Ինիսունականներու կէսերուն էր, երեկոյ մը Շաղզոյեան կեդրոնէն՝ Համազգայինի մէկ ժողովէն դուրս կու գայի, երբ դէմ-յանդիման գտնուեցայ պոլսահայ վաղեմի բարեկամիս՝ քաջ թրքագէտ Գէորգ Միքայէլեանի հետ, որ ճանչցեր էի 1961-ի աշնան՝ իբրեւ պաշտօնակից սուրբ Նշան վարժարանի:
Ողջագուրուեցանք, ապա հարցուցի, թէ ի՛նչ կ’ընէ այդտեղ:
−Խումբ մը պատանիներու թրքերէն կը սորվեցնեմ,− եղաւ պատասխանը:
Ականջներուս չէի հաւատար. անդին տակաւին կը յամենար տասնամեակներ առաջ սկսած պայքարը թրքերէնի դէմ, իսկ այստեղ՝ Լիբանանի հայ ազգային-քաղաքական մտքի կեդրոնը հանդիսացող Շաղզոյեանի շէնքին մէջ թրքերէն կ’ուսուցուէր խումբ մը նորսերնդականներու, իմա՝ զօրութենական ապագայ գործիչներու…
Անշուշտ այս բոլորը չըսի խօսակիցիս, թող որ ինքս ալ շատ շուտ թօափեցի առաջին շփոթս՝ մտածելով, թէ ինչո՛ւ չէ. քանի-քանի թուրքեր ու ազերիներ հայերէն կը սորվին՝ աւելի լաւ պայքարելու եւ հակադրուելու համար հայկական դատին ու պահանջատիրութեան, ինչո՞ւ, ուրեմն, պիտի տեղի չունենար հակառակը:
Հետեւաբար մտածումիս ուղղութիւնը փոխելով՝ հարցուցի.
−Կը յաջողի՞ն սորվիլ…
Մեր խօսակցութիւնը ընդմիջուեցաւ ուրիշ ծանօթներու մօտեցումով, ու մենք բաժնուեցանք՝ առանց հարցումիս պատասխանը ստանալու: Անկէ ետք ալ առիթը չունեցայ ճշդումներ կատարելու, ու այդպէս ալ հարցումս մնաց անպատասխան:
Հիմա, տասնամեակներ ետք, ան կը շարունակէ անպատասխան մնալ, իսկ եթէ անպայման փորձեմ գուշակութիւններ ընել, ապա հակում ունիմ մտածելու, թէ տարուածը այնքան ալ արդիւնաւէտ աշխատանք մը չէր կրնար եղած ըլլալ, քանի որ թրքերէն սորվելու յարմարագոյն վայրը չէր Շաղզոյեան կեդրոնը, վասնզի փակ միջավայրի՝ դասարանային պայմաններու մէջ, դասախօսի մը եւ դասագիրքերու օժանդակութեամբ կարելի չէ թրքերէն սորվիլ:
Թրքերէնի իմացումը ամէն բանէ առաջ եւ անպայման թրքախօս շրջապատ ու միջավայր կը պահանջէ, որովհետեւ թրքերէնը կը սորվուի նախ եւ առաջ… ականջով, եթէ ականջդ չէ յագեցած թրքերէնի հնչիւններով, իմա՝ թրքերէնի շատ բարդ հնչիւնաբանութեամբ, ապա ո՛չ ուսուցիչը, ո՛չ դասագիրքը կրնան օգտակար ըլլալ:
Ինչո՞ւ:
Ահա այս ինչուին է որ պիտի փորձեմ հակիրճ պատսխանել՝ անդրադառնալով թրքերէնի սեպուհ օրէնքներէն մէկ-երկուքին: Ընթերցողներս թող չյուսահատին. բոլոր բացատրութիւններս կարելի է լիարժէք հասկնալ ու ըմբռնել՝ առանց մէկ բառ իսկ թրքերէն գիտնալու:
Ուրեմն անցնինք գործի:
* * *
Առ այս՝ ծանօթանանք նախ թրքական այբուբենին, որ կը գործէ 1928-էն ի վեր: Օրին յամառօրէն կը շրջէր այն վարկածը, թէ Մուստաֆա Քեմալ թրքական նոր այբուբենի մը հաստատումի պարտականութիւնը վստահած էր իր հայ բարեկամին՝ լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանին, որ այս առթիւ վաստկած էր «դիլաչար» տիտղոսը, որ կը նշանակէ «լեզու բացող[1]»:
Ան հիմնուած է լատինական այբուբենին վրայ՝
a, b, c, ç, d, e, f, g, ğ, h, ı, i, j, k, l, m, n, o, ö, p, r, s, ş, t, u, ü, v, y, z
Որոշ պատշաճեցումներով ու լրացումներով, որ ահաւասիկ.
Լատինական մեծաթիւ տառեր կը պահեն իրենց հարազատ արտասանութիւնը, ինչպէս՝ a, b, d, e, f, g, h, i, j, k, l, m, n, o, p, r, s, t, u, v, y, z:
Որոնց վրայ աւելցած են վեց տառեր՝ կէտադրական խաղերով՝ c=ճ, ç=չ, ğ=ղ /յ, ı=ը, ö=էօ, ş=շ, ü=իւ:
Գիտնանք, որ e բոլոր դիրքերու վրայ կ’արտասանուի է, իսկ ս բոլոր դիրքերու վրայ կ’արտասանուի ու, նոյնն է լատիներէնի մէջ:
Իսկ ğ գրեթէ չի հնչուիր, այլ կը ծառայէ իրեն յաջորդող ձայնաւորը թեթեւօրէն երկարելու կամ գրեթէ կրկնելու: Եւ վերջապէս, թրքերէնի ը ձայնաւորը միշտ կը գրուի, այսինքն՝ սուղ ը չունի թրքերէնը:
Այս տառեդուն բոլորը կ’արտասանուին:
* * *
Այս 29 տառերէն՝
–ութն ձայնաւոր են՝ a, e, ı, i, o, ö, u, ü,
Ասոնց բոլորը կրնան իյնալ բառերուն սկիզբը թէ վերջը, բացառութիւն կը կազմէ ö-ն, որով բառ կը սկսի, սակայն չի վերջանար,
–քսանմէկը բաղաձայն են՝ b, c, ç, d, f, g, ğ, h, j, k, l, m, n, p, r, s, ş, t, v, y, z:
Թրքերէնը եռաշարք բաղաձայն չունի. ունի մեկուսի եւ միայն քանի մը երկշարք բաղաձայններ՝ b-p, d-t, g-k:
Ասոնք կը կազմեն հնչիւնագիր շատ կուռ համակարգ մը, որ կը թոյլատրէ թրքերէնը անշեղ գրել ըստ արտասանութեան եւ անշեղ արտասանել ըստ գրութեան:
Ձայնաւորներ
Ասոնք նոյնն են մեր ձայնաւորներով, որոնց վրայ կ’աւելնան քմային ö-ն եւ ü-ն:
Ծանօթ.− Անցած դարու սկիզբները գոյութիւն ունէր երրորդ քմային ձայնաւոր մըն ալ՝ ӓ, որ համարժէք է արաբական ալեֆին՝ ﺍنا “ես” եւ ماذا “ի՞նչ” բառերուն մէջ. զայն կը գտնենք գերմաներէնի մէջ եւս: Մեր սերունդները շատ լայնօրէն օգտագործած են զայն. անոնց մեծ մասը Պոլսոյ արդի խօսուածքէն արտաքսուած է եւ փոխարինուած է e-ով, որ, ինչպէս ըսինք, կը հնչէ «է». օրինակ՝ հոն ուր մենք կ’ըսէինք ӓldӓ (ձեռքի մէջ), Պոլսոյ բարբառը կ’ըսէ elde (էլտէ): Ան կը գոյատեւէ, սակայն, կարգ մը փոխառութիւններու մէջ â ձեւի տակ. օրինակ՝ efkâr, gâvur, iskân բառերուն մէջ, որոնք փոխառութիւն են:
Պոլսոյ բարբառը կրած է հնչիւնական այլ փոփոխութիւններ եւս, որոնք նրբացուցիչ հանգամանք ունին. օրինակ՝ անցեալին շատ յաճախակի կիրակութիւն ունէր x հնչիւնը, որ համարժէք է արաբերէնի ﺥ-ին, եւ որը այսօր պարզ ﻫ “h” կը հնչուի. օրինակ՝ հոն ուր մենք կ’ըսէինք խըյար “վարունգ”, արդի պոլսեցին կ’արտասանէ hiyar “hիյար”, իսկ խ հնչիւնը ընդմիշտ արտաքսուած է, գէթ պաշտօնապէս:
Մեր արտասանութիւնը կը համապատասխանէ ներքին նահանգներու կամ գաւառներու խօսուածքին: Գաղթական արեւմտահայութիւնը պոլսահայերու հետ շփում չէ ունեցած, քանի որ պոլսահայերուն խնայուեցաւ, եւ անոնք չտարագրուեցան:
Մերոնք սովորութիւն ունէին Պոլսոյ խօսուածքը անուանելու «քիպար թրքերէն»:
[1] Իրեն կը վերագրուի նաեւ թրքերէնի արդիականացման, ինչպէս նաեւ թրքական առաջին հանրա-գիտարանի խմբագրութեան դերակատարներուն գլխաւորը ըլլալու հանգամանքը: