Ի՞նչ են ԱԻ-ի չիփերը եւ ինչո՞ւ Nvidia-ն այդքան կարեւոր դարձած է
November 29, 2026
Երբ կը խօսինք արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) մասին, սովորաբար մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք անոր կարողութիւններուն վրայ՝ գրելու, պատկերներ ստեղծելու, տեղեկութիւններ վերլուծելու, հարցումներու պատասխանելու եւ բարդ խնդիրներ լուծելու։
Սակայն այս բոլոր կարողութիւններուն ետին գոյութիւն ունի ֆիզիքական ենթակառոյց մը, առանց որուն ԱԻ-ի այսօրուան զարգացումը կարելի պիտի չըլլար։ Այդ ենթակառոյցին առանցքը կը կազմեն մասնագիտացուած համակարգչային չիփերը (chips)։
Վերջին տարիներուն ամերիկեան Nvidia ընկերութիւնը դարձած է այս մարզին գլխաւոր դերակատարներէն մէկը։ Անոր արտադրած չիփերը առանցքային նշանակութիւն ունին ԱԻ-ի բազմաթիւ համակարգերու մարզումին եւ գործարկման համար։
Բայց ի՞նչ կը զանազանէ այս չիփերը սովորական համակարգիչներու չիփերէն, եւ ինչպէ՞ս տեսախաղերու համար մշակուած արհեստագիտութիւն մը դարձաւ համաշխարհային տնտեսութեան եւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան կարեւոր գործօններէն մէկը։
Հաշուարկելու երկու տարբեր եղանակներ
Համակարգիչներու աշխատանքին հիմքը երկար ժամանակ եղած է կեդրոնական մշակման միաւորը (Central Processing Unit – CPU)։ Անիկա նախատեսուած է բազմատեսակ եւ յաճախ բարդ գործողութիւններ արագ կատարելու համար։
Պատկերային մշակման միաւորը (Graphics Processing Unit – GPU), ընդհակառակը, սկզբնապէս մշակուած էր պատկերներու ստեղծման եւ ցուցադրութեան համար։ Անոր առանձնայատկութիւնը մեծ թիւով համեմատաբար պարզ հաշուարկներ միաժամանակ կատարելու կարողութիւնն է։

Պատկերացնենք երկու աշխատանքային խումբեր։ Առաջինը բաղկացած է փոքրաթիւ մասնագէտներէ, որոնք կրնան լուծել բազմատեսակ եւ բարդ խնդիրներ։ Երկրորդը բաղկացած է մեծ թիւով աշխատողներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կատարէ համեմատաբար պարզ գործողութիւն մը, բայց բոլորն ալ միաժամանակ կ՚աշխատին։
Այս երկրորդ եղանակը յատկապէս յարմար է ԱԻ-ի համակարգերուն համար։
Նեարդային ցանցերու մարզումը մեծ մասամբ կը պահանջէ թիւերու հսկայական աղիւսակներու բազմապատկում՝ նոյն գործողութիւնը անհամար անգամներ կրկնելով։
ԱԻ-ի համար մշակուած այսօրուան ամենէն հզօր GPU-ները որոշ տեսակի հաշուարկներու պարագային կրնան երկվայրկեանի մը ընթացքին կատարել հազար թրիլիոնէ աւելի գործողութիւններ։
Տեսախաղերէն՝ գիտական հետազօտութիւն
GPU-ներու սկզբնական նպատակը արուեստական իմացականութեան զարգացումը չէր։
1990-ականներու վերջաւորութեան եւ 2000-ականներուն այս սարքերը կը գործածուէին գլխաւորաբար տեսախաղերու եւ համակարգչային պատկերներու մշակման համար։ Անոնք կրնային միաժամանակ հաշուարկել պատկերը կազմող միլիոնաւոր մանր կէտերուն՝ փիքսէլներուն գոյներն ու լուսաւորութիւնը։
Սակայն հետազօտողները շուտով անդրադարձան, որ այս սարքերուն հաշուարկային կարողութիւնները կարելի էր օգտագործել նաեւ այլ նպատակներով։
2000-ականներու սկիզբը Սթէնֆորտի համալսարանի հետազօտողները մշակեցին համակարգչային գործիքներ, որոնք կարելիութիւն կու տային GPU-ները գործածելու գիտական եւ մաթեմատիկական այլ հաշուարկներու համար։
Այս աշխատանքին վրայ հիմնուելով՝ Nvidia 2007-ին ներկայացուց CUDA կոչուող համակարգը, որ գիտնականներուն եւ ճարտարագէտներուն կարելիութիւն տուաւ GPU-ներու հաշուարկային կարողութիւնները օգտագործելու պատկերներու մշակման հետ անմիջական առնչութիւն չունեցող աշխատանքներու համար։
Այս զարգացումը վճռական նշանակութիւն ունեցաւ։ Nvidia այլեւս միայն համակարգչային սարքեր արտադրող ընկերութիւն մը չէր։ Ան կը զարգացնէր նաեւ ծրագրային ամբողջ միջավայր մը, որուն միջոցով կարելի էր այդ սարքերը գործածել բազմաթիւ մարզերու մէջ։
- շրջադարձային տարի մը
ԱԻ-ի զարգացման պատմութեան մէջ կարեւոր շրջադարձ մը տեղի ունեցաւ 2012-ին։
Այդ տարին AlexNet կոչուող նեարդային ցանցը յաղթեց ImageNet միջազգային մրցումին, որուն նպատակն էր չափել համակարգչային ծրագիրներու՝ լուսանկարներու մէջ առարկաներ ճանաչելու կարողութիւնը։
Nvidia-ի արտադրած երկու GPU-ներու միջոցով մարզուած AlexNet-ը զգալիօրէն աւելի քիչ սխալներ գործեց, քան մրցումին մասնակցող միւս համակարգերը։
Արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ GPU-ներու օգտագործումը կարելի կը դարձնէ այնպիսի մեծ նեարդային ցանցերու մարզումը, որոնք իրենց կարողութիւններով կը գերազանցէին մինչ այդ գործածուած եղանակները։
Հետազօտողները սկսան արագօրէն որդեգրել այս արհեստագիտութիւնը։
Nvidia-ի առաւելութիւնը միայն իր արտադրած սարքերուն հզօրութիւնը չէր։ Ընկերութիւնը արդէն տարիներու աշխատանք ներդրած էր CUDA-ի եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած ծրագրային միջավայրին զարգացման մէջ։
Երբ ԱԻ-ի մարզին մէջ այս սարքերուն պահանջարկը սկսաւ աճիլ, Nvidia արդէն ունէր թէ՛ անհրաժեշտ սարքաւորումները, թէ՛ զանոնք գործածելու համար մշակուած ծրագրային գործիքները։
Լեզուային կաղապարներու ծնունդը
Յաջորդ մեծ շրջադարձը տեղի ունեցաւ 2017-ին, երբ Google-ի հետազօտողները ներկայացուցին Transformer կոչուող նեարդային ցանցերու նոր կառուցուածք մը, որ սկզբնապէս նախատեսուած էր լեզուներու միջեւ թարգմանութեան համար։
Շուտով պարզ դարձաւ, որ այս կառուցուածքին վրայ հիմնուած կաղապարներուն կարողութիւնները զգալիօրէն կը բարելաւուէին, երբ կ՚ընդարձակուէին թէ՛ կաղապարներուն ծաւալը, թէ՛ անոնց մարզման համար գործածուող տուեալներու քանակը։
Այս կառուցուածքը հիմք հանդիսացաւ այսօրուան լեզուային մեծ կաղապարներուն եւ ստեղծարար ԱԻ-ի բազմաթիւ համակարգերուն։

OpenAI-ի, Google-ի, Anthropic-ի, Meta-ի եւ այլ ընկերութիւններու միջեւ ծաւալած մրցակցութիւնը այժմ մեծապէս պայմանաւորուած է ոչ միայն գիտական նորարարութեամբ, այլեւ հսկայական հաշուարկային կարողութիւններ ապահովելու կարելիութեամբ։
Աւելի մեծ եւ բարդ կաղապարներ մարզելու համար անհրաժեշտ են հազարաւոր մասնագիտացուած չիփերէ բաղկացած տուեալներու մշակման կեդրոններ (data centres)։
ԱԻ-ի զարգացումը այսպիսով դարձած է նաեւ ենթակառոյցներու զարգացման մրցակցութիւն մը։
Ինչո՞վ կը զանազանուին Nvidia-ի չիփերը
ԱԻ-ի պահանջներուն համապատասխանելու համար Nvidia եւ չիփեր արտադրող այլ ընկերութիւններ վերջին տարիներուն վերամշակած են իրենց սարքերուն կառուցուածքը։
Այս փոփոխութիւնները կը ներառեն մասնագիտացուած հաշուարկային միաւորներ, որոնք արագօրէն կը կատարեն նեարդային ցանցերուն անհրաժեշտ մաթեմատիկական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ մեծածաւալ եւ արագագործ յիշողութիւն, որ կը դիւրացնէ տուեալներու փոխանցումը։
Որոշ հաշուարկներու պարագային կը գործածուին նաեւ նուազ ճշգրտութեամբ ներկայացուած թիւեր։ Այս եղանակը կարելիութիւն կու տայ արագացնելու հաշուարկները՝ պահպանելով ԱԻ-ի համակարգերուն համար անհրաժեշտ ճշգրտութիւնը։
Սակայն Nvidia-ի մրցակցային առաւելութիւնը չի սահմանափակուիր այս արհեստագիտական յատկութիւններով։
Տարիներու ընթացքին բազմաթիւ հետազօտողներ եւ համակարգչային ծրագիրներ մշակող մասնագէտներ իրենց աշխատանքները կառուցած են Nvidia-ի ծրագրային միջավայրին հիման վրայ։
Հետեւաբար, այլ ընկերութեան մը չիփերուն անցնիլը միշտ չէ, որ պարզապէս մէկ սարքը ուրիշով մը փոխարինելու հարց է։ Ան կրնայ պահանջել նաեւ գոյութիւն ունեցող ծրագիրներուն եւ աշխատանքային եղանակներուն վերափոխումը։
ԱԻ-ի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը
ԱԻ-ի չիփերը այլեւս միայն առեւտրական ապրանքներ չեն։ Անոնք դարձած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արհեստագիտական միջոցներ։
Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ ԱԻ-ի մարզին մէջ ծաւալող մրցակցութեան կարեւոր երեսներէն մէկը այս չիփերուն մատչելիութիւնն է։
Ամերիկեան կառավարութիւնը սահմանափակումներ հաստատած է յառաջացած որոշ չիփերու՝ Չինաստան արտածման նկատմամբ։ Այսպիսի միջոցները ցոյց կու տան, թէ հաշուարկային կարողութիւններու վերահսկողութիւնը որքան կարեւոր դարձած է միջազգային մրցակցութեան մէջ։
Սակայն չիփերու արտադրութեան աշխարհագրութիւնը եւս ուշագրաւ է։
Թէեւ Nvidia ամերիկեան ընկերութիւն մըն է եւ կը նախագծէ իր չիփերը, անոնց արտադրութիւնը մեծ մասամբ կը վստահուի Թայուանի TSMC ընկերութեան, որ աշխարհի ամենէն յառաջացած կիսահաղորդիչներու արտադրողներէն մէկն է։
Այս իրողութիւնը կը բացայայտէ համաշխարհային արհեստագիտական համակարգին փոխադարձ կախուածութիւնները։
Որեւէ երկրի մը կամ աշխարհի սահմանափակ տարածքի մը մէջ արտադրական խափանումը կրնայ հետեւանքներ ունենալ ամբողջ աշխարհի ԱԻ-ի զարգացման վրայ։
ԱԻ-ի զարգացման նիւթական սահմանները
Արուեստական իմացականութիւնը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ թուային աշխարհին պատկանող երեւոյթ մը։ Սակայն անոր զարգացումը ունի չափազանց շօշափելի նիւթական պահանջներ։
ԱԻ-ի տուեալներու մշակման կեդրոնները կը սպառեն հսկայական քանակութեամբ ելեկտրական ուժանիւթ։ Անոնց տարածումը հարցեր կը յառաջացնէ ուժանիւթի արժէքին, բնապահպանական հետեւանքներուն եւ տեղական համայնքներուն վրայ գործուած ազդեցութեան առնչութեամբ։
Միաժամանակ, ԱԻ-ի սարքաւորումներու աճող պահանջարկը ճնշում կը գործադրէ յիշողութեան չիփերու մատակարարման վրայ՝ անդրադառնալով նաեւ խելախօսներու եւ սպառողական այլ ելեկտրոնային սարքերու արտադրութեան։
Հետեւաբար, ԱԻ-ի ապագայ զարգացումը պայմանաւորուած չէ միայն գիտական յայտնագործութիւններով կամ համակարգչային ծրագիրներու կատարելագործմամբ։ Ան կախեալ է նաեւ արդիւնաբերական արտադրութեան կարողութիւններէն, ուժանիւթի մատչելիութենէն եւ համաշխարհային մատակարարման համակարգերէն։
Արդեօք Nvidia պիտի պահպանէ՞ իր գերիշխող դիրքը
Nvidia-ի գերիշխանութիւնը անխոցելի չէ։
AMD ընկերութիւնը եւս կը մշակէ ԱԻ-ի համար նախատեսուած GPU-ներ, իսկ Google իր կարգին զարգացուցած է մասնագիտացուած հաշուարկային չիփեր՝ Tensor Processing Unit (TPU) անունով։
Այլ ընկերութիւններ եւ նորաստեղծ ձեռնարկութիւններ կը փորձեն մշակել այնպիսի չիփեր, որոնք կրնան ԱԻ-ի անհրաժեշտ հաշուարկները կատարել աւելի մատչելի եղանակներով եւ ուժանիւթի նուազ սպառումով։
Մրցակցութիւնը, հետեւաբար, միայն այն հարցին շուրջ չէ, թէ ո՛վ պիտի արտադրէ ամենէն հզօր չիփը։ Հարցն այն է նաեւ, թէ ո՛վ պիտի կարենայ հաշուարկային անհրաժեշտ կարողութիւնները ապահովել ամենէն արդիւնաւէտ եւ մատչելի եղանակով։
Ո՞վ պիտի վերահսկէ հաշուարկային կարողութիւնները
Այս բոլոր զարգացումները կը յուշեն աւելի ընդարձակ հարց մը։ Եթէ արուեստական իմացականութիւնը հետզհետէ կը դառնայ գիտելիքներու արտադրութեան, կրթութեան, գիտական հետազօտութեան եւ տնտեսական գործունէութեան հիմնական գործիքներէն մէկը, ի՞նչ կը նշանակէ այն հանգամանքը, որ անոր զարգացման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցները կը կեդրոնանան սահմանափակ թիւով ընկերութիւններու ձեռքը։
Արդեօք փոքր երկիրները, համալսարանները, անկախ հետազօտողները եւ սահմանափակ միջոցներ ունեցող հասարակութիւնները պիտի կարենա՞ն լիարժէք մասնակցիլ ԱԻ-ի զարգացման։
Թէ՞ անոնք գլխաւորաբար պիտի մնան ուրիշներու մշակած համակարգերուն սպառողները։
Թուային անհաւասարութեան մասին խօսելով՝ մինչեւ վերջերս կը մտածէինք գլխաւորաբար համակարգիչներու եւ համացանցի մատչելիութեան մասին։ Այսօր այդ անհաւասարութիւնը կրնայ նոր արտայայտութիւն մը ստանալ՝ հաշուարկային կարողութիւններու մատչելիութեան տարբերութեամբ։
ԱԻ-ի ապագան պիտի որոշուի ոչ միայն այն բանով, թէ մեքենաները ի՛նչ կրնան սորվիլ եւ կատարել, այլեւ այն բանով, թէ ո՛վ պիտի ունենայ այդ մեքենաները զարգացնելու անհրաժեշտ միջոցները։
Պատրաստութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի
Աղբիւր՝ The Conversation, «What are AI chips, and what’s so special about Nvidia’s?», 24 նոյեմբեր 2026։