Օդաչու Էտուարտ Պօղոսեան՝ 28 տարիներու փորձառութեամբ, Air Arabia օդանաւային ընկերութեան միանալէ ետք, իր կնոջը՝ ձեւագէտ (տիզայնըր) Լուսինին եւ իր երկու դուստրերուն հետ կը բնակի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ սկիզբը Շարժա, ապա Ապու Տապի: «Ամուսինս Էտուարտ Պօղոսեան Air Arabia-ի օդանաւորդ է, Մարինան` Air Arabia-ի օգնական օդանաւորդ»: Էտուարտին հայրը նոյնպէս օդանաւորդ եղած է, այժմ թոշակառու», կը պատմէ Լուսին Պօղոսեան:
«2006-ին, երբ ամուսինս օդաչու Էտուարտը աշխատանք ստացաւ Air Arabia-ի կողմէ, մենք տեղափոխուեցանք Շարժայ: 2024-ին, ամուսնոյս Air Arabia-ի գործի տեղափոխման պատճառով, մենք ներկայիս կը բնակինք Ապու Տապի», կը պատմէ Լուսին Պօղոսեան :
«Մենք ունինք երկու դուստր՝ Մարինա եւ Էվելինա: Մարինան ծնած է Երեւան, 2001-ին, Էվելինա ծնած է 2007-ին, Շարժա: Երկուքն ալ յաճախած են Շարժայի հայկական դպրոցը, մօտաւորապէս երեք տարի, 2007-2011: Երկուքն ալ ուսանած են Շաժայի «Victoria International School of Sharjah» դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ, Մարինան յաճախած է Air Arabia Academy: 2024-էն ի վեր, Էվելինան հոգեբանութիւն կ’ուսանի Շարժայի American University-ի մէջ», կը յայտնէ Լուսին:
Էտուարտ եւ Լուսին ծնած են Երեւան: Լուսինի մօրենական եւ հօրենական կողմը եղած են բժիշկներ: Մայրը եղած է Նախիջեւանէն, իսկ հայրը Բանանց գիւղէն[1]: Լուսինին մայրը ատամնաբոյժ է, իսկ հայրը՝ հոգեբոյժ:
Էտուարտի հօրենական կողմը եղած է Վանէն: Էտուարտին հայրը այսօր արդէն 80 տարեկան է, իր կեանքին 45 տարիներուն եղած է օդանաւորդ եւ ապրած է տարբեր երկիրներ՝ Պարսկաստան, Ափրիկէ եւ այլն:
Լուսին ծնած է 15 սեպտեմբեր 1980-ին: Ան 1997 – 2001 տարիներուն յաճախած եւ աւարտած է Երեանի «Գեղեցիկ արուեստներու ազգային ակադեմիոյ»[2] հագուստի ձեւագիտութեան (design) բաժանմունքը:
«Տարբերակ21 հանդէսին մէջ գրած էիք Թամարա Յովհաննիսեանի[3] մասին, եւ ես նշեմ որ Թամարային թոռնիկը՝ Նարեկը եւ դուստրս Մարինան եղած են Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի նոյն դասարանի աշակերտներ», կ’ըսէ Լուսին Պօղոսեան:
«Օ՜հ, ի՜նչ զուգադիպութիւն է այս…իրաւ որ, ո՜ւրկէ ուր, պիտի ըսէի…»: Շաքէ Մանկասարեան
Զոյգը բարձր կը գնահատէ տեղւոյն հայ համայնքին մէջ եկեղեցիներու արարողութիւններն ու քարոզները, միօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը եւ մշակութային ձեռնարկները։ «Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած օրէն ի վեր, մենք միշտ կը ջանանք ներկայ գտնուիլ եկեղեցական տօնական արարարողութիւններուն՝ սուրբծննդեան, Ծաղկազարդ, Ս. Զատիկ, Խաղողօրհնէք», կը շարունակէ Լուսին: «Վերջերս, 3 Մայիս 2025-ին, գտնուեցայ Ապու Տապիի «Հայկական գեղեցկութեան օր» ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էր Ազգային Արա Խանոյեան միօրեայ դպրոցի հոգաբարձութիւնը Yas island AMARA ճաշարանին մէջ», կ’աւելցնէ ան:
Առ ի տեղեկութիւն
ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼԻՐՐԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ
1995-ին, Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ 1998-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իրենց պաշտօնական այցելութիւններուն ընթացքին, խնդրած էին այդ օրուան նախագահ՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Զայետ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանէն հողամաս մը, որ Ապու Տապիի Հայ Համայնքը կարենայ իր եկեղեցին կառուցել: Վերոյիշեալ դիմումներուն շնորհիւ ու որպէս համայնքին համար եղած անմիջական աջակցութիւն, 1998-ին, երկրին նախագահը Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրեց 100.000 ամերիկեան տոլար եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընթացք կը տրուի նաեւ հողաշերտի մը գծով Վեհափառ Հայրապետներուն ներկայացուցած խնդրանքին: Տրուած խոստումին համաձայն, 2006-ին, երկրի գահաժառանգին մասնաւոր հրամանագրովը, «Մուսաֆահ» կոչուող շրջանին մէջ, Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրուեցաւ 2475 Ք. Մ. հողամաս մը: Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց համալիրը կ’ընդգրկէ Ապու Տապիի «Արա Խանոյեան» ազգային միօրեայ վարժարանը: 12 դեկտեմբեր 2014-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը կատարէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը: Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Ապու Տապիի նորակառոյց Արա Խանոյեան Ազգային վարժարանի Սուրէն Գոժագեան սրահին մէջ կատարուեցաւ ամավերջի հանդէսը [4]:
[1] Գիւղի անուան ծագումը ստուգաբանուած է, որպէս «բանանոց», այսինքն՝ «աշխատելու վայր: Առնուազն մ.թ.ա. 4-3-րդ հազարամեակներէն մինչեւ գրեթէ վերջին բռնագաղթը Բանանցը մշտապես եղած է ողջ երկրամասի առաւել մարդաշատ բնակավայրերէն մէկը։ 27 յուլիս 1989-ին, Բանանց գիւղի վերջին բնակիչները ենթարկուեցան բռնագաղթի, եւ հազարամեակներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ Բանանց գիւղիւն մէջ մարեցաւ հայ կեանքը։ Բռնագաղթի ենթարկուած բանանցեցիները գլխաւորապէս բնակութիւն հաստատեցին ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի եւ Սիւնիքի մարզի Մեղրիի ենթաշրջանները, Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի եւ շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ։wikipedia
[2] «Երեւանի Գեղեցիկ Արուեստների Ազգային Ակադեմիա»: Հասցէ՝ Երեւանի Արաբկիր համայնք, Յակոբ Յակոբեան 3: https://usum.am/news/er_ani_geghecik_arvestneri_azgayin_akademia/2017-09-05-55
[3] Թամարա Յովհաննիսեան. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը: Շաքէ Մանկասարեան, 23 ապրիլ 2025, Տարբերակ21, https://wp.me/pd909i-mnS
[4] Պատմական ակնարկ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի շինութեան, www.Emahay.com https://tinyurl.com/2es4k5uw