Յունիս 2021. Շաբաթ թիւ 2
July 6, 2021
- Գիտութենէն․ Գիտութեան կոմիտէն հրապարակեց արդիւնաւէտ գիտաշխատողներու ցանկը: Ծանօթացէք․
http://scs.am/files/11.06.2021-935a2-ardyunavet.pdf?
Շատ հաճելի է, որ ցուցակին մէջն է Մուշեղ Ռաֆայէլեանը, որ անցեալ տարի տեղափոխուած է Հայաստան: Մուշեղին մասին կրնաք կարդալ այստեղ․
https://www.evnreport.com/creative-ech/a-physicist-s-guide-to-science-research-in-armenia
- Յայտարարուեցաւ, որ 10-11 Յուլիսին պիտի կայանայ BarCamp-ը՝ ամենաերկար սպասուած միջոցառումը արհեստագիտական եւ տեղեկատուական համայնքին մէջ
- 3-5 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանայ Tech Week Artsakh միջոցառումը. ծրագիրը կ’ընդգրկէ մասնագիտական համաժողովներ, ggRace, «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի հիմնադրութիւն, հաքաթոն (նուիրուած Արցախի մէջ խնդիրներու լուծման), գաղափարներու մրցոյթ (շահողները կը ստանան դրամաշնորհներ), կրթական ծրագիրներ․
https://starthub.am/news/11042.html
- 2-5 Յուլիսին ԱՏՁՄ-ն Դիլիջանի մէջ կը կազմակերպէ մետիագրագիտութեան ու անձնական տուեալներու պաշտպանութեան թեմայով հաքաթոն մը.
- Կրթութենէն․ յայտարարուեցաւ, որ Սլաւոնական համալսրանի նորաբաց մագիստրոսականին մէջ պիտի դասաւանդէ NASA-էն Արա Նեֆեանը․
Ես Նեֆեանին հետ աշխատած եմ երկու տարի IntelinAir ընկերութեան մէջ ու չափազանց շատ բան սորված եմ իրմէ:
- Armenian Code Academy-ի Նարեկը սկսած է բացայայտել իր ապագայ ծրագիրները, կը փնտռեն գործընկերներ, այդ շարքին՝ լիաժամ դասաւանդողներ.
- Grovf ընկերութիւնը կը սկսի high performance computing դասընթացք մը՝ արդէն ծրագրաւորում իմացողներուն համար․ շատ իւրայատուկ բովանդակութեամբ դասընթացք է՝ վարժողական կեդրոններուն եւ համալսարաններուն մէջ չէք գտներ․
- Գաւառ քաղաքին մէջ Luseen-ը կը սկսի iOS ծրագրաւորման դասընթացք մը.
- Կապան քաղաքին մէջ «Մենքումենք» կոչուող կեդրոնին մէջ աւարտեցաւ Python-ի ներածական դասընթացքը, զոր կը վարէր անցեալ տարի Գանատայէն տեղափոխուած մեր ընկերը․
- Արցախի մէջ բացուեցաւ եւս մէկ «Արմաթ».
https://artsakhpress.am/arm/news/145305/
- Նախորդ շաբաթէն լուր մը, որ նոր տեսայ․ Genesis Armenia հիմնադրամը կրթական ծրագիր կը սկսի հաշմանդամութիւն ձեռք բերած զինուորներու համար: Մանրամասնութիւնները չհասկցայ․
- «Կրթութիւն 42» փոտքասթի առաջին թողարկումը եղաւ․
https://www.evnreport.com/podcasts/education-42-political-parties-and-education-podcast?
- «Ղօղանջ» ՀԿ-ի մասին առաջին անգամ կը լսեմ: 15-18 տարեկաններու համար Երեւանի մէջ անօդաչու սարքերու աշխատանոց կառուցելու համար դրամահաւաք կը կատարեն.
- Տնտեսութեան նախարարութեան աշխատակիցներուն համար GIS-ի դասընթացքներ սկսած են.
Պետական համակարգին մէջ ունակութիւններու զարգացումը Հայաստանի ամենակարեւոր խնդիրներէն է:
- Նախորդ շաբաթ բուսաբանական այգիին մէջ բացուեցաւ «Էգոէբիկեդրոն» մը․ հետաքրքրական երեւոյթ է․
- Ներդրումներու աշխարհէն․ «Պիզնէս հրեշտակներ»ու հայկական ցանցը (BANA) յայտարարեց գերմանական հսկայ SAP-ի հետ գործակցային ծրագիրի մեկնարկին մասին: SAP Startup Factory-ի առաջին փուլին կ’ընտրուին տասը ընկերութիւններ, որոնք B2B ոլորտին մէջ հետաքրքրական ծառայութիւններ կրնան մատուցել: Լաւագոյնները հնարաւորութիւն կը ստանան միանալու SAP Store-ին, որ SAP-ի աշխարհասփիւռ բաժանորդներուն համար Google Play-ի նման բան մըն է․
- UNDP-ն յայտարարեց, որ կ’ընդունի Revive accelerator-ի յայտեր: Այս ուղղուած է այն ընկերութիւններուն, որոնք կը ստեղծեն օժանդակող միջոցներ հաշմանդամ մարդոց համար․
- Տեղ մը նկատեցի EBRD դրամատան ներկայացուցիչին հարցազրոյցը, ուր կարծիք հնչեց, որ Ամերիապանքը պատրաստ է միջազգային IPO-ի.
https://finport.am/full_news.php?id=44209&lang=3
- Կայացաւ SASTIC նախաձեռնութեան հերթական ժողովը, ուր պատմեցին կատարուող ու քննարկուող ծրագիրներուն մասին: Կրնաք տեսագրութիւնը նայիլ եւ հասկնալ, թէ ինչ կ՛ընեն.
- «Բարձունք» նախագիծը յայտարարեց ներդրումային ծրագիրներու հաւաքագրումը․
Առաջին նմանատիպ մրցոյթի արդիւնքով Կողբ գիւղին մէջ գինիի գործարան կը կառուցուի: Այս կարգի գաղափարներ կը փնտռեն:
- Awesome Nature Armenia-ն կ’ընդունի բնապահպանական ուղղուածութեամբ ծրագիրներու յայտեր․
- Փոխադրամիջոցներու լուրերէն. մեր երկաթուղին 27 նոր վակոններ գնեց. մէկ մասը արդէն հասած են․
https://www.railway.am/arm/news/117
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան