Սիրան Շաբոյեան Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հայկական սփիւռքի մէկ մասնիկը

Արմատներով Էրզրումցի, Սիրան Շաբոյեան ծնած է 30 յունուար 1989-ին, Հրազդան քաղաք, Հայաստան յայտնի Շաբոյ ընտանիքին մէջ: «Ծնողքս նոյնպէս ծնած է Հայաստան, մօրենական մեծ հայրս՝ Արմենակեան Երուանդը էրզրումէն էր.  ինք եւ իր կինը՝ Նոյեմզարը պատերազմի տարիներուն տեղահանուած հայերուն հետ կը փախչին եւ կը հասնին  Ֆրանսա՝ որոշ ժամանակ ապրելով հոն, յետոյ կու գան Հայաստան եւ կը կազմեն իրենց ընտանիքը», կը պատմէ Սիրան:

Սիրան ուսումը ստացած է Հրազդան քաղաքի Ջրահատի Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցը, որմէ ետք շարունակած է ուսումը Երեւանի  Best Computer Design հիմնարկին մէջ որպես ծրագրաւորող: 2007-ին, Սիրան իր ընտանիքին հետ կը մեկնի Թուրքիա եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պոլսոյ մէջ: Սիրան 3 ամսուայ ընթացքին կը սորվի թրքերէնը եւ կը սկսի աշխատիլ իր մասնագիտութեամբ՝ ծրագրաւորող:

2011-ին, Սիրան կը ծանօթանայ իր ամուսնոյն՝ Ժագ Էքմէքճիին, որ արդէն կ’ապրէր ու կ’աշխատէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: «Մեզ կը ծանօթացնէ Ժագին ընկերը եւ մենք առաջին անգամ իրարու  ը հանդիպինք Պոլսոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, եւ այդ արդէն Աստուծոյ խնամութիւնն էր մեր երկուքին համար», կը նշէ ան:

Ժագ ծնած է Հալէպ, յաճախած է յայտնի Զուարթնոց դպրոցը  եւ երկար տարիներ ծառայած է Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Սիրան եւ Ժագ տարի մը ետք, 2012-ին, կը պսակուին Ծաղկաձորի Կեչառիս[1] եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սիրան Ժագին միանալով՝ կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: 25 սեպտեմբեր 2013-ին, Սիրան եւ Ժագ կը բախտաւորուին իրենց առաջին զաւակով՝ էլէն, 20 մայիս 2015-ին՝ մանչ զաւակով՝ Արթին»: Սիրան իր երկու զաւակներն ալ կը ծննդաբերէ Հայաստանի մէջ:

Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը  կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի տայ. Սիրան հալէպէ՞ն է, թէ՞ Պէյրութէն…անվարան կը հաստատեմ այս մէկը: Շաքէ Մանկասարեան

«Արաբերէն կը խօսիմ, կը հասկնամ, բայց ոչ կատարեալ», կ’ըսէ Սիրան:

էլէն 11 տարեկան է, Արթին 9. կը յաճախեն Տուպայի  Saint Mary’s Catholic High School։ Էլէն եւ Արթին յաճախած են նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը:

Օգնական Ուսուցչուհիիի ծառայութիւնը

Սիրան իր ջերմ փափաքով կ’որոշէ ծառայել Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանին: 2019-ին, կը ներկայանայ վարժարանի տնօրէնութեան, տնօրէնուհի տիկին Վարդուկ Գարակիւլեան-Փիլիպպոսեանին եւ կ’ընդունուի աշխատանքի որպէս կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի: Այդ շրջանին, տարի մը մանկապարտէզպանուհին էր տիկին Ալինէ Դաւիթեան-Արթունեան, որմէ ետք մանկապարտէզն ու նախակրթարան ունեցան մէկ տնօրէնութիւն: 2019-2024, Սիրան եղած է կոկոն դասարանի օգնական ուսուցչուհի,  մարտ 2024-էն 2025՝ երկրորդ դասարանի:

Միօրեայ վարժարանի բանակումներ

Հետեւեալ տարիներուն, Սիրան իր մասնակցութիւնը բերած է դպրոցի եռօրեայ բանակումներուն՝ (9-11 Դեկտեմբեր 2022,  21-23 ապրիլ 2023 եւ  23-25 փետրուար 2024), որոնք կազմակերպած էին Արա Խանոյեան եւ Օհանէսսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանները, Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, 9 տարեկանէն վեր գաղութի բոլոր պարման-պարմանուհիներուն համար:

Սիրան սիրով կը յիշատակէ բանակումին պատասխանատուները. անցեալ երեք տարիներուն՝  Պրն. Մաթիկ Մանուկեանը, տարբեր տարիներու՝ Պրն. Մանոն, տիկին Մեղրիկը, տիկին Տիգրանուհին, տիկին Դալարը: 

Դպրոցին բանակումը ունէր յատուկ յայտագիր՝ երգի ուսուցում, դաշտային խաղեր, տեսերիզի ցուցադրութիւն, կրօն, ձեռային աշխատանք, մարզանք: Որպէս դաստիարկաչական կեանք, բանակումը ունէր ընդհանուր զարգացման մրցում,  դասախօսութիւններ (Հայաստանի աշխարհագրութիւն, Կոմիտաս վարդապետի մասին, կենցաղավառութիւն եւ Արցախի մասին),  ձեռային աշխատանք եւ հայերէն երգերու ուսուցոմ։ Սիրան սրտի մեծ գոհունակութեամբ կը յիշէ, թէ բանակումի աւարտին ինչպիսի յուզումով բոլորը կը բաժնուէին՝ նման առիթներով վերստին միանալու մաղթանքներով:

Ճաշ եփելու սէրը եւ ասեղնագործութիւնն ու դերձակութիւնը

«Շատ կը սիրեմ պատրաստել հայկական ճաշեր», կ’ըսէ Սիրան: Սիրան հայկական խոհանոցի սիրահար է եւ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ կը պատրաստէ մեր բոլորին քիմքին հաճոյ «ղափամա», «տոլմա», «սեմսէք», «լահմաճիւն» եւ այլն…:

2020-ին, Շարժայի Տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած ասեղնագործութեան դասընթացքին, Սիրան խանդավառութեամբ կը հետեւի քանի մը դասապահերու, բայց իր տկար տեսողութեան պատճառով կ’ընդհատէ դասերը: Սիրան տակաւին իր սրտին մէջ կը փայփայէ Մարաշի ասեղնագործութիւն սորվիլ ու հմտանալ անոր մէջ եւ յոյսով է, որ անպայման պիտի սորվի։

Սիրան հագուստներ կարելու շնորհքը ժառանգած է իր մօրմէն  եւ «օրերով թելն ու ասեղը ձեռքս է», – կ’ըսէ ան, «կարած եմ հագուստներ, տարբեր ձեւի պտուղներու, բանջարեղէններու, ինքնաշարժի կերպարով տարազներ: Պատրաստած եմ փոքրիկներու ուսուցման համար ձեռային խաղալիքներ, որոնք շարժական կերպարներ են՝ արեւ, ամպ, օդանաւ, ծառ, թռչուն, տնակ եւ այս բոլորը իր «քլիբ»ներով կը կպչին ու կը հանուին:

«Շատ կը սիրեմ Շարժայի մեր հայկական դպրոցը, ան իմ տունս է:  Չկայ օր մը, որ ես տխուր մտնեմ դպրոց. կը սիրեմ փոքրիկները եւ ինծի հետ սիրայօժար ծառայող ընկերուհիները», կ’ըսէ Սիրան, ու կը շարունակէ ջերմ ու տաքուկ խանդավառութեամբ. «մեր դպրոցին բոլոր դասապահերը, ձեռնարկները, հանդէսները կը ներկայացնեն շա՜տ հետաքրքրական մանկական աշխարհ մը, ուր մենք՝ ուսուցչական կազմս մէկ ձեռքի նման կ’աշխատինք դպրոցին մէջ եւ որու շնորհիւ ալ պիտի վկայեմ ըսելու, որ գերազանց աշխատանք կը կատարուի հոն»:

իր ամուսնոյն Ժագի սրտի առողջական հարցին պատճառով, Սիրան կ’ընդհատէ իր ծառայութիւնը մարտ 2025-ին. կը մեկնին Հայաստան: Վիրահատութիւնէն ետք, իր կատարեալ առողջութիւնը վերագտնելու համար Ժագ կը կարօտի կազդուրման որոշ շրջանի: Սիրան յոյսով է, որ կը վերադառնան Տուպայ յառաջիկայ ամիսներուն ու ինք կը շարունակէ ծառայել իր սիրած Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէկ մասնիկն է Սիրան Շաբոյեան-Էքմէքճի: Սիրան եւ իր ընտանիքը մասնակից են համայնքի միջոցառումներուն: «Ճիգ չեմ խնայած ընտանիքիս հետ ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյ պատարագներուն եւ տօնական տաղաւարներուն, կազմակերպուած դասախօսութիւններուն», կը պատմէ Սիրան: «Արեւմտահայերէն կը խօսիմ նաեւ մեր տան մէջ, իմ զաւակներուս եւ ամուսնոյս հետ»:

[1] Կեչառիսի վանքային համալիր, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի, Կոտայք մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը՝ կառուցուած 11-13րդ դարերուն: Բաղկացած է չորս եկեղեցիներէ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Սուրբ Նշան եկեղեցի, Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x