Յուլիս 2021. Շաբաթ թիւ 3

July 21, 2021
 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ «Զինուորի տուն»ը ձեռք է բերած է պայոնիք փրոթեզներ:
  • SASTIC նախաձեռնութիւնը կը փնտռէ հայկական ընկերութիւններ, որոնք կարիք ունին իրենց տուեալներու օգտագործման, մեքենայական ուսուցման կիրառութիւններու մասին խորհրդատւութեան․ https://sastic.org/ai-ml-technology-applications/?

Կը նախատեսուի SASTIC-ի անդամներու հանդիպում մը, Երեւանի մէջ: Գրանցուած անդամներուն թիւը հասած է 140-ի: Իրենց այլ նորութիւնները․ https://sastic.org/12-jul-2021/

Այս ձեւաչափը պէտք է կտրուկ տարածել ու մեծցնել: Գիտեմ, որ երեւանեան որոշ ընկերութիւններ արդէն կ’ընեն, բայց քիչ:

  • «Արմաթ» գիտաշխանոցներ բանալու համար դրամահաւաքներ կը կազմակերպուին Երեւանի Global Bridge դպրոցին մէջ https://www.globalbridge.am/

եւ Գեղարքունիքի Ծովասար գիւղի դպրոցին մէջ.

Սա 2021-ին ստեղծուած կառոյց մըն է, որուն նպատակն է առաջին բժշկական օգնութեան մասին գիտելիքները հասանելի դարձնել բոլորին:

Գրանցումը կը շարունակուի բաց մնալ ինչպէս զինուորներուն, այնպէս ալ ընկերութիւններուն համար, որոնք կրնան ընդունիլ աշխատանքի:

  • «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ «Զինուորի տուն»ը ձեռք է բերած է պայոնիք փրոթեզ
  • Ներդրումային աշխարհէն․ SuperAnnotate ընկերութիւնը յայտարարեց, որ $14.5 մլն ներդրում ստացած են ամերիկեան հիմնադրամներէն․ https://www.forbes.com/sites/rebeccaszkutak/2021/07/12/superannotate-raises-145-million-to-help-automate-the-computer-vision-pipeline/
  • AICA «գործարար հրեշտակներ»ու ցանցը յայտարարեց, որ ներդրում կը կատարէ DrumStar երաժշտական սթարթափին մէջ․ չհասկցայ, թէ ինչ կ’ընեն. https://aica.social/blog/?post=71
  • Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարին ու Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանին հանդիպման մասին հաղորդագրութեան մէջ հետաքրքրական կէտեր կային․ խօսք կար ԱՄԷ ներդրողները ՀՀ ազգային վենչուրային հիմնադրամ ներգրաւելու մասին, որմէ կարելի է ենթադրել, որ այդ հիմնադրամը իրօք կրնայ ստեղծուիլ: Խօսուած է Dubai Future Accelerators-ին Հայաստանի մասնակցելուն մասին, որ, եթէ ճիշտ հասկցայ, ԱՄԷ-ի մէջ պետութեան կողմէ սահմանուած խնդիրներու լուծումներուն շուրջ մասնաւոր ընկերութիւններ ներգրաւելու մեքանիզմ է․ https://hti.am/pages.php?lang=1&id=7713&page_name=news&
  • Աւարտեցաւ M1TQ incubation ծրագիրի առաջին փուլը, յաղթեց ArmBionics ընկերութիւնը․

տեսերիզը․

Չեմ գիտեր, սա կը լուծէ իմ իմացած ընկերութիւններու խնդիրները, թէ ոչ, բայց գոնէ գործունէութեան դաշտ կը բացուի:

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարդան Թաշճեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x