Հայերէնը քմային ä չունի
December 18, 2024
«Ազդակ» մտահոգիչ յաճախականութեամբ կը շարունակէ գրաւել լուսարձակները. անոր 14/12/2024-ի թիւին մէջ կը կարդանք.
- –«Ատիկա ընել պէտք չէր արտօնուեր»:
Արտօնուեր՝ եր-ով:
Պէտ է ըլլայ արտօնուէր՝ էր-ով, որովհետեւ ունինք դիմաւոր բայ մը, եւ ոչ թէ դերբայ մը:
Պէտք է եւ պէտք չէ բառերէն ետք դերբայ չի կրնար գալ, մի՛շտ ու մի՛այն դիմաւոր բայ կու գայ. օրինակ՝
Պէտք է/պէտք չէ … արտօնէի-արտօնէիր-արտօնէր:
Պէտք է/պէտք չէ … արտօնուէի-արտօնուէիր-արտօնուէր:
Պէտք է/պէտք չէ … քալէի-քալէիր-քալէր, վազէի-վազէիր-վազէր եւ այլն:
Մեր հազարաւոր բայերէն ոչ մէկը կը շեղի այս ոսկի կանոնէն:
* * *
Նոյն սխալը գործուած էր «Ազդակ»-ի 10/12/2024 թիւին մէջ, այսինքն՝ չո՜՜՜րս երկա՜՜՜ր օրե՜՜՜ր առա՜՜՜ջ:
–«Քաջազնունի այդ գիրքը պէտք չէ գրեր» (էջ 3):
Նոյն օրն իսկ տեղեակ պահեցի թերթին արժանապատիւ աւագանիի բոլոր սրտցաւ անդամներուն՝ ապաւինելով անոնց ազգային խղճին, թերթի վարկին, հայոց լեզուին եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան հանդէպ հաւատարմութեան:
Այս բոլորը շատ, շատ, շատ տխուր է, գիտնալ, որ այսքան անպաշտպան ու լքեալ է հայերէնը, համարեա քուրջի կտոր մը ըլլար ան, որ որեւէ կարկտանի, իմա՝ սրբագրութեան արժանի չէ այլեւս:
- «Ազդակ»-ի նոյն թիւին մէջ կը գտնենք՝
–«Հայըաթ Թահրիր Շամ», բառակապակցութիւնը.
Որ Սուրիոյ յեղափոխական նոր իշխանութեան անունն է:
Նախ ուղղագրական վրէպի տպաւորութիւն ձգեց, բայց ոչ, ան բազմիցս ու բազմաթիւ օրեր կրկնուեցաւ ու կը շարունակէ իր «յաղթական» երթը:
Այստեղ խնդրոյ առարկան անոր առաջին բաղադրիչն է՝ որ հայերէն տուած է Հայըաթ՝ հայերէնին համար բոլորովին խորթ, անարտասանելի, կզակի ու կոկորդի հազար ծամածռութիւն պահանջող մտացածին այլանդակութիւն մը:
* * *
***Արաբերէնի մէջ բառս երկվանկ է, հայերէն դարձած է եռավանկ հա-յը-աթ:
***Արաբերէնի մէջ ը ձայնաւոր գոյութիւն չունի, հայերէնը ունի ը պոչը: ***Հայերէն որեւէ ատեն, ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկուն ձեռքով չէ գրուած բառ մը, որուն մէջ մտնէ ձայնաւորական ըա զոյգը՝ ա՛յս հերթականութեամբ:
Նման ապազգային ու յերիւրածոյ տառադարձութիւնը ամօթ մըն է նախ գրողին, եւ ապա նախատինք մը մեսրոպեան ուղղագրութեան եւ Մեսրոպին:
* * *
Այժմ սերտենք բնագրին արտասանութիւնը:
Արաբերէն անոր առաջին վանկը պարզապէս կ’արտասանուի հայ:
Երկրորդ վանկը կ’արտասանուի ճիշդ անգլերէնի at բառին պէս:
Ուրեմն ամբողջութիւնը պարզ ու մէկին Հայ+at է, որուն արտասանութիւնը մատչելի է ամէն հայու ու ամէն բերնի:
Այս at բառի a ձայնաւորը կը նոյնանայ արաբերէնի ալեֆին հետ, որ հայ լեզուաբանութեան մէջ կը կոչուի «քմային այբ», եւ միջազգային գրադարձական այբուբենի մէջ կը գրուի ä տառով:
Ուրեմն Հայ +ä+թ:
Արդ, հայերէնը քմային ä չունի:
Ուրեմն ի՞նչ լուծում տալ կացութեան, ինչպէ՞ս արձանագրել արաբական այդ բառը, որ այսուհետեւ ենթադրելի է մեծ յաճախականութեամբ պիտի հանդիպի աշխարհի բոլոր կողմերը՝ ներառեալ հայ մամուլը:
* * *
Ի վաղուց անտի հայերս սեմական այս հնչիւնը, այսինքն՝ քմային այբը, տառադարձած ենք ընդհանրապէս մեսրոպեան ա-ով. օրինակ՝ Ժամալ, Մալաք, Քամալ, Քամիլ… այստեղ երեւցող ա-երուն բոլորը արաբերէնի մէջ քմային են:
Պատահած է, որ զայն երբեմն ե/է տառադարձենք, օրինակ՝ Ահմետ կամ Ահմէտ, Հալէպ, - ինչ որ շատ ըմբռնելի է, քանի այդ քմային ա-ն բնախօսօրէն մեսրոպեան այբ-ին եւ եչ-ին ճիշդ կէս ճամբուն վրայ գտնուող հնչիւն մըն է. ան՝ կը յարի թէ՛ մէկուն, թէ՛ միւսին:
Սակայն բացարձակապէս ոչ մէկ անգամ ըա տառադարձուած է ան:
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի այլանդակ ու անհեթեթ, այլեւ անպատասխանատու ու յերիւրածոյ տառադարձութիւններուն ծանօթ ու երկար շարանին մաս կը կազմէ այս ըա-ն:
* * *
Անգլիական ու ֆրանսական բոլոր լրագրերը տառադարձեցին Hayat:
Զայն Հայաթ տառադարձեցին հայրենի բոլոր աղբիւրները, ինչ որ ամենա-տրամաբանականն է կարելի բոլո՛ր լուծումներուն մէջ:
Աւելցնեմ, որ Հայըաթ ունի «Ասպարէզ» եւս, որ պարզապէս տառացի՝ copy-past-ով վերարտադրած է «Ազդակ»-ի յօդուածը: Հէյաթ տառադարձած է Լոս Անճելըսի «Մասիս»-ը. զայն նոյնութեամբ արտատպած է «Արարատ». ենթադրելի է, որ «Մասիս» հետեւած ըլլայ ամերիկեան արտասանութեան:
Իսկ «Յուսաբեր», «Հայրենիք», «Լուսաբաց», «Զարթօնք» եւ «Ալիք» ունին Հայաթ:
Յետագրութիւն
Տրուած ըլլալով, որ կացութենէն ոչինչ պիտի փոխուի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն, ինչպէս սովորութիւնն է, ապա ընթերցողներուն կը մնայ հաշտուիլ այս կացութեան հետ. քիչ մը փորձեր ընել՝ կզակը աջ-ձախ տարուբերելով, ապա վեր-վար ծամածռելով, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Հայըաթ արտասանել: Կարելի է կոկորդային ինչ-որ վիրահատութեան ալ դիմել՝ փոխելով ձայնալարերուն դրուածքը եւ նոր ունակութեամբ օժտել զանոնք:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան