Յունիս 2021. Շաբաթ թիւ 3
July 6, 2021
- Սփիւռքի Յանձնակատարի գրասենեակը եւ Repat Armenia հիմնադրամը հայրենադարձութեան ուղեցոյց մը պատրաստած են: Կը կարծեմ, որ շատ, շատ կարեւոր են նման ուղեցոյցները, ու կ’արժէ նման բաներ շատ պատրաստել` Սփիւռքի մեր ընկերներուն տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւելու կերպերը պարզ ցոյց տալու համար:
https://www.facebook.com/photo?fbid=10158866424271359&set=a.458242881358
- Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց սարքաւորումներու մեծ մրցոյթ մը․
- Կրթական կեանքէն․ Learning Mission-ը իր երեք դասընթացքներուն զուգահեռ վեց դասընթացք եւս կը սկսի վիրաւոր զինուորներու համար: Շատ լաւ կը զարգանան.
https://www.facebook.com/photo/?fbid=10159363261814028&set=a.10151183341909028
- Բարձր արհեստագիտութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ շուտով կը սկսի 2021-ի պետական համաֆինանսաւորմամբ թիւով 14 դասընթացքներու ընդունելութիւնը․
https://hti.am/pages.php?lang=1&id=7700&page_name=news&
- CyHub Armenia-ն եռօրեայ անվճար վերապատրաստում կը կատարէ cyber-անվտանգութեան թեմաներով դասաւանդողներու համար: Հետաքրքրական ձեւաչափ է, կ’արժէ հետեւիլ արդիւնաւէտութեան.
- COAF-ը, որ առաւել յայտնի է Լոռիի Դեբետ գիւղին մօտի SMART կրթական կեդրոնով, Արմաւիրի մարզի գիւղերուն համար մարդամեքենաներու շինութեան դասատու կը փնտռէ․
- ՈՄԱ-ի ընկերները Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ «Արմաթ» գիտաշխանոց ստեղծելու համար դրամահաւաք կ’ընէին: Երկու օրուան մէջ գումարը հաւաքուեցաւ: Բացումը կատարուեցաւ 4 Յուլիսին, Artsakh Tech Week-ի շրջանակներուն մէջ: Դրամահաւաք մը եւս սկսած են Կոտայքի մարզի Նոր Երզնկայ գիւղին մէջ գիտաշխանոց մը բանալու համար․
- Սկսած է Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ «Արդիւնաբերական եւ համակարգային ճարտարագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի ընդունելութիւնը: Հետաքրքրական ծրագիր մըն է, ԱՄՆ-ի Ռաթճերս համալսարանին հետ մշակուած, կան նաեւ կրթաթոշակներ եւ այլն.
- Tumo Labs-ը, որ 18+ տարիքի երիտասարդներու համար կրթական հետաքրքրական ձեւաչափ է, յայտարարեց եօթը նախագիծերու մասին, որոնց արդէն կարելի է դիմել: Անոնցմէ երկուքը Krisp ընկերութեան հետ համատեղ են․
- Հետաքրքրական նախաձեռնութեան մը մասին իմացայ. կը կոչուի You For Armenia․
Նաեւ պատերազմին նահատակուած Հայաստանի ջրագնդակի հաւաքականի աւագին անունով յուշամրցաշարք սկսած են, զոր ամէն տարի պիտի կատարեն.
- Կրթութեան արտահանման մասին․ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ ուր պիտի կառուցեն թիւով 20 Թումօ կեդրոններ եւ Թումօ տուփեր. տակաւին 25 այլ կեդրոններու վայրերն ալ պիտի որոշեն․
- Հայաստանի գործատուներու միութիւնը տնտեսութեան նախարարութեան հետ աշխատանքային խումբ պիտի ձեւաւորէ, պարէնային անվտանգութեան հայեցակարգի մշակման նպատակով: Նման միութիւններն ու ընկերակցութիւնները կը մնան ամենաճիշդ ձեւաչափը կառավարութեան հետ աշխատելու:
- Disqo ընկերութիւնը, որուն հայաստանեան գրասենեակին մէջ արդէն 70+ աշխատակիցներ կան, անցեալ շաբաթ գնեց ֆիննական ընկերութիւն մը.
https://www.disqo.com/news/disqo-acquires-verto-analytics/
- Հրանտ Դաւթեանը, որ կը ղեկավարէ տուեալագիտութեամբ զբաղող Metric ընկերութիւնը, յայտարարեց, որ տարիներու ընթացքին իր մշակած ծրագրային լուծումներուն հիման վրայ հիմնադրած են Pinsight անունով ընկերութիւնը, որ ներդրում ստացեր է SmartGate VC ֆոնտէն․
https://www.smartgate.vc/post/smartgatevc-welcomes-pinsight-to-the-portfolio-family
- Փոխադրամիջոցներու լուրերէն. Երեւանի մէջ եւս երկու երթուղի կը սպասարկուի նոր մինի-օթօպիւսներով.
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան