Ծանօթանանք Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն (2)

Պետրոս Մանուկեան

Խորհրդարանական ընդդիմութիւն 

Կը շարունակենք ներակայացնել Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնները, դաշինքները եւ խմբակցութիւնները: Մնալով խորհրդարանական ընդդիմութեան ծիրին մէջ՝ կը ներկայացնենք «Պատիւ ունեմ» դաշինքն ու «Հանրապետական» կուսակցութիւնը:

«Պատիւ ունեմ» դաշինք

«Պատիւ ունեմ» դաշինքը կազմուած է Հայաստանի Հանրապետական եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններէն: Հիմնուած է 15 Մայիսի 2021-ին, 20 Յունիսին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին:

 

Առաջնորդ Արթուր Վանեցեան (ՀԿ)

Սերժ Սարգսեան (ՀՀԿ)

Հիմնադիր Սերժ Սարգսեան
Հիմնադրուած Մայիս 15, 2021
Լուծուած Յունիս 21, 2022
Գաղափարախօսութիւն ազգային պահպանողականութիւն եւ հայկական ազգայնականութիւն
ՀՀ Ազգային ժողով 7 / 107

 

Հանրապետական կուսակցութիւնը նախկին իշխող կուսակցութիւնն էր մինչեւ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը: Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան այս կուսակցութեան անդամ է, իսկ «Հայրենիք» կուսակցութիւնը հիմնուած է Արթուր Վանեցեանի կողմէ (Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէնը):

Վերջին ընտրութիւններուն այս դաշինքի հազիւ կը յաջողի խորհրդարան մուտք գործել անցնելով 5 տոկոսի սահմանագիծը:

21 Յունիս 2022-ին, Արթուր Վանեցեան կը հրաժարի պատգամաւորութենէն՝ նշելով, թէ ան ինքզինք այլեւս չի տեսներ խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ ան «դադրած է երկիրը աղէտէն դուրս բերելու արդիւնաւէտ հարթակ մը ըլլալէ»: Հետեւաբար, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ «Հայրենիք» եւ «Հանրապետական» կուսակցութիւններու ձեւաւորած «Պատիւ ունեմ» դաշինքը:

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը գործող ընդդիմադիր կուսակցութիւն է Հայաստանի մէջ: Հիմնուած է 1990-ին: Կուսակցութեան պաշտօնական կայէջին համաձայն, անոր գաղափարախօսութիւնը ազգային պահպանողական է: Ան ինքզինք կը նկատէ Ազգային միացեալ կուսակցութեան գաղափարական-քաղաքական ժառանգորդը:

Ներկայիս ՀՀԿ-ն ընդդիմադիր, աջ-կեդրոնամէտ կուսակցութիւն կը նկատուի:

Առաջնորդ     Սերժ Սարգսեան

Կարգախօս   «Անվտանգութիւն եւ յառաջդիմութիւն»

Հիմնադիր     Աշոտ Նաւասարդեան

Հիմնուած      1990-ին

Գաղափարախօսութիւն   ազգային պահպանողականութիւն, ազգայնականութիւն, 

ռուսամէտութիւն

Քաղաքական հայեացք      աջակողմեան

ՀՀ Ազգային ժողով                 4 / 107

Մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, Հանրապետական կուսակցութիւնը կը գտնուէր իշխանութեան վրայ, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Կուսակցութիւնը հիմնուած է Աշոտ Ցոլակի Նաւասարդեանի կողմէ, որ կը հետեւէր Գարեգին Նժդեհի «ցեղակրօն» գաղափարախօսութեան:

Պետրոս Մանուկեան

Շարունակելի

Մաս առաջին՝ https://darperag21.net/%d5%ae%d5%a1%d5%b6%d6%85%d5%a9%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%b6%d6%84-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a1%d5%bd%d5%bf%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d5%b4%d5%a7%d5%bb-%d5%a3%d5%b8%d6%80%d5%ae%d5%b8%d5%b2-%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%bd/

 

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x
\r\n <\/div>\r\n<\/div>\r\n","isUserRated":"0","version":"7.6.30","wc_post_id":"82879","isCookiesEnabled":"1","loadLastCommentId":"0","dataFilterCallbacks":[],"phraseFilters":[],"scrollSize":"32","url":"https:\/\/darperag21.net\/wp-admin\/admin-ajax.php","customAjaxUrl":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/utils\/ajax\/wpdiscuz-ajax.php","bubbleUpdateUrl":"https:\/\/darperag21.net\/wp-json\/wpdiscuz\/v1\/update","restNonce":"e5e360f336","is_rate_editable":"0","menu_icon":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/assets\/img\/plugin-icon\/wpdiscuz-svg.svg","menu_icon_hover":"https:\/\/darperag21.net\/wp-content\/plugins\/wpdiscuz\/assets\/img\/plugin-icon\/wpdiscuz-svg_hover.svg","is_email_field_required":"1"}; var wpdiscuzUCObj = {"msgConfirmDeleteComment":"Are you sure you want to delete this comment?","msgConfirmCancelSubscription":"Are you sure you want to cancel this subscription?","msgConfirmCancelFollow":"Are you sure you want to cancel this follow?","additionalTab":"0"}; -->