Մեծ մայրցամաքն ու Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան 5/5

Աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական ճշգրտումներ


Այստեղ կ՛աւարտի լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի՝ հինգ մասերով հրատարակուած աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, ուր ան ներկայացուց տեսութիւն մը, համաձայն որուն,  Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:


Ե․ (վերջին) մաս

Ծանօթ է, որ «Եւրոպա», «Ասիա», «Ափրիկէ» անուանումները, անոնց միջեւ որոշակի սահմաններու հաստատման փորձերը կու գան հին փիւնիկեցիներէն, եգիպտացիներէն, հին յոյներէն, հռոմէացիներէն: Մենք կը կարծենք, որ հիմնական դերը, այնուամենայնիւ, կը պատկանի ո՛չ փիւնիկեցիներուն, ո՛չ եգիպտացիներուն, առաւել եւս` ո՛չ հռոմէացիներուն, այլ` նոյնիքն հին յոյներուն:

Փիւնիկեցիներուն հետ ըլլալով Միջերկրականի առաջին իսկական ծովագնացները,  բայց, ի տարբերութիւն փիւնիկեցիներուն, որոնք  Ափրիկէի հիւսիսային ափերով, Եգիպտոսի դռներուն մօտով, կը նաւարկէին գլխաւորաբար դէպի արեւմուտք, հին յոյները, ընդհակառակն, մեծ մասամբ  կ՛ուղեւորուէին դէպի արեւելք: Ատիկա պայմանաւորուած էր անով, որ առաջին փոքրիկ, անկատար նաւերով  ծով մտնելով, ամենասկիզբը  հնարաւոր էր դիւրին կերպով, մէկ կղզիէն դէպի միւսը նաւարկելով, յաղթահարել բազմաթիւ ու համեմատաբար իրար մօտ եղած կղզիներով հարուստ  Եգէականը, հասնիլ Անատոլիայի արեւմտեան ափերը, մտնել նեղուցներ ու Սեւ ծով, բայց անհնար էր կատարել շատ հեռաւոր նաւարկութիւններ: Պատահական չէ, որ հին յոյները լաւատեղեակ չէին Միջերկրականի արեւմտեան մասերուն, Սեւ ծով թափող գետերու աւազաններուն եւ այլն: Ատիկա իր արտացոլումը գտած է նաեւ անոնց վիպասքերուն եւ առասպէլներուն մէջ: Եասոնը, օրինակ, յափշտակելով Ոսկէ  գեղմը Կողքիսէն`  Էյթոս արքայի երկիրէն եւ հետապնդուելով սոյն արքայի նաւերուն կողմէ, իր «Արգօ» նաւը Սեւ ծովէն կ՛ուղղէ դէպի Տանուպ գետը, այնտեղէն Ատրիաթիք ծով դուրս գալու նպատակով: Վիպասքին մէջ ան կը յաջողի ատիկա ընել, մինչդեռ իրականին մէջ, ծանօթ է` ատիկա անհնար էր: Այս առնչութեամբ Ն. ԱՅ. Գունը կը նշէ․ «Յոյները լաւ ծանօթ չըլլալով Եւրոպայի աշխարհագրութեան, կը կարծէին, որ Իսթրոս գետը (այժմու Տանուպը) յատուկ գետաբազուկով մը կապուած է Ատրիաթիք ծովուն հետ» (Տե՛ս Ն. ԱՅ. Գուն, Հին Յունաստանի առասպելները, Երեւան, 1989, էջ 347): Յունաստանէն գլխաւորաբար դէպի արեւելք նաւարկելով, անցնելով կղզիէ կղզի, երբեմն ալ ափամերձ ջուրերով յառաջանալով, հին յոյները Եգէականի արեւելեան ափերուն, նեղուցներու շրջանին մէջ, Սեւ եւ Ազովի ծովերու ափերուն, նաւահանգիստներու համար յարմար վայրերու մէջ, նպաստաւոր պայմաններ կը գտնէին գաղութներ հիմնադրելու եւ ծովափնեայ բազմաթիւ «բարբարոս» ժողովուրդներու հետ ընդարձակ առեւտուր ծաւալելու համար: Եւ, ինքնաբերաբար ու, ինքնին հասկնալի կերպով, Եգէականի, Սեւ ծովի, Ազովի ծովի  արեւելեան ափերուն գտնուող երկիրները անոնք անուանեցին Ասիա` Արեւելք, իսկ իրենց հայրենիքէն արեւմուտք ու հիւսիս եղած երկիրները` Եւրոպա` Արեւմուտք: Դանայիսը (ներկայիս Ազով քաղաքը), Տոնի գետաբերանը գտնուող յունական գաղութը, անոնք կը համարէին Եւրոպայի վերջին կէտը արեւելքի մէջ, իսկ Տոնը` սահմանը:

Միջերկրականի հարաւը եղած երկիրներէն անոնք նախ շփուեցան Եգիպտոսի, իսկ հետագային միայն` Եգիպտոսէն արեւմուտք ինկած առափնեայ երկիրներուն հետ: Հին յոյները փարաւոններու աշխարհէն արեւմուտք ինկած այդ երկիրները հաւաքաբար կ՛անուանէին Լիպիա: Ափրիկէ անուանումը հռոմէական ծագում ունի եւ նախապէս անունն էր Միջերկրականի հարաւային ափին գտնուող հռոմէական երկրամասի մը: Անիկա հետագային միայն աւելի լայն իմաստով սկսաւ գործածուիլ:

Նկատի առնելով այն պարագան, որ հին յոյներուն աշխարհագրական տեղեկութիւնները խիստ սահմանափակ էին, կարելի է առանց տարակոյսի հաստատել, որ անոնք նախապէս որեւէ այլ իմաստ չեն ալ դրած նշուած անուանումներուն մէջ, բացի աշխարհի կողմերը մատնանշող իմաստներէն: Այս տեսակէտէն դիտելով, բնաւ ալ կարեւոր չէ, թէ Ասիա, Եւրոպա եւ համանման բազմաթիւ անուանումներ անոնք որոնցմէ փոխ առած են` փիւնիկեցիներէն, արամէացիներէն թէ եգիպտացիներէն…

Հետագային, իրենց շփումներուն ընդլայնումին զուգընթաց, հին յոյները աստիճանաբար փորձած են  ճշդել աշխարհի մեծ տարածաշրջաններուն բնական սահմանները:

Աւելի ուշ, շրջանի յոյն աշխարհագրագէտներու առաւել զարգացած պատկերացումները հիանալի ծանօթ էին մեր նախնիներուն: «Նոյնպէս եւ ողջ երկիրը կը բաժնուի երեք աշխարհամասի` Եւրոպա, Լիպիա եւ Ասիա: Եւրոպան կը գրաւէ արեւմտեան կողմը եւ հիւսիսը` մինչեւ Թանայիս գետը, որ սկիզբ կ՛առնէ Ռիբիա լեռէն եւ կու գայ-կը թափի Մէոթիս ծովը, որ Եւրոպայի մասն է: (Թանայիսը` Տոն գետն է, Մէոթիսը` Ազովի ծովը. -Վ.Փ.)», արդէն Ք.Ե. 6-րդ դարուն, հետեւելով հին յոյն աշխարհագրագէտներուն, կը գրէր մեր հանճարեղ գիտնական Շիրակացին (Տե՛ս Անանիա Շիրակացի, Երեւան, 1979, էջ 268): Ասիոյ մասին Շիրակացին կը գրէ․ «Իսկ արեւելեան կողմը` հարաւը, հիւսիսը եւ միջակայքը կը գրաւէ Ասիան՝ մինչեւ Անծանօթ երկիրը: Այդ պատճառով ան մեծագոյնն է միւս աշխարհամասերէն: Եւ այս առաջին աշխարհամասն է» (Տես՛ նոյն տեղը): Միւս երկու աշխարհամասերու մեծութեան մասին ալ Շիրակացին կը յիշատակէ․ «Եւ քանի որ Լիպիան իր սահմաններով աւելի մեծ է, քան Եւրոպան, ապա` երկրորդն է Ասիայէն յետոյ, իսկ երրորդը` Եւրոպան» (Տե՛ս նոյն տեղը): Պէտք է չմոռնալ, որ ոչ հին յոյները, ոչ Շիրակացին տակաւին չէին տարբերակեր մայրցամաքներն ու աշխարհամասերը:

Շիրակացին, «Աշխարհացոյց»ին մէջ, հետեւելով յոյն աշխարհագրագէտներուն, կը ներկայացնէ նաեւ Ասիոյ, Լիպիոյ ու Եւրոպայի առանձին երկիրները, մանրամասնօրէն` Հայաստանն ու անոր յարակից երկիրները, որոնց ինքը լաւ ծանօթ էր: Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անոր մօտ գրեթէ նոյնքան անճշդութիւններ կան, որքան յոյն աշխարհագրագէտներուն քով: Ան, օրինակ, հետեւելով յոյներուն եւ նշելով Լիպիոյ աշխարհամասի սահմանները, զանոնք կը հասցնէ մինչեւ Սեւ ծովի հիւսիսային ափերը…

Այսպիսով, աշխարհի մեծագոյն կղզին աշխարհամասերու բաժնելու ատեն, հին յոյները ունէին սահմանափակ գիտելիքներ աշխարհին մասին ընդհանրապէս եւ, մայրցամաքին մասին մասնաւորապէս, ուստի չէին ալ կրնար յստակօրէն սահմանազատել այդ աշխարհին մասերը, նշել այդ մասերուն բնական սահմանները, անգամ երբեմն կը կարծէին, որ աշխարհը ունի երեք կողմ եւ զանազան երկիրներն ու ծովերը կը տեղադրէին այդ երեք կողմերուն վրայ: Անոնց ըմբռնումները, սակայն, երկար գոյատեւեցին գիտութեան մէջ,  իսկ անոնցմէ ոմանք մինչ այժմ ալ կը թուին ճշմարտութիւն, չնայած այդ հարցերուն վերաբերեալ գիտական խորացած ըմբռնումներուն առկայութեան: Նման «ճշմարտութիւններէն» մէկն ալ, ինչպէս կարելի էր համոզուիլ, Ասիոյ ու Եւրոպայի միջեւ սահմաններուն հարցն է:

Այժմ, երբ ուրուագծային կերպով անդրադարձած ենք Եւրոպայի ու Ասիոյ միջեւ ինկած բաժանարար գիծի հարաւ-արեւելեան բնական սահմաններուն, փորձելով ինչ-ինչ ճշգրտումներ մտցնել ընդունուած մօտեցումներուն մէջ, հարց կը ծագի` արդեօ՞ք անհրաժեշտութիւն կար այս ձեւով վարուելու եւ ի՞նչ կը փոխուի մէկ այլ մօտեցման հրապարակ գալով: Հարցին պատասխանը գտնելու համար, պէտք է յիշել հանրայայտ ասոյթը, ըստ որուն, «աշխարհագրութիւնն է, որ կ՛որոշէ պատմութիւնը»․ այս ասոյթին վրայ կը յենի ամբողջ գիտութիւն մը` աշխարհաքաղաքականութիւնը: Անհրաժեշտ է խորապէս գիտակցիլ․ մեր պատմութեան շարք մը հարցեր այդպէս ալ կը մնան մինչեւ վերջ լիովին անըմբռնելի, կը մնան առեղծուած,  եթէ ճշգրիտ գիտելիքներ չունենանք աշխարհագրական ու աշխարհաքաղաքական այն ընդարձակ միջավայրին մասին, ուր ընթացած է հայոց պատմութիւնը: Օրինակ, անհնար է խորապէս հասկնալ Տիգրան Մեծին կողմէ արեւմտեան ուղղութեամբ կատարուող նուաճումներուն  քաղաքականութիւնը այն պարագաներուն, երբ Իրանը տկարացած էր եւ կարելի էր աւելի դիւրին կերպով նուաճումներ կատարել ա՛յդ ուղղութեամբ եւ չբաւարարուիլ «եօթանասուն հովիտները», Ատրպատականն ու արքայից արքայի տիտղոսը նուաճելով: Չնայած ատոր` Տիգրան Մեծը իր բանակները կ՛ուղղէր Կապադովկիոյ, Կիլիկիոյ, Պաղեստինի վրայ, այսինքն` դէպի Միջերկրական… Կամ ինչ կերպ հնարաւոր է բացատրել հայերուն կողմէ ահռելի Իրանի դէմ առճակատման տանող այն ձգտումը, որ հակադրուելով հզօր զրադաշտականութեան, զանոնք կը մղէր եւրոպական քաղաքակրթութեան ոլորտին մէջ երեւան եկած նոր կրօնքը` քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելուն: Միթէ՞ ատիկա կը բացատրուի սոսկ Պարթեւ Արշակունիներու եւ Սասանեաններու արքայատոհմերուն պայքարով: Իսկ ի՞նչ կերպ կարելի է բացատրել տակաւին վերջերս հայերու կողմէ  եւրոպական ընկերվարական գաղափարախօսութեան որդեգրումը այն պահուն, երբ թուրքերը իրենց հայեացքը ուղղած էին դէպի առասպելական Թուրան եւ համաթուրքականութիւնը վերածած էին իրենց ազգային նոր դաւանանքին: Եւ միթէ՞ հնարաւոր է ամբողջական պատկերացում կազմել Հայոց ցեղասպանութեան խորքային պատճառներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջացման ու կործանման բազմաթիւ առեղծուածներուն մասին, առանց համակողմանիօրէն ճշդորոշելու Հայաստանի ու յարակից տարածաշրաններուն դիրքն ու տեղը աշխարհագրական կարեւոր հանգուցակէտի մը մէջ, որ սովորաբար կ՛անուանեն Հիւսիս-արեւմտեան Ասիա, մինչդեռ մենք, ինչպէս կարելի է արդէն համոզուիլ, կը համարենք, որ այդ տարածքին զգալի մասը կը մտնէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Եւ վեջապէս, եւ թերեւս ամենագլխաւորը` ինչպէ՞ս հնարաւոր է քիչ թէ շատ հաւանականութեամբ կանխատեսել հայութեան ու Հայաստանի ապագան, առանց ճշմարիտ աշխարհագրական գիտելիքներու, այն պարագային, երբ աշխարհաքաղաքականութիւնը որպէս գիտութիւն մեր մէջ առայժմ միայն խանձարուրի մէջ կը գտնուի: Մինչդեռ, ինչպէս կը պնդէ Ն. Սփիքմեն՝ «Աշխարհագրութիւնը պետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամենահիմնական գործօնն է, որովհետեւ ամենամնայունն է: Նախարարները կու գան ու կ՛երթան, կը մեռնին անգամ բռնապետները, բայց լեռնաշղթաները կը մնան անփոփոխ»։

