Բջիջայինը նոր ծխախոտն է․ ինչո՞ւ ճաշարաններ կը մերժեն եւ նոյնիսկ կ’արգիլեն զայն
September 20, 2026
Ճաշասեղանը ժամանակին այն քիչ վայրերէն մէկն էր, ուր մարդիկ իրարու կը նայէին, կը խօսէին, կը վիճէին, կը խնդային եւ երբեմն նոյնիսկ կը լռէին՝ առանց այդ լռութենէն փախչելու։ Այսօր սեղանին վրայ գրեթէ միշտ ուրիշ «հիւր» մըն ալ կայ՝ բջիջային հեռաձայնը։ Անիկա կը լուսաւորուի, կը թրթռայ, մեր ուշադրութիւնը կը պահանջէ եւ ընդհանրապէս մեր դիմաց նստած անձէն աւելի արագ կը ստանայ զայն։
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ աշխարհի տարբեր քաղաքներու կարգ մը ճաշարաններ սկսած են վերականգնել փորձել առանց հեռաձայնի սեղանի մշակոյթը։ Ոմանք պարզապէս կը խնդրեն յաճախորդներէն հեռաձայնը մէկ կողմ դնել, ուրիշներ զայն ժամանակաւորապէս կը պահեն, իսկ ոմանք նոյնիսկ կը պարգեւատրեն անոնք, որոնք պատրաստ են քանի մը ժամով բաժնուիլ իրենց պաստառէն։
Տարոսը Լիբանանի եւ Հայաստանի ճաշարաններուն…
Թերեւս չափազանցութիւն թուի հեռաձայնը նոր ծխախոտ կոչելը։ Բայց համեմատութիւնը մտածելու առիթ կու տայ։ Ծխախոտն ալ ժամանակին ճաշասեղանին բնական մէկ մասն էր, մինչեւ որ սկսանք հարց տալ՝ իսկապէս հո՞ն պէտք է ըլլայ։ Այսօր նոյն հարցումը կարելի է ուղղել հեռաձայնին։ Հարցը արհեստագիտութիւնը մերժելը չէ, այլ շատ աւելի պարզ բան մը՝ կրնա՞նք տակաւին միասին ճաշել, խօսիլ եւ միասնաբար ըլլալ՝ առանց քանի մը վայրկեան մեր միտքը այլ տեղ թափառելու
«Տարբերակ21»
⁂

Տարիքը՝ ծագումը բաւական հին է, բայց ժամանակը՝ հիմա։
Տեսքը՝ մարդոց խումբեր, որոնք միասին կ’ուտեն, իրարու հետ կը խօսին ու կը խնդան՝ միաժամանակ հեռաձայնէն զրկուած ըլլալու թեթեւ անհանգստութեամբ մը։
Ուրեմն խօսքը մասնաւորաբար ճաշարաններու մէջ հեռաձայնները արգիլելու մասի՞ն է. Այո՛, ճաշարաններու եւ bar-երու։
Բայց ասիկա այնքան ալ նոր երեւոյթ չէ, չէ՞. Ո՛չ։ Զաւեշտականն այն է, որ շուրջ տասը տարի առաջ բազմաթիւ բարձրորակ ճաշարաններ սկսած էին վերացնել բջիջային հեռաձայններու արգելքը՝ համակերպելով այն իրականութեան հետ, որ մարդոց կարելի չէր արգիլել իրենց կերակուրները լուսանկարել եւ նկարները հրապարակել։
Կ’ենթադրեմ՝ կը կարծէին, որ ատիկա գործին համար օգտակար էր. Ոչ միշտ։ Լոնտոնի Spy Bar-ին մէջ, օրինակ, մուտքին հեռաձայնի տեսախցիկի ոսպնեակին վրայ պիտակ մը կը փակցնեն։
Բայց ի՞նչ օգուտ։ Մարդիկ կրնան պարզապէս պիտակը հանել. Նպատակը հոգեբանական ազդեցութիւն ստեղծելն է՝ պաշտպանել մեկուսութիւնը եւ մարդոց կարելիութիւն տալ առանց շեղումներու վայելելու իրենց ժամանակը։

Լաւ, թերեւս հեռաձայնի արգելքը այդքան խիստ պէտք չէ ըլլայ. Որոշ վայրեր պատիժի փոխարէն խրախուսանքի կը դիմեն։ Իտալիոյ Վերոնա քաղաքի Al Condominio ճաշարանին մէջ յաճախորդներուն անվճար շիշ մը գինի կ’առաջարկեն, եթէ անոնք ճաշէն առաջ յանձնեն իրենց հեռաձայնները։
Արդի՞ւնքը. Ըստ երեւոյթին՝ յաճախորդներուն 90 առ հարիւրը կ’ընդունի առաջարկը։
Ես ալ պիտի ընդունէի՝ անվճար գինիի մը համար. Ուրիշ ճաշարաններ պարզապէս որդեգրած են «առանց հեռաձայնի» քաղաքականութիւն՝ փորձելով քաջալերել զրոյցը եւ ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացնել կերակուրին ու ամբողջ փորձառութեան վրայ։
Իսկ յաճախորդները համաձա՞յն են. Մեծ մասամբ՝ այո՛։ Antagonist-ի ընդհանուր տնօրէնը Wall Street Journal-ին ըսած է. «Մեծապէս կը քաջալերեմ, որ փորձեն։ Երբեմն չեն ուզեր եւ ուրիշ տեղ կ՚երթան»։
Այնուամենայնիւ, երեւոյթը կարծես աւելի կը տարածուի. Ցանցային ճաշարաններն ալ սկսած են սահմանափակումներ մտցնել։ Pizza Express-ը անցեալ ամառ սկսաւ առանց հեռաձայնի յետմիջօրէներ կազմակերպել, իսկ նոյնիսկ Wetherspoons-ը սահման մը գծած է։
Երբե՛ք պիտի չուզէի առանց հեռաձայնիս Wetherspoons մտնել. Հոգ չէ. հոն պարզապէս կ’ուզեն, որ հեռաձայնը անձայն պահես։
Ըսէ՛ք. «Առէ՛ք հեռաձայնս։ Որեւէ բան որ մարդոց միջեւ իրական կապը կը քաջալերէ՝ կ՚արժէ անոր համար քանի մը ժամ անվերջ ու մռայլ լուրեր գլորելէ հրաժարիլ»։
Մի՛ ըսէք. «Բայց հոսկէ տակաւին կրնամ փոտքասթս ձայնագրել, չէ՞»։
Թիմ Տաուլինկ
The Guardian
(Բնագիրը կարդալ այս կապով)