Նանօր երգչախումբ…Սոփրանո Ազնիւ Պրունսուզեան.. Խմբավար Յարութիւն Կենտիմեան…յուշեր Հալէպէն

Երբեմն, անբացատրելի է թէ ինչպէս այս բոլոր տեղեկութիւնները մէկ բառի յուշումով կը բացայայտուին ու լոյսի կու գան տաղանդներ, որոնք իրենց մեծ ներդրումն ու դերը ունեցած են Հալէպի մէջ մշակոյթը վառ պահելու եւ նպաստած  հայ երաժշտութեան ծաղկումին:

Վերջերս միայն ֆէյսպուքով ծանօթացայ, եւ աւելի ճիշդ մեսընճրով, երգչուհի Ազնիւ Պրունսուզեանին, եւ հակիրճ տեղեկութիւններ լսելէս ետք, խնդրեցի որ գրէ իր  կենսագրութիւնը եւ իր արմատներուն մասին:  Մինչ այդ պրպտումներս կատարած էի ու կը սպասէի օրիորդ Ազնիւին:  Փոխանակուած գրառումներէս ի յայտ եկաւ, որ օրիորդ Ազնիւի հօրաքոյրը՝ Արփինէ Պրունսուզեան-Սամուէլեան, ծնած է Մարաշէն Հալէպ տարագրութեան տարին` 1915-ին: Ան աւարտած է Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը եւ դարձած է անուանի կրթական մշակ, ուսուցչուհի Հալէպի մէջ:  

Արդ, պեղումներս կը բաժնեկցիմ ընթերցողներուն հետ:

Հալէպ:

«Նանօր» նորակազմ երգչախումբը իր յաջողութեան ջահը բարձրացուց 20, 21, 22 եւ 29 նոյեմբեր 1982-ին: Յաջողութիւն մը՝ որ աւելի կը շեշտուի, երբ յայտնենք, թէ 55 երկսեռ անդամներուն 32-ը, բոլորն ալ արհեստաւոր ըլլալով, երեք ամսուան յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ, յարատեւ ու տքնաջան փորձերով կրցան այս արդիւնքին հասնիլ [1]:

Համերգին յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասէ: Առաջինին մէջ, երգչախումբը, հակառակ դժուարին կտորներուն, յաջողութեամբ երգեց Կոմիտասէն «Օրհներգ հայրապետական»-ը, «Մեր Թագւորն էր Խաչ»-ը, «Կալի երգը»՝ Ժան Աւագեանի մեներգային բաժինով եւ «Քրիստոս ի մէջ»-ը, Եկմալեանէն՝ «Ով հայոց աշխարհ»-ը եւ «Կիլիկիա»-ն, Կարա-Մուրզայէն՝ «Ալագեազ – քեզի մեռնիմ»-ը արժանացան անվերջ ծափահարութիւններու:

Յայտագրին երկրորդ մասին կտորները վերցուած էին հայրենի խմբավար, երաժիշտ-երգահաններ Ալեքսանտր Գրիգոր Յարութիւնեանէն, Արմէն Տիգրանեանէն, խմբավար Վարդան Սարգիս Սարգիսեանէն, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն[2], Արամ Խաչատուրեանէն եւ Ճէյմս Արմենակ Գոզալեանէն[3], իսկ արաբ երգահան Ռահպանիէն՝ երեք երգ:

Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» խմբերգին մեներգային բաժինը կատարեցին տիկին Հերմինէ Գալայճեան եւ պրն. Վարդան Տ. Մովսէսեան. առաջինը իր թաւշային գրաւիչ ձայնով, երկրորդը՝ իր տիրական (պաս) ձայնին կշիռով հիացումի անվերջ ծափեր խլեցին: Երկուքն ալ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասէն:

Արմէն Տիգրանեանի «Թամար»-ը եւ Արամ Խաչատուրեանի «Սեղանի երգը»-ը կտորներուն մեներգային մասը կատարեց օրիորդ Ազնիւ Պրունսուզեան[4]՝ իր կիրթ, մարզուած ձայնին միացնելով արուեստագիտուհիի ապրումներ, արժանանալով անդադրում ծափահարութիւններու եւ մեներգին կրկնութեան: Համերգին բոլոր կտորներուն դաշնակի վրայ կ’ընկերակցէր տիկին Անի Միքայէլեան:

Աւելի քան երկու ժամ ներկաները ըմբոշխնեցին հայ երգը: Գովելի էր երգչախումբը՝ իր բոլոր անդամներով: Յայտնութիւններ էին տիկին Հերմինէ Գալայճեանը եւ օրիորդ Ազնիւ Պրունսուզեանը, բայց այս յաջողութիւններուն բացառիկ յայտնութիւնը եղաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասի դպրապետ եւ «Նանօր» երգչախումբի խմբավար Յարութիւն Կենտիմեանը[5]:

Դպրապետ, խմբավար Յարութիւն Կենտիմեան ծնած է Հալէպ, 1942-ին: 1957-ին, կ’անդամակցի  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, այն օրերուն, երբ եկեղեցւոյ արժանաւոր դպրապետն էր Վարդան Սերայտարեան (*): Այստեղ է որ ան իր առաջին քայլերը առած է դէպի երաժշտութիւն: Հետագային, մօտ 4 տարի, առանց ընդմիջումի, անձնական երաժշտական դասընթացներուն հետեւած է երաժշտագէտ Ասատուր Սէթեանի հսկողութեան ներքոյ: Այնուհետեւ, առիթը ունեցած է ձայնամարզութեան եւ խմբավարական դասընթացքներու հետեւիլ Պէյրութի եւ Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ:

Դպրապետի պաշտօն վարած է 1961-1964, Հալէպի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ: 1970-1975՝ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: 1998-2003՝ Հալէպի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: 2003-ի սեպտեմբերին՝ ընդառաջելով Շիքակոյի (ԱՄՆ) Ամենայն Սրբոց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին՝ կը ստանձնէ նոյն եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը, ուր կը ծառայէ մինչեւ այսօր:

Որպէս հմուտ խմբավար, Յարութիւն Կէնտիմեան կազմակերպած եւ ղեկավարած է հետեւեալ երգչախումբերը. 1962-1964՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու, Հալէպ: 1967-1970՝ Օշական երգչախումբը, Պէյրութ: 1981-1997՝ «Նանօր» երգչախումբը, Հալէպ: Տուած է անձնական համերգներ եւ ունեցած երգչախմբային ելույթներ՝ մասնակցելով զանազան ձեռնարկներու Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: 1987-ին, Երեւան, իսկ 1994-ին, Եամպոլ- Պուլկարիա, ընկերակցութեամբ պուլկարական Տիանափոլիս սենեկային նուագախումբին: Յարութիւն Կէնտիմեանի մասին տեղեկութիւնները քաղուած են «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ Արա Սայեղի ստորագրած յօդուածէն, 2002-ին:

Կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի:

Եկեղեցւոյ երգչախումբը կը խմբավարէր Յարութիւն Կենտիմեան: 

Նկարները քաղուած են ֆէյսպուքէն:

——————————————————-

[1] Պայքար թերթ, 21 յունուար 1982

[2] Խմբավար, երգահան Վարդան Սարգիս Սարգիսեանէն, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն (ծնած՝ 2 մայիս 1892, Կ.Պոլիս- մահացած՝ 30 յունուար 1978, Մարսէյլ, Ֆրանսա): 1909-ին աւարտած է Պերպերաեան վարժարանը։ 1910-1915 թուականներուն աշակերտած է Կոմիտասին, երգած է անոր երգչախմբերուն մէջ։ 1911-ին  հիմնած է Սկիւտարի «Րաֆֆի» լսարանական միութեան երգչախումբը։ 1920-ին Փարիզի մէջ  շարունակած է երաժշտական ուսումը։ 1931-1939, Մարսէյի մէջ  վարած է իր հիմնած «Հայկական երաժշտական ընկերութիւնը»: 1945-ին մշտական բնակութիւն հաստատած է Մարսէյ, երգչախմբային համերգներ տուած, կատարած է Կոմիտասի եւ սովետահայ երգահաններու գործերը։ Սարգիսեան հեղինակած է նաեւ հայ ժողովուրդի երգերու մշակումներ ( «Հոյնար» ընդարձակ պարերգը ձայնի եւ դաշնամուրի համար), դաշնաւորած է  «Արեւագալի երգերը», կազմած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժողովածուներ։ Աշխատակցած է Փարիզի «Կոմիտասեան յանձնաժողովին», մասնակցած է Կոմիտասի անտիպ երգերը եւ «Պատարագ»-ը տպագրութեան պատրաստելու գործին։

[3] Ճէյմս Արմենակ Գոզալեան (յուլիսի 25, 1925, Լենինական, – 1987, Երեւան), հայ երգահան,  խմբավար։

[4] Ազնիւ Պրունսուզեան, https://www.facebook.com/azneve.brunsuzian

[5] Յարութիւն Կենտիմեան, https://www.facebook.com/haroutune.kendimian

(*) Դպրապետ Վարդան Սէրայտարեան (21 Փետրուար 1922 – 21 Մարտ, 2022) ծնած է Այնթապ, Կիլիկիա, 21 Փետրուար 1922ին, եւ ընտանիքով հաստատուած է Հալէպ, ուր տարրական ուսումը ստացած է «Կիլիկեան» եւ «Կրթասիրաց» վարժարաններուն մէջ։  1938-ին, ազատ աշակերտի հանգամանքով ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանքը։ Երեք տարիէն աւարտած է ուսումը՝ միաժամանակ իբրեւ մեներգիչ ու դպրապետ ծառայելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կազմաւորման տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց եւ կրթական գործիչ Բիւզանդ Եղիայեան՝ դպրեվանքի օրուան տեսուչը,  մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անոր վրայ։ Այդ տարիներուն, գերմաներէնի դասերու հետեւած է՝ Պերլին երաժշտութիւն ուսանելու նպատակով, բայց այդ ծրագիրը իրականացած չէ։ Ուսումը աւարտելէ ետք, Սէյրայտարեան վերադարձած է Հալէպ, ուր դասաւանդած է «Սահակեան» վարժարանին մէջ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը ստանձնած է։ Զոյգ պաշտօնները վարած է մինչեւ 1961ի, երբ անցած է Պէյրութ, ուր եղած է դպրապետ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ եւ ուսուցիչ՝ համանուն երկրորդական վարժարանին մէջ (այնուհետեւ՝ «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճ)։

 Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, 1979-ին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Հաստատուելով Պոսթըն, 1980-ին ստանձնած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէց) դպրապետի պաշտօնը՝ ծառայելով երկար տարիներ։ Միաժամանակ, զանազան սեմինարներու ծիրէն ներս, շրջած է ամերիկահայ տարբեր համայնքներ, եկեղեցական երաժշտութեան, յատկապէս՝ Աւագ Շաբթուան ճիշդ երգեցողութիւնը դասաւանդելու նպատակով, ինչպէս իրեն յանձնարարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը։

https://armenianprelacy.org/2022/03/31/%D5%A4%D5%BA%D6%80%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF-%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%A1%D5%B6-%D5%BD%D5%A7%D6%80%D5%A1%D5%B5%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-21-%D6%83%D5%A5%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A1/?srsltid=AfmBOoqyCnPTWO7IXLUED0-Xq8VXPPX0-jhjl70goYid0ZuwNt7pOOiv

   

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x