Եւ բան մըն ալ. ոմանց կրնայ թուիլ, որ մենք կատարելով աշխարհագրական վերոյիշեալ ճշգրտումները, կը ցանկանք հայերը անպայման եւրոպացիներ դարձնել: Քա՛ւ լիցի, մեզ` նման բաները քիչ կը հետաքրքրեն, քանզի մենք մտադիր չենք փաստերը յարմարցնել նախապէս մտայղացուած որոշակի մօտեցումներու, ինչպէս կը վարուէին ժամանակին  որոշ հայագէտներ, երբ փորձելով յենիլ մէկ կողմէն համեմատական լեզուաբանութեան տակաւին լիովին չճշգրտուած տուեալներու, իսկ միւս կողմէն մէկ-երկու առասպելական բնոյթի պատմական յիշատակութիւններու վրայ, հայերուս նախնիները «կը բերէին» Եւրոպայէն, կարծելով, թէ ատիկա մեծ առաւելութիւն մը ու արժէք մը կու տայ մեր ժողովուրդին: Ընդհակառան, անիկա լուրջ վնասներ հասցնող մօտեցում մըն էր եւ է՛: Նկատի ունենալով հայերու եկուորութեան վերաբերեալ այդ ոչ գիտական տեսակէտը, պատմաբան Արտակ Մովսիսեան արդարացիօրէն կը նշէ․ «Այս տեսակէտը, որ չի հիմնուիր փաստերու ամբողջութեան վրայ, ուստի եւ չի կրնար ճշմարտացի ըլլալ շարք մը պատճառներով, դարձաւ եւ մինչ օրս կը մնայ քաղաքական շահարկումներու առարկայ (յատկապէս պատմութեան թուրք կեղծարարներուն կողմէ): (Տե՛ս Հայոց պատմութիւն, Երեւան, 2012, էջ 23):

Մենք  խորապէս համոզուած ենք, որ անյիշելի ժամանակներէն հայ էթնոսը ապրած է Հայաստանի մէջ, ձեւաւորուած ու ամրապնդուած է Հայաստանի մէջ եւ այստեղ ալ ստեղծած է սեփական բացառիկ եւ  ինքնատիպ քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը, կերտած է սեփական պատմութիւնը: Ատոր լաւագոյն ապացոյցը հայ ժողովուրդի բացառիկ յարմարուածութիւնն ու հազարամեակներ շարունակ անոր անխզելի կապուածութիւնն է Հայկական բարձրաբերձ լեռնակղզիին, որ չնայած յատկապէս վերջին հազարամեակի անվերջանալի թուացող համաղէտներուն, այդպէս ալ որեւէ այլ էթնոսի հայրենիքին չվերածուեցաւ․ առայժմ միայն հայերուն յաջողուած է Հայկական լեռնակղզիի մէկ հատուածին մէջ պետականութիւն ստեղծել: Եւ ատիկա իհարկէ պատահականութիւն չէ:

Այնուհանդերձ, եթէ Հայաստանը եւրոպական աշխարհամասին մէկ հատուածը կը կազմէ, եւ եթէ ատիկա առարկայական իրողութիւն մըն է, ապա այդ եւ անորմէ բխող հետեւութիւնները պէտք է պարզապէս ընդունիլ, ամենեւին չհամարելով ոչ առաւելութիւն եւ ոչ ալ թերութիւն: Այդ իրողութեան ճշգրտումը, անտարակոյս, հնարաւորութիւն կու տայ Հայոց պատմութեան ու Հայկական հարցին վերաբերեալ հետագայ ուսումնասիրութիւններուն ժամանակ յենիլ գիտական ճշմարիտ դրոյթներու վրայ եւ, կարեւորը՝ այդ է:

(Վերջ)

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3

Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fJ3

Լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող Վարուժան Փամպուխչեանի յօդուածները չհասցուցինք հրատարակել իր կենդանութեան. ան մահացաւ 2022-ի Յունուար 15-ին: Փամպուխչեան եղած է հիմնադիր-աշխատակիցներէն մէկը ՀՅԴ Ազատամարտ պաշտօնաթերթին (Երեւան), գլխաւոր խմբագիրը՝ ՀՅԴ Արցախի Ապառաժ պաշտօնաթերթին, Շուշիի մէջ վարած է մանկավարժական գործունէութիւն, հայաստանեան եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ, ռուսերէնէ թարգմանած ու հրատարակած է զօր. Թովմաս Նազարբեկեանի յուշերը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x