Օգոստոս 2021. Շաբաթ թիւ 2
August 11, 2021
SASTIC նախաձեռնութեան հիմնադիրներն ու բազմաթիւ անդամներ Հայաստան կը գտնուին: Աշխոյժ հանդիպումներ ու հաւաքներ կ’ընեն, հարցազրոյցներ կու տան: Բոլոր մանրամասնութիւնները`
Մոսկուայի հայ երիտասարդութեան համար ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ հետաքրքրական խօսնակներով, որ կազմակերպուած էր նորաստեղծ Ideas for Armenia կառոյցին շնորհիւ: Նախաձեռնութեան նպատակը Մոսկուայի հայեըը միաւորելն է Հայաստանի զարգացման նիւթերու շուրջ․
IFA-ի կայքը․ https://ifa-talks.ru/
Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց երկակի նշանակութեան ծրագիրներու մրցումը շահողներուն ցանկը: Պիտի ֆինանսաւորուին 12 նիւթեր․
Գիտութեան կոմիտէի ֆեյսպուքեան էջին մէջ տեղադրուին նախորդ տարիներուն դրամաշնորհներ ստացած խումբերուն մասին տեսանիւթեր, որոնք կը ցուցադրուին Հ1-ով: Օրինակ, այս շաբաթ Մոլեգիւլային կենսաբանութեան ինսթիթութի խումբերէն մէկուն մասին էր․
Ծաղկաձորի մէջ աւարտեցաւ 5-6-րդ դասարաններու աւելի քան 40 աշակերտներու համար կազմակերպուած ուսողութեան ամառնային դպրոցը, որուն մասնակիցներուն կէսը մարզերէն էին: Չափազանց տպաւորիչ միջոցառում մը եղած է, ու պէտք է մտածել, թէ ինչպէս ընդլայնել ծաւալները․
Բաւական իւրայատուկ կրթական նախաձեռնութիւն մը կը սկսի, Buildup անունով: Արհեստագիտական նիւթերով քանի մը 16-շաբաթնոց դասընթացքներ պիտի ըլլան, ոչ-շատ սկսնակներու համար, bootcamp-ի ձեւաչափով:
Գիւմրիի մէջ կը մեկնարկէ զերոյէն Java ծրագրաւորման դասընթացք մը.
PicsArt-ը պատերազմի մասնակիցներուն համար դասընթացքներու ծրագիր մը սկսած է: Այս պահուն կը հրաւիրեն մասնագէտներ, որոնք պատրաստ են դասաւանդել այդ ծրագիրի շրջագիծին մէջ:
«Վահէ Մելիքսէթեան» հիմնադրամը, որ կրթաթոշակներ կը յատկացնէ բժշկութեան ուսանողներու համար, զուգահեռաբար դրամահաւաք մը սկսած է՝ աւելի մեծ թիւով ուսանողներու աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով․
Աւարտեցաւ «Գիտարար» ամառնային դպրոցը, զոր կազմակերպած էին Բժշկական համալսարանի մասնագէտները՝ COBRAIN ծրագիրին շրջանակներուն մէջ․
Երեւանի համալսարաններուն մէջ մարզերէն եկող ուսանողներուն բնակութեան տագնապը թեթեւցնելու համար ստեղծուած է «Ուսանողի տուն» նախաձեռնութիւնը: Այս ուսումնական տարուան ընդունելութիւնը արդէն սկսած է.
Արցախի կրթութեան նախարարութիւնը հետաքրքրական ծրագիր մը սկսած է: Կը կազմակերպեն «Երկարօրեայ դպրոց» մը, որպէսզի աշակերտները օրուան աւելի մեծ մասը ներգրաւուին կրթական ու համայնքային զարգացման գործընթացներիուն: Այս տարի կը սկսին 20 դպրոցով, քանի մը տարիէն պիտի ընդգրկեն Արցախի բոլոր դպրոցները:
Դիլիջանի կեդրոնական դպրոցին մէջ տեղի կ’ունենայ Fab համաժողով մը:
Ռազմամարզական հաւաքներ կամ բանակումներ իրականացնող խումբերը կ’աւելնան: Անցեալ շաբաթ աչքիս զարկաւ «Փոքր Մհեր» անունով խումբը:
«Սեւան Սթարթափ Սամիթի» խումբը նոր ձեւաչափ մը կը փորձարկէ. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ծովափնեայ հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ սթարթափներու շուրջ․
Արհեստագիտական սթարթափներուն համար փայլուն հնարաւորութիւն է Պըրքլիի համալսարանի SkyDeck արագացուցիչ ծրագիրը: Հայաստանէն 5-6 ընկերութիւն տարբեր տարիներու մասնակցած է այդ ծրագիրին ու բոլորը շատ գոհ են: Յայտարարուեցաւ այս տարուան ընդունելութեան մասին․ https://starthub.am/startups/11443.html
$200 հազար ներդրում ստանալու մասին յայտարարեց ChessMood ընկերութիւնը․
Green Climate Fund-ը պատրաստ է քանի մը տասնեակ միլիոն տոլարի ներդրումներ եւ դրամաշնորհներ տրամադրել բնապահպանական ուղղուածութեան ծրագիրներու համար: Այս շաբաթներուն տեղակատուական հանդիպումներ կը կազմակերպեն, որպէսզի ընկերութիւններն ու խումբերը աւելի լաւ հասկնան, թէ ինչ հնարաւորութիւններ կան այստեղ:
Կայացաւ հայկական արտադրանքի արտածման ուղղուած BuyArmenian հարթակի պաշտօնական բացումը:
Յայտարարուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 17-ին կը կայանայ Երեւանեան մարաթոնը.
Մեր երկաթուղին ստացաւ երկու նոր արագընթաց ելեկտրագնացքներ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարդան Թաշճեան