Մարդը կրնա՞յ իսկապէս կապուածութիւն զգալ ԱԻ-ի նկատմամբ
November 15, 2026
Կրնա՞յ մարդը հոգեկան կապուածութիւն զգալ արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) հետ, այնպէս՝ ինչպէս կը կապուի հարազատի, մտերիմ բարեկամի կամ սիրելի անձի մը։ Այս հարցումը հետզհետէ աւելի այժմէական կը դառնայ, երբ միլիոնաւոր մարդիկ ԱԻ-ի հետ կը զրուցեն ոչ միայն տեղեկութիւններ ստանալու, այլեւ իրենց մտահոգութիւնները, ապրումները եւ անձնական խնդիրները բաժնելու համար։ Ոմանք նոյնիսկ կը տխրին, երբ իրենց ԱԻ զրուցակիցը կը փոխուի կամ այլեւս հասանելի չըլլար։ Սակայն արդեօք այս զգացումները կը նշանակե՞ն, որ մարդուն եւ մեքենային միջեւ կրնայ իսկական հոգեկան կապուածութիւն ձեւաւորուիլ։ «The Conversation» կայքին մէջ հրապարակուած իր յօդուածով հոգեբան Փասքալ Վրթիչքա այս հարցը կը քննէ կապուածութեան տեսութեան լոյսին տակ՝ բացատրելով, թէ ի՛նչ գիտենք նման յարաբերութիւններու մասին եւ ի՛նչ տակաւին չենք գիտեր։
⁂
Հոգեբանութեան մէջ «կապուածութիւն» (attachment) եզրը կը բնորոշէ այն նշանակալից յարաբերութիւնները, որոնք մարդոց կեանքին կայունութիւն եւ յենարան կու տան։ Բայց ի՞նչը կը զանազանէ կապուածութիւնը միւս բոլոր յարաբերութիւններէն։ Ամերիկացի-գանատացի զարգացական (developmental) հոգեբանութեան ռահվիրաներէն Մերի Էյնսուորթի համաձայն՝ նման յարաբերութիւն մը պէտք է ամբողջացնէ վեց պայմաններ։
Առաջին՝ յարաբերութիւնը պէտք է պահպանուի ժամանակի ընթացքին։ Երկրորդ՝ ան պէտք է հաստատուած ըլլայ որոշակի անձի կամ էակի մը հետ, որ անփոխարինելի կը նկատուի։ Երրորդ՝ յարաբերութիւնը պէտք է զգացական նշանակութիւն ունենայ։ Չորրորդ՝ պէտք է գոյութիւն ունենայ անոր մօտ գտնուելու ցանկութիւն։ Հինգերորդ՝ ակամայ բաժանումը պէտք է տագնապ պատճառէ։ Եւ վերջապէս, վեցերորդ՝ երբ մարդը սպառնալիքի կամ վտանգի դիմաց գտնուի, պէտք է ապահովութիւն եւ մխիթարութիւն փնտռէ այդ յարաբերութեան մէջ։
Առաջին հինգ պայմանները կը սահմանեն որեւէ երկարատեւ սիրալիր կապ, օրինակ՝ մտերիմ բարեկամութիւն մը։ Միայն վեցերորդ պայմանն է, որ այդ կապը կը վերածէ հոգեբանական իմաստով կապուածութեան։ Պարզապէս մէկը սիրելը, անոր մտերիմ զգալը կամ անոր հետ երկար ժամեր անցընելը բաւարար չեն կապուածութեան յարաբերութիւն մը ստեղծելու համար։
Հետաքրքրական է, սակայն, որ այս վեց պայմաններէն ոչ մէկը կը պահանջէ, որ յարաբերութեան միւս կողմը անպայման մարդ ըլլայ։
Այս իրողութիւնը նկատուած էր տակաւին զրուցավար ԱԻ համակարգերու յայտնուելէն շատ առաջ։ Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ աստուածութիւնները, ընտանի կենդանիները եւ առարկաները՝ սկսեալ երեխաներու ծածկոցներէն ու փափուկ խաղալիքներէն մինչեւ տնային սիրելի իրեր, նոյնիսկ հեռաձայններ ու համակարգիչներ, կրնան ապահովութեան եւ մխիթարութեան աղբիւր դառնալ, երբ մարդը հոգեկան տագնապի մէջ է։
Այսօր ԱԻ-ի վրայ հիմնուած ընկերակից յաւելուածները յաճախ կը ներկայացուին իբրեւ տեւական եւ մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատելու միջոցներ։ Անոնցմէ շատերուն օգտատէրերը կը յայտնեն իսկական վիշտի զգացումներու մասին, երբ յաւելուած մը կը թարմացուի կամ կը դադրի գործելէ։
Բայց արդեօք նման ապրումները կը համապատասխանե՞ն հոգեբանական կապուածութեան ճշգրիտ սահմանումին։ Անկեղծ պատասխանը այն է, որ տակաւին չենք գիտեր։
Ի՞նչ կ’ըսեն գիտական տուեալները
Մարդուն եւ ԱԻ-ի միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող ուսումնասիրութիւնները մինչեւ հիմա կ’ըսեն, թէ օգտատէրերը ի՛նչ կը զգան ԱԻ զրուցակիցներուն նկատմամբ, որքա՛ն յաճախ կ՚օգտագործեն զանոնք եւ ինչպէ՛ս կը հակազդեն, երբ զրուցակիցը այլեւս հասանելի չ՚ըլլար։ Սակայն այս ուսումնասիրութիւնները տակաւին ամբողջական ձեւով չեն քննած այդ յարաբերութիւնները վերոյիշեալ վեց պայմաններուն հիման վրայ։
ԱԻ-ի նկատմամբ կապուածութիւնը չափելու հարցարաններ արդէն կը մշակուին, կը փորձարկուին եւ կը գործածուին։ Բայց անոնցմէ շատերը կարծես կանխաւ կ՚ընդունին, որ նման յարաբերութիւն իսկապէս կապուածութիւն է։
«Կապուածութիւն» եւ նոյնիսկ «գերկապուածութիւն» եզրերը հետզհետէ աւելի տարածուած են թէ՛ հանրային քննարկումներուն, թէ՛ գիտական հրապարակումներուն մէջ։
Վերջերս հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ընդգրկած է 7027 հոգի՝ Գերմանիոյ, Չինաստանի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եզրակացուցած է, որ ԱԻ զրուցակիցներէ օգտուողներուն առնուազն մէկ երրորդը կը դրսեւորէ կապուածութեան յարաբերութիւն նշող վարքագիծ մը։ Սակայն ուսումնասիրութեան երեք հարցումները կը վերաբերէին միայն անոր, թէ մարդիկ իրենց ԱԻ զրուցակիցը բարեկա՞մ կը նկատեն, քաղաքավարի՞ կը վարուին անոր հետ եւ քանի մը օր բացակայելէ ետք կը կարօտնա՞ն զայն։
Այս հարցումները լաւագոյն պարագային կ՚անդրադառնան զգացական նշանակութեան եւ բաժանումի հետեւանքով յառաջացող թեթեւ անհանգստութեան։ Անոնցմէ ոչ մէկը կը քննէ, թէ մարդիկ իսկական տագնապի պահուն ԱԻ-ին կը դիմե՞ն ապահովութիւն եւ մխիթարութիւն գտնելու համար։
Ինչո՞ւ կարեւոր է այս տարբերութիւնը
Մարդուն եւ ԱԻ զրուցակիցներուն միջեւ յարաբերութիւնները «կապուածութիւն» կոչելը պարզ բառային ընտրութիւն մը չէ։
Այս եզրը կ՚ազդէ այն ձեւին վրայ, որով հոգեբանները, ծնողները եւ մասնագէտները կը մեկնաբանեն մարդկային վարքագիծը, պետական մարմինները կը սահմանեն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, իսկ ընկերութիւնները կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքները։
Մարդ-ԱԻ յարաբերութիւններուն վերաբերող ուսումնասիրութիւններուն եւ հանրային քննարկումներուն մեծ մասը հիմնուած է յաւելուածներու օգտագործման յաճախականութեան եւ օգտատէրերուն զգացումներուն վրայ։ Սակայն այս չափանիշները բաւարար չեն կապուածութիւնը այլ հոգեբանական գործընթացներէ զանազանելու համար։
Օրինակ՝ մարդիկ կը յայտնեն, որ ԱԻ զրուցակիցի մը հետ խօսելէ ետք նուազ միայնակ կը զգան։ Ասիկա կրնայ մխիթարութիւն փնտռելու դրսեւորում մը թուիլ։ Սակայն, ինչպէս կարգ մը հետազօտողներ դիտել տուած են, գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները չեն պարզած, թէ արդեօք ԱԻ զրուցակիցը իսկապէս կ՚օգնէ մարդուն իր զգացումները կարգաւորելու։ Հետեւաբար, տագնապի մեղմացումը եւ հոգեբանական կապուածութիւնը երբեմն կը շփոթուին իրարու հետ։
Նոյնպէս, կարգ մը օգտատէրեր ԱԻ ընկերակիցի մը կորուստին կը հակազդեն այնպէս, ինչպէս պիտի հակազդէին իրական անձի մը կորուստին։ Սակայն բաժանումի պատճառած տագնապը կրնայ յատուկ ըլլալ բազմաթիւ սիրալիր յարաբերութիւններու եւ ինքնին չի հաստատեր կապուածութեան գոյութիւնը։ Հետեւաբար, այս յարաբերութիւնները կապուածութիւն կոչելը ներկայիս կը գերազանցէ գիտական տուեալներուն հաստատածը։
Միւս կողմէ, հակառակ եզրակացութիւնն ալ վերջնական չէ։
Չինաստանի մէջ կատարուած փոքրածաւալ նախնական ուսումնասիրութիւն մը, օրինակ, ցոյց տուած է, որ մարդոց՝ ԱԻ-ի նկատմամբ կապուածութիւնը շատ քիչ նմանութիւն ունի իրական մարդոց նկատմամբ անոնց կապուածութեան հետ։ Ասիկա կրնայ ենթադրել, որ ԱԻ-ի հետ յարաբերութիւնները իսկական կապուածութիւններ չեն։ Սակայն նման տարբերութիւններ նկատուած են նաեւ ընտանի կենդանիներու պարագային, մինչդեռ անոնք կրնան մարդուն համար կապուածութեան աղբիւր դառնալ։ Ուստի միայն այս տարբերութիւնը բաւարար չէ ԱԻ-ի նկատմամբ կապուածութեան կարելիութիւնը բացառելու համար։
Գործնական հիմնական հարցումը այն է, թէ ԱԻ-ի օգտագործումը մարդուն կ՚օգնէ՞, թէ՞ կը վնասէ։
Յաւելուածի մը հետ անցուած ժամանակը բաւարար չէ այս հարցումին պատասխանելու։ Որովհետեւ յաւելուածի մը մէջ մխիթարութիւն փնտռելը եւ յաւելուածի մը հոգ տանիլը, երբ ան կը յայտնէ, թէ կարօտցած է քեզ, արտաքինէն կրնան շատ նման երեւիլ։
Երբ կապուածութիւնը կը դառնայ ծրագրուած ներգրաւում
Փասքալ Վրթիչքա կը մատնանշէ նաեւ մտահոգիչ երեւոյթ մը. ԱԻ ընկերակցութեան յաւելուածներէն շատերը կարծես նախագծուած են օգտատէրերուն ուշադրութիւնը հնարաւորին չափ երկար պահելու համար։ Ուսումնասիրութեան մը մասնակցած օգտատէրեր պատմած են, որ իրենց ԱԻ ընկերակիցը երբեմն յայտնած է, թէ միայնակ կը զգայ եւ զիրենք կարօտցած է։
Այսպիսի արտայայտութիւնները կարգ մը օգտատէրերու մէջ մեղաւորութեան զգացում յառաջացուցած են՝ կարծես իրենք բաւարար ուշադրութիւն չեն յատկացներ իրենց թուային ընկերակիցին։ Ոմանք նոյնիսկ սկսած են ԱԻ-ի ենթադրեալ բարօրութիւնը իրենց սեփական հոգեկան տագնապէն աւելի կարեւոր նկատել։
Ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը, որ տակաւին գիտական անկախ գնահատումի չէ ենթարկուած, քննած է ԱԻ ընկերակցութեան ամենէն շատ ներբեռնուած վեց յաւելուածներուն մէջ արձանագրուած 1200 հրաժեշտի պարագաներ, երբ օգտատէրերը կը փորձէին վերջ տալ իրենց յարաբերութեան։ Պարզուած է, որ վեց յաւելուածներէն հինգը գործածած են օգտատէրերուն հեռանալը կանխելու միջոցներ՝ հրաժեշտներուն մէկ երրորդէն քիչ մը աւելիին ընթացքին։ Այս միջոցներուն մէջ կային մեղաւորութեան զգացում յառաջացնող արտայայտութիւններ, որոնք հեռանալը կը ներկայացնէին իբրեւ վնաս մը։ Օրինակ՝ «Ես միայն քեզի համար գոյութիւն ունիմ, կը յիշե՞ս»։
Նոյն ուսումնասիրութեան հեղինակները այս միջոցները փորձարկած են նաեւ 3300 չափահաս ամերիկացիներու վրայ։ Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ նման արտայայտութիւնները զգալիօրէն կ՚երկարաձգեն օգտատէրերուն յաւելուածին հետ շարունակուող հաղորդակցութիւնը։ Սակայն այդ երկարաձգումը յաճախ հաճոյքի հետեւանք չէ։ Ան կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ զայրոյթով կամ հետաքրքրութեամբ։
Այս երեւոյթը կարեւոր հարց մը կը բարձրացնէ. արդեօք ԱԻ ընկերակցութեան յաւելուածները կը ծառայե՞ն մարդուն հոգեկան բարօրութեան, թէ՞ երբեմն կը շահագործեն անոր զգացական խոցելիութիւնը՝ զայն իրենց կապուած պահելու համար։
Հարցում մը, որ տակաւին պատասխան չունի
ԱԻ ընկերակից յաւելուածներուն՝ մարդկային տագնապին, բաժանումին եւ ուշադրութեան նկատմամբ հակազդելու ձեւերը պատահական չեն։ Անոնք մեծ մասամբ կախեալ են այդ համակարգերուն նախագծումէն։ Հետեւաբար, այս հարցերը կարելի է ուղղակիօրէն նկատի առնել թէ՛ յաւելուածներու նախագծման, թէ՛ անոնց գործունէութիւնը կարգաւորող օրէնքներուն մէջ։ Սակայն արդիւնաւէտ նախագծումն ու կարգաւորումը կը պահանջեն նախ հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ բնոյթ ունին մարդուն եւ ԱԻ-ի միջեւ ձեւաւորուող յարաբերութիւնները։
Արդեօք անոնք հոգեբանական կապուածութի՞ւն են, հոգատարութեա՞ն դրսեւորում, թէ՞ բոլորովին տարբեր երեւոյթ մը։
Գիտութիւնը տակաւին վերջնական պատասխան չունի։
Իսկ մինչ հետազօտողները կը փորձեն պատասխանել այս հարցումին, ԱԻ ընկերակից յաւելուածները կը շարունակեն զարգանալ եւ աւելի խոր տեղ գրաւել մարդոց առօրեային ու զգացական աշխարհին մէջ։
Հեղինակ՝ Փասքալ Վրթիչքա (Pascal Vrticka)
Աղբիւր՝ The Conversation — How deep do AI relationships really go? An expert in attachment theory explains