Հոկտեմբեր 2021. Գ. շաբաթ

October 20, 2021
Պիտի կառուցուի Աջափնեակի մեթրոյի կայարանը։

Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց «Առաջատար հետազօտութիւններու մրցոյթ»ին արդիւնքները: Այս Հայաստանի մէջ պետութեան կողմէ տրուած մեծագոյն եւ ամենաերկարատեւ դրամաշնորհն է: Քառասունինը խումբեր պիտի ստանան հինգ տարուան ֆինանսաւորում: Ծրագիրներէն չորսը մարդասիրական նիւթերով են․

Կայացաւ From Moon to Mars միջոցառումը, նուիրուած հայազգի ճարտարագէտ Ալեքսանդր Քեմուրճեանի հարիւրամեակին: Հրաւիրուած էին շարք մը երկիրներու տիեզերական գործակալութիւններու նախկին եւ ներկայ ներկայացուցիչներ, տիեզերագիտական գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններ եւ այլն: Միջոցառման բաւական մանրամասն նկարագրութիւնը կրնաք կարդալ այստեղ․

Քանի մը ընկերութիւններ յայտարարեցին, որ տասը ամիս տեւողութեամբ անվճար դասընթացքներ պիտի սկսին DevOps, Web/Mobile Development, QA automation, Software Engineering ուղղութիւններով։

Պիտի մեկնարկէ «Ճարտարագիտական շաբաթ»ը․ երեք օր՝ Երեւանի, մէկ օր՝ Գիւմրիի, մէկ օր ալ Վանաձորի մէջ: Նախատեսուած են ցուցահանդէսներ եւ հաքաթոններ։

CyHub Armenia-ն կը սկսի սայպըրանվտանգութեան նիւթով PenTest+ վճարովի դասընթացք մը, յայտնի կրթական ծրագիրով:

Հայաստանի կենսաինֆորմաթիքայի ինսթիթութը հետաքրքրական ձեւաչափ մը կ՛առաջարկէ տարբեր երկիրներու մէջ աշխատող երիտասարդ կենսաբաններուն․ անոնք կրնան կենսաինֆորմաթիքայի գծով օգնութիւն ստանալ (կենսաբաններուն մեծ մասը կենսաինֆորմաթիքայի գծով օգնութեան կարիք կ՛ունենայ), փոխարէնը՝ անոնք կը  հովանաւորեն Հայաստանէն ուսանող մը` զայն ներգրաւելով գիտական հետազօտութեան մէջ։

Բարձունք նախաձեռնութիւնը կը սկսի web-ծրագրաւորման դասեր տալ պատերազմի վիրաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն համար։

Կը փնտռեն նաեւ մարդիկ, որոնք կրնան նօթպուքեր նուիրաբերել դասընթացքներու մասնակիցներուն։

Բազմաթիւ են մարզային կրթական նորութիւնները․ անցեալ շաբաթ Արմաթ գիտաշխանոցներ բացուեցան Գեղարքունիքի մարզի Արծուանիստ, Ջիլ, Ներքին Գետաշէն եւ Ծովասար գիւղերուն մէջ, նաեւ Գաւառի բարձրագոյն դպրոցին մէջ․

,

,

Հովանաւորներուն բազմազանութիւնը տպաւորիչ է՝ VMWare Armenia, Հայ կրթական հիմնարկութիւն, Ալեքսանեաններու ընտանիք, Լոսինօ-Պետրովսկայա անուշեղէնի գործարան:

EPAM ընկերութեան ուսուցման կեդրոնը մասնաճիւղ մը կը բանայ Գորիս քաղաքին մէջ։ Կեդրոնին շրջանաւարտները աշխատանքի կ՛ընդունուին EPAM-ի մէջ, մնալով Գորիսի մէջ։

Գաւառ քաղաքին մէջ կը մեկնարկեն վեցամսեայ Android ծրագրաւորման դասընթացքներ։

Վայք քաղաքի Թումօ կեդրոնը կը փնտռէ ուսուցանող մարզիչներ։

Արցախի մէջ խումբ մը որոշած է զբաղիլ Մարտակերտի երիտասարդներուն «փափուկ հմտութիւններ» սորվեցնելու գործով։Կը փնտռեն նաեւ դասաւանդողներ։

Վանաձորի մէջ կայացաւ GDG DevFest-ի այս տարուան միջոցառումը․ https://www.facebook.com/gdgyerevan/posts/5063417657008031

Քանի մը ամիս առաջ գրած էի Վանաձորի Վահէ Մելիքսէթեանի անուան դպրոցի ենթակառուցուածքի վերակառուցման համար հանգանակութեան մասին: Գումարը հաւաքուած էր, եւ վերանորոգումը արդէն աւարտած է․

Ամիսներ առաջ գրած էի Lorem Booksum նախագիծին մասին, որուն ընթացքին Արտակ Կոլեան կը խօսի գիրքերու մասին: Անցեալ շաբաթ վերջապէս լոյս տեսաւ երկրորդ թողարկումը․

Կարեւոր տեղաշարժ մը՝ փոխադրամիջոցներու մարզին մէջ․ ռուսական Մեթրօկիբրոթրանս ընկերութեան ներկայացուցիչը հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ շահած են Երեւանի քաղաքապետարանի` Աջափնեակի մեթրոյի կայարանի կառուցման համար կազմակերպուած մրցոյթը: Նշուեցաւ, որ կը քննարկուի մեթրոյի կամուրջը երկու յարկանի կառուցելու հարցը, որ նաեւ ինքնաշարժներուն համար գործածելի դառնայ․ https://armeniasputnik.am/…/rusakan-ynkerutjuny…

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x