Երբ ԱԻ-ն մեր տեղը կը մտածէ, մենք ի՞նչ կը սորվինք

October 27, 2026

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) տարածումով կրթութեան առջեւ նոր հարցում մը կը դրուի. երբ աշակերտը կամ ուսանողը ԱԻ-ի օգնութեամբ ճիշդ պատասխան մը կը գտնէ, արդեօք բան մը սորվա՞ծ կ’ըլլայ, թէ՞ պարզապէս իր պարտականութիւնը աւարտած։

Այս երկուքին միջեւ տարբերութիւնը շատ աւելի խոր է, քան առաջին ակնարկով կը թուի։ ԱԻ-ն կրնայ մտածողութիւնը զարգացնող գործիք մը ըլլալ, բայց կրնայ նաեւ մարդը աստիճանաբար չմտածելու վարժեցնել։ Ամէն ինչ կախեալ է ոչ միայն գործիքէն, այլեւ զայն գործածելու մեր ձեւէն։

Ստորեւ թարգմանաբար տրուած յօդուածը կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ԱԻ-ն օգտագործել ոչ թէ մեր տեղը մտածելու, այլ սեփական մտածողութիւնը, յիշողութիւնն ու սորվելու կարողութիւնը զարգացնելու համար։

«Տարբերակ21»

Արուեստական իմացականութիւնը (ԱԻ) կրնայ քանի մը երկվայրկեանի մէջ բացատրել դժուար հասկացութիւն մը, լուծել խնդիր մը, սրբագրել նախադասութիւն մը կամ պատասխան մը պատրաստել։ Ասիկա ուսման հսկայական կարելիութիւններ կը ստեղծէ։

Այսօր մարդիկ աւելի քան երբեւէ տեղեկութիւններու հասանելիութիւն ունին ուսուցման տարբեր ռազմավարութիւններու մասին։ Սակայն դիւրին կամ ծանօթ թուացող ռազմավարութիւնները անպայմանօրէն չեն նպաստեր գիտելիքի երկարատեւ պահպանման։

Երբ ԱԻ կը գործածէք, դուք էք զայն ղեկավարողը։ Հետեւաբար, լաւ կ’ըլլայ մշակել ուսուցման ռազմավարութիւն մը, որ կը համապատասխանէ ձեր կարիքներուն։ Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ պարտականութիւն մը յաջողութեամբ աւարտելը նոյնը չէ, ինչ որ այդ պարտականութենէն բան մը սորվիլը։ ԱԻ-ն կրնայ այսօր մէկու մը օգնել ճիշդ պատասխանը տալու, բայց այդ մէկը բնաւ չ’երաշխաւորեր, որ ապագային պիտի առանձինն կարենայ նոյնքան ճիշդ պատասխան մը գտնել:

Լեզուի ուսուցումը օգտակար օրինակ մըն է։ Duolingo-ի նման յաւելուած մը կրնայ ուսուցման որոշակի կառոյց, կրկնութեան կարելիութիւն եւ շարժառիթ ապահովել։ Սորվողը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել այդ փորձառութիւնը՝ փորձելով նախ յիշողութեամբ գտնել պատասխանը, ապա միայն նայիլ յաւելուածին առաջարկած ընտրանքներուն եւ բարձրաձայն կրկնել անծանօթ նախադասութիւնները կամ վերադառնալ դժուար բառապաշարին։

Տեղեկութիւնը սեփական յիշողութենէն գիտակից ճիգով դուրս բերելը ժամանակի ընթացքին կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, քան միեւնոյն նիւթը կրկին ու կրկին կարդալը:

ChatGPT-ի նման լեզուական մեծ մոտել մը կրնայ տարբեր դեր կատարել։ Ան կրնայ բացատրութիւններ տալ, բաղդատել նախադասութիւններու կառուցուածքները, յաւելեալ օրինակներ ստեղծել կամ օգնել ուսումնասիրելու բան մը, որ սորվողին ուշադրութիւնը գրաւած է։

Երբ կրթական յաւելուած մը կը գործածուի լեզուական մեծ մոտելի (LLM) մը կողքին, անիկա կրնայ աւելի հարուստ ուսումնական միջավայր մը ստեղծել: Օրինակ, Duolingo գործածողներու մասնակցութեամբ կատարուած փոքրածաւալ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ինքնուսոյց օրագրութիւն (reflective journaling) ներառելը՝ այսինքն սեփական միտքերն ու նպատակները գրի առնելը՝ աշակերտներուն հնարաւորութիւն կու տայ յստակօրէն արտայայտելու իրենց ռազմավարութիւնները, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ուսումնառութեան եղանակներու նկատմամբ աճող գիտակցութիւնը:

Պատկերացուցէք երկու անձեր, որոնք կը գործածեն ԱԻ-ի նոյն մոտելը։ Դժուարութեան մը հանդիպելուն պէս, առաջինը կը խնդրէ պատասխանը։ Երկրորդը նախ ինք կը փորձէ լուծել խնդիրը, ապա կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ իր պատասխանը սխալ էր։ Ան կրնայ ուղեցոյց մը խնդրել, ուրիշ օրինակ մը պահանջել կամ բացատրել, թէ ինք ինչպէ՛ս կը հասկնայ խնդիրը, եւ ԱԻ-էն խնդրել, որ քննութեան ենթարկէ իր մտածողութիւնը։

Երկուքն ալ նոյն գործիքին հասանելիութիւն ունին։ Սակայն անոնց ուսուցման գործընթացները էապէս տարբեր են։

Փոխել ԱԻ-ի գործածութեան ձեւը

Հոգեբանները կը գործածեն «ինքնամտաքննութիւն» (metacognition) հասկացութիւնը՝ նկարագրելու սեփական մտածողութեան գործընթացները քննելու, հասկնալու եւ կարգաւորելու կարողութիւնը։ Արդիւնաւէտ սորվողները կը գնահատեն, թէ ի՛նչ հասկցած են, ի՛նչը յաւելեալ փորձի կարիք ունի, ո՛ր ռազմավարութիւնները արդիւնք կու տան եւ ե՛րբ օգնութեան պէտք ունին։

Նոր ուսումնասիրութիւններ կը նշեն, որ այս կարողութիւնները նաեւ կ’ազդեն ԱԻ-ի հետ մարդոց յարաբերութեան ձեւերուն վրայ։

Համալսարանական ուսանողներու մասնակցութեամբ, ամբողջ կիսամեակ մը տեւած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին քննուած է ChatGPT-ի գործածութիւնը անգլերէն գրելու համար։ Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինքնամտաքննական գիտակցութեան մակարդակը կապուած էր ԱԻ-ի գործածութեան տարբեր ձեւերուն հետ։

Հարցազրոյցները բացայայտած են վարքագիծերու լայն շրջագիծ մը՝ ChatGPT-ի պատրաստած գրութիւնը պարզապէս ընդօրինակելէն մինչեւ անոր դիտողութիւնները աշխուժօրէն օգտագործելը՝ սեփական գրելու կարողութիւնը բարելաւելու նպատակով։

Կարեւոր է նաեւ արհեստագիտութեան նախագծման ձեւը։

Միջնակարգ վարժարաններու ուսողութիւն սորվող շուրջ հազար աշակերտներու մասնակցութեամբ կատարուած դաշտային լայնածաւալ փորձարկումի մը ընթացքին հետազօտողները աշակերտներու խումբի մը տրամադրած են GPT-4-ի սովորական տարբերակը։ Ուրիշ խումբի մը տրամադրած են նոյն մոտելին տարբերակ մը, որ նախագծուած էր ուսուցիչի նման գործելու, ոչ թէ պարզապէս հարցումներուն պատասխաններ տալու։

GPT-4-ի սովորական տարբերակը գործածող աշակերտներուն արդիւնքները բարելաւուած են։ Սակայն երբ հետազօտողները դադրեցուցած են անոնց հասանելիութիւնը ԱԻ-ին, այդ աշակերտները 17 առ հարիւրով աւելի վատ արդիւնքներ արձանագրած են, քան ԱԻ չգործածած աշակերտները։ Իսկ այն խումբը, որ սորված էր ուսուցիչի դեր կատարող GPT-4-ի տարբերակով, մեծ մասամբ խուսափած է այս անկումէն։

Երկրորդ խումբին փորձառութիւնը նշանակալից է, որովհետեւ անկէ բխող եզրակացութիւնը այն չէ, որ սորվողները պէտք է զրկուին աջակցութենէ կամ պարզապէս լքուին առանձին պայքարելու: Արդիւնաւէտ օժանդակութիւնը կրնայ վերցնել աւելորդ խոչընդոտները՝ միեւնոյն ժամանակ պահպանելով սորվելու համար անհրաժեշտ մտային ճիգը:

ԱԻ-ն կրնայ անմիջապէս պատասխան տալ։ Բայց կրնայ նաեւ թելադրել, որ սորվողը նախ ինք փորձէ լուծել խնդիրը, մատնանշել սխալ ըմբռնում մը, ուրիշ օրինակ մը ստեղծել կամ սորվողէն պահանջել, որ բացատրէ իր դատողութեան եղանակը։

Հետեւաբար, հիմնական հարցը պարզապէս այն չէ, թէ ԱԻ կը գործածուի՞, թէ՞ ոչ։ Կարեւորն այն է, թէ ԱԻ-ն ուսուցման ո՛ր գործողութիւններէն կը ձերբազատէ սորվողը, եւ որո՛նք աւելի լաւ կատարելու կ’օգնէ։

Գիտակից ուսուցում

ԱԻ-ի գրագիտութիւնը կարեւոր է։ Սորվողները պէտք է հասկնան, թէ այս համակարգերը ի՛նչ կրնան եւ ի՛նչ չեն կրնար ընել, ինչպէ՛ս կարելի է հարցականի տակ դնել անոնց պատասխանները եւ ե՛րբ տեղին է զանոնք գործածել։ Սակայն թերեւս անհրաժեշտ է աւելի յստակօրէն մտածել նաեւ ուսուցման գրագիտութեան մասին։

Ուսուցման գրագիտութիւնը հոգեբանական նոր հասկացութիւն մը չէ, այլ հանրութեան համար մատչելի ձեւակերպում մը՝ նկարագրելու այն գիտելիքներն ու դատողութեան կարողութիւնը, որոնց մարդիկ պէտք ունին՝ հետզհետէ աւելի արհեստագիտութեամբ յագեցած միջավայրերու մէջ իրենց ուսուցումը ղեկավարելու համար։

ԱԻ-ի գրագիտութիւնը կը հարցնէ՝ արդեօք կը հասկնա՞նք գործիքը։

Ուսուցման գրագիտութիւնը կը հարցնէ՝ արդեօք բաւարար չափով կը հասկնա՞նք սորվելու գործընթացը, որ կարենանք որոշել, թէ այդ գործիքը ինչպէ՛ս պէտք է գործածել։

Հիմքեր կան կարծելու, որ ԱԻ-ն կրնայ նաեւ լուծումին մէկ մասը կազմել։

Վերջերս կատարուած համադրական ուսումնասիրութիւն մը, որ ընդգրկած է 32 հետազօտութիւն եւ 3029 մասնակից, արձանագրած է, որ ԱԻ-ի աջակցութեամբ իրականացուած ուսուցողական միջամտութիւնները զգալի դրական ազդեցութիւն ունեցած են ինքնակարգաւորուող եւ ինքնուղղորդուող ուսուցման վրայ։

Սակայն արդիւնքները տարբեր եղած են՝ կախեալ արհեստագիտութեան եւ ուսուցման փորձառութեան նախագծման ձեւէն։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պատասխանատուութիւնը չի կրնար միայն սորվողներուն վրայ դրուիլ։

Դպրոցներն ու համալսարանները կրնան աւելի բացայայտ դարձնել սորվելու գործընթացը՝ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն օգնելով հասկնալու, թէ ինչո՛ւ արդիւնաւէտ են յիշողութենէն տեղեկութիւններ քաղելը, սեփական ուսուցման մասին խորհրդածելը եւ ստացուած դիտողութիւններէն օգտուիլը։

ԱԻ մշակողները կրնան նախագծել համակարգեր, որոնք կը քաջալերեն սորվողը նախ ինքնուրոյն փորձելու, անհրաժեշտ պարագային պատրաստի լուծումներու փոխարէն յուշումներ կու տան եւ կը խնդրեն, որ ան բացատրէ կամ վերաքննէ իր դատողութիւնը։

Իսկ սորվողները կրնան իրենք իրենց ուղղել խաբուսիկ պարզ հարցում մը.

«Ի՞նչ կը սորվիմ իրականութեան մէջ, երբ ԱԻ-ն այս ձեւով կը գործածեմ»։

Մենք հսկայական ջանք կը թափենք ԱԻ-ն աւելի կարող դարձնելու՝ հարցումներու պատասխանելու մէջ։

Կրթութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը նոյնքան հմուտ դառնալն է՝ զանազանելու, թէ ե՛րբ այդ պատասխանները մեզի իսկապէս կ’օգնեն սորվելու, եւ ե՛րբ պարզապէս կ’օգնեն աւարտելու մեր աշխատանքը։

Paul Jones, Aston University

The Conversation 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x