Ի՞նչ է «Գեղարուեստական կրկնութիւն»-ը

February 2, 2025

Մինչեւ այստեղ Ոճաբանութեան ծիրէն ներս տեսանք՝

–Աւելորդաբանութիւններ

–Կրկնաբանութիւններ

  1. Բառային կրկնութիւններ
  2. Հնչիւնական կրկնութիւններ
  3. Կրկնութիւնները եւ հայ մատենագիրները

            Ասոնք կարելի է կոչել «ախտագին կրկնութիւններ», այսինքն՝ այնպիսիները, որոնք կ’որակազրկեն,  կ’արժեզրկեն, կը նսեմացնեն մեր խօսքը:

            Ստորեւ պիտի տեսնենք կրկնութեան այն տեսակը՝ «Գեղարուեստական կրկնութիւն»-ը, որ կամաւոր ու գիտակցաբար փնտռուած է  խօսողին կամ գրողին կողմէ եւ  ուրոյն բարեհնչութիւն, վայելչութիւն ու գրաւչութիւն  կը շնորհէ խօսքին:

                                                                  *   *   *

  1. Գեղարուեստական կրկնութիւն

Կը կոչուի  նաեւ  կրկնաբերութիւն: 

Կրկնաբանութեան այս տեսակը  ոչ միայն չէ մերժուած ոճաբանութեան մէջ, այլ, ընդ հակառակն, հմտութեամբ ու ճարտարութեամբ կիրարկուելու պարագային` մեծապէս գնահատուած է ընկալողին կողմէ:  Գեղարուեստական կրկնութիւնը կը ծառայէ աւելի ազդու, համոզիչ, յուզական  ու տպաւորիչ դարձնելու խօսքը, այս պատճառով ալ ան կը մտնէ վերամբարձ խօսքի բոլոր տեսակներուն մէջ:

Գեղարուեստական կրկնութեան ամենէն աւելի տարածուած ու ծանօթ տեսակը յանգերգն է, որ ոտանաւորի մը իւրաքանչիւր տունի աւարտին կրկնուող մէկ  տողն է, երբեմն երկու տող, մերթ բոլորովին անփոփոխ, մերթ թեթեւօրէն փոխուած. ասոր տիպարն է  Մ. Պեշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդւոյն»-ին  մէջ կիրարկուածը.

                               Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն

                               Ուրախ լուրեր տար ի Զեյթուն:

Յիշեալ բանաստեղծութեան  բոլոր  եօթը տուներուն կը հետեւի  այս յանգերգը, որուն երկրորդ տողը բառացի կը կրկնուի, իսկ առաջին տողը մասնակի փոփոխութիւններով:  Այս կրկնութեամբ՝ բանաստեղծը հայ մայրերուն եւ ընթերցողներուն կը միտի փոխանցել զոհուած պատանիին յետմահու պատգամը, որ է՝ հայրենիքի  ազատութեան համար յանձն առնուած նահատակութիւնը պէտք չէ սուգի առիթ տայ, այլ միայն ուրախութեան:  

         Ծաւալուն յանգերգի եզակի օրինակ մը կը հանդիսանայ Ղ. Աղայեանի «Յիղողութիւն»-ը, որուն հինգ տուներուն երեքին վերջին երեք տողերը բառացի կը կրկնուին.

                                    Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,

                                    Ե՛ւ շինում էր, ե՛ւ երգում,

                               Ամէն մէկ շիւղ կպցնելիս

                               Առաջուան բոյնն էր յիշում:

Ուրեմն թաւագրուած եռատողը կրկնուած է  երեք անգամ, որով յանգերգը կը կազմէ ամբողջ քերթուածի  քսան տողերուն  իննը: Աղայեան այնքան ճարտարութեամբ շարադրած է իր քերթուածը, որ այս կրկնութիւնները ոչ մէկ տաղտուկ կը պատճառեն ընթերցողին եւ ունկնդիրին, այլ ընդհակառակն՝ խորապէս հրապուրիչ մեղեդիի մը քաղցրութեամբ կը շոյեն անոնց ներաշխարհը:

Նման յանգերգերով օժտուած են մեր շարականներէն շատերը, եւ նպատակը միշտ նոյնն է՝ յատուկ գաղափարի  մը կամ պատգամի մը  տպաւորումը հաւատացեալներուն հոգիին մէջ:

Կրկնութիւնը յաճախ տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր կամ բազմաթիւ տողերու  վերջը՝ շարահիւսական  ամբողջ հատուածի մը ծաւալով. «նոյնավերջ» կոչուած տողերն են ասոնք. օրինակ՝

                        «Ամեն վայրկեան սիրով տրտում ասում եմ ես մնաս բարով,

         «Բորբ արեւին իմ բոց սրտում ասում եմ ես մնաս բարով…» (ՎՏ):

         Բանաստեղծութեան  տասնչորս տողերու  տասն կը կրեն այս   նոյնավեր-ջութիւնը: Մօտալուտ մահուան  դաժան իրականութիւնը զգացող երիտասարդ Տէրեանը մէկ առ մէկ կը յիշէ այն բոլորը՝ բորբ արեւը, ընկերները, բայց նաեւ ոսոխները, մով երկինքն ու կանաչ ծովը, ոսկեշղթայ յուշերն ու փուշերը, բացուելիք ծաղիկներն ու մանուկները եւ այլն, որոնք կապած են  զինք այս աշխարհին եւ  որոնցմէ պիտի զրկուի վերջնականապէս: Կրկնութեան միջոցով ալ կը շեշտուի այդ բոլորին հանդէպ իր սիրոյ խորութիւնը, ինչպէս նաեւ իր զրկանքին ու կորուստին մեծութիւնը: Չենք կրնար, միւս կողմէ,  անտեսել այս կրկնութեանց յառաջացուցած երաժշտականութիւնը, որ կը յածի քերթուածին բոլոր տողերուն վերեւ:

Կրկնութիւնը կրնայ տեղի ունենալ «նոյնասկիզբ» տողերով եւս,  ինչպէս կը գտնենք  «Գողթան երգեր»-ու մէկ նմուշին մէջ.

