ prompt-ը միայն «հրաման» է. ան կրնայ հարցում, բացատրութիւն, քոնթեքսթ կամ օրինակ ալ պարունակել։
PROMPT ENGINEERING — հրահանգներու մշակում
ԱԻ համակարգէն աւելի ճշգրիտ, համապատասխան կամ օգտակար արդիւնք ստանալու համար անոր տրուող հրահանգները մտածուած կերպով կազմելու, փորձարկելու եւ կատարելագործելու աշխատանք։
Օրինակ. Հրահանգներու մշակումը կը ներառէ հարցումին յստակացումը, անհրաժեշտ քոնթեքսթի տրամադրումը եւ ակնկալուած արդիւնքի ձեւաչափին սահմանումը։
Կարգավիճակ. Նախընտրելի եզր։