Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վահէ Պէրպէրեանի վեց ելոյթները, այսինքն` աւելի քան երեք հազար հանդիսատեսներ, եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ տարբեր սերունդներու եւ տարբեր շրջանակներու մէջ Վահէն փնտռուած եւ սիրուած երեւոյթ է:

Վահէն քննադատողներ շատ կան բնականաբար, սակայն իրականութիւնը այն է, որ այն պատգամները, զորս մենք` այսինքն աւանդական կառոյցները, կ՛ուզենք փոխանցել մեր ժողովուրդին, հասանելի չեն:

Չենք կրցած հասնիլ բոլորին, մենք մեզի, մեր շրջապատով սրահ լեցնելով նոյն հանրութեան եւ նոյն ձեւով կրցած ենք փոխանցել:

Սակայն Վահէին հանդիսատեսը մեզի ծանօթ չէ: Մեր շրջապատին հետ կապ չունի, նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ո՛ւր է:

Հետաքրքրական հանրութիւն մըն է:

Վահէն տուաւ պատգամը այս հանրութեան: Հո՛ս է Վահէին արժէքը: Արցախի պարտութենէն ետք չյուսահատելու, զիրար հանդուրժելու, հայերէն լսելու, հայ ըլլալով ուրախանալու, միակամ ըլլալու պատգամները մենք ո՛չ մեր ձայնասփիւռով, ո՛չ թերթով եւ ո՛չ ալ ընկերային ցանցերով կրցած էինք հասցնել այս թիրախին:

Ըսել չէ, թէ հայ չեն: Ոչ ալ ըսել է, որ պէտք է դատապարտենք, որովհետեւ մեզի մօտիկ չեն: Ընդհակառակը, այս հանրութիւնը հեռու է հայկական միջավայրէն: Կրնամ ըսել, որ երեք հազար հանդիսատեսէն հազարը մենք էինք, երկու հազարը` տարբեր շրջաններէ, տարբեր շրջանակներէ, տարբեր մտածողութեամբ:

Այս իմաստով Վահէ Պէրպէրեան երեւոյթ է: Վահէին այցելութիւնները գաղութներուն մէջ շարժ կը ստեղծէ` հանդիսատեսի, մտածողութեան, մօտեցումի եւ իմաստի:

Վա՛րձքդ կատար Վահէ՛:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x