                            Երկնէր երկին,

                            Երկնէր երկիր,

                            Երկնէր եւ ծովն ծիրանի… 

Այս տողերը շարադրողը պէտք է զգացած ըլլայ այն խոր երաժշտա-կանութիւնը, որ կրկնութիւնը կը բերէր  իր խօսքին եւ թէ որքան տափակ պիտի ըլլար ան՝ առանց կրկնութեան. փորձենք՝ «Երկնէին երկիր, երկինք  եւ ծովն  ծիրանի»: Միւս կողմէ՝ նոյնպէս  կրկնութեան շնորհիւ ան յաջողած է  շեշտել արարչագործութեան կամ երկունքի դժուարութիւնը, տեւականութիւնն ու ընդ-հանրականութիւնը:

Այլ տեղ նոյնասկզբութիւնը, որ նաեւ  յարակրկնութիւն (anaphore) կամ նաեւ նախաբերութիւն կը կոչուի, կը ծառայէ աւելի շեշտելու միտքը.

                             Մէկն՝ ի պապանց պարոնորդի,

                             Մէկն ի հարանց մուրող լինի,

                             Մէկին՝ հազար ձի ու ջորի,

                             Մէկին՝ ո՛չ ուլ, ո՛չ մի մաքի (Ֆրիկ):

Նաեւ՝

                             Անէծքդ, հա՛յր, գոհար քարերս  դարձուց խեցի,

                             Անէծքդ, հա՛յր, փոխեց կնդրուկս անարգ գուղցի,

                             Անէծքդ, հա՛յր, փոխեց ոսկիս մութ պղնձի,

                             Բայց քանի որ շամփուշ կուռք մը պէտք է ինծի,

                             Ես պղինձով ալ պատրանքներս  ձուլեցի (Եղիշէ Դուրեան):  

«Յարակրկնութիւնը,− կը գրէ Վալերի Միրզոյեան,− հնարաւորութիւն է տալիս խօսողին աստիճանաբար  մեծացնելու խօսքի յուզական լարուածքը, ուժականութիւնն  ու թափը, կուտակելու փաստարկները, աւելի ու աւելի գրաւելու  ունկնդիրներին, վարակելու որոշակի տրամադրութեամբ» («Ճարտասանութիւն», էջ 293):

Յարակրկնութեան ու վերջակրկնութեան  ազդու խճանկար մըն է Շիրազի հետեւեալ հատուածը, ուր կրկնուող այլազան տարրերը իրարու կը միահիւսուին  իրենց ներքին հակադրութեամբ՝ կերտելով  բառային  իսկական համանուագ մը.

                             Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,

                             Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ,     

                             Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,

                             Դուք  հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ,

                             Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,

                 Դուք հողմերի պէս  կը կորչէք վայրագ:

=========================

 

Յետագրութիւն

Մեր մատենագիրներու յատկապէս Հին կտակարանի մէջ կատարած կրկնութիւններուն մասին լուսաբանութիւն մը ստանալու համար դիմեցի Եուսաղէմի Եբրայական համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ, ներհուն հայագէտ Մայքլ Ստոնին, որ իր կեանքի 87 տարիները նուիրած է ու կը շարունակէ նուիրել Հայոց հին մատենագրութեան սերտողութեան:

Ստացայ հետեւեալ պատասխանը, որ կու տամ թարգմանաբար.

Dear Sir,

I checked Ezekiel 3:6, etc.

The Armenian is calquing the Greek, which in turn translates the Hebrew idiom.

***Հայերէնը պատճենուած է  յունարէնին վրայ, որ իր կարգին կը թարգմանէ եբրայական ոճը:

In Hebrew the relative is specified (given number and case) by a separate pronoun, called a resumptive pronoun, usually at the end of the clause.

***Եբրայերէնի մէջ յարաբերական դերանունը իր թիւով ու հոլովով աւելորդաբար կրկնուած է այլ դերանունով մը՝ սովորաբար նախադասութեան աւարտին:

In general, of course, you should always check queries in the Armenian against the Greek.

***Հայերէնի պարագային դուք պարտիք [այդ կրկնաբանութեանց  համար] հետամուտ  ըլլալ յունարէնին:

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Մայքլ Սթոուն                                             

  *   *   *

Ուրեմն իր այս երկտողով՝ Ստոն կը հաստատէ, որ քննարկուող աւելորդա-բանութեանց աղբիւրը եբրայերէնն է, ճիշդ ինչպէս օրին յայտնած էր հայրենի լե-զուաբան Վարագ Առաքելեանը:  Այս ոճը եբրայերէն Աստուածաշունչի, յատկապէս Հին կտակարանի, թարգմանութեանց ճամբով անցած է թարգմանող դասական  լեզուներուն, ինչպէս, օրինակ,  յունարէնին ու  ասորերէնին եւ ասոնցմէ՝  գրաբար հայերէնին,  ուր այդ աւելորդաբանութիւնները իբրեւ անձեռնմխելի սրբութիւն ընկալուած,  ընդունուած, ընդօրինակուած ու պահպանուած են:

Բնագրային այս հաւատարմոթիւնը չէ գործած արդի լեզուներուն մէջ, որոնց կարգին՝ հայերէն աշխարհաբարը:

[email protected]                                                                Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x