Յունիս 2021. Շաբաթ թիւ 4
July 9, 2021
- Գիտութեան աշխարհէն․ Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ ամփոփուեցաւ փոքր գիտական սարքերու եւ նիւթերու մրցոյթը: Կը նախատեսուէր 12-13 յայտ ֆինանսաւորել, բայց 50-էն աւելի յայտ կար, ու Գիտութեան կոմիտէն համաձայնեցաւ այլ աղբիւրներէ եւս գումարներ տրամադրել: Այդպիսով, պիտի ֆինանսաւորուի 24 յայտ:
Դեռ յոյսեր կան այլ աղբիւրներէ եւս որոշ յայտերու ֆինանսաւորում հայթայթելու․․․
- Յուլիս 4-ին, Հայաստանի մէջ ստեղծուած հետազօտական օդապարիկը հասաւ սթրաթոսֆերա, տուեալներ հաւաքեց եւ վայրէջք կատարեց Բջնիի լեռներուն վրայ: Սա իրաւամբ կարելի է պատմական իրադարձութիւն համարել:
Մանրամասնութիւնները`
- Կրթական․ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը յայտարարեց այս տարուան դասընթացքներու մեկնարկը: Արդէն բաց է երեք դասընթացքներու գրանցումը․ Project Management, IT Sales, Product Management: Դասընթացքները պիտի կատարեն ուսումնական կեդրոնները՝ պետական համաֆինանսաւորմամբ: Եւս 15 դասընթացք պիտի սկսի յառաջիկային: Անցեալ տարի այս դասընթացքներուն կարծեմ 4000-էն աւելի մարդ մասնակցեցաւ:
- «Այբ» դպրոցը ունի «Կը սորվիմ աշխատելով» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ հայաստանեան ընկերութիւնները կարճ սեմինարներով կը ներկայացնեն իրենց ոլորտը, գործունէութիւնը, եւ նոյնիսկ աշակերտներուն համար փորձնական աշխատանք կ’առաջարկեն: Այս տարի, «Այբ»-ի տասնամեակին առիթով, ամէն ինչը պիտի դառնայ առցանց եւ հասանելի՝ բոլորին:
- Յուլիս 3-ին եւ 10-ին ութ ժամնոց դասընթացք մը պիտի ըլլայ մեքենայական ուսուցման թեմայով ISTC-ի մէջ․
Երկու օրուան մէջ ահագին բան տեսնելու հնարաւորութիւն կայ թեմային ծանօթանալ ցանկացողներուն համար:
- «Ինսթիկեյթ ռոպոթիքս»-ը կը սկսի ներդրուած ծրագրաւորման դասընթացք (embedded programming).
- Դպրոցականներուն ուղղուած նոր կրթական հարթակ մըն է ZLEENK-ը, որուն միջոցով պիտի կազմակերպուին կրթական ձեռնարկներ կամ նպաստեն անոր, որ ընկերութիւնները մրցումներ կազմակերպեն աշակերտներուն համար եւ այլն: Հետաքրքրական միտքեր են: Հիմա փոքր դրամահաւաք կը կատարեն:
- Դրախտիկ գիւղի Գրադարակին համար նոր գիրքեր կը փնտռեն, կամ ֆինանսաւորում` գիրքեր գնելու համար: Կ’ըսուի, որ գիւղին երեխաները բոլոր եղած գիրքերը կարդացած են 🙂
- SASTIC նախաձեռնութեան նորութիւններէն կարեւոր էր այն, որ կը փնտռեն «դեսպաններ», որոնք իրենց քաղաքներուն կամ համայնքներուն մէջ ներկայացնեն SASTIC-ի աշխատանքները եւ օգնեն ընդլայնել ցանցը: Միւս թարմացումները․
- Ձեռներեցութեան աշխարհի ախոյեանութիւն կայ. ամէն երկրի մէջ նորաստեղծ սթարթափներու մրցում կ’ընեն, յաղթողները կ’երթան համաշխարհային մրցումին: Այս տարի Հայաստանի մէջ հարիւրէ աւելի սթարթափ դիմած էր, 92-ը ընդունուած են: Որոշ մանրամասնութիւններ կրնաք տեսնել այստեղ․
https://itel.am/am/news/13013?
- Տեղի ունեցաւ «Կանաչ նորարարական գաղափարներ»ու մրցոյթի եզրափակիչը: Յաղթող ծրագիրներէն մէկուն անունը տպաւորեց՝ «Գոմաղբի հիմքով կերի արտադրութիւն»․
- ՈՄԱ-ն հետաքրքրական թիւեր հրապարակեց․ այս պահուն գործող մասնաճիւղերու աշխատանքին համար կը ծախսուի ամսական մօտ $20000: Այսքանը հաւաքուած է 500 նուիրատուներէ: Նպատակ ունին ամսական մուտքերը հասցնել $100000-ի:
- Մաքրութեան թեմայով․ Adobe ընկերութեան աշխատակիցները մաքրեցին Դրախտիկ գիւղին մօտ Սեւանի ափի 1600 քմ. տարածք․
- «Քայլ դէպի տուն» ծրագիր կայ`Սփիւռքի նախարարութիւնն էր կատարողը, հիմա ալ Յանձնակատարի գրասենեակը: Հարիւր հոգի (13-18 տարեկան) տարբեր երկրներէն կու գան Հայաստան, շատ յագեցած շաբաթներ կ’անցնեն․
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան