Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ «Թուային սերունդ» նախաձեռնութիւնը կը սկսի թուային գործիքներու (Office, Google Drive եւ այլն) դասընթացք մը:
PIERIS հիմնադրամին միջոցներով, Ալիխանեանի անուան ազգային գիտաշխանոցին մէջ վերանորոգուած եւ կահաւորուած է գիտաշխանոց մը, որ արդէն համագործակցութեան ծրագիրներ սկսած է ամերիկեան գիտական ծանօթ խումբերու հետ: Այժմ նոր դրամահաւաք մը կ’ընեն քանի մը սարքեր ձեռք բերելու համար․
Falling Walls Labs անունով միջազգային մրցոյթ մը կայ հետազօտական, նորարարական գործարար եւ ընկերային նախաձեռնութիւններուն համար: Սեպտեմբեր 11-ին կը կայանայ Հայաստանի ազգային փուլը. յաղթողները կ’անցնին միջազգային փուլ: Իւրաքանչիւր մասնակիցի պիտի տրուի երեք վայրկեան ժամանակ իր գաղափարը ներկայացնելու համար: Վերջին պայմանաժամն է Օգոստոս 30-ը.
«Հայկական անկախ համալսարան» նախաձեռնութեան մասին նախապէս գրած եմ. հիանալի ամառնային դպրոց մը կազմակերպեցին էքոնոմեթրիքսի եւ տուեալագիտութեան թեմաներով: Անցեալ շաբաթ յայտնեցին, որ կը բանակցին Տնտեսագիտական համալսարանի Գիւմրիի մասնաճիւղին եւ Արցախի համալսարանին հետ, որ որոշ դասընթացքներու մէջ մէկ կամ քանի մը թեմաներ իրենք դասաւանդեն, նաեւ աւարտական աշխատանքներուն համաղեկավար ըլլան: Կը կարծեմ, որ համատեղ աշխատելու շատ ճիշդ ձեւաչափ մըն է․
Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացող ոչ-շատ-սկսնակ մակարդակի դասընթացքներու ընդունելութիւնը շարք մը ուղղութիւններով կը շարունակուի․
«Այբ» կրթական հիմնադրամը, Denovo Sciences ընկերութիւնը եւ FAST հիմնադրամը կը կազմակերպեն մէկուկէս ամիս տեւողութեամբ քիմինֆորմաթիքսի bootcamp. այս չափազանց կարեւոր ու հեռանկարային ոլորտ մըն է քիմիաբանութեան եւ համակարգչային գիտութիւններուն միջեւ․
Պատերազմէն յետոյ ստեղծուած կրթական մէկ այլ նախաձեռնութիւն է rAcademy-ն. սկսած է երկրորդ փուլի ընդունելութիւնը: Թեմաներն են, ինչպէս առաջին փուլին, ինֆորմաթիքս (Digital thinking), ուսողութիւն եւ ծրագրաւորման հիմունքներ (Java).
Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ «Թուային սերունդ» նախաձեռնութիւնը կը սկսի թուային գործիքներու (Office, Google Drive եւ այլն) դասընթացք մը, շատ աժան` 2900 դրամի արժէքով: Պէտք է հասնիլ անոր, որ ամբողջ բնակչութիւնը կարենայ այս բոլոր գործիքները անկաշկանդ օգտագործել․
«ԱրիՊաս» նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է գիւղերուն մէջ շրջող «օթօպիւս-դասարան» մը ունենալ, դրամահաւաք մը սկսած է․ Յիշեցնեմ, որ սա Teach For Armenia-ի շրջանաւարտներուն նախաձեռնութիւնն է:
Ազրպէյճաներէնի մասնագիտացած կեդրոն մը ստեղծուած է, ALC անունով. կը սկսին առկայ ուսուցման դասեր «Smart Armenia» կազմակերպութեան հետ գործակցաբար․
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը SoftConstruct-ին հետ յուշագիր մը կնքեց, ըստ որուն 100 բանակայիններ կը ստանան կրթութիւն ու կ’ապահովուին աշխատանքով: Ընկերութիւնը ամսական 80000 դրամ պիտի վճարէ բոլոր շահառուներուն ծրագիրին ամբողջ ընթացքին:
Իմփրովիզ ընկերութիւնը յայտնեց, որ Գիւմրիի մէջ կը շարունակուին ողիմպիական խմբակին աշխատանքները․
Նոյեմբերեանի մէջ բացուեցաւ «Արմաթ» գիտաշխանոցի շրջանաւարտներուն կողմէ հիմնադրուած ProtoLab ընկերութիւնը, որուն համար քանի մը ամիս առաջ յաջող դրամահաւաք մը կատարուած էր: Ձեռք բերուած են եռաչափ տպիչներ, եւ Protolab-ը արդէն կրնայ եռաչափ տպագրութեան ապսպրանքներ ընդունիլ: Ցանկութիւն ունին զարգանալու դէպի ռոպոթաշինական արհեստագիտութիւն:
Genesis Armenia հիմնադրամը կը հաւաքէ համակարգիչներ (նաեւ օգտագործուած): Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ աշակերտներուն համար կրթական ու աշխատանքային կեդրոն մը պիտի ստեղծուի: 50 համակարգիչ արդէն հաւաքած են․
Վանաձորի Վահէ Մելիքսէթեանի անուան դպրոցի ենթակառուցուածքի նորոգութեան նպատակով դրամահաւաքը յաջողութեամբ աւարտեցաւ
ԿԳՄՍ նախարարութիւնը յայտարարեց երիտասարդական դրամաշնորհ մը, շարք մը ուղղութիւններով․
Երկրագործական արհեստագիտութեան սթարթափներուն համար հերթական երեք ամիս տեւողութեամբ incubational ծրագիրին վերջին պայմանաժամը կը մօտենայ․
FAST-ի STAN հրեշտակներու ցանց»ը յայտնեց նոր հրեշտակ ներդրող» ներգրաւելու մասին․
Յայտարարուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ համագործակցութիւն մը սկսած է հայկական քանի մը գինիներ ներկայացնող Storica Wines ընկերութեան եւ ամերիկեան ցրուիչ մեծ ընկերութեան մը միջեւ: Հայկական արտադրանքի արտահանման նպաստող հետաքրքրական ձեւաչափ մըն է․ https://www.winebusiness.com/news/?go=getArticle&dataId=250011&
Հրապարակուեցաւ SASTIC նախաձեռնութեան հերթական մեծ թարմացումը․ քանի որ բազմաթիւ անդամներ ֆիզիքապէս Հայաստան կը գտնուէին, մեծ թիւով հանդիպումներ ունեցած են․