Յունիս 2021. Շաբաթ թիւ 1
June 18, 2021
- Յայտարարուեցաւ Հայաստանի մանուկներու առողջութեան հիմնադրամին ստեղծումը: Հիմնադիր Արմէն Մարտիրոսեանի երկար տարիներու աշխատանքը, որուն շնորհիւ փրկուած են քանի մը հարիւր երեխաներու կեանքեր, այսպիսով կը ստանայ հաստատութեան տեսք: Նպատակ կայ ծանր առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներու աջակցութիւնը հասցնել բոլորովին այլ՝ բարձր մակարդակի: Նման կազմակերպուած կառոյցներն են, որ պիտի դառնան այս երկրի ողնաշարը.
- ՈՄԱ-ն («Ողջ Մնալու Արուեստը» ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն) ամփոփեց վերջին ամսուան գործունէութիւնը․ բաւական տպաւորիչ է՝ 200 հոգիանոց ուսումնամարզական հաւաք, պաշտպանական նշանակութեան շինարարական աշխատանքներ Սիւնիքի գիւղերուն մէջ եւ այլն: Ահաւասիկ կանոնաւոր պատրաստուած հաշուետւութիւնը․
- Յունիս 5-ին տեղի ունեցաւ United AIO միջոցառումը, որուն նպատակներէն մէկը տարբեր հայկական նախաձեռնութիւններ համակարգելն էր: Չեմ կրցած մասնակցիլ, ու աղբիւր չեմ գտներ, թէ ինչպէս ընթացած է: Եթէ մասնակցած էք, պատմեցէք. օրակարգը հետաքրքրական կ՛երեւէր.
https://unitedaio.org/agenda-intro/
- Ընթացքի մէջ են կառավարութեան կողմէ բաժնետիրական ընկերութիւններուն վերաբերեալ օրէնքներն ու կարգերը թարմացնելու աշխատանքները: Ի թիւս այլ փոփոխութիւններու, կը կանոնաւորուին աշխատողներուն բաժնեմաս տալու հնարաւորութիւնները: Ազգային Ժողովը ընդունեց համապատասխան օրէնքի փոփոխութիւնները.
- Կրթական ճակատէն.աւարտեցաւ Հայկական անկախ համալսարան կոչուող նորաստեղծ կառոյցին կազմակերպած ամառնային դպրոցի դիմումներուն ժամկէտը: Պարզուեցաւ, որ դիմողներու 40%ը Հնդկաստանէն են…մտեր են, տեսեր են լաւ առցանց ամառնային դպրոց է, գրանցուեր են: Մօտ 90 հոգի դիմած են Հայաստանէն.
https://sites.google.com/…/summer-school-june-28-july-9…
- Հայաստանի «Առաջատար տեխնոլոգիաներու ձեռնարկություններու միութիւն»ը (ԱՏՁՄ) կը նախատեսէ ստեղծել «Արմաթն օդում» գիտաշխանոցներ, ուր աշակերտները կրնան ծանօթանալ անօդաչու սարքերու ստեղծման ու կառավարման գործին: Դիլիջանի մէջ, Մոնթէ Մելքոնեանի անուան վարժարանին մէջ բացուեցեցաւ առաջին գիտաշխանոցը.
420
Գիտաշխանոցի սարքերէն մէկը կ՛արտադրուի Գորիսի «Օկմենթար»ին մէջ.
- Կը յիշէք DRONE EDULAB-ը, որուն համար ամբողջ Ֆեյսպուքով գումար կը հաւաքէինք․ արդէն աշակերտներու չորրորդ խումբը կը կազմակերպուի.
https://www.facebook.com/…/a.112506927…/182421297126724/
- Նախաձեռնութիւն մը եւս վիրաւոր զինուորներու կրթութեան համար․ Pontem Lab
Ըստ այս գրառման, կը փնտռեն ուսողութիւն եւ Python լեզու դասաւանդողներ.
- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը յայտարարեց, որ $3000-ի չափով կրթաթոշակներ պիտի շնորհէ Մ. Նահանգներու մէջ համալսարաններ ընդունուած հայազգի ուսանողներուն.
https://www.facebook.com/…/a.53741374…/3955501844563696/
- Հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը նկատեցի․ դպրոցականներու եւ ուսանողներու համար կը կազմակերպուին հանդիպումներ գիտնականներու եւ արուեստի գործիչներու հետ․
https://www.facebook.com/…/a.824462971…/824448024868082/
- Հայաստանի Սլաւոնական համալսարանը յայտնեց, որ 10-րդ դասարանի աշակերտներու համար ֆիզիքաարհեստագիտական եւ քիմիակենսաբանական ուղղութիւններով յատուկ դասարաններ պիտի ձեւաւորէ:
Ընդհանրապէս այս թեմաներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը վտանգաւոր աստիճանի քիչ է աշակերտներու շրջանակին մէջ, ու այս տեսակ նախաձեռնութիւնները շատ ողջունելի են.
https://www.facebook.com/…/a.64862119…/2287337824730237/
- Փարատիկմա կրթական հիմնադրամը EVN Report-ի հետ կը սկսի նոր podcast մը, կրթութեան թեմաներով. հաւանաբար մօտ օրերս կը հրապարակուի առաջին հաղորդումը.
https://www.facebook.com/…/a.23060064…/2985035688406546/
- ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը սկսած է ամէն ամիս հետաքրքրական newsletter-ներ ուղարկել: Վերջին նամակէն իմացայ, որ Repat Armenia-ի հետ կազմեր են ամառնային դպրոցներու եւ ճամբարներու ցուցակ մը. կրնան մասնակցիլ Սփիւռքէն մանուկներ եւ պատանիներ: Շատ տպաւորիչ ցուցակ է․
https://docs.google.com/…/1S7ypD42dAyeGI32v…/edit
- Մասնագիտական համայնքներէն. Յուլիս 17-ին կը կայանայ JSConf խորհրդաժողովը` Javascript ծրագրաւորողներու համար: Այս, հաւանաբար մասնագիտական մեծագոյն «նեղ» ուղղուածութեան ծրագրաւորման խորհրդաժողովն է Հայաստանի մէջ.
- ISTC-ն եւ CyHub-ը կը սկսին devops թեմաներով մասնագիտական հանդիպումներու նոր շարք մը․
- Յունիս 10-ին, Team Time-ին մէջ կը կայանայ արտահանման թեմայով քննարկում մը, որ աստիճանաբար կը դառնայ իմ ամենասիրելի թեման:
- ԻՐԻՍ անունով business incubator կայ, որ գիտելիքով եւ նիւթապէս կ՛օգնէ նոր սկսող գործարարներուն. դիմումներ կ՛ընդունուին մինչեւ Յունիսի վերջ.
- Զինուորի տան մէջ ձեւաւորուած է ընկերութիւն մը, որ կը զբաղի զինուորներու ստեղծած արուեստի գործերու վաճառքով. կրնաք հետեւեիլ էջին.
- Ազնաւուր հիմնադրամը բոլոր տարիներուն վիրաւորուած զինուորներուն համար գործի նիւթական օժանդակութիւն յայտարարեց․
https://www.facebook.com/…/a.32862496…/1099925760416875/
- Ստեփանակերտի մէջ, Մայիս 28-30 ggRace մը տեղի ունեցաւ, երբ տարբեր մարդիկ gg վարեցին ու հաւաքուած գումարը նուիրուեցին լաւ գործի մը:
Հրանդ Խաչատրեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան