Վարշաւայէն Վատիկան շարունակուող ապիկարութիւնը եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը

Փրոֆ Արա Սայեղ

Վարշաւայի սլաքը

Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կ’ընդգծէ 24 մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը որ մինչեւ 7 յունիս շարունակուեցաւ, որուն մանրամասնօրէն անդրադարձանք եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք բացայայտելով կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ [1]։ Բնական է, կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը ոչ միայն խորապէս վիրաւորեց  իրաւատէր արցախահայութիւնը, այլեւ տագնապ ու զայրոյթ յառաջացուց համայն հայութեան մէջ։

Իրականութեան մէջ Վարշաւայի ցուցահանդէսը կողմնացոյց մըն էր, որմէ կարելի էր գուշակել, դէպի աւելի յանդուգն եւ մշակուած յաջորդ ցուցահանդէսներ, ընդլայնուած միջազգային հերքողական բնոյթով գիտաժողովներ, կլոր ու տարածուն զրոյցի սեղաններ կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Վարշաւայի ցուցահանդէսէն այնքան ընկալելի էր Ազրպէյճանի կողմէ «ԱՂՈՒԱՆԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» որդեգրած քաղաքականութեան հեռահար նպատակը: Վարշաւայի Ցուցահանդէսը փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն էր օրէցօր ընդլայնուող խեղաթիւրումի ծրագրի մը, որուն հիմնական նպատակն է ազերպայճանական քարոզչամեքենայի ամբողջական ուղղուածութեամբ եւ յաջորդական քայլերով՝ հերքել, ուրանալ եւ աղաւաղել հայկական Արցախի հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, եւ յատկապէս քարոզչական լայն հողատարածքներ ապահովելու Եւրոպայի մէջ, ժխտելու եւ միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները։

Բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական, հնագիտական թէ ազգագրական եւ նոյնիսկ լեզուաբանական ու կրօնական հակահայ սերտուած յայտագիրներով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղելու հայ իրաւատէրն ու անոր կրօնապատմական ժառանգութեան ճշմարտութիւնը, իսկական էութիւնը:

Յիշեցուցած էինք, որ անմեկնաբանելի է կաթոլիկ իշխանաւորներու պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքները տարածելու մասնակիցները ու մեղսակիցները դառնալու անվայելչութիւնը, մանաւանդ որ խղճալի ու մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն մը կը բուրէ: Ազրպէյճան իր նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագրերով՝ «Քրիստոնէական մշակոյթ»-ի, հոգեւոր քնքոյշ շղարշին տակ կարողացած է խաւարել, «ուղեղներու լուացում»-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, թափանցած է անոնց ողջ կազմերէն ներս եւ սկսած է ներսէն կրծել, չարաշահել Արցախի եւ ընդհանրապէս հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը, հոգեւոր ժառանգութիւնը: Այդ բոլորի դիմաց գերհրամայական էր, որ զգաստ եւ կարող հայ հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն գործնական ծրագրերով [1],

1-     Անյապաղ բարձրաձայնեն մոլորեցնող նման արարքներ, դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքներու ներգրաւումը,

2-     Համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերիական կեղծ հրապարակումներուն, սադրիչ պնդումներուն,

3-     Յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը,

4-     Աշխատանքային յայտագիրներու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու առաջնակարգութիւնը,

5-     Մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան` սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի եւ Արցախի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը:

Նպատակ չունինք արժեւորելու կամ քննարկելու, թէ որքանով վերոյիշեալ առաջադրանքները իրագործուեցան, կամ ընդհանրապէս ինչպիսի՞ համակարգուած գործնական ծրագրերով մենք կուրծք տուինք  կրօնամշակութային եւ պատմական ժխտողականութեան։ Սակայն փաստ է, որ ճիշդ պահուն հակազդելու մեր աշխուժութիւնը թոյլ է, նախագծուած ու  բաղձալի ծրագրերով չիրականանար։ 

Կարելի է յիշել նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, Վատիկանի ծառայութիւնը Պաքուի քարոզչամեքենային․ 2024 թուականի կիսուն Վատիկանի հովանիին տակ «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը  յօդուած մը հրատարակած էր՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձաններէն՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուէին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։ Յօդուածին հեղինակ՝ Ռոսելլա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը բացայայտէր Ազերպայճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh», ծանօթացած՝ «աղուանական ժառանգութեան» վեհաշուք վանքերուն։

Վատիկանի սլաքը

Ապրիլ 2025-ին, դարձեալ ազերիական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ, քրիստոնէութեան սիրտը համարուող Վատիկանի մէջ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, մանաւանդ  ցեղասպանուած հայ ուխտապահ ժողովուրդին համար, «նորէն ապրելու կամք»-ի Ապրիլ ամիսը, լեցուն խորհուրդով եւ յատկանշական կսկիծով, յորդորիչ յորդ թելադրողականութեամբ, եւ տակաւին մեր բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ է Արցախը, իր հոգեւոր պատմական ժառանգութեամբ, երբ առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի  դադրեցաւ ապրելէ։ Հակառակորդը իրավիճակին քաջածանօթ գիտակցութեամբ կատարեց կողմնացոյցի նախատեսուած յաջորդ քայլը։ Հռոմի հեղինակաւոր ու նուիրական Գրիգորեան համալսարանին մէջ Սուրբ Աթոռի՝ Ազերպայճանի դեսպանութեան եւ ազերպայճանական որոշ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Ապրիլ ամսուն 10 եւ 11 թուականին տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատ­մութիւն եւ արդիականութիւն» վիճայարոյց վերտառութեամբ գիտաժողովը, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։  Գիտաժողովի յայտագրին մէջ կը կարդանք, թէ 2001 թուականէն սկսեալ 2025 թուականի կազմակերպուած նշեալ գիտաժողովը 12-րդն է, որուն մէջ իբրեւ լոզունք կը յիշուի նաեւ՝ «Վաղ քրիստոնէութենէն սկսեալ Կովկասեան Ալպանիայի համայնքները, ուր այդ համայնքներ այսօր կ’ապրին Ազրպէյճանի՝ աշխարհիկ եւ բազմամշակութային պետութեան մէջ։ Ազրպէյճանը կ’երաշխաւորէ Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը՝ միաժամանակ նպաստելով միջկրօնական ներդաշնակութեան»։

Վատիկանի այս գիտաժողովին որպէս անդրադարձ, որոշ ժամանակէ մը հանդարտ ու անաղմուկ մնացող մեր հովուապետական աթոռներու հոգեւոր իշխանաւորները լռութիւնը խզելով, կայծակնային արագութեամբ իրենց լրջախոհ կոչերով հակադարձեցին, սթափած յայտարութիւններով անբաստանեցին, հաղորդագրութիւններով պարսաւեցին, բուռն ձեւով դատապարտեցին Վատիկանի կողմէ նման արարք մը։ Իսկ Վատիկանի ենթակայ հայ հոգեւոր իշխանաւորներ նախընտրեցին աւելի զուսպ մնալ կատարուածին հանդէպ։ Հոս կարելի է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդ բոլոր հոգեւոր իշխանաւորները, հայ աշխարհիկ միաւորները անտարբեր ու անաղմուկ մնացին, յախուռն հակազդեցութիւններ չկատարեցին մայիս 2024 թուի Վարշաւայի ազերիական ցուցահանդէսի պարագային։

Գաղտնի կազմակերպուած նման գիտաժողով մը քարոզարշաւի անշուք սեմինար մը կարելի է համարել, իր անհեթեթ նօսրութեամբ, իր  տարակուսելի մասնակիցներով  եւ իրմէ բխող կասկածելի արդիւնքներով: 

Բայց եւ այնպէս Պաքուի բռնապետական վարչակազմը կարողութիւնը ունեցաւ հայ ազգային տարբեր հարթակներ փոթորկել, հայկական մամուլի մէջ խայտառակող առատ մելան հոսեցնել, ժխտական անդրադարձներու տարափ մը տեղացնել,  ուր բոլորն ալ միաւորուած՝ խոր ցաւ, ընդվզում ու ափսոսանք յայտնեցին մեղսակից Վատիկանին այս անպատասխանատու վարքին համար։ 

Մեղադրանքներ, կոչեր, յորդորներ ուղղուեցան քրիստոնէութիւնը ծախու հանող Վատիկանին, որպէսզի պահպանէ պատմական հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ յատկապէս մերժէ ու հրաժարի ամէն տեսակի յօրինուած ու կեղծ կրօնական խաբեբայութիւններու մեղսակից ըլլալէ, հեռու մնայ պատմութիւնը վերաշարադրող նման նախաձեռնութիւններէ եւ հանրային պարզաբանում եւ ներողութիւն պահանջեցին Վատիկանէն։ Բացատրութիւններ պարտադրեցին հայ դասախօսներուն միտումնաւոր բացակայութեան համար, զայն նկատելով միակողմանի եւ գիտական անարդարութիւն մը պատմական բացայայտ ճշմարտութեան դէմ։

Միջյարանուանական բազմազան զօրակցական այցելութիւնները աշխուժացան նման նախաձեռնութիւնները կանխելու, դիմադրելու եւ չարագործ այս արարքին դէմ կանգնելու նպատակով։ Իրականութեան մէջ այդ բոլորը խօսքի փոխարէն շատոնց ծրագրուած եւ գործնական նախագիծերով հակազդելու պատրաստ պէտք է ըլլային, երբ թշնամին հանդարտ ձեւով վաղուց ծրագրած եւ Վատիկանի նման միջազգային հարթակի մը մէջ իրականացուցած էր։

ինքնադատութեան կողմնացոյցը

Բոլոր նախատեսուած պոռթկումները շատ ողջունելի, արդար ու գնահատելի են։ Քաջ գիտակցելով նաեւ, որ Վարշաւայի եւ Վատիկանի ծրագրուած քարոզչական յայտագիրներու քաղաքական ուղղուածութեան թիրախը կանխատեսելի եւ յստակ էր, երկու իրադարձութիւնները մէկն ու միւսը զիրար կը լրացնեն, այս մէկը առաջին կամ վերջինը պիտի չըլլայ։ Առաջին դասը որ կարելի է քաղել մեր հակառակորդներէն, մե՛ր տկարութիւններուն անդրադարձն է, մեր խոցելի թերիներուն ինքնաքննարկումն է։ Հարցը միայն Վատիկանի այսպէս կոչուած գիտաժողովի մը իրադարձութիւնը չէ, իսկական արժեւորումը այն է, թէ ի՞նչ ճիշդ ծրագրեր կրնայինք իրագործել ու չըրինք, ո՞ւր են մեր թերացումները, բացթողումները եւ կիսատ-պռատ գործիքակազմերը, հաւաքական թերիները, եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւել յառաջիկայի նման ծրագրեր։ Ինքնաքննութեան փորձը չընենք զոհի հոգեբանութեամբ, այլ՝ ճշմարտութեան արդարացի ինքնապաշտպանութեամբ, յառաջ երթալու վճռակամութեամբ եւ յաղթայարելու տրամադրութեամբ։ Հոս կարելի է մի քանի նկատողութիւններ ցանկագրել, պարզապէս օրինակներ յիշելու համար.-

  • Վատիկանը իբրեւ տիեզերական եկեղեցի բազմազգ կղերականներու վարչամեքենայով բանող կառոյց իր գործելաոճին մէջ ազգայինը աննշան է եւ անհրապոյր անհրաժեշտութիւն: Ուստի անխորհուրդ ակնկալութիւն է այդ կառոյցի բոլոր հոգեւորականներէն ակնկալել, որ հայասէրներ ըլլան կամ հայանպաստ ծրագրերուն համակիրներ։ Նոյն ժամանակ վերահասու գիտակցութեամբ, որ Վատիկանի այգիներուն մէջ 5 Ապրիլ 2018-ին, տեղի ունեցաւ հայ փիլիսոփայ, աստուածաբան, բանաստեղծ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի երկու մեթր հասակով արձանին բացումը։ Վատիկանի մէջ 28 Մարտ 2025-ին, վաւերացուեցաւ 1915 թուի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Շուքրալահ Մալոյեանի սրբադասման ու երանացման գործընթացը։
  • Հարց տանք մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ բոլոր միաւորներուն՝ նուազագոյն վերջին հինգ տարիներուն ինչպիսի՞ ստուեր եւ պերճաշուք թիւով քարոզչական ծրագրեր եւ աչքագրաւ վայրերու մէջ բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան ցուցադրական արշաւներ նախաձեռնեցինք, շրջուն ցուցահանդէսներ իրականացուցինք, երկխօսութիւններ կազմակերպեցինք։ Նման բազմապիսի քարոզչական բազմազան արշաւներ պէտք էր կազմակերպած ըլլայինք Եւրոպայի զանազան երկիրներու, մայրաքաղաքներու, քաղաքներու, եկեղեցիներու, կրօնամշակութային տարբեր հաստատութիւններու մէջ, հանրայնացնելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան յատկաբանութիւնը, արդար ու գիտական լուսաբանութիւններով պարզելու հայ հոգեւոր ժառանգութեան եզականութիւնը, Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ ծրագրուած հայկական պատմական փաստերը շահարկելու եւ հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումին դէմ։
  • Օրինակելի է Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով իր գործունէութիւնը ծաւալող Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որուն գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ, հակադարձելով Ազերիական մայիսեան ցուցահանդէսին, այս անգամ 2024 թուականի հոկտեմբեր 4-18-ը, Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամին հետ՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն մը» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ Վարշաւայի մէջ։
  • Շրջուն բնոյթով նման քարոզչական ցուցահանդէսներ, յաճախակի շրջագայութեամբ պէտք է իրականանան Եւրոպայի այլ երկիրներուն մէջ։ Անշուշտ, հոս բարձր կարելի է գնահատել monumentwatch.org կայքի տարած խղճամիտ, գիտապատմական, հարուստ տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով շտեմարանի հարթակը։
  • Միջազգային հարթակներու վրայ աւելի բարձրացնելու անյապաղ կարիքը ունինք Ազերպայճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւերու մասին։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիս 2024 թուին, հրապարակած բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման զեկոյցները կը փաստագրեն, որ 2023 էն ի վեր 75 տոկոսով աւելցած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը, արբանեակային պատկերներու բացայայտումով, որոնք նոյն թափով կը շարունակուին:
  • Պէտք է բարձրաձայն հակադարձել «Ազրպէյճանը իբրեւ երաշխաւորը Քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումին ու զարգացումին՝ միաժամանակ նպաստողը միջկրօնական ներդաշնակութեան» անհեթեթ լոզունքին, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, նոյնինքն ազերիական ծրագիրներով, ձեռքերով իրագործուած բարբարոսական ոչնչացումը, ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ այդ «աղուանական» եկեղեցիներուն, կրօնապատմական կոթողներուն, գերեզմաններուն ու գիւղերուն քանդումը, ինչո՞ւ այդ բոլորը ամբողջական քանդումին կ՛ենթարկուին։
  • Եւրոպայի եկեղեցիներուն եւ հոգեւորականներու, հանրութեան լայնածաւալ ձեւով տարածա՞ծ ենք «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի» կոչերը՝ յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։
  • Արբանեակային փաստագրումներով բացայայտա՞ծ ենք 2020 թուի պատերազմէն ետք, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, երբ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կոթողներ, հոգեւոր կառոյցները՝ եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ,կը ջնջուին հայկական արձանագրութիւնները հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ պարագաներուն այդ եկեղեցիները մզկիթներու կը վերածուին:
  • Եւրոպայի տարածքին Պապական Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումնարաններ եւ կրօնական հաստատութիւններ այցելա՞ծ ենք, մեր ցուցահանդէսներով, գիտական քարոզարշաւներով եւ սեմինարներով ներկայացուցած ու բացատրա՞ծ ենք հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, ինքնութիւնն ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան արդարացիութիւնը, գիտական հիմքերով բացայայտա՞ծ ենք պատմական ճշմարտութիւնը։
  • Արդար ըլլալու համար քրիստոնեայ արեւմուտքը, Աստուածաբանական ուսումնարանները ընդհանրապէս անտեղեակ են արեւելքի կրօնական հակամարտութիւններէն, քիչ ծանօթ են հայկական պատմական ժառանգութեան մանրամասնութիւններուն, հայ կրօնական մշակոյթի առանձնայատկութիւններու բովանդակութեան։  

Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի են բոլորիս, ծանօթ են նաեւ նուաստ  միտումները՝ Վարշաւա, Վատիկան կամ այլուր հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկաներ դարձնելու նախագիծերը:

Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ,  ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ  ԾՐԱԳՐԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ  ԼԾՈՒԻԼ: 

[1] https://darperag21.net/%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b7%d5%a1%d6%82%d5%a1%d5%b5%d5%ab-%d5%b4%d5%a7%d5%bb-%d5%a1%d5%a6%d5%a5%d6%80%d5%ba%d5%a1%d5%b5%d5%b3%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d5%a2%d5%a1%d5%a6%d5%b4%d5%a1%d5%b4%d5%b7%d5%a1/

Արա Սայեղ ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ներկայիս Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող է Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի Ճարտարագիտութեան համալսարանի (Politechnika Wroclawska) ի
կենսոլորտի բաժանմունքին մէջ: Երկար տարիներու իր դասախօսական, գիտական եւ վարչական ներդրումը ունեցած է Հալէպի պետական համալսարանի ուժանիւթի բաժնի վերելքին։ Իբրեւ հալէպահայ իր տարիներու ծառայութիւնը եւ գործունեայ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ իր զանազան յօդուածներով հանդէս եկած է Սփիւռքի ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ լեհահայ համայնքի ժամանակակից եւ լեհահայոց` պատմական Սփիւռքի դարաւոր ժառանգութիւնը։ Հրատարակած է գիտական գիրքեր, անոնց կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներու՝
արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով: Արժանացած է Լեհաստանի Նախագահի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 2017 թուին առ ի գնահատանք՝ իր լեհահայ համայնքի մէջ գործօն մասնակցութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Azadouhi Kalaidjian-Simonian
Azadouhi Kalaidjian-Simonian
4 days ago

Շատ ուժեղ յօդուած է, որ կը յստակացնէ ամենայն մանրամասնութեամբ այն ինչ որ կատարուելու էր առաջին օրէն։ Յստակ է որ մեր կառոյցներուն ուղղուած են եղած ցուցմունքները, որոնք ունին կարելիութիւնը հարցերը դիմակալելու։ Թէ՛ ղեկավարութեան թէ անդամներուն պարտականութիւնն էաչալուրջ հետեւիլ եղած նենգափոխումներուն եւ ահազանգել ուր որ անկ է։ Արա՛, ահազանգը հնչեցուցած ես այնքան յստակ եւ մանրակրկիտ ձեւով կը մնայ անսալ եւ դարմանել վէրքը։ Միայն մտիկ ընեն քու կանչիդ եւ հետեւին քու ցոյց տուած դարմաններուդ։ Վարձքդ կատար սիրելի Արա:

Շաքէ Մանկասարեան

Ինքնադատութեան կողմնացոյցը ենթախորագրին ներքոյ ներկայացուած բոլոր ինքնադատական հարցերը գիտական վերլուծումով.փրոֆ. Արա Սայեղ Ara Sayegh լուսարձակի տակ առնելով ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՄԵՐ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, զոր օրինակ` «այցելա՞ծ ենք, մեր ցուցահանդէսներով, գիտական քարոզարշաւներով եւ սեմինարներով ներկայացուցած» « բացատրա՞ծ ենք հայ եկեղեցւոյ կառոյցը, ինքնութիւնն ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան արդարացիութիւնը, գիտական հիմքերով» «բացայայտա՞ծ ենք պատմական ճշմարտութիւնը։» Խորաթափանց այս վերլուծութիւնը ներկայացուած է գործնական փուլերով, կը մնայ որ պատասխանատու մարմինները ներկայացուած հարցերը արժեւորեն ինքնադատութեան մէջ: Շնորհակալութիւն յայտնենք մեր շատ սիրելի ու յարգելի փրոֆ. Արա Սայեղին, մաղթելով, որ իր քննարկած հարցերը գործնական քայլերով իրականութիւն կը դառնան:

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x