Անցեալ քանի մը շաբաթներուն, ամէն անգամ որ աղջկանս կը նայէի՝ կը տեսնէի մտահոգ, մելամաղձոտ ու տխուր նայուածքներ, իսկ եթէ ժպտար՝ կարծես կը ծածկէր թաքուն վիշտ մը: Այո՛, աշխարհի չորս ծագերը ցրուած ամողջ հայ ժողովուրդը ունէր նոյն մտահոգութիւնը եւ նոյն ցաւով կ’արիւնէր բոլորին սիրտը: Արցախի բռնագրաւումն ու մեր ժողովուրդին բռնի տեղահանութիւնը կը ճմլէ մեր սիրտերը ու կը փոթորկեցնէ մեր հոգիները՝ բոլորիս, փոքր ու տարեց: Այսքան տարիներ ետք կրնա՞յ արդեօք պատմութիւնը ինքզինք կրկնել եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ աւելցնել սեւ նոր էջեր՝ իբրեւ թէ յառաջդիմած աշխարի աչքերուն առջեւ: Պէտք է վերջ տալ այն սուտին, որ մարդկային իրաւունքները միայն ճառերով ու առ երես կը պաշտպանէ:
Երբ մօտենալով աղջնակիս հարցուցի, թէ ի՞նչն էր որ այնքան կը մտահոգէր ու կ’անհանգստացնէր զինք, ան պատասխանեց. «երանի՜ չերթայի, երանի՜ չտեսնէի»: Արցունքի կաթիլներ գլորեցան աչքերէն ու քանի մը վայրկեան ետք շարունակեց. «ասկէ քանի մը տարի առաջ լուր ստացայ Լիլիթէն, թէ հայրը զինուրագրուեր է, ապա եղբայրը, իսկ հիմա բոլորովին լուր չունիմ թէ ի՞նչ պատահեցաւ այս ընտանիքին: Լիլիթը եւ այդ քանի մը աղջիկները, որոնք Շուշիի մէջ նոյն թաղամասը կը բնակէին, բոլորին լուրերը դադրեցան»:
Անմիջապէս հասկցայ, թէ ի՞նչ էր անոր լուռ տրտմութեան պատճառը:
2015-ի ամառն էր, երբ աղջնակս եւ երկու լիբանանահայ աշակերտներ մեկնեցան Հայաստան, ուրկէ պիտի անցնէին Արցախ՝ հոն ներկայացնելու Լիբանանահայ երեք Աւետարանական վարժարաններ Շուշիի Բան Աւանի ասմունքի հանդիսութեան: Անոնք նախ միանալով Սփիւռքի Նախարարութեան նախաձեռնած «Արի Տուն» ծրագիրին՝ պիտի այցելէին Հայաստան, պիտի ծանօթանային աշխարհի չորս ծագերէն եկող իրենց նման հայ պատանիներու եւ պիտի պտըտէին հրաշագործ ու գեղեցիկ պատմական ու հոգեւոր վայրեր, ապա պիտի անցնէին Արցախ:
Իւրայատուկ փորձառութիւն էր թէ՛ ինծի համար իբրեւ ծնողք եւ թէ՛ աղջկանս՝ Կասիային համար, որ անբացատրելի հրճուանքնով միացաւ իրեն նման հայ պատնիներու, միասին տեսան ու ծանօթացան իրենց հայրենիքին, միասին խօսեցան ու խնդացին, պարեցին ու երգեցին, պտըտեցան ու լսեցին իրենց պապերուն հոգեմտաւոր պատմութիւնը:
Ամէն օր որ կը խօսէինք հեռախօսով: Կասիան կը պատմէր. «մամ այսօր շատ պատանիներ տեսայ, բոլորը հայերէն կը խօսին, շատ ուրախ եմ ասոր համար»: Ուրիշ օր մը կ’ըսէր. «մամ չորս-կողմս հայերէն տառեր կը տեսնեմ եւ շատ մը առարկաներու վրայ հայերէն գրուած է, քանի մը հատ հետս կը բերեմ որ տեսնէք»: Այլ օր մըն ալ կ’ըսէր. «այսօր շատ տխուր օր էր, բոլորս լացինք եւ իրարու փաթթուեցանք, որովհետեւ Ծիծեռնակաբերդ գացինք»: Ամէնէն յատկանշականը՝ երբ օր մը հեռախօսէն ուժգին պոռաց. «Արարատը, Արարատը տեսայ, հո՛ս պէտք է ըլլաս մա՛մ եւ դուն ալ տեսնես, չեմ կրնար նկարգրել գեղեցկութիւնը, հպարտ կագնած այդ լեռը, երբ ամպերուն ետեւէն կը սկսի երեւիլ, սրտիդ մէջ զօրութիւն ու հպարտութիւն կը դրոշմէ. կարծես աչքիս առջեւէն կը տողանցէ հոս ապրած, կռուած, երգած ու աղօթած ազգիս պատմութիւնը, ականջիս մէջ կը հնչէ ուսուցիչիս խօսքերը՝ Արարատը մեր ամուր ու պինդ գոյատեւման խորհրդանիշն է»: Պարմանուհիիս խօսքերը կը փշաքաղէին մարմինս ու կը զսպէի որախութեամբ խառնուած յուզումս, բայց ան կը շարունակէր. «հիմա յստակ նկար մը պէտք է առնեմ, յետոյ կը խօսիմ», ու հեռաձայնը կ’անջատուէր:
Շատ երկար չէր տեւեր ընդհատումը: Գիշերը դարձեալ կը խօսէր. «Երեւանի գիշերներն ալ տարբեր են, հոսկէ ընկերներս եւ կը տեսնենք մայրաքաղաքին պսպղուն լոյսերը, հոն բնակարաններուն մէջ ապրողները հայ ընտանիքներ են, իրենց տաքուկ բնակարաններուն մէջ հաւաքուած: Վստահ իրենք ալ մեզի պէս իրենց փոքրերուն կը պատմեն մեր քաջ հերոսներուն պատմութիւնները, կը սորվեցնեն աղօթել միասնական հայրենինքին համար», երկար շունչ կը քաշէր եւ կը շարունակէր. «ճամբան հայերէն աշուղային երգ ու նուագ կը լսես այնքան անուշ, որ կարծես մեղմ զեփիւռին հետ խառնուած կը կախարդէ քեզ ու ոտնաքայլերդ կ’արագացնէ դէպի այդ ուղղութեամբ»: Եւ այսպէս ամէն օր կը պատմէր իր առօրեայէն մաս մը: Օր մըն ալ ըսաւ. «հոս ալ ապահով է, գիտես ինչո՞ւ, որովհետեւ ինչպէս մեր տունը դուն կը հսկես, նոյնն ալ հոս՝ Մայր Հայաստանի յուշարձանը կը հսկէ ոչ միայն մայրաքաղաքին, այլեւ ամբողջ երկրին: Նոյնիսկ երկինքը աւելի մօտ կը զգաս հոս, այնքան որ վանքեր ու եկեղեցիներ կան», կ’ըսէր ան:
Երկու շաբաթ ետք ժամն էր: Լիբանանէն մեկնող երեք պարմանուհիները պիտի բաժնուէին իրենց մեծ խումբէն եւ ուղղուէին Արցախ՝ դէպի Շուշի: Դժուար էր բաժանումի պահը, սակայն նորէն հանդիպելու եւ հեռաձայնային կապեր հաստատելու խոստումները կը թեթեւնէր ցաւը: Քանի մը ժամ ետք արդէն Շուշի հասած էին: Դժբախտաբար, հեռաձայնի կապերը այդքան ալ լաւ չէին: Առաջին իսկ հեռաձայնին, Կասիան կ’ըսէ. «հոս դրախտ է մամ, հոս երազային տեղ մըն է»: Պահ մը լռութիւն կը տիրէ, յետոյ դողդոջուն ու յուզուած ձայնով մը կը շարունակէ. «այդ երգը, որ երգած ենք «Կարկաչ» երգչախումբով՝ միաժամանակ հեռակայ կապուելով Շուշիի Վարանդա երգչախումբին, այսօր հոս պիտի երգեմ իսկական միանալով Վարանդա երգչախումբին, որովհետեւ մեր խմբավարը՝ պրն. Զաքարը հոս է:» Օրին, երգը կապած էր զիրենք Արցախցի պատանիին ու միասին դարձած էին խոստմնալից ծիլեր մեր ապագայ ժողովուրդին, հողին ու պապենական ժառանգութիւններուն: Անոնք թէեւ մարմնապէս հեռու էին, բայց կարօտի ու հայրենասիրութեան հոգին արդէն իր ամուր արմատները նետած էր մեր սուրբ հողին խորերը: Իսկ եթէ՞ այդ պատանիները միատեղ հաւաքուին ու երգեն Ամիրխանեանի այս տողերը.
Երազի իմ երկիր հայրենի,
Հոգսերդ շատ, յոյսդ մեծ,
Քարքարոտ երկիր:
Ես մի բուռն եմ քո հողի,
Ես մի ծիլն եմ քո արտի,
Ես մի թերթն եմ քո ծաղկի,
Հայրենի երկիր,
Հայաստան:
Յաջորդ հեռաձայնը բաւական ետք էր, Կասիան հանդարտ ձայնով կ’ըսէր. «Շուշին շատ գեղեցիկ է, իսկ ժողովուրդը աննման: Այսօր ընկերուհի մըն ալ ունեցայ, անունը՝ Լիլիթ, ինծի պէս կ’ասմունքէ եւ «Վարանդա» երգչախումբէն կ’երգէ»: Քիչ ետք նորէն կը խօսէր ու կ’աւելցնէր. «Լիլիթին հետ ասմունքի փորձի առիթը ունեցայ, ան ալ պիտի մասնակցի մրցումին»: Պահ մը ետք ուրախ ձայնով մը կ’աւելցնէր, «իսկ այս գիշեր բոլորս պրն. Զաքարին տունը պիտի հաւաքուինք, ես շատ սիրեցի Լիլիթը եւ հոս ապրող պատանիները, չէի գիտեր որ այսպիսի մարդիկ կը գտնուին եւ անոնք Արցախցի են»: Արդէն յաջորդ օրը ասումնքի ելոյթն էր ու ես անհամբեր լուր կը սպասէի: Աչքս ու ականջս հեռաձայնին էր, եւ յանկարծ բջջայինիս վրայ ստացայ գրաւոր նամակ մը, Կասիան էր որ կ’ըսէր. «Մամ շատ յաջող էր եւ ես երրորդ մրցանակը ստացայ մեծ թիւով աշակերտներու մէջէն, նոյնպէս՝ Լիլիթը», յաջորդ նամակը կ’ըսէր. «հիմա ուրիշ պատանիի մը տունը հրաւիրուած ենք, շուտով պիտի մեկնինք խումբով, իսկ գիշերը պրն. Զաքարենց տունը պիտի ըլլանք: Ես շատ ուրախ եմ, շուտով կը ղրկեմ նկարները»:
Այդ գիշեր հեռաձայն չէի սպասեր Կասիայէն, որովհետեւ վստահ էի որ իր պատանեկութեան յիշողութեան ամէնէն գեղեցիկ ու անմեղ էջերուն վրայ պայծառ նոր էջեր պիտի աւելցնէր: Իսկական հայու ոգիով ներշնչուած դրուագներ եւ անմոռանալի ու անկրնկնելի յիշատակներ կը դրոշմէր Արցախի հողին վրայ. ղարաբացիին հետ եւ անոր սեղանին շուրջ աղ ու հաց պիտի ընէին: Աղն ու հացը Արցախցիին հետ եղած էր կարծես ուխտ մը, խոստում մը, թէ ուր ալ ըլլան, անոնք միշտ միասին են ու մէկ: Եթէ այդպէս չըլլար, Կասիան այսօր տակաւին լուր պիտի չսպասէր՝ տեղեկութիւն մը այդ պատանիներուն մասին, յոյսի նշոյլ մը եւ այդպէս վշտացած նայուածքնեով պիտի չհետեւէր լուրերուն, եւ երբեմն ալ երկու ափերը ամուր սեղմած կարծես աղօթքներով կ’ուզէր օգնել Արցախի իր ընկերուհիներուն: Չէ որ անոնք՝ Լիբանանէն եւ Արցախէն, միասնաբար երգած էին նոյն երգը. «ես մի բոյրն եմ քո հողի, ես մի ծիլն եմ քո արտի», յետոյ սեղան նստած եւ աղ ու հաց ըրած եւ նոյն ուխտով միացած՝ իրեց կարգին ծիլերը արձակած մէկ ու միասնական նոր սերունդին:
Յաջորդ օրը, Կասիան պիտի վերադառնար ու ճամբայ չելած կը գրէր.
Սիրելի մամ եւ անուշիկ աղբարիկս՝ Նարեկ
«Մամ՝ այսօր պիտի մեկնինք Արցախէն եւ առնենք վերադարձի ճամբան, շուտով կը միանանք: Բայց երէկ գիշեր քունը չտարաւ աչքերս եւ սկսայ մտածել, թէ արդեօք մենք բոլորս հոս կրնա՞նք գալ եւ հաստատուիլ: Մտածեցի, որ Լիբանանի բոլոր ընկերներուս ալ ըսեմ, անոնք ալ թող այցելեն այս հրաշք վայրը ու ծանօթանան հոս ապրող աննման ժողովուրդին, եւ միտքս կու գար երգի մը բառերը զոր միասին կ’երգէինք եւ գիշերը ես աղօթքի նման կը կրկնէի, «…լաւ ընկերոջ համար անգամ, կեանքը կու տայ ղարաբաղցին…» ապա կ’աւելցնէր, «վստահ եմ, որ դուք ալ պիտի սիրէք այս տեղը, պէտք է հոս գա՛նք ու ապրինք:»
Ցեզ շատ սիրող՝
Կասիա
Իրականութիւն դարձած երազը այդքան արագ անցաւ, որ ես չհասայ տեսնելու Արցախը, բայց մինչեւ այսօր, երբ կը դիտեմ այդ պատանիները՝ երեւակայութեամբ կը փոխադրուիմ այդ հրաշք վայրը ու կ’ընկերանամ հոն ապրող ժողովուրդին հետ: Վստահ եմ, այնքան ատեն որ ունինք նման պատանիներ, այսպիսի դաստիարակութիւն, երգ, ասմունք եւ մշակոյթ, որոնք շաղախուած են արիւնով ոռոգուած հողին հետ, Արցախը չի կրնար դիմանալ օտարի լուծին: Այդ հողը կրնայ միա՛յն իր պատանիներով, հայ պատանիներով կենսաւորուիլ:
Կասիան կ’աւելցնէ. «երբեմն կ’ըսեմ երանի չերթայի ու չտեսնէի, երբեմն ալ յանցանքի զգացում մը կը փոթորկէ հոգիս. պէտք էր հոն ըլլայի անոնց հետ: Բայց գիտես մամ, զարմանլիօրէն յուսահատ չեմ, մանաւանդ երբ կը վերյիշեմ Շուշիի մէջ ասմունքած կտորներէս մէկը՝ Ուխտ Արարատի, …պիտի հասնինք, սրբազան լեռ, պիտի հասնինք կատարիդ»:
Եւ պիտի գայ այն օրը, երբ դարձեալ պիտի հաւաքուինք նոյն սեղանին շուրջ՝ սրբազան Արցախի հողին վրայ, Շուշիի մէջ:
Այս պատգամը ես տեսայ արցախցի պատանիներու աչքերուն մէջ: