Սեպտեմբեր 2021. Շաբաթ թիւ 1
September 8, 2021
Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց գիտական խումբերու հիմնադրութեան եւ ամրապնդման այս տարուան մրցումին արդիւնքները: 17 խումբեր ստացան երեք տարուան ֆինանսաւորում: Այս դրամաշնորհը հնարաւոր եղաւ իրականացնել այս տարուան գիտութեան պիւտճէին ընդլայնման շնորհիւ.
Ուսողութեան ինսթիթութին մէջ աւարտեցաւ երկու ամիս տեւողութեամբ ամառնային դպրոցը, նուիրուած «մարքովեան շղթաներ»ուն (ուսողութեան բարդ թեմաներէն): Կազմակերպիչները եւ դասախօսները տարբեր երկրներու մէջ աշխատող հայ գիտնականներ էին: Դպրոցին մասնակցեցաւ տասը հոգի, որոնց մէկ մասին համար կրթանպաստ տրամադրեց FAST հիմնադրամը․
Լոռիի մարզի Դեբետ գիւղի COAF SMART կեդրոնին մէջ կայացաւ SpaceCamp-2021 քառօրեայ տիեզերական ճամբարը՝ աշակերտներու համար: Կը ֆինանսաւորէր Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը․
«Գիտելիքի օր»ը, 1 Սեպտեմբերին, աշակերտները գիտութեամբ ոգեւորելու նպատակով մեծ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գիտաւանի մէջ: «Գիտուժ» նախաձեռնութեան էջին մէջ մեծ եւ ամփոփիչ տեսանիւթ մը կայ․
Յայտարարուեցաւ, որ 18 Սեպտեմբերին Լոռիի Լեռնապատ գիւղին մէջ կը կայանայ արտակարգ իրավիճակներու մէջ օգտակար անօդաչու սարքերու մրցում մը: Կազմակերպողներն են «Կարէն Վարդանեան» կրթական հիմնադրամը, Արտակարգ իրավիճակներու եւ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնները եւ Ամերիկեան համալսարանը:
Հայաստանի հրթիռամոտելային ընկերակցութիւնը հրապարակեց դպրոցներուն մէջ նոր խմբակներ հիմնելու մասին յայտարարութիւն մը․
Աւարտեցաւ «Նպատակ» նախաձեռնութեան ճարտարապետութեան ամառնային դպրոցը, հրապարակուած են աւարտական աշխատանքները․
Learning Mission նախաձեռնութիւնը, որ արդէն քանի մը յաջողած դասընթացքներ ըրած է վիրաւոր զինուորներու համար, կը նախապատրաստուի յաջորդ «կիսամեակ»ին: Ամերիկայի մէջ ֆեյսպուքեան հանգանակութիւն մը սկսած են:
5 Սեպտեմբերին Ապարանի մէջ հետաքրքրական ձեոնարկ մը իրականացուց «ԱրիՊաս»ը. աշակերտներուն ներկայացուցին կրթական զանազան նախաձեռնութիւններ, հետաքրքրական բնագիտական փորձեր եւ այլն: Ահաւասիկ օրինակ մը:
Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ բացուեցաւ «Թումօ» կեդրոնը․ https://medialab.am/182064/?
«Մարզերու Երեխաները Մարզերում» նախաձեռնութեան մասին շատ գրած եմ: Անցեալ շաբաթ Simply Technologies ընկերութիւնը ՄԵՄ-ին մասնակից շարք մը աշակերտներ հիւրընկալած էր: Աշակերտները բարձր արհեստագիտական ընկերութիւններուն քով հիւրընկալելը հիանալի ձեւաչափ է, համատարած կիրարութեան վերածելու կարիքը կայ:
«Մաթեմիկ» կազմակերպութիւնը, որ մարզերու մանուկներուն համար ուսողութեան դասեր ու ճամբարներ կը կազմակերպէր, նոր հանգանակութիւն մը սկսած է ապագայ ծրագիրներուն համար:
Գիւմրիի արհեստագիտական կեդրոնը ծրագրաւորման անվճար դասընթացք մը եւս կը կազմակերպէ պատերազմին մասնակցած զինուորներուն եւ կամաւորներուն համար:
Գիւմրիի մէջ NeoGraph Games անունով ընկերութիւն մը կայ, որ գործի կը հրաւիրէ համակարգչային խաղերու ծրագրաւորողներ․
Գործարար աշխարհէն. Կլենտէյլ քաղաքին մէջ բացուեցաւ «Մանթաշով» գործարարներու միութեան ամերիկեան մասնաճիւղը.
Միութեան նախագահ Վահրամ Միրաքեան շաբթուան ընթացքին նիւթեր հրապարակեց ամերիկահայ տարբեր գործարարներու մասին, որոնք ներդրումներ կը կատարեն Հայաստանի մէջ.
Հայաստանի մէջ գրասենեակ ունեցող միջազգային DataArt ընկերութիւնը գնեց հայկական SFL ընկերութիւնը․ https://itel.am/am/news/13104?
Dzook ընկերութիւնը յայտնեց, որ համագործակցութիւն մը հաստատած են Snapchat ընկերութեան հետ.
Գերմանիայէն քանի մը տասնեակ զբօսաշրջութեան մարզի մասնագէտներ Հայաստանի մէջ կը մասնակցին համաժողովի մը, որուն նպատակը Գերմանիայէն Հայաստան զբօսաշրջային հոսքերը մեծցնելուն հնարաւորութիւնները պարզելն է․ https://mineconomy.am/news/2370?
«Զինուորի տուն»ը եւ «Ազնաւուրի հիմնադրամ»ը վիրաւոր զինուորներու գործարար նախաձեռնութիւններուն համար դրամաշնորհ մը յայտարարած էին: Անցեալ շաբաթ յայտնեցին, որ եւս ինը գործարար նախագիծեր պիտի ստանան ֆինանսաւորում: Սկզբէն ալ յայտնի էր, որ լաւ գործարար նախագիծերը աւելի շատ են, քան առկայ ֆինանսաւորումը․
Աւարտեցաւ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին «իԳործ» ծրագիրին առաջին տարին, որուն ծիրին մէջ 19 տարբեր երկիրներէ 55 սփիւռքահայեր եկան եւ աշխատեցան Հայաստանի պետական մարմիններուն մէջ: Առնուազն 14-ը որոշած են մնալ Հայաստան եւ շարունակել աշխատանքը: Արդէն սկսած է երկրորդ տարին, նոր մարդոցմով: Ամփոփիչ տեսանիւթ մը պատրաստած էր «Առաջին ալիք»ը․
Շատ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը տեսայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ բնակող հայերու կողմէ: Ստեղծած են «Զարկ» հարթակը, ուր Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատող մարդիկ կրնան արձանագրել իրենց դրամատնային հաշիւը, եւ ծրագիրը իրենց կատարած ամէն գործարքէն որոշակի գումար մը կը փոխանցէ նախօրօք ընտրուած հայկական նախաձեռնութեան մը (1000+, ՈՄԱ եւ այլն): Շատ յարմարաւէտ գործիք մըն է: Անցեալ շաբաթ գրեցին, թէ մեծ գործարքէ մը մեծ փոխանցում մը ստացած են:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան