Հեղինակ՝ Պետրոս Մանուկեան
Հայ հանրածանօթ մենակատար կատակերգակ Վահէ Պէրպէրեան իր արտայայտած իմաստուն միտքերէն մէկուն ընթացքին, բեմին վրայ իր զուարթախոհ ոճով արտայայտեց հետաքրքրական գաղափար մը, որուն համաձայն, անձեր` որոնք կ’ուզեն քուէարկել, պէտք է նախ ստուգեն իրենց IQ-ն՝ համոզելու, որ բաւարար չափով գիտակցութիւն ունին եւ հասկցած են իրենց ընտրած թեկնածուին ծրագիրը եւ ըստ այնմ կը քուէարկեն անոր: Վահէն հիւմըրով արտայայտեց իր գաղափարը եւ շատեր ծիծաղեցան առանց անդրադառնալու թերեւս որ իրենց ալ կը վերաբերէր այս առաջարկը: Բնականօրէն, Վահէին առաջարկը գործնականօրէն իրագործելի չէ, ոչ ալ գաղափարականօրէն ընդունելի, սակայն մտածել կու տայ, թէ մարդիկ ինչ մեծ տգիտութեամբ ու անգիտակցութեամբ յաճախ կը կատարեն իրենց ընտրութիւնները:
Չէ՞ք կարծեր որ գործնականակապէս դրամագլուխը եւ մեծահարուստներն են որ կ’որոշեն ընտրութիւններու արդիւնքերը կամ առնուազն մեծապէս կ’ազդեն անոնց վրայ: Չենք խօսիր կաշառքի կամ անօրինական միջոցներու մասին, բայց եկէք միամիտ չըլլանք՝ ընտրական արշաւները դրամագլուխ կը պահանջեն: Բազմաթիւ թեկնածուներ շատ հաւանաբար աւելի լաւ արշաւներ կատարեն ու արդիւնքներ ձեռք բերեն, եթէ իրենց համար ձեռնտու ըլլան գովազդային ու լրատուական միջոցները, որոնք սակայն դրամագլուխ կը պահանջեն: Մինչ անդին, հարուստ թեկնածուներ յաճախ դրամով հարցազրոյցներ կ’ապահովեն պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի հաղորդավարներու հետ` նոյնիսկ եթէ այդ մէկը արգիլուած է օրէնքով: Տակաւին, չմոռնանք, որ ընդհանրապէս մետիայի տէրերը իրենք մաս կը կազմեն հարուստներու շահերը պաշտպանող խաւին: Բազմաթիւ արժանաւոր թեկնածուներ յաճախ կը կորսնցնեն ընտրութիւնները, որովհետեւ բաւարար դրամագլուխ չունին:
Ժողովրդավար դրութեան մէջ, իտէալ ընտրարշաւի մը ժամանակ անխտիր բոլոր թեկնածուներուն պէտք է հաւասարապէս առիթ տրուի օգտագործելու մետիան՝ անկախ արծարծուած տեսակէտներու տարբերութեան կամ հակասականութեան: Գաղափարը պէտք է գերակշռէ անձը եւ ոչ թէ հակառակը՝ մասնաւորաբար թեկնածուին դրամը:
Ինչ կը վերաբերի այն գաղափարին, որ ընտրողը պէտք է ունենայ յստակ իմացութիւնը քաղաքական առաջադրանքին, որուն ի նպաստ կ’ուզէ ինք քուէարկել, եթէ նորէն փորձենք գործածել մեր երեւակայութիւնը, այդ մէկը հաւանաբար ցոյց պիտի տայ, թէ ան որքան ժամանակ յատկացուցած է քաղաքականութեան, ինչ որ կը դրսեւորէ այլ սպառնալիք մը. շատ ժամանակ յատկացուցած ըլլալու պարագային, կրնանք ենթադրել, որ ան այս կան այն ձեւով կապուած է քաղաքական կուսակցութեան մը՝ անդամ կամ ոչ, իսկ մեր կարծիքով քաղաքական կուսակցութիւններու գերակայութիւնը` պարզ մտահոգ քաղաքացին կը զրկէ ազգային կարեւոր որոշումներու բանաձեւումին մասնակցելու իրաւունքէն:
Ուստի, մենք յանգած ենք այն եզրակացութեան, որ թէեւ ժողովրդավարութիւնը ունի բազմաթիւ թերութիւններ եւ հեռու է կատարեալ ըլլալէ, սակայն ան նուազագոյն վատ տարբերակն է այլ ընտրանքներէ:
Հետեւաբար մեզի կը մնայ որդեգրել այլ լուծում մը, որ կարելի չափով կրնայ կարգաւորել ճիշդ ընտրութիւն կատարելու առաջադրանքը՝ գիտակցութիւն եւ արթնամտութիւն, իսկ արեւելահայերէնով՝ իրազեկութիւն:
Կը շեշտենք այս բառերը՝ գիտակցութիւն եւ արթնամտութիւն:
Բայց մեր իրականութեան մէջ, ո՞վ պիտի տարածէ եւ ժողովրդականացնէ իրազեկումը:
ժողովրդավար յառաջադէմ երկիրներու, մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ, քուէարկողները ընդհանրապէս իրազեկ են իրենց քաղաքական ընտրութիւններուն:
Այս յօդուածով պիտի փորձենք ընթերցողներուն հետ կիսել իմ տպաւորութիւններս` ելլելով իմ ապրած երկու երկիրներուն` Լիբանանի եւ Հայաստանի փորձառութիւններէն, ուր երկու երկիրներու պարագային ալ խօսքի ազատութիւնը առկայ է: Անշուշտ կան թերութիւններ, բայց հիմնականին մէջ մենք ու այլ լրագրողներ օգտուած ենք խօսքի ազատութեան մեր իրաւունքէն թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ՝ անկախ իշխանութեանց նկամամբ մեր թեր ու դէմ կեցուածքներէն:
Սկսելու համար պէտք է նշել, որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը չունի քաղաքական գիտակցութիւն եւ երկու երկիրներու պարագային ալ քաղաքական առաջնորդները ճիգ չեն խնայեր, որ այդպէս ալ մնայ կացութիւնը՝ սակայն տարբեր միջոցներով ու ռազմավարութեամբ. անոնք խելամիտ միջոցներով յաջողած են ստեղծելու սերունդներ, որոնք զուրկ են ընկերային եւ քաղաքական գիտակցութենէ:
Լիբանանի պարագային քաղաքական առաջնորդները քաղաքական բազմաթիւ գաղափարներ զետեղեցին իրենց համախոհներուն միտքին մէջ` խառնուած կրօնական, համայնքային եւ ծայրայեղ գաղափարներով: Որոշ կուսակցութիւններ երբեմն քարոզեցին գաղափարներ, որոնք բազմաթիւ համախոհներ ունեցան մեր սերունդին մէջ, բայց յանկարծ ճիշդ հակառակը կը գործադրէին: Անոնց մեղանչումները, սակայն, կը մնային աննկատ:
Այնքան ծայրայեղ գաղափարներով լուացուեցան զանգուածներու ուղեղները՝ մասնաւորաբար կրօնական ծայրայեղականութեամբ, որոնք շփոթ ստեղծեցին երկրին ինքնութեան մասին. որոշ գաղափարներ ազգայինը առաջարկեցին` լիբանանեան ֆաշականութեամբ ու մեկուսապաշտական ձգտումներով յագեցած, ուրիշներ կրօնական պետութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ շարժեցան: Սակայն այս բոլորը իրական չէին, այլ կը քողարկէին ուրիշ բան:
Այդ մէկը լիբանանցիներուն «ես»ն (ego) էր: Տարածուած գաղափարները թիրախ ընտրեցին լիբանանցիներուն ոչ թէ միտքը, այլ եսը իբրեւ արդիւնաւէտ զէնք մը` ստեղծելով լիբանանցիներու սերունդ մը, որ իր որդեգրած քաղաքական գաղափարը կը շփոթէ, կը նոյնացնէ/նմանցնէ իր նախասիրած մարզական խումբին հետ եւ մարզական մոլեռանդութեամբ կը մօտենայ քաղաքական հարցերու: Մինչ մարզական կեանքի մէջ ֆանաթիզմը ընդհանրապէս վնասակար չէ, քաղաքական կեանքին մէջ ան միայն աւերներ կրնայ գործել: Մինչ մարզական կեանքի մէջ, նախասիրած մարզիկը հերոսացնելը բնական երեւոյթ է, անդին քաղաքան կեանքի մէջ, ղեկավարը, առաջնորդը մարզիկի նման հերոսացնելը՝ անձը կը դարձնէ առաջնահերթ, իսկ քաղաքական ու գաղափարական առաջադրանքները՝ կը մատնուին մոռացութեան: Հետեւանքը՝ անձի երկրպագութիւն, իսկ հայրենիքը՝ պատեհապաշտութիւն:
Մեր յաջորդ յօդուածով կը շարունակենք քննարկել, թէ ժողովրդային իրազեկութեան բացակայութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: