Հեղինակ՝ Պետրոս Մանուկեան
Համաշխարհայնացման դարաշրջանին, մեծ ընկերութիւններու կողմէ հակակշռուած հսկայ լրատուամիջոցները չունին այլեւս մենաշնորհը իրենց ուզածին պէս լուրեր փոխանցելու զանգուածներուն. բացարձակ տիրապետութիւն չկայ այլեւս:
Այս երեւոյթին լաւագոյն օրինակը Միացեալ Նահանգներն է, ուր մեծ ընկերութիւնները (corporations) հաւանաբար ունին մեծագոյն ազդեցութիւնը: Նախագահական նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, լրատու հսկայ ընկերութիւններէն իւրաքանչիւրը կը սատարէ թեկնածուի մը: Առնենք 2017-ի ընտրութիւնները՝ դեմոկրատ Հիլարի Քլինթընին եւ հանրապետական թեկնածու Տոնըլդ Թրամփի միջեւ: Թերեւս բացառութեամբ սերտօրէն հանրապետականներուն կապուած պահպանողական Fox News-էն, միւս բոլորը գրեթէ կողմնակից էին Քլինթընի (նոյնիսկ Fox News-ը հարցեր ունէր Թրամփի հետ): Աւելին, համացանցային լրատու մեծ ընկերութիւնները, ինչպէս՝ Google-ը, Facebook-ը եւ Twitter-ը, կը նկատուէին Քլինթընի ընտրութեան կողմնակից:
Թրամփ գործեց խելամտօրէն եւ այս իրավիճակը օգտագործեց ի նպաստ իր քարոզչութէան` ամերիկացիներուն մատնանշելով corporate-ներուն ռազմավարութիւնը, եւ աջակողմեան ու պահպանողական հանրային կարծիքը շրջելով ի նպաստ իրեն: Ան զօրաշարժի ենթարկեց աջակողմեան blogger-ներու հսկայական առցանց բանակ մը՝ օգտուելով այլընտրանքային լրատուամիջոցներու ընծայած առիթէն, եւ շուտով իր ելեկտրոնային բանակը կրցաւ մրցիլ հսկայ լրատուամիջոցներուն հետ ու քարոզչական հաւասակշռութիւն մը ապահովեց:
Այս նոյն գործիքը այսօր որդեգրուած է Հայաստանի մէջ, որ սակայն աւելի արդիւնաւէտ է մայրաքաղաքին եւ որոշ քաղաքներու մէջ, ուր մարդիկ կը հետեւին համացանցային լրատուութեան: Հայաստանի մէջ կան մարզեր, ուր դեռ ժողովուրդը այնքան ալ ծանօթ է համացանցային լրատուութեան եւ տակաւին կ’ապաւինի աւանդական լրատուամիջոցներուն՝ մասնաւորաբար հին սերունդը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի նոր սերունդը, որ կը տիրապետէ համացանցային հմտութիւններու, մեծամասնութեամբ քաղաքականութեամբ չի զբաղիր:
Այս բոլորը կրնան բացատրել այն երեւոյթը, որ քաղաքամայր Երեւանի մէջ կը գործէ խայտաբղէտ տեսականի մը կուսակցութիւններու, որոնք գրեթէ ծանօթ չեն մարզերուն մէջ:
Մ. Նահանգներու օրինակը եւ այլընտրանքային մետիայի մեքենայութիւնները
Կ’արժէ լուսարձակի տակ առնել Ամերիկեան քաղաքական կեանքի, մասնաւորաբար Թրամբ երեւոյթի օրինակը՝ ցոյց տալու դասական ու այլընտրանքային մետիայի հաւասար օգտագործումը ապատեղեկատուութեան եւ քաղաքական մեքենայութիւններու համար:
Կը թուի պարագան ըլլալ նոյնը գրեթէ ամէն տեղ:
Մինչեւ այսօր, Ն. Նահանգներ բնակող բոլոր ընկերներս, որոնք համակիր են populist Տոնըլտ Թրամփին, կը պնդեն թէ՝
– Պըրնի Սանտըրզ, որ ինքզինք ժողովրդավար ընկերվար կը ներկայացնէ եւ խորքին մէջ անոր բոլոր առաջարկները կարելի է զետեղել զուտ ընկերային բարեկարգումներու ծիրին մէջ (միայն բարեփոխումներ կը պահանջէ ազատական դրամատիրական շուկայի համակարգին մէջ) եւ ոչ մէկ կապ ունի ընկերվարութեան հետ, Թրամփի կողմնակից իմ ամերիկահայ բարեկամներս, հակառակ իմ բացատրութիւններուս, կը պնդեն, թէ «Պըրնին համայնավար է» եւ հետամուտ «համայնավար Ամերիկայի ստեղծումին». ապատեղեկատուութիւն եւ demagogy գործածուած Թրամփի այլընտրանքային մետիային կողմէ:
-Թրամփի ամերիհահայ համակիրները (անշուշտ Թրամփի բոլոր կողմնակիցներուն կողքին) կը տարածեն անոր այն անհեթեթ գաղափարը, որ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը այժմ գրաւուած եւ պատանդ վերցուած է «արմատական ձախերուն» կողմէ՝ մոռնալով այն իրողութիւնը, որ յիշեալ կուսակցութիւնը նէօ-ազատական կեդրոնի կուսակցութիւն մըն է, որ կը ֆինանսաւորուի Ուոլ Սթրիթի միլիառատէր մեծ հաստատութիւններուն կողմէ:
-Երբեմն նաեւ կը տեսնենք, որ Թրամփի որոշ հայ կողմնակիցներ, որոնք դաւադրութեան տեսաբաններ են, նաեւ կը յայտարարեն, թէ «դեմոկրատները գաղտնի ծրագիր ունին ոչնչացնելու Ամերիկան` Ճորճ Սորոսի եւ Ռոթծչայլտներու կողմէ կազմակերպուած մութ գաղտնի դաւադրութեամբ մը, եւ հետամուտ են ստեղծելու համայնավար Միացեալ Նահանգներ մը»:
Ամբոխավարական եւ չարամտական քարոզչութիւնները չեն սահմանափակուիր հանրապետական ճակատին մէջ: Դեմոկրատներու կարծիքով, Թրամփը ռուս լրտես է, իսկ ռուսերը թափանցած են Միացեալ Նահանգներու համացանցային դրութեան մէջ եւ խարդախած Թրամփի յաղթանակը: Հետագային պարզուեցաւ որ ռուսերու դերակատարութիւնը սահմանափակուած էր Թրամփի ի նպաստ գովազդներուն 100.000 ամերիկեան տոլարի ներդրումով, մինչդեռ իւրաքանչիւր թեկնածուի ընտրական արշաւի պիւտճէն կը գնահատուի տասնեակ միլիոններով:
Հետեւաբար, կրնանք եզրակացնել, որ 21-րդ դարուն ամբոխավարութիւնն ու քաղաքական չարախնդութիւնը պատանդ վերցուցած են ժողովրդավարութիւնը` եւ ոչ միայն դասական, այլեւ այլընտրանքային լրատուամիջոցներուն կողմէ՝ մէկ տարբերութեամբ, որ դասականին պարագային՝ հեղինակն ու թիրախը կ’ըլլան աւելի յստակ, մինչ այլընտրանքային մետիայի պարագային՝ ոչ: