Յուլիս 2021. Շաբաթ թիւ 1
July 9, 2021
Կայացաւ Tech Week Artsakh միջոցառումը Ստեփանակերտի մէջ: 1400-է աւելի գրանցուած մասնակից կար, երեք օր իրար ետեւէ դասախօսութիւններ ու քննարկումներ լեփ-լեցուն դահլիճներուն մէջ, խիստ յագեցած օրակարգով: Կրնաք դիտել «Լուրեր»ու անդրադարձը.
Յաջորդ Tech Week-ը կը կայանայ 2022-ին Գիւմրիի մէջ:
- Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ բացուեցաւ «Արմաթ» ճարտարագիտական գիտաշխանոցը: Կարմիր Շուկայի ռազմավարական նշանակութեան մասին շատ լսած էի, բայց տեղուոյն վրայ պէտք էր տեսնել: Պատերազմի վերջին 2-3 օրերուն Ազրպէյճանը հսկայական ջանք թափեց այս գիւղը գրաւելու համար, բայց չյաջողեցաւ: Գիտաշխանոցը հիւրընկալած դպրոցին հեռաւորութիւնը սահմանէն մէկ քլմ.էն պակաս է, բայց միանգամայն ապահով է. դպրոցին կողքը կը կառուցուին նոր բնակելի շինութիւններ այլ գիւղերէ տեղահանուածներուն համար: «Արմաթ»ի բացման մասին ռեփորթաժը Արցախի պատկերասփիւռի կայանէն․
- Յայտարարուեցաւ, որ Ջաւախքի երկու գիւղերու մէջ պիտի բացուին «Արմաթ» գիտաշխանոցներ.
- Դիլիջանի մէջ մեկնարկեց «Արմաթ» թեքնօճամբարը, կը մասնակցին 225 աշակերտներ բոլոր մարզերէն․
- «Կենսաբաններու յաջորդ սերունդ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ կայացաւ «Գիտատօն» միջոցառումը.
Այս ծրագիրը դպրոցականներու համար է, որոնց ցոյց կու տան, թէ ինչ է կենսաբանութիւնը, ինչով կը զբաղին կենսաբան գիտնականները, կը շփուին գիտնականներուն հետ:
- Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան համաֆինանսաւորմամբ տեղի ունեցող դասընթացքներու գրանցումները սկսած են: Տասնվեց դասընթացք է, ծրագրաւորումէն ու սայպըրանվտանգութենէն մինչեւ նախագիծերու կառավարում ու վաճառքներ: Դասընթացքները առցանց են, զեղչեր կան մարզերէն եւ Արցախէն դիմողներու համար: Իմ սահմանափակ դիտարկմամբ` Արցախի մէջ ոչ ոք տեղեակ էր այս հնարաւորութեան մասին.
- Armenian Code Academy-ն ընդլայնելու նպատակով 30 նոր աշխատատեղ բացաւ.
- «Կալաքսի» ընկերութիւններու խումբը «Այբ» հիմնադրամին հետ յուշագիր ստորագրեց գործարարութեան եւ ձեռներեցութեան կրթութեան թեմաներով: Մանրամասնութիւնները չհասկցայ, բայց գործարարութեան ու կրթութեան մերձեցումը հետաքրքրական ու կարեւոր երեւոյթ է․
https://b24.am/business/281835.html
- DRONE EDULAB նախաձեռնութիւնը, որուն համար Ֆեյսպուքով մեծ դրահամաւաք եղաւ ամիսներ առաջ, փոքր «հաշուետուութիւն» ներկայացուց․
- «Մարզերու երեխաները մարզերուն մէջ» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ Ռուբէն Մեսչեանը դասախօսութիւն կարդաց Դրախտիկ գիւղին մէջ․ այս ձեւաչափը պէտք է շատ տարածել.
- Յայտարարուեցաւ, որ «Թումօ» կեդրոն պիտի բացուի Լոս Անճելոսի մէջ.
- 5-16 տարեկաններուն համար նախատեսուած աւիամոտելային խմբակին համար կը փնտռեն համակարգիչներ.
- «Բարձունք» նախաձեռնութիւնը իրաւաբաններու խումբ ստեղծած է. անոնք կը շրջին գիւղերը, որ խորհրդատուութիւն տրամադրեն: Հետաքրքրական ձեւաչափ է.
- Ձեռներեցութեան թեմայով․ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը յայտարարեց նոր մրցոյթ սթարթափներու համար, ընդհանուր 600 մլն. դրամ մրցանակային ֆոնտով․
https://hti.am/main.php?lang=1&page_id=811&
Անցեալ տարուան մրցոյթը իմ անձնական կարծիքովս չափազանց յաջող էր, բայց գրեթէ չլուսաբանուեցաւ պատերազմին պատճառով:
- Հայկական «գործարար հրեշտակներու» (business angels) խումբերը կը շարունակեն աշխոյժ աշխատանքը: Այս շաբաթ AICA-ի հերթական հանդիպումն էր.
- Նկատեցի հետաքրքրական գրառում մը Հայաստանի մէջ սոսինձի արտադրութեան մասին.
- Ընդունուեցաւ շարժանկարի մասին նոր օրէնքը.
Դատելով իմ (սահմանափակ) շրջապատին արձագանգներէն, համայնքի աշխոյժ մասնակցութեամբ ձեւաւորուած օրէնքի օրինակ է:
- Երեւանի քաղաքապետարանը «Աքթիվ քաղաքացի» հարթակ ստեղծած էր, ուր մարդիկ կը քուէարկէին, թէ ինչ կ’ուզեն, որ կատարուի Երեւանի մէջ: Այս շաբաթ պարզուեցաւ, որ «յաղթող» նախագիծերէն մէկը Երեւանի մէջ ամենատաք հատուածներէն մէկուն` Նոր Խարբերդի մէջ զբօսայգիի կառուցումն է, որ սկսած է․
- Յայտարարուեցաւ, որ Օգոստոսին եւս երկու նոր ելեկտրագնացք պիտի գայ Երեւան-Գիւմրի գիծը սպասարկելու համար.
- Հայաստանի նեղ մասնագիտական թերեւս ամենամեծ խորհրդաժողովի` JSConf-ի գրանցումը բացուեցաւ․
- Armenians Forward միջոցառման գրանցման ժամկէտը երկարաձգուեցաւ մինչեւ Յուլիս 10-ը: Պիտի կայանայ Օգոստոս 12-14-ը, շարք մը հետաքրքրական աշխատաժողովներով․
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան