«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Բ. եւ վերջ)

Կազմաւորումս

Ճիշդ այս կազմակերպութիւններու մէջ զարգացուցած եմ իմ հայկական եւ մշակութային ինքնութինս՝ մասնակցելով Երիտասարտաց Հայդուկ խումբի հանդիպումներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն: Թէեւ հայկական դպրոց չյաճախեցի, բայց ինքնուս կրցայ ամբողջացնել իմ հայկական գիտելիքներս:

Ճիշդ այս շէնքին մէջ էր, որ 1960-ականներու սկիզբը առաջին անգամ ըլլալով եւ միայն այդ առիթով տեսայ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը: Նաեւ տեսայ այն բոլոր անձնաւորութիւնները, հայ եւ օտար, որոնք այդ շէնքին մէջ կ’այցելէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատուներուն: Հոն էր որ տեսայ հայ մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանը, երբ ան 1965-ին Եգիպտոս էր՝ Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի յիշատակի ոգեկոչման առիթով։

Այս բոլորը ազգային հպարտութեան առիթներ կը հանդիսանային, որոնք զիս մօտիկ կը պահէին հայ համայնքին, եւ անոնք է, որ զիս դարձուցած է այն, ինչ որ եմ այսօր։

Շնորհակալութի՛ւն մայրիկ, որ տարիներ առաջ այդ գիշեր զիս տարիր Նաւասարդ սրահ՝ միանալու որպէս կազմակերպութեան կրտսեր անդամ։

12 տարեկան էի, երբ ինծի թոյլատրեցին, որ առանձին երթամ շաբաթ կեսօրուայ հանդիպումներուն, նաեւ շարժանկարի սրահ երթալ եւ այցելել մօտակայքը ապրող այլ ընկերներու։

Ես դարձած էի երիտասարդ գործառու մը՝ օգնելով դրացիներուս, հոգալով անոնց առօրեայ գործերը եւ պէտքերը, եւ այդ ձեւով գանձելով քիչ մը յաւելեալ գումար եւ աւելցնելով արձակուրդներու եւ տարեդարձիս առիթով ստացած դրամական նուէրներուն վրայ։ Երջանիկ էի։

Դպրոցին մէջ կային  քանի մը այլ հայ աշակերտներ, եւ այսօր, աւելի քան 50 տարի ետք, ես դեռ կապի մէջ եմ Գանատայի  եւ աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող հայ եւ օտար  քանի մը դասընկերներու հետ:

1956-ին, ես աւարտեցի նախակրթարանս  եւ ընդունուեցայ երկրորդական։

Նպատակս վկայական ստանալ էր։ 1960-ին, մասնակցեցայ պետական կրթական քննութեան, բայց չյաջողեցայ։ Թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան դասանիւթերուն մէջ լաւ չէի. նախքան պետական քննութիւններու արդիւնքներու հրապարակումը,  ես արդէն սկսած էի լիաժամ դրութեամբ աշխատիլ: Ես գիտէի, որ պիտի չյաջողիմ:

Ես ամէնօրեայ լիաժամ դրութեամբ սկսայ աշխատիլ 1960-ին, 18 տարեկանիս, որպէս աշկերտ երկու եղբայրներու՝ Նասիպ եւ Թորգոմ Ղարիպեաններու պատկանող հայկական արեւտուրի  հաստատութեան հաշուապահութեան բաժնին մէջ։ Երեք բաժին ունեցող ընկերութիւնը՝ «Նասիպ-Թորգոմ»-ը, մասնաճիւղ մըն էր, որ կը վաճառէր ալիւմինիոմի շերտեր,  (aluminium sheets) եւ պատուհաններու համար նախատեսուած ծածկոյթներ, երկաթեայ իրեր, ելեկտրական պիտոյքներ, վինիլէ փսիաթներ (vinyl mats), շերտափակ փեղկեր (venetian blinds), եւ կենցաղային ներածուած բազամազան իրեր։

«Tegeco»-ը ընկերութեան ներածումի բաժանմունքն էր, իսկ «Նասթորը»՝ արհեստանոցային բաժինը, որ կ’արտադրէր շարժանկարի սրահի աթոռներ, փայտէ պատրաստուած խանութներու ցուցանակներ եւ ներածուած ալիւմինիոմ, ինչպէս նաեւ ֆլորէսան լամբեր, նաեւ ֆլորէսան լամբերու յատուկ ելեկտրականութեան պատեաններ (electrical housing units):

Հաշուապահական բաժնին մէջ մէկ տարի աշխատելէ ետք, զիս տեղափոխեցին արտադրութեան բաժին: Ամսական աշխատավարձս 11-էն բարձրացաւ 18 եգիպտական լիրայի, ինչ որ այդ ժամանակ բաւական մեծ գումար էր, յատկապէս անոնց, որոնք չունէին միջնակարգ դպրոցի վկայական, եւ երբ այդ ժամանակ պետական պաշտօններու դիմող համալսարանաւարտներու համար ճշդուած աշխատավարձը 20 եգիպտական լիրա էր։ Սկզբնական շրջանին, պարտականութիւնս էր վաճառացուցակի, գոյքերու ցուցակագրութիւններու պահպանումը եւ արհեստանոցին համար օգտագործուած նիւթերու հաշուապահութիւնը:

Գերազանց աշխատանքիս համար ես արժանացած էի իմ տնօրէններուս եւ ընկերութեան սեփականատիրոջ յարգանքին ու վստահութեան, իսկ որոշ ժամանակ ետք, իմ պարտականութիւններս բազմացան: Կը մասնակցէի ընկերութեան անունով կատարուող մրցոյթներուն եւ ինծի տեղական որոշ գնումներու լիազօրութիւններ տրուած էր՝ կապուած յաճախորդներու պատուէրներուն։ Ես նաեւ կապի միջոց էի ընկերութեան եւ յաճախորդներու միջեւ։

Աշխատանքիս ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու նպատակով, զայն բաժնած էի. առաւօտեան՝ ճամբուս վրայ հանդիպիլ յաճախորդներուն եւ արձանագրել անոնց կարիքներն ու պատուէրները, իսկ կէսօրին կատարել գրասենեակային աշխատանքները։ Ես կը սիրէի աշխատանքս եւ բծախնդրօրէն կը կատարէի պարտականութիւններս։

1962-1964 տարիներուն, ծառայած եմ եգիպտական բանակին՝ բժշկական զօրաբաժնին մէջ, եւ քանի որ տեղակայուած էի Գահիրէ, կրնայի ամէն օր ժամը 14:00-ին տուն երթալ եւ միաժամանակ կիսաժամ աշխատիլ կէսօրէ ետք եւ ուրբաթ օրերը, ինչ որ պերճանք եւ մենաշնորհ էր, զոր բանակի շատ մը այլ զինուորներ չունէին։

1964-ին, զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք, վերսկսայ լիաժամ աշխատելու Նասիպ-Թորգոմ ընկերութեան մէջ մինչեւ հոկտեմբեր 1966, երբ հեռացայ Եգիպտոսէն՝ Գանատա գալու համար։

1965-ին դարձայ ՀՅԴաշնակցութեան անդամ, կնքահայրս բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որ այդ ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր եւ պատահաբար կը գտնուէր Եգիպտոս։

1960-1966 տարիներուն, բացի բանակին ծառայելէս, աշխուժօրէն մասնակցած եմ Երիտասարդացին եւ կարճ ժամանակով եղած եմ վարիչ մարմնի անդամ։ Այս բոլորը աւարտեցան հոկտեմբեր 1966-ին, երբ մօրս հետ լքեցի Եգիպտոսը՝ միանալու եղբօրս՝ Նուպարին, որ 1964-ին, հաստատուած էր Թորոնթօ։

Մենք Եգիպտոս ձգեցինք 16 հոկտեմբերին, մէկ շաբաթ մնացինք Աթէնք, մօրս զարմուհի Վիքթորիա Սայանի տունը։ Մայրս իր զարմուհին չէր տեսած այն օրէն, երբ անոնք փախած էին Թուրքիայէն՝ ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն առաջ։ Վիքթորիան մնացած էր Յունաստան եւ ամուսնացած Պետրոս Միքայէլեանի հետ, անոնց որդին՝ Գրիգորը ամուսնացած էր գեղեցիկ յոյն աղջկայ մը՝ Ռեճինայի հետ եւ բախտաւորուած էին Վիքթորիա անունով աղջիկ զաւակով։

Ես վայելեցի Աթէնքը. զարմիկս Գրիգորին հետ շրջագայեցայ  քաղաքի եւ հին յունական պատմական վայրերը։ Մենք ձգեցինք Աթէնքը, գիշերեցինք Ամսթըրտամի մէջ, եւ յաջորդ օրը, 24 հոկտեմբեր 1966-ի երեկոյեան ժամանեցինք Թորոնթօ։

Նոր կեանք եւ նոր սկիզբ

Նոր աշխարհի ժամանած էի՝ նոր կենսակերպով, նոր սովորութիւններով, բայց անցումը այդքան ալ դժուար չէր. կը թուէր կարծես շարունակութիւնը ըլլալ այն բոլորին, զոր ես անցեալին կը կատարէի։

Ես բախտաւոր էի, որ սկսայ աշխատել Թորոնթօ ժամանելէս քանի մը օր ետք։

Եղբայրս Նուպարը արդէն աշխատանք դասաւորած էր իր պաշտօնավարած Drug Trading Co. Ltd-ի ընկերութեան արտադրական բաժնին մէջ. այդ ժամանակուայ դեղ վաճառող մեծ ընկերութիւններէն մէկը։ Աշխատանքը գոյքագրման վերահսկիչի պարտականութիւնն էր՝ առաւօտեան ժամը 9-էն կէսօրէ ետք 5. յարմարիլը քիչ մը ժամանակ առաւ։ Այդուհանդերձ, պէտք է ըսել, որ բաւական ժամանակ ունէի հանգստանալու, երեկոները դուրս ելլելէ առաջ:

Առաջին կիրակի օրը գացինք Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին, ուր հանդիպեցայ իմ հին ընկերներուս, որոնց չէի տեսած անոնց Եգիպտոսէն հեռանալէն ի վեր, եւ այլ հայերու, որոնք աշխարհի տարբեր մասերէ բնակութիւն հաստատած էին Գանատա։

Մէկ այլ յետմիջօրէի, մասնակցեցայ ՀՅԴ-ի իմ առաջին հանդիպումին, որ ժամանակաւորապէս տեղի կ’ունենար Քոլէճ պողոտային վրայ գտնւող YMCA-ի սենեակներէն մէկուն մէջ, մինչեւ նոր շէնքին աւարտը, զոր գնած էին շնորհիւ երկար տարիներէ ի վեր Գանատա հաստատուած հայերու  ներդրումներուն եւ ջանքերուն։

Այստեղ հարկ է նշել, որ շէնք ունենալու եւ զայն մեր «Տուն» եւ հայ համայնքի կեդրոն կոչելու գաղափարը կեանքի երազանքն էր մեծ տեսլական ունեցող՝ «The Georgetown boys» -ի հայ որբերէն՝ Գուրգէն (Քըրք) Մակարեանի, որուն Գանատա բերած էին 1923-ին:

Երբ Գանատա ժամանեցի, ընկեր Գուրգէնը արդէն Թորոնթոյի նշանաւոր հայերէն մէկն էր՝ գործարանատէր, ձեռնարկատէր  եւ ունէր իր սեփական լուացքատան գործը։ Ան ամուսնացած էր եւ զաւակ չունէր. Ան մեր բոլորին հետ կը վարուէր որպէս իր սեփական զաւակները: Այլ նշանաւոր հայերու կողքին, ընկ. Գուրգէնը կարեւոր դեր խաղցաւ «Avenue Road եւ Dupont Street» փողոցներուն անկիւնը գտնւող «ACC» շէնքը գնելու գործին մէջ։

Այդ շէնքին մէջ էր, որ ես մասնակցեցայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին ժողովին, եւ նոյն այդ շէնքին մէջ անցուցի կիրակի օրերուս մեծ մասը: 1960-ականներուն, Թորոնթոյի մէջ կիրակի օրերը շատ ընելիք բան չկար, ուստի այս շէնքը այդ ժամանակ մեծ թիւով հայերու հանդիպման վայրն էր։ 31 դեկտեմբեր 1966-ին, մենք այդ շէնքին մէջ ունեցանք նոր տարուայ խրախճանք-երեկոյթը՝ նախքան անոր վերանորոգումը…:

Այդ շէնքը դարձաւ հայ համայնքի կեդրոնը 1967-ի աշնան. յիշարժան երեկոյ էր, երբ մենք բոլորս մտանք ներս՝ պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու։

Այդ այժմ մեր տունն էր, ուր կը կազմակերպէինք մեր հանդիպումներն ու ձեռնարկները, եւ ուր նորեկներն եւ անոնց զաւակները տեղ կ’ունենային հաւաքուելու եւ շարունակել պահպանելու մեր ժառանգութիւնը, այնպէս ինչպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը ըրած էր Քանատա գալէն առաջ։

Ես չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշերը. բոլորին աչքերուն ուրախութեան արցունքները, յատկապէս մեր սիրելի ընկեր Գուրգէնը։

Այդ շէնքին մէջ էր, որ տեղի ունեցաւ առաջին պաշտօնական ձեռնարկը՝ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 77-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ պատգամախօսը՝ ընկեր Արթիւր Կիրակոսեանը, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի՝ Providence, Rode Island-ի ընկերներէն էր:

Յաջորդ օրը, կիրակի կէսօրին, Թորոնթոյի Սողոմոն Թեհլիրեանի կոմիտէի ժողովն էր, եւ դարձեալ ընկ. Կիրակոսեանն էր հիւրը։ Տիւփոն փողոցին վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը կը ներառէր 1969-էն ի վեր եղած է ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութեան գրասենեակները։

1966-1972, աշխուժօրէն մասնակցած եմ տեղւոյն ՀՅԴ շարքերուն եւ ներգրաւուած եմ եղած համայնքային գործունէութեան մէջ։ Եղած եմ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան տեղական գործադիր յանձնախումբերու եւ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի գործուն անդամ, ինչպէս նաեւ մասնակցած եմ  ՀՅԴ-ի եւ ՀԵԴ-ի շրջանային ժողովներուն որպէս ընտրուած պատգամաւոր։ Մասնակցած եմ ներկայացումներու եւ այլ միջոցառումներու։ Հպարտութեամբ եւ ամենայն համեստութեամբ եղած եմ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի խումբերու հիմնադիր եւ սկաուտական բաժնի անդամներէն մէկը։ Եղած եմ նաեւ 1970-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 37-րդ ընդհանուր ժողովը կազմազմակերպողներէն մէկը։ Դուք կը գտնէք քանի մը լուսանկար այս ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ երկու յուշալպոմ, որոնք լուսանկարչական յիշատակելի պատմութիւն մը կը ներկայացնեն Թորոնթոհայ համայնքի՝ 1960-ականներուն եւ հետագայ տարիներուն կազմակերպած քանի մը ձեռնարկներուն մասին։

Կեանքս Մոնրէալի մէջ

 1972-ի նոյեմբերին տեղափոխուեցայ Մոնրէալ։ Նշանուած էի ամուսնանալու համար, սակայն բախտ չեղաւ, բայց որոշեցի մնալ Մոնրէալ։

1974-ին ընկերներուս միջոցով ծանօթացայ Մարի Եագուպեանին, որուն հետ ամուսնացայ 8 օգոստոս 1976-ին, եւ մենք ունեցանք մեր որդին՝ Տիգրանը, 3 յունուար 1979-ին։ Ես շարունակեցի ծառայել Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, բայց այնքան գործուն չէի, որքան Թորոնթոյի մէջ։ 1970-ականներու եւ 1980-ականներու համաշխարհային իրադարձութիւնները՝ առնչուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի գործունէութեան, միշտ ալ հետաքրքրած էին զիս։ Սակայն, ընտանեկան պարտաւորութիւններուս պատճառով ես չկրցայ միանալ Հայ Դատին, եւ ինքզինքս գտայ Հայաստանի եւ գանատական մամուլի, ինչպէս նաեւ գանատացի քաղաքական անձնաւորութիւններու ուղղութեամբ քարոզչական արշաւի ձեռնարկելու աշխատանքներուն մէջ՝ դատապարտելով եւ քողազերծելով լրատուամիջոցներու եւ թրքական լոպիին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններու հերքումներն ու խեղաթիւրումները։

1966-ի սկիզբը, երբ մենք գիշերեցինք Ամսթերտամ՝ Գանատա մեկնելու ճամբուն վրայ, ես առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ թուրքերու, հիւրանոցի նախասրահին մէջ։ Այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, զորս կը գտնէք այս գիրքին մէջ, լոյս տեսած են Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղի «Արձագանգ» թերթի 1974-ի ապրիլեան թիւին մէջ։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած 1988-ի երկրաշարժէն մինչեւ 1994, ՀՅԴ-էն իմ հրաժարականս, ես Քէպէքի եւ Գանատայի հայ դատի յանձնախումբերուն անդամ էի եւ կը զբաղէի լրատուամիջոցներու կապերով եւ հայ դատի մասին հարցազրոյցներ կը կազմակերպէի թերթերու եւ ռատիոկայաններու տարբեր հայ եւ ոչ-հայ թղթակիցներու միջեւ՝ կապուած Արցախեան հակամարտութեան եւ Գանատայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։

1990-ականներուն կարճ ժամանակ մը եղած եմ Սէն Լորէն շրջանի Ազատական կուսակցութեան դաշնակցային երեսփոխան հանգուցեալ տիկ. Շըրլիի Մահիուի գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը (ոչ ընտրովի պաշտօն): Ան շատ լաւ բարեկամ էր Մոնրէալի հայ համայնքին: Հետագային դարձաւ Օթթաուայի երեսփոխանական ժողովի փոխնախագահներէն մէկը, ապա Գանատայի նախկին վարչապետ Ժան Քրէյթինի կողմէ նշանակուեցաւ Գանատայի Ծերակոյտին անդամ։

Ես ստանձնեցի հայերու եւ Հայկական հարցին դէմ յօդուածներու հրապարակութեան պարագային, թերթերու խմբագիրներուն գրելու պարտականութիւնը, թէեւ արդիւնքը միշտ չէ, որ բարենպաստ էր, այնուամենայնիւ, ես շարունակեցի իմ ջանքերս։ Այս գիրքին մէջ դուք կը գտնէք  աշխատաքիս մասին բազմաթիւ նամակագրութիւններ։

16 յունուար 1987-ին, գրեցի Մոնրէալի «Gazette» թերթի խմբագրին՝ ամէն օր Գանատա ժամանող թուրք, այսպէս կոչուած «գաղթականներու» հոսքին մասին, որոնք 13 թռիչքներով ամէն օր կը ժամանէին Գանատա։ Վստահ էի, որ այս նամակը նոյնպէս պիտի մերժուէր, ինչպէս նախորդ քանի մը նամակներուն մեծ մասը։ Բայց, ի զարմանս, ան հրապարակուեցաւ 29 յունուար 1987-ին։ Այս նամակը եւ այլ նամակագրութիւններ կան այս գիրքին մէջ։

1988-ին, Հայաստանի երկրաշարժը շրջադարձային պահ մը եղաւ ինծի համար՝ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու լուրերու տնօրէն պարոն Կոր Սինքլէրի, ինչպէս նաեւ՝ Մոնրէալի ամենաշատ լսուող ռատիոկայաններէն մէկուն՝ «CJAD 800» ռատիոկայանի եւ այլ եթերներու մէջ գործող դէմքերու հետ։

Այս դէմքերէն մէկը առաւօտեան «Exchange» յայտագրին հաղորդավարն էր՝ պրն. Ռոյըլ Օռը, որ մեծ դեր խաղցաւ հայկական հարցերու շուրջ հայերու եւ ոչ-հայերու հետ հարցազրոյցներ կազմակերպելու գործին մէջ, ինչպէս՝ Անգլիոյ լորտերու տան պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, Մոնրէալի Քոնքորտիա համալսարանի փրոֆ. Ֆրենք Չոքը եւ փրոֆ. Քըրթը, Մոնրէալի Հորիզոն-Armenian Weekly-ի խմբագիր Կիրօ Մանոյեանը, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն (ANCC)  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Թէեւ ես 1994-ին, հրաժարեցայ Դաշնակցութենէն, սակայն տակաւին մօտէն կը հետեւիմ կուսակցութեան եւ հայ դատի յանձնախումբերու  գործունէութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ թէեւ ներկայիս  հազուադէպօրէն, բայց ի պահանջել հարկին եւ այնքան ատեն որ դեռ ֆիզիքապէս ի վիճակի եմ, կը շարունակեմ լայն հանրութեան եւ ընկերային ցանցերու ճամբով ներկայացնել կարծիքս հայկական հարցերու առնչութեամբ:

Հրատ Բոլատեան. Անգլերէն հրատարակութեան յղումը այստեղ https://drive.google.com/file/d/1klbyOjdLDgpxJ-kolxJBDvicdUdHYwXz/view?usp=sharing

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Լուսին
Լուսին
11 days ago

Հիանալի: Առողջութիւն հեղինակին եւ նորանոր յաջողութիւն:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x