ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021. Ա Շաբաթ
October 8, 2021
Գիտութեան կոմիտէն յայտարարեց մագիստրոսական ծրագիրին դրամաշնորհը շահողներուն անունները: 29 մագիստրոսականներ կը ստանան լրացուցիչ կրթանպաստ ամսական 150,000 դրամի չափով, ի յաւելումն իրենց ունեցած 60,000 դրամ կրթանպաստին․
Անցեալ շաբաթ Գիտութեան կոմիտէն նաեւ յայտարարեց կիրառական նշանակութեան հետազօտական ծրագիրներու դրամաշնորհին արդիւնքները: Պիտի ֆինանսաւորուին 13 ծրագիրներ, որոնք ապագային կրնան արտադրութեան հիմք դառնալ․
ԱՐՓԱ կազմակերպութիւնը, զոր կը ղեկավարէ ամերիկահայ գիտնական Յակոբ Փանոսեան, յայտարարեց հերթական Նորարարութեան մրցոյթը մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդ գիտնականներու համար. դիմելու պայմանաժամը Մայիսին է:
Շատ հետաքրքրական ինթըրնշիփի հնարաւորութիւն մը կ՛առաջարկուի բնագիտական ուղղուածութեան ուսանողներուն համար․ պէտք է կարդալ գիտական յօդուածներ եւ ներկայացնել այս մարզին զարգացումները:
Շուտով կը գործարկուի reArmenia համագործակցութեան եւ դրամահաւաքի հարթակը: Անցեալ շաբաթ reArmenia-ի վստահութեան եւ ապահովութեան բաժինի ղեկավար Սարգիս Թադեւոսեան հարցազրոյցի մը մէջ նկարագրեց, թէ ինչ է հարթակին նպատակը եւ անորմէ սպասելիքները․
Սարգիս այս տարի ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան ու միացած է այս ծրագրին:
«Մարզերու երեխաները մարզերուն մէջ» նախաձեռնութեան արդէն միացած են 500 մանուկներ, որոնց կ՛առաջարկուի օգտակար եւ վճարովի տարբեր առաջադրանքներ կատարել: Մայիս Մարգարեան պարզ տեսանիւթ մը հրապարակած է այն մասին, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր մարդ կրնայ առաջադրանք տալ եւ այդպիսով նպաստել մարզերուն մէջ մանուկներու հմտութիւններուն աճին: Ես ինքս փորձ մը ըրած եմ ամիսներ առաջ, շատ գոհ եմ արդիւնքէն․
«Մաթեմիկն Արցախում» ծրագիրը կը շարունակէ փնտռել կամաւորներ, որոնք կրնան շաբաթական 2-3 ժամ յատկացնել աշակերտներուն ուսողութիւն սորվեցնելու համար (արդէն 24 հոգի գտած են): Արցախէն արդէն 44 մանուկ դիմած է, որ մասնակցի դասերուն․
Յայտարարուեցաւ, որ «4090» բարեգործական հիմնադրամը պատերազմի 26 մասնակիցներու տրամադրած է կրթանպաստներ 2021-2022 ուսումնական տարուան համար․
«Ձեռնարկութիւնների ինքուպաթոր» հիմնադրամը սկսած է JavaScript-ի դասընթացք մը, որուն կրնան մասնակցիլ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ բնակող պատերազմի մասնակիցները եւ անոնց ընտանիքներուն անդամները:
Գիւմրիի մէջ սկսած է 12-18 տարեկաններուն համար վեցամսեայ կրթական ծրագիր մը, որուն մասնակիցները պիտի աշխատին օգտակար նախագիծեր իրականացնելու Գիւմրիի համար:
Տեղի ունեցաւ տիեզերագիտական խմբակի 2021 թուականի նոր խումբին հետ առաջին հանդիպումը «Քվանթ» վարժարանին մէջ․
«Զինուորի տուն»ը եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամը կը շարունակեն վիրաւոր զինուորներու գործարար նախագիծերու իրականացման համար դրամաշնորհներ տրամադրել: Այս շաբաթ եւս երեք գործի համար տրուեցաւ ֆինանսաւորում․
Աստիճանաբար կը հանրայնացուի Հայաստանի գիւղական համայնքներու զարգացման թերեւս ամենայաւակնոտ «Կակարին» նախագիծը, որ կը նախատեսէ Սեւանի մօտ քանի մը համայնքներու տարածքին մէջ ստեղծել գերժամանակակից բնակավայր մը: Նախագիծին ծիրին մէջ սկսած են հետաքրքրական հանդիպումներ կազմակերպել.
ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնին մէջ կայացաւ «Գիւղական համայնքներու զարգացում» նիւթով ամէնամեայ համաժողովը, ուր բացի քննարկումներէն, կայացաւ նաեւ ցուցահանդէս. բոլոր մարզերէն անհատ ձեռներէցներ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացուցին իրենց ծառայութիւններն ու ապրանքները․
Աննա Միքայէլեանի խումբը Արցախի երեք գիւղերէն ապագայ երաժիշտներու հետ երգեր կը ձայնագրէ․
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան