«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»` իւրայատուկ յուշագրութիւն մը

Հրատ Բոլատեանի «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»  անգլիատառ գիրքը հետաքրքական եւ իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է` տասնամեակներու հանրային ծառայութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրուած աշխատանքներու մասին, զոր թարգմանեցի հայերէնի եւ զայն ներկայացուցի հայ ընթերցողին Տարբերակ21 հարթակին միջոցով[1]:

«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» խորապէս անձնական եւ մտորումներով լեցուն ինքնակենսագրութիւն մըն է, ուր Հրատ Բոլատեան կը պատմէ իր կեանքին մասին՝ որպէս Եգիպտոս ծնած հայ մը, որ 1966-ին կը գաղթէ Գանատա։ Գիրքին առաջին բաժնով, Բոլատեան կը ներկայացնէ իր յուշերը գրի առնելու դրդապատճառները, որոնք չեն բխիր փառասիրութենէ, այլ՝ ցանկութենէ մը վաւերագրելու իր լուր եւ իմաստալից ծառայութիւնը՝ նուիրուած Հայ Դատին ու սփիւռքահայութեան։

Յուշագրութիւնը կը յատկանշուի համեստութեամբ եւ ինքնութեան ամուր զգացողութեամբ։ Բոլատեանի խորհրդածութիւնները յաճախ կը շեշտեն, որ իր ներդրումը, թէեւ իր աչքով համեստ, մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ մշակութային եւ պատմական հոլովոյթի մը, որ կ՛առաջնորդուի համայնքին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով։

Անոր պատասխանատուութեան զգացումը ուժեղ արտայայտութիւնն է իր նուիրումին եւ յարգանքին՝ իր սփիւռքահայու առօրեայ կեանքին հանդէպ:

«Ես հպարտ եմ կատարածներովս եւ  միաժամանակ խոնարհ եմ, որովհետեւ այն ինչ որ ես կատարեցի անապատի մը եւ կամ երկիր մոլորակի ծովեզրերու մէկ աւազահատիկը հազիւ ներկայացնէ» 

Ոճային տեսանկիւնէ, գրութիւնը պարզ է՝ հեռու պաճուճանքէ, եւ առաջնահերթութիւն կու տայ անկեղծութեան։ Անկեղծութեան խոր զգացումը յստակ կերպով կ’արտայայտուի ընտանիքի անդամներուն կապուած յուշերուն մէջ՝ մանաւանդ հօր վերջին պատմութիւններուն եւ մեծ մօր քնանալէն առաջ ըսած խօսքերուն մէջ, որոնք ներկայացուած են նրբօրէն եւ յարգալից մօտեցումով։

«Ես կը յիշեմ մեծ մայրիկս, երբ մեզի կը դնէր մեր անկողիններուն մէջ, մեզի կը պատմէր Ուրֆայի յայտնի «Ախթար Պուտարիկի» առասպելական հեքիաթը: Կը յիշեմ նաեւ, որ ինձմէ կը խնդրէր իր կռնակի ոսկորներուն վրայ քալել..»:

Բոլատեանի անկեղծ ոճը եւ երանգը ընթերցողը կը հրաւիրէ իր անձնական աշխարհը՝ միաժամանակ նրբօրէն նկարագրելով բազմազան վայրերէ տեղահանուած հայերու հաւաքական փորձառութիւնը։

«Գուցէ նամակներս քիչ մը անսովոր կը համարէք, բայց այդ ես եմ. իմ տեսակէտներն ու իմ կարծիքը»

Ինքնակենսագրականը կը ծառայէ նաեւ որպէս հասարակական-պատմական վաւերաթուղթ մը 20-րդ դարու իրադարձութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւնէն յետոյ գաղթերու, 1988-ի երկրաշարժին, Ղարաբաղեան շարժումին եւ Հայաստանի 1991-ի անկախութեան: Այս առումով, հեղինակին կեանքը կը դառնայ ոսպնեակ մը, որով կ՛ուրուագծուին սփիւռքի հիմնական թեմաները՝ տառապանք, գոյատեւում, յիշողութիւն, ծառայութիւն եւ ինքնութեան պահպանում։

«Մայրս՝ Զարուհի Սայեանը, ծնած է 21 ապրիլ 1911-ին, Թուրքիոյ Ատանա քաղաքը: Մենք չենք գիտեր իր Եգիպտոս գալու ստոյգ թուականը, վստահօրէն 1915-էն առաջ, եւ ան փրկուած է ցեղասպանութեան արհաւիրքէն»:

«Մօրս քեռին՝ Կիրակոս Ուրֆալեանը կ’ամուսնանայ Սրբուհի Նաքաշեանի հետ։ Հոս պէտք է նշեմ, որ Կեսարիայէն փախած, ցեղասպանութեան սարսափներէն փրկուած, Նաքաշեաններու ընտանիքը թաքնուած է Ռաքքայի նշանաւոր մուհաֆեզին տունը։

«Մենք Եգիպտոս ձգեցինք 16 հոկտեմբերին, մէկ շաբաթ մնացինք Աթէնք, մօրս զարմուհի Վիքթորիա Սայանի տունը։ Մայրս իր զարմուհին չէր տեսած այն օրէն, երբ անոնք փախած էին Թուրքիայէն՝ ցեղասպանութեան վայրագութիւններէն առաջ»։

Յուշագրութիւնը ունի արխիւային բնոյթ, որ կը ներառէ նամակներ, լուսանկարներ, յօդուածներ եւ թերթերու կտրոններ, ինչպէս նաեւ 1960-ական թուականներու Թորոնթոյի հայկական համայնքի լուսանկարային պատմութիւնը, որ զայն կը վերածէ վաւերագրական կարեւոր վկայութեան մը:

Իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն մասին մանրամասն յիշատակները՝ 20-րդ դարու կէսերու Գահիրէի մէջ, կը բացայայտեն ինքնութեան, համայնքային կապերու եւ տոկունութեան նրբազգաց առնչութիւնները՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան շրջագիծին մէջ։

«Բացման արարողութեան օրը ես ներկայ էի։ Առաջին յարկին վրայ կը գտնուէին գլխաւոր գրասենեակները եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագրատունը»։  «…Հսկայական Փալանճեան գրադարանը, որ ունէր հազարաւոր գիրքեր»։

«1965-ին դարձայ ՀՅԴաշնակցութեան անդամ, կնքահայրս բժիշկ Բաբգէն Փափազեանն էր, որ այդ ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր եւ պատահաբար կը գտնուէր Եգիպտոս»։

«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» գիրքը աւելին է, քան անհատական յուշագրութիւն մը։ Ան անկեղծ վկայութիւն մըն է Սփիւռքի տոկունութեան, ինչպէս նաեւ՝ ցիրուցան ու տեղահանուած, բայց ինքնութիւնը պահպանած ժողովուրդի մը պատմական ուղիին։ Այս տեսանկիւնէն, գիրքը արժանի է թէ՛ ակադեմական ուշադրութեան եւ թէ՛ համայնքային գնահատանքի։

«1966-ի սկիզբը, երբ մենք գիշերեցինք Ամսթերտամ՝ Գանատա մեկնելու ճամբուն վրայ, ես առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ թուրքերու, հիւրանոցի նախասրահին մէջ։ Այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, զորս կը գտնէք այս գիրքին մէջ, լոյս տեսած են Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղի «Արձագանգ» թերթի 1974-ի ապրիլեան թիւին մէջ»։

«…շէնք ունենալու եւ զայն մեր «Տուն» եւ հայ համայնքի կեդրոն կոչելու գաղափարը կեանքի երազանքն էր մեծ տեսլական ունեցող՝ «The Georgetown boys» -ի հայ որբերէն՝ Գուրգէն (Քըրք) Մակարեանի, որուն Գանատա բերած էին 1923-ին»:

 «Այլ նշանաւոր հայերու կողքին, ընկ. Գուրգէնը կարեւոր դեր խաղցաւ «Avenue Road եւ Dupont Street» փողոցներուն անկիւնը գտնւող «ACC» շէնքը գնելու գործին մէջ»։

 «Այդ շէնքին մէջ էր, որ ես մասնակցեցայ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին ժողովին…:Այդ շէնքը դարձաւ հայ համայնքի կեդրոնը 1967-ի աշնան»: «Ես չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշերը. բոլորին աչքերուն ուրախութեան արցունքները, յատկապէս մեր սիրելի ընկեր Գուրգէնը»։

«Տիւփոն փողոցին վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը կը ներառէր 1969-էն ի վեր եղած է ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութեան գրասենեակները»։

Յուշագրութեան մէջ Տէտէ Նալճեանի ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան սէրը եւ մշակութային յարատեւութիւնը: Այն փաստը որ Նալճեան ունէր զօրավար Անդրանիկի շնորհակալական նամակը, կ’ընդգծէ անձնական եւ պատմական խորքը՝ միաժամանակ կապ ստեղծելով մէկ ընտանիքի պատմութեան եւ ցիրուցան ժողովուրդի մը հաւաքական ժառանգութեան միջեւ։

«Տէտէ Նալճեանի քով կար զօր. Անդրանիկի ստորագրութԵամբ նամակ մը, ուր ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը  յայտնէր 1920-ականներու սկիզբը Գահիրէի մէջ իրեն մատուցուած բժշկական ծառայութիւններուն համար»։

Բոլատեանի Գանատա տեղափոխութիւնը եւ հոն սկսած նոր կեանքի պատմութիւնը շարունակութիւնն է այն այն բոլորին, զոր ինք կը կատարէր Եգիպտոսի մէջ: 

«Նոր աշխարհի ժամանած էի՝ նոր կենսակերպով, նոր սովորութիւններով, բայց անցումը այդքան ալ դժուար չէր. կը թուէր կարծես շարունակութիւնը ըլլալ այն բոլորին, զոր ես անցեալին կը կատարէի»։

Այս արտայայտութիւնը նրբօրէն կը ցոլացնէ մշակութային կայունութեան թեման. մինչ աշխարհագրութիւնները կը փոխուին, ինքնութիւնը եւ նպատակը կը մնան անփոփոխ։

Բոլատեան կը պատմէ իր գործուն մասնակցութեան մասին՝ ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով իր ներդրումը ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական բաժանմունքի հիմնադրութեան, շրջանային ժողովներու, ներկայացումներու եւ երիտասարդական ձեռնարկներու: Այս մասնակցութիւնը նկարագրուած է ոչ թէ  պարծենկոտութեամբ, այլ գոհունակութեամբ եւ ծառայութեան հանդէպ նուիրուածութեան լուռ զգացումով: Անոր համեստ, բայց անդրդուելի նուիրումը կ’ամրապնդէ յուշագրութեան կեդրոնական պատգամը, թէ ինքնութիւնը կարելի է պահպանել ոչ թէ անընդհատ յիշատակումովը անցեալին, այլ գործուն մասնակցութեամբ ներկայի մէջ:

Բոլատեանի յուշալպոմներն ու լուսանկարչական  օրագրութիւնները կը յիշեցնեն ընթերցողին, որ մշակոյթի ինքնահաստատ գոյատեւումը նաեւ կախում ունի պատմութիւններու, դէպքերու եւ անձերու արխիւային պահպանումէն՝ առաքելութիւն մը, զոր Բոլատեանի յուշագրութիւնը ինքնին կ՛իրագործէ։

«Մասնակցած եմ ներկայացումներու եւ այլ միջոցառումներու։ Հպարտութեամբ եւ ամենայն համեստութեամբ եղած եմ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի խումբերու հիմնադիր եւ սկաուտական բաժնի անդամներէն մէկը։ Եղած եմ նաեւ 1970-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 37-րդ ընդհանուր ժողովը կազմազմակերպողներէն մէկը։ Դուք կը գտնէք քանի մը լուսանկար այս ձեռնարկներէն, ինչպէս նաեւ երկու յուշալպոմ, որոնք լուսանկարչական յիշատակելի պատմութիւն մը կը ներկայացնեն Թորոնթոհայ համայնքի՝ 1960-ականներուն եւ հետագայ տարիներուն կազմակերպած քանի մը ձեռնարկներուն մասին»։

Բոլատեանի յուշագրութիւնը նաեւ կ’ընդգծէ իր նուիրումը Հայ Դատին, որ կը ներառէ գանատական լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան եւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ: Խմբագիրներուն նամակներ գրելով, քաղաքական գործիչներու հետ կապեր հաստատելով եւ տեղական մամուլին հետ յարաբերութիւններ զարգացնելով։

«16 յունուար 1987-ին, գրեցի Մոնրէալի «Gazette» թերթի խմբագրին՝ ամէն օր Գանատա ժամանող թուրք, այսպէս կոչուած «գաղթականներու» հոսքին մասին, որոնք 13 թռիչքներով ամէն օր կը ժամանէին Գանատա։ Վստահ էի, որ այս նամակը նոյնպէս պիտի մերժուէր, ինչպէս նախորդ քանի մը նամակներուն մեծ մասը։ Բայց, ի զարմանս, ան հրապարակուեցաւ 29 յունուար 1987-ին։ Այս նամակը եւ այլ նամակագրութիւններ կան այս գիրքին մէջ»։

Բոլատեանի ներգրաւուածութիւնը գանատական քաղաքական կեանքին մէջ եւս նշանակալի է։ Տեղական մակարդակով կազմակերպչական աշխատանքներու մասնակցութենէն անդին, ան դարձած է ազգային շահերու բանբեր մը, որ անուղղակիօրէն կրնայ ազդել քաղաքականութեան վրայ։ Այս ընթացքը վկայութիւն մըն է իր հետեւողական ներգրաւուածութեան։

«Ընտանեկան պարտաւորութիւններուս պատճառով ես չկրցայ միանալ Հայ Դատին, եւ ինքզինքս գտայ Հայաստանի եւ գանատական մամուլի, ինչպէս նաեւ գանատացի քաղաքական անձնաւորութիւններու ուղղութեամբ քարոզչական արշաւի ձեռնարկելու աշխատանքներուն մէջ՝ դատապարտելով եւ քողազերծելով լրատուամիջոցներու եւ թրքական լոպիին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններու հերքումներն ու խեղաթիւրումները»։

1990-ականներուն կարճ ժամանակ մը եղած եմ Սէն Լորէն շրջանի Ազատական կուսակցութեան դաշնակցային երեսփոխան հանգուցեալ տիկ. Շըրլիի Մահիուի գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը (ոչ ընտրովի պաշտօն): Ան շատ լաւ բարեկամ էր Մոնրէալի հայ համայնքին:

Բոլատեանի ողջ կեանքին նուիրուածութիւնը ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սփիւռքահայ ինքնութեան պաշտպանութեան համոզիչ վկայութիւնն է գանատական հասարակութեան բազմամշակութային բնոյթին։ Անոր կեանքը Մոնրէալի մէջ կը ծառայէ օրպէս օրինակ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան, որ կը հիմնուի յիշողութեան, պատասխանատուութեան եւ պատմական ճանաչումի անխոնջ ձգտումին վրայ։ Անոր զգոն հետեւողականութիւնը կը հաստատէ յուշագրութեան հիմնական պատգամը. գործուն քաղաքականութեան ջատագովութիւնը պաշտօն չէ, այլ կեանքի ձեւ, որմով մարդ կ’ապրի:

«Թէեւ ես 1994-ին, հրաժարեցայ Դաշնակցութենէն, սակայն տակաւին մօտէն կը հետեւիմ կուսակցութեան եւ հայ դատի յանձնախումբերու  գործունէութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ թէեւ ներկայիս  հազուադէպօրէն, բայց ի պահանջել հարկին եւ այնքան ատեն որ դեռ ֆիզիքապէս ի վիճակի եմ, կը շարունակեմ լայն հանրութեան եւ ընկերային ցանցերու ճամբով ներկայացնել կարծիքս հայկական հարցերու առնչութեամբ»:

Հրատ Բոլատեան. Անգլերէն հրատարակութեան յղումը այստեղ https://drive.google.com/file/d/1klbyOjdLDgpxJ-kolxJBDvicdUdHYwXz/view?usp=sharing

[1]  «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Ա.)  https://wp.me/pd909i-mr3  https://wp.me/pd909i-mrw «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ». հեղինակ՝ Հրատ Բոլատեան (Բ. եւ վերջ)

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x