Գարմէն Լապաքի՝ «թէ ինչպէս հայ դարձայ»
July 30, 2024

Լիբանանցիներուն համար, Գարմէն Լապաքի(1) լիբանանցի հանրածանօթ բեմադրիչ եւ արտադրիչ է, հանրածանօթ իր մշակութային եւ ընկերաբանական վաւերագրականներով: Լիբանանահայ համայնքին համար հոգեհարազատ է՝ 2004-ի Armenians of Lebanon եւ Armenia, the Sleeping Beautyով եւ 2006-ի My name is Aram-ով:
Ժամադրուեցանք, հանդիպեցանք, ծանօթացանք:
Մէկ ժամ ետք հարազատ բարեկամներու պէս բաժնուեցանք:
Ո՞վ է Գարմէն Լապաքին:
Գարմէն Լապաքի, ծնած է Լիբանան, եւ կը կրէ լիբանանեան եւ պրազիլական հպատակութիւն: Բազմալեզու է՝ կը տիրապետէ արաբերէնի, փորթուկալերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Կը գրէ ու կը կարդայ հայերէն: Փարիզի Սորպոն համալսարանի մէջ ուսանած է լսատեսողական արուեստ: Լիբանան վերադարձին, Լիբանանեան համալսարանի լրագրութեան մրցանքի (concours) կը դիմէ, կ’ընդունուի եւ միամեայ դասընթացքը կ’աւարտէ յաջողութեամբ:
Գարմէն համեստօրէն այսքանով ուզեց ճանչցուիլ, հակառակ անոր որ իր տուեալներու եւ շնորհներու շարքը շատ երկար է:
Հանդիպումէս առաջ, հարցումներու շարք մը պատրաստած էի: Վերջին հարցումս պիտի ըլլար հայերուն եւ հայութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ու յարգանքին մասին: Բայց ծանօթացումի ընթացքին արդէն կանխեց զիս, կարծէք ինձմէ աւելի անհամբեր էր միայն այս նիւթին անդրադառնալու:
Հայ անձի մը հետ իր առաջին շփումը եղած է վեց տարեկանին, երբ մօրաքոյրը կ’ամուսնանայ հայու մը հետ, որ թէեւ հոգիով ու սրտով հայ էր, բայց հայերէն խօսիլ չէր գիտեր: Այնքան սիրահարուած եղած են, որ մօրաքոյրը միայն ու միայն Պուրճ Համուտէն գնում կ’ընէր, Պուրճ համուտի վարսայարդարներուն սալոնները կը յաճախէր:
Գարմէնի ծնողքը՝ տեղեակ ըլլալով լիբանանահայերուն արհեստի եւ արուեստի մէջ հմտութիւններուն, եւ ընդհանրապէս բոլոր մարզերուն մէջ անոնց պարկեշտութեան, աշխատասիրութենէն եւ զարգացումէն, միշտ քաջալերած են զինք դիմել հայուն: «Լիբանանի Պաապտաթ շրջանի [ոչ հայաբնակ շրջան] բնակիչ ըլլալով հանդերձ, հեծանիւիս նորոգութեան համար դիմեցի հայ արհեստաւորի» ըսաւ Գարմէն: Այս բոլորին կողքին, ծնողքը ոչ մէկ ատեն ուշադրութիւն դարձուցած են լիբանանահայուն կտրտուած եւ սխալ արաբերէն խօսելուն, իրողութիւն մը որ միշտ եւ մինչեւ օրս հեգնութեան կ’արժանանայ տեղացի լիբնանցիին կողմէ:
Վերոնշեալ հանգամանքներէն մեկնած, Գարմէն բնականաբար միշտ յարգանքով վերաբերած է հայերուն հետ:

1997-ին, կ’որոշէ վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստել բոլոր այն լիբանանեան սփիւռքի գաղութներուն մասին: Այն տարիներուն պրազիլաբնակ ըլլալով՝ կը պատրաստէ Brazil in Lebanonը(2), որ կը սփռուի MTV կայանէն:
Այս վաւերագրականի յաջողութենէն ետք, 2002-ին՝ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք International Day of Francophony-ի առիթով կը պատրաստէ France in Lebanon-ը, որ կը սփռուի LBCI կայանէն: Այս գործը անկիւնադարձային առիթ կը հանդիսանայ Գարմէնին համար,

երբ լիբանանեան նշանաւոր LBCI կայանը կ’առաջարկէ անոր մնայուն պաշտօն: Այս յաջողութեան շնորհիւ Պրազիլը ձգելով կը հաստատուի Լիբանան: «Այդ տարիներուն LBCI կը համապատասխանէր CNNի» կ’ըսէ Գարմէն՝ կէս լուրջ կէս կատակ:
LBCI կայանի մէջ ազատ որոշում ունենալով, 2004-ին գործի կ’անցնի պատրաստելու համար Armenians of Lebanon-ը: Գարմէն կը շեշտէ՝ «ոչ Հայաստանի մասին, իբր երկիր, այլ լիբանանահայ ժողովուրդին մասին»: Այս ճշգրտօրէն հանրութեան հրամցնելու համար, պէտք էր հասնէր արմատներուն, այսինքն պէտք էր անցնէր Հայաստանէն, Սուրիայէն, Թուրքիայէն, հանդիպէր հոն գտնուող գնչուներու հետ: «Զիս քաջալերող չկար, ընդհակառակը» ցաւով կը յայտնէ Գարմէն:
Գործը լաւապէս ներկայացնելու եւ հայ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը հասկնալու համար, կը սկսի պատմական գիրքեր կարդալ եւ հայերէն լեզուն սորվիլ: Անձնական դասերով, երեք ամսուայ ընթացքին գրել եւ կարդալ կը սորվի, քիչ մըն ալ խօսիլ: «Եղբայրս ալ կ’որոշէ ինծի հետ հայերէն սորվիլ. օր մը ընտանեօք տունը նստած հեռատեսիլ դիտած ատեն, հայերէն խօսելու փորձ կ’ընենք: Եղբայրս արաբերէնով կ’ըսէ որ հեռատեսիլին ձայնը բարձրացնեմ, հայրս կը պատասխանէ՝ “բարձրացո՛ւր կ’ըսեն…”. ի յայտ եկաւ որ հայրս ժամանկին հայ topographe-ի հետ աշխատած է եւ քանի մը բառ սորված» փակագիծ բանալով կը պատմէ Գարմէն: Երկրորդ ուսուցիչի մը հետ ալ աւելի կը զարգացնէ գիտելիքները եւ շուտով գործի կը լծուի:

2004-ին կը պատրաստէ Armenia, the Sleeping Beauty զբօսաշրջական վաւերագրականը, իսկ 2006-ին, My name is Aram, ցեղասպանութենէն վերապրող Արամ Չոլաքեանի(4) մասին: Գարմէն Լապաքի ներկայիս կ’աշխատի այս վերջին գործին տարբերակին վրայ. «ինչ որ կ’ուզէի սրբագրել կամ ուրիշ ձեւով ներկայացնել, մէկ խօսքով աւելի փորձառու աչքով դիտուած հրամցնել» կ’ըսէ Գարմէն: Նոյնպէս Armenians of Lebanon-ը պիտի այժմէականացնէ, կոչելով Armenians of the world, տրուած ըլլալով նոյն այդ հայերը այժմ գաղթած են Լիբանանէն եւ կը գտնուին աշխարհի չորս կողմերը:
Հայութեան հետ առնչուած իր աշխատաքներուն բերումով, կը ծանօթանայ լիբանանահայ երիտասարդի մը եւ կը պսակուին: Կ’ունենան երկու զաւակներ, եւ Գարմէնի նախապայմանով՝ կը կրեն հայ անուններ, կը յաճախեն հայկական վարժարան, ունին ընկերային հայ շրջապատ. Գարմէնի բառերով «հայերէն կը մտածեն ինչպէս նաեւ հայերէն կ’երազեն»:
Հայերէն երգ ու երաժշտութիւն մտիկ կ’ընէ նոյն հաճոյքով ինչպէս կը լսէ Ֆէյրուզ: Պէտքը կը զգայ տարին անգամ մը շաբաթով մը Հայաստան երթալու, մէկ կողմ դնելով լեզուի տարբերութիւնը՝ ուտելու համար հայկական ձմերուկը, վիճելու համար հայաստանցի վաճառականին հետ երբ զինք «օտար» սեպելով խաբէ:
«Հաւանաբար նախորդ կեանքիս մէջ հայ եղած եմ», կատակելով ըսաւ Գարմէն:
(Շարունակելի)
Համակ ջերմութիւն ու անկեղծութիւն:
Յուզուած եմ ու առինքնուած Քարմէնի տիպարով:
******
Ուղղագրական
Գարմէնի ծնողքը՝ տեղեակ ըլլալով լիբանանահայերուն արհեստի եւ արուեստի մէջ հմտութիւններէն, եւ ընդհանրապէս բոլոր մարզերուն մէջ անոնց պարկեշտութենէն…
Տեղեակ կ’ըլլանք բանի մը, ոչ բանէ մը:
Շնորհակալութիւն: Սրբագրութիւնը՝ անմիջապէս:
Ապրիս եւ կեցցես Քարմէն,
Հիանալի տիպսր մըն ես։