Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:
Դ․ Մաս
Մեզի կը մնայ ճշդել Տաւրոսի արեւելեան ծայրէն մինչեւ Կասպիցի հարաւային ափը տարածուող Եւրոպայի բնական սահմանին գիծը, ինչ որ, թերեւս, համեմատաբար դժուար է: Այստեղ, սակայն, չմտնելով հարցին նրբութիււներուն մէջ, մէկ անգամէն ըսենք, որ մեր խորին համոզումով, այդ գիծը կ՛անցնի Հայկական բարձրաւանդակին հարաւ- արեւելեան բնական սահմաններով: Ընդհանուր գիծերով ասոնք մատնանշելէն առաջ, կատարենք, սակայն, մէկ դիտողութիւն: Եթէ բնութեան կողմէն արարչագործուած չըլլար Կապուտան (Ուրմիոյ) լիճը, կարելի էր առանց երկմտելու Եւրոպայի արեւելեան բնական սահմանին առաջին հատուածը համարել Կոտուրի ու Զագրոսի լեռնաշղթային այն մասը, որ Տաւրոսին հետ հատման կէտէն կ՛երկարի մինչեւ դէպի արեւելք գացող Նորշիրական լեռնաշղթան: Սակայն իրողութիւն է` Կոտուր-Զագրոսի արեւելեան լեռնափէշերը հանդարտ կը սուզուին Կապուտանի աղի ալիքներուն տակ, ուստի այդ հատուածին մէջ «սահմանագծողը» նոյնիքն Կապուտանն է` Կապուտանի հարաւային ափը:
Կապուտանի լիճը, իրօ՛ք, իրմով կը պայմանաւորէ մինչեւ Կասպից ծովու հարաւային ափը տարածուող բնական սահմանին ուղղութիւնը: Հարաւէն դէպի հիւսիս տարածուած ըլլալով Կոտուրի շղթային զուգահեռ, լիճը Եւրոպայի բնական սահմանը, կը թուի, ակնառու կերպով «կը տեղափոխէ» դէպի արեւելք:
Մեր կարծիքով այդ սահմանը Կապուտանի հարաւային ափով կ՛ուղղուի դէպի Կասպից ծով, անցնելով լիճին արեւելեան կողմէն աւազան լեցուող վտակներու ջրբաժան լեռներու հարաւային փէշերով, այնուհետեւ կ՛անցնի Հայկական բարձրաւանդակի արեւելեան լեռնաշղթաներուն հարաւային փէշերով, որոնք հարաւէն ջրբաժան կը հանդիսանան Արաքս գետի աջափնեայ վտակներուն համար:
Աշխարհագրաագէտ Հ. Գաբրիէլեան Հայկական բարձրաւանդակի եւ Իրանական սարահարթի բաժանարար գիծին վերաբերեալ կը գրէ թէ, այդ բարձրաւանդակի «Հարաւ-արեւելեան սահմանը վիճելի է. տարբեր հեղինակներ տարբեր կերպ կը գծեն զայն` հասցնելով մինչեւ Թալիշ եւ Կասպից ծով: Մեր կարծիքը այս է. Սաւալան (Սապալան) եւ Սոհունտ (Սեխենտ) հրաբուխները Իրանական սարահարթին խորթ են: Անոնք հիմքով կապուած են Հայկական հրաբխային օճախին հետ, թէ՛ ծագումով եւ թէ՛բարձրութեամբ ու ռելիեֆով նման են Հայկական հրաբխային բարձրաւանդակին, ուստի պէտք է մտցնել Հայկական լեռնաշխարհին մէջ: Ուրմիոյ լիճին աւազան-գոգաւորութիւնը եւս ծագումով ու լանտշաֆթներով նմանութիւն ունի Արաքսի աւազանի կիսաանապատներուն հետ, ուստի հարաւ-արեւելեան սահմանը մենք կ՛անցնենք Արցախի լեռներուն ստորոտով դէպի Արաքսի աջակողմեան Սեւ ջուր (Ղարասու) վտակին հովիտը` մինչեւ Սաւալան հրաբուխի հարաւային ստորