Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:
Գ․ Մաս
Ինչպէս նախորդ մասին մէջ ըսուեցաւ, Անատոլիայի հարաւային բնական սահմանը Միջերկրականի ափագիծն է: Ափագիծին գրեթէ զուգահեռ, ցած բլուրներէն աստիճանաբար բարձրանալով, կ՛երկարին Տաւրոսի լեռնաշղթաները, որոնք զառիթափ կերպով կախուելով ծովուն մէջ, յաւելեալ կերպով կ՛ամրապնդեն այդ սահմանը եւ, որոնք, սակայն, չեն վերջանար Անատոլիական թերակղզիի շրջանին մէջ: Անոնք դէպի արեւելք խորանալով բուն ցամաքին մէջ, ի վերջոյ, կը հասնին մինչեւ Հայաստանի արեւելքը,Կապուտան լիճէն հարաւ, հիւսիսէն գրեթէ ուղիղ գիծով հարաւ ընթացող Զագրոսի լեռնաշղթային:
Աշխարհագրական միասնական առարկայ հանդիսացող, երկարաձիգ, կեդրոնական մասին ու արեւելեան հատուածին մէջ բարձրաբերձ, գրեթէ անանցանելի Տաւրոսը, իր հսկայական զանգուածներով խորանալով ցամաքին խորքերը, կը գերիշխէ Սուրիա-միջագետքեան ցած տափարակին վրայ, կտրուկ կերպով զայն կը զատէ հիւսիսին մէջ գտնուող տարածաշրջաններէն: Բայց նախ Տաւրոսը Անատոլիական թերակղզիի մէկ հատուածին մէջ շրջան գծելով դէպի հիւսիս-արեւելք, իրմէ դէպի հարաւ-արեւելք կը գոյացնէ Կիլիկիոյ շրջանը, որ Սուրիա-միջագետքեան տարածաշրջանէն կ՛առանձնանայ Ամանոսի լեռներով, որոնք, ըստ էութեան, Տաւրոսի մէկ մասն են:
Տաւրոսի իրական արժէքը պատկերացնելու համար համառօտ վերյիշենք, թէ ինչ կը ներկայացնէ ազդեցիկ այդ լեռնաշղթան:
Տաւրոսի լեռնաղթան, երկարելով արեւմուտքէն դէպի արեւելք ուղղութեամբ, բաղկացած է երեք հատուածներէ` Արեւմտեան (Գարիա-լիկիական), Կիլիկեան (Կեդրոնական) եւ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոսներէն:
Արեւմտեան կամ Գարիա-լիկիկան Տաւրոսի լեռները առանձնապէս բարձր չեն: Անոնք կտրուկ կերպով կը տարբերին լեռնաշղթային մնացած մասերէն: Անոնք կը գտնուին Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան անկիւնին մէջ: Այդ լեռներուն դէպի Միջերկրականը յակուած լանջերը արեւմուտքին ու հարաւին մէջ կ՛իջնեն դէպի ծով, որոշ հատուածներուն մէջ` կտրտուած են հովիտներով, ուրկէ կը հոսին լեռնային գետեր: Այդ գետերուն գետահովիտները գետաբերաններուն մօտ կ՛աւարտին բերուածքային ապարներով, որոնք կը գոյացնեն մեծ ու փոքր հովիտներ: Չնայած Լիկիական Տաւրոսը կը կազմէ ընդհանուր լեռնաշխարհին մէկ մասը, սակայն, անիկա կտրուկ կերպով կը տարբերի լեռնաշխարհին միւս հատուածներէն` առաջին հերթին իր զգալի ցածութեամբ, ծովափին գրեթէ զուգահեռ երկարելու յատկութեամբ, բազմաթիւ գետահովիտներով կտրտուածութեամբ եւ, վերջապէս, ընդհանուր լեռնաշխարհէն որոշակի առանձնացուածութեամբ եւ դէպի Անատոլիական սարահարթ անհերքելի «յակումով»: Անիկա, այո՛, շատ աւելի «մերուած» է Անատոլիային, կը կազմէ Անատոլիայի իսկական բաղադրիչը, ի տարբերութիւն Տաւրոսի մնացած հատուածներուն, որոնք ազդեցիկ կերպով կը սահմանագծեն այդ նոյն Անատոլիան հարաւէն ու հարաւ-արեւելքէն: Թերեւս սխալ պիտի չըլլար, եթէ, նկատի առնելով անոր այս առանձնայատկութիւնները, Լիկիական Տաւրոսը դիտարկուէր որպէս Տաւրոսէն առանձին աշխարհագրական առարկայ:
Կիլիկեան Տաւրոսը կը սկսի այսպէս կոչուած` թրքական Մեծ լիճերուն (Աքշահիր, Պէյշահիր, Աղրըտիր) ու Սուլթանտաղ լեռնաշղթային շրջանէն: Անիկա սկիզբին մէջ ունի հարաւ-արեւելեան ուղղութիւն, այնուհետեւ, խիստ մօտենալով Միջերկրականի ափերուն, Անամուռ հրուանդանէն, որ Անատոլիայի ամենահարաւային կէտն է, կտրուկ կերպով կը թեքի դէպի հիւսիս-արեւելք, շարունակելով կազմել ժայռային հզօր պատուար մը, այնուհետեւ անցում կը կատարէ դէպի Անդիտաւրոս (Նկատենք, որ այնտեղ, ուր Կիլիկեան Տաւրոսը ամենաշատ կը մօտենայ ծովափին փաստօրէն կ՛աւարտի բուն Անատոլիան: Անցողակի այս դիտողութեան մասին պիտի խօսիմ հետագային):
Եթէ Սուլթանտաղի շրջանին մէջ Տաւրոսի ամենաբարձր գագաթները հազիւ կը հասնին 2,5 քմ-ի, ապա արեւելեան հատուածին մէջ լեռնաշղթային առանձին կատարներուն բարձրութիւնը կը հասնի աւելի քան 4,5 քմ-ի: Կիլիկեան Տաւրոսը մեծ պարիսպի մը պէս կ՛առանձնանայ Կիլիկիան Անատոլիայի մնացած մասէն, ինքն իրեն կը վերածէ ինքնուրոյն տարածաշրջանի եւ միան մէկ-երկու հատուածի մէջ նեղ, քիչ թէ շատ դիւրանցանելի փապարներով կը կապուի Անատոլիայի հետ: Այդ փապարներէն գլխաւորը Կիլիկեան դարպասներ անուանումը ունի: Արեւելեան մասին մէջ Կիլիկեան Տաւրոսը կը միանայ դէպի հիւսիս-արեւելք, դէպի Հայկական լեռնաշխարհի կեդրոնական մասը ընթացող Անդիտաւրոսին, ատով իսկ միաձուլուելով այդ լեռնաշխարհին հետ:
Անդիտաւրոսէն հարաւ, Մալաթիայի շրջանին մէջ, գրեթէ Անդիտաւրոսին զուգահեռ, կը սկսի Հայկական Տաւրոսը, որ աւելի արեւելք, կիսաօղակ կազմելով կ՛եզերէ Հայկական բարձրաւանդակը: Հայկական Տաւրոսը գագաթներու բարձրութեամբ կը զիջի Կիլիկեան Տաւրոսին (անոր ամենաբարձր գագաթը ունի 3650 մեթր բարձրութիւն), բայց կը մնայ բարձրաբերձ լեռնաշղթայ մը: Հայկական Տաւրոսը, ի տարբերութիւն Գարա-լիկիական Տաւրոսին, միայն մէկ տեղ շատ ցածնայ ու կը «պատռուի», անցք բանալով Եփրատ մեծ գետին համար եւ այլ տեղ մըն ալ` Պիթլիսի մերձակայքը, կը ցածնայ այնքան, որ քիչ թէ շատ յարմար ելք կը բանայ ճանապարհի ու երթեւեկութեան համար: Հայկական Տաւրոսի մէկ կողմէն միւսը տանող լեռնանցքները չափազանց անյարմար են:
Հայկական Տաւրոսին գրեթէ զուգահեռ հիւսիսին մէջ կ՛երկարին Ներքին Տաւրոսին լեռնաշղթաները:
Յայտնի է, որ այստեղ շատ ընդհանուր գիծերով նկարագրուած Տաւրոսի լեռնային համակարգը յառաջացած է երբեմնի գոյութիւն ունեցած երկու` Կոնտուանա եւ Լաւրասիա մեծ մայրցամաքներէն առաջինէն երկրաբանական գործընթացներու հետեւանքով անջատուած եւ մայրցամաքներուն միջեւ գտնուող Թեդիս հնագոյն ոկիանոսը հատած Արաբա-սուրիական հսկայական սալին ու Լաւրասիոյ բախման հետեւանքով: Արաբա-սուրիական սալը հարաւէն ահարկու ուժով զարնուելով Լաւրասիային՝ ճզմած է արդի Իրանեան սարահարթին արեւմտեան, Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային, հիւսիս-արեւմուտքը` Անատոլիայ թերակղզիի տարածքին հարաւային «եզրերը» եւ մտնելով անոնց տակ, բարձրացնելով զանոնք, վերջնականօրէն ձեւաւորած է Տաւրոսի ներկայիս լեռնային համակարգը, ինչպէս նաեւ Զագրոսի լեռնաշղթան արեւելքին մէջ: Տաւրոսն ու Զագրոսը երկու ցամաքակտորներու բախման միեւնոյն պատճառով վերջնական կերպարանք ստացած խաչուող զօդուածքներ են: Յստակ է, ուրեմն, որ անգամ ծագումնաբանական առումով Հայկական բարձրաւանդակն ու Սուրիա-միջագետքեան տափարակը բոլորովին տարբեր են: Ամէն պարագայի, աշխարհագրական այս երկու առարկաները` Հայկական բարձրաւանդակն ու Սուրիա-միջագետքեան տափարակը, որոնք իրարմէ կը տարբերին նաեւ ռելիեֆով, կլիմայով, ջրագրութեամբ եւ շարք մը էական այլ յատկանիշներով, իրարմէ կը զատուին բնական յստակ սահմանով: Նոյնքան հասկնալի է նաեւ, որ բնական այդ սահմանը կ՛անցնի Հայկական Տաւրոսի հարաւային լեռնազանգուածներուն փէշերով: Նոյն այդ սահմանն ալ կը կազմէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի ծայրագոյն հարաւային բնական սահմանը, որ բազմապատիկ անգամ անմատչելի ու ամուր է քան Պոսֆոր-Տարտանէլեան ջրային «նուրբ» արգելքը:
Ժամանակն է յիշելու, որ Սուրիա-միջագետքեան տափարակին հիւսիսը վեր խոյացող հսկայական պատը` Տաւրոսը, առաջինը մենք չէ եւ միայն մենք չէ, որ կը համարենք Եւոպայի ու Ասիոյ բնական սահմաններուն մէկ մասը: Շատ աւելի կանուխ, 19-րդ դարու կէսերուն, գերմանացի զօրավար ֆոն Զիքթ այն կարծիքին էր, որ «Փոքր Ասիոյ բարձրաւանդակը Սուրիոյ եւ Միջագետքի դաշտէն բաժնող Տաւրոսի շղթան է որ կը ներկայացնէ Եւրոպայի իրական սահմանը: Փոքր Ասիան Ասիա չէ»: (Տե՛ս Հրանդ Փաստրմաճեան, Հայոց պատմութիւն, Պէյրութ, 1980, էջ 16):
Ճիշդ է, ֆոն Զիքթ Հայկական բարձրաւանդակն ու Փոքր Ասիան թիւրիմացաբար կը դիտարկէ որպէս մէկ տարածաշրջան, բայց այս պարագային խնդրին էութիւնը չի փոխուիր: Ինքը` Հրանդ Փաստրմաճեան, որ, ի դէպ, որդին է Ամերիկայի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի, վկայակոչելով այս տեսակէտը կիսող այլ հեղինակներ եւս, նմանապէս չի տարակուսիր, որ «որքան ալ սովորաբար այս երկիրը (Հայաստանը) նկատուի ասիական ցամաքին մէկ մասը, իրականին մէջ կը պատկանի Եւրոպայի սահմաններուն»: (Տե՛ս նոյն տեղը):
Այսպիսով, ինչպէս Պալքանեան թերակղզին, այդպէս ալ Անատոլիական թերակղզին ու Հայկական բարձրաւանդակը կը կազմեն մէկ-միասնական`արեւմտեան աշխարհամասին միաձոյլ եւ շարունակական մասեր, քանզի անոնց միջեւ եղած ջրային արգելքները նեղուցներու շրջանին մէջ, այն արգելքները չեն, որ կարելի ըլլար զանոնք դիտարկել որպէս Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ ինկած այն բնական սահմանները, որոնք կտրուկ կերպով, որակապէս, կ՛առանձնացնեն, իրարմէ կը զատեն աշխարհագրական այնպիսի հսկայական առարկաներ ինչպիսիք են աշխարհամասերը: Նման բնական սահմաններ կը հանդիսանան Տաւրոսեան լեռնային համակարգի Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան ափէն դէպի արեւելք շարունակուող եւ ցամաքին մէջ խորացող զանգուածեղ լեռնաշարերը` Կիլիկեան Տաւրոսն ու Հայկական Տաւրոսը, ի հարկէ նաեւ Ամանոսի լեռնաշղթան:
Ինչպէս արդէն կարելի էր նկատել, աշխարհագրական գիտութեան առարկայական չափանիշներէն մեկնելով եւ հաստատումներ կատարելով, այնուամենայնիւ, մենք հիմնահարցը չենք համարեր լիովին սպառած. տակաւին հարկ է անդրադառնալ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան բնական սահմաններու հարցին:
Մանրամասն կանգ չառնելով Միջերկրականէն դէպի հարաւ-արեւելք ինկած ափամերձ տարածաշրջանին վրայ, նշենք միայն, որ Ասիոյ ու Եւրոպայի բնական սահմանը այդ հատուածին մէջ կը կազմեն մօտաւորապէս Ալեքսանտրեթէն մինչեւ Սուէզի պարանոցը երկարող ծովեզերեայ լեռնաշղթաները: Չնայած այդ լեռնաշղթաները համեմատաբար ցած են, այնուհանդերձ, փիւնիկեցիներու ժամանակներէն ի վեր, լեռներուն ու ծովին միջեւ ապրող զանազան ազգերը շատ աւելի ներգրաւուած եղած են Միջերկրականի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հոգեւոր շփումներուն մէջ, քան սերտաճած եղած ըլլան ասիական համանման միջավայրին: Այո՛, ատիկա եղած է աշխարհագրօրէն կանխորոշուած յակում մը եւ ոչ թէ պատահականութիւն մը, մանաւանդ, որ դէպի արեւելք ու հարաւ, ընդհուպ մինչեւ Եփրատ գետը, գոյութիւն ունին մեծամասամբ անապատային տարածութիւններ: Այս տարածաշրջանը ներկայիս բաժնուած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ երբեմնի Պաղեստինի (Իսրայէլի) միջեւ: «Այդ լեռնաշխարհի կեդրոնը կը գտնուին Լիբանանի ու Անդիլիբանանի լեռնաշղթաները, իսկ երկու թեւերն են Կեաւուր-տաղի եւ Պաղեստինի շղթաները»: (Տես Ռուբէն, Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ․ Մ․Արեւելքի ժողովուրդներ ու երկիրներ, Պէյրութ – 1984, էջ 307:): Ի միջի այլոց, նկատենք, որ նման ըմբռնումին պարագային արդի Իսրայէլը կը ներկայանայ որպէս երեք աշխարհամասերու միացման անկիւնին մէջ գտնուող եւրոպական տարածք մը: Կը մնայ աւելցնել, որ, ըստ երեւոյթին, նշուած լեռնաշղթաները նոյնպէս ծագած են Կոնտուանայի ու Լաւրասիոյ բախումէն, եւ ատոր հետեւանքով ձեւաւորուած է Միջերկրականի արեւելեան ափը:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ Տաւրոսի արեւելեան վերջին կէտէն, այսինքն` այն կէտէն ուր հզօր լեռնաշխարհը կը մխրճուի Զագրոսի զանգուածին մէջ, դէպի հիւսիս-արեւելք տարածուող շրջանին բնական սահմաններուն, ապա, առանց տատամսումի պէտք է հաստատել, որ հիւսիս-արեւելքին մէջ այդ սահմանը կը հասնի Կասպից ծովու արեւմտեան ափագիծին, չնայած որոշ հեղինակներ չեն ընդունիր ասիկա:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան
Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3
Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fIj