Սխալներ՝ նշմարուած հայ մամուլին մէջ

January 29, 2025

«Ազդակ»

***Մէ՛կ հասկացութիւն, երե՛ք կէտադրութիւն

—Որքա՜ն կարօտ ունինք քեզի հայոց բանակ (28/1/2025, էջ 3):

—Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ (անդ):

—Տօնդ շնորհաւոր, հայո՛ց բանակ (անդ)

***Լիբանան ամբողջական կերպով յարգեց համաձայնութիւնը, իսկ Իսրայէլեան կողմը կը խուսափի իր խոստումները յարգել (անդ, էջ 8):

—Լիբանան ամբողջովին յարգեց համաձայնութիւնը, իսկ իսրայէլեան կողմը կը խուսափի իր խոստումները յարգելէ:

***Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրեն, որ ան գործադղրէ միջազգային որոշումները (27/1/2025, էջ 8):

—Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնեն, որ ան գործադրէ միջազգային…:

***Պասիլ իր աջակցութիւնը յայտնեց բնակիչներուն՝ յայտնեով, որ անոնք հերոսներ են (անդ):

—Պասիլ իր աջակցութիւնը յայտնեց բնակիչներուն՝ յայտարարելով, որ

անոնք հերոսներ են:

***Հողին տէրերուն երաշխաիքը բոլոր պետութիւններու  երաշխիքէն  աւելի զօրաւոր է (անդ):

—Հողին տէրերուն երաշխաիքը  բոլոր պետութիւններու   տուածէն  աւելի զօրաւոր է:

***Ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ պատմութեան պատգամ է եւ մարդասիրական պատգամ մը հայրենիքին ու հողին (անդ):

—Ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ մարդասիրական պատմական պատգամ մըն է հայրենիքին ու հողին:

«Արարատ»

***Շուտով պիտի պարզուի երեք ոճիրներուն բոլոր մանրամասնութիւնները (25/1/էջ 1):

—պիտի   պարզուին մանրամասնութիւնները:

***Կը համակրէր արաբ զանգուածներուն, որ նոյնպէս զոհն էր մեծերու գձուձ հաշիւներուն (անդ, էջ 2):

—Կը համակրէր արաբ զանգուածներուն, որոնք նոյնպէս զոհն էին …:  

***Հոն արձանագրուած են համագործակցութեան լայն շրջագիծ մը (անդ):

—Հոն արձանագրուած է համագործակցոթեան լայն շրջագիծ մը:

***Կիրակի օր  կը սպառի զինադադարի   համաձայնութեան 60 օրերը (անդ):

            —Կիրակի օր կը սպառին զինադադարի համաձայնութեան 60 օրերը:

            ***Հնարաւորութիւն կու տայ  այդ մարդկանց  ինչ-որ ձեւով հետ բերելու:

—Հնարաւորութիւն կու տայ այդ մարդիկը ինչ-որ ձեւով յետ բերելու:

***Չեմ գիտեր, եթէ անհրաժեշտ է ծախսել ՆԱԹՕ-ի վրայ (25/1/25, էջ 1):

—Չեմ գիտեր, թէ անհրաժեշտ է ծախսել…

***Գրգռեց բռնատիրութեան մականը, որ զինք աքսորեցին Արուատ  կղզի(անդ, էջ 2):

—Գրգռեց բռնատիրութեան մականը, որ  զինք աքսորեց Արուատ  կղզի:

***Դադրած  է երաշխաւորուած ըլլալ Մոսկուայի կողմէ (անդ, էջ 3):

—Դադրած է երաշխաւորուած ըլլալէ Մոսկուայի կողմէ:

«Պայքար»

***Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է Աստուած (թիւ 409):

—Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ:

***Այս հրդեհները… ամենամեծ աղէտն է (անդ):

—Այս հրդեհները ամենամեծ աղէտն են:

***Միջին Արեւելեան (անդ):

Միջինարեւելեան:

*** Թրքական յարձակումներու շնորհիւ պարպուեցաւ Հալէպը (անդ):

—Թրքական յարձակումներու հետեանքով պարպուեցաւ Հալէպը:

*** Հալէպցիներէն խումբ մը Հայաստան հաստատուեցան (անդ):

—Հալէպցիներէն խումբ մը Հայաստան հաստատուեցաւ:

***Որո՞ւն կը փնտռես (անդ, էջ 7):

Զո՞վ կը փնտռես:

***Երկխօսութեան վերականգնումը, մեր  միակ ուղին է (թիւ 408):

—Երկխօսութեան վերականգնումը մեր միակ ուղին է:

«Ակօս»

***Թրքահայ համայնքը  համայնքային գործիչնրու ձեռամբ կ’առաջադրուին (թիւ 1482):

—Թրքահայ համայնքը  ազգային  գործիչնրու ձեռամբ կ’առաջադրուի:

*** Անքարան Թորոս Ալճանը չուզէր:

Անքարան ինչո՞ւ  Թորոս Ալճանը չուզէր:

—Անքարան… չ’ուզեր:

*** Իր հաշւոյն վրայ (անդ):

—Իր հաշուոյն վրայ:

*** Մէյմնալ… (անդ)

Մէյ մըն ալ

[email protected]                                                                              Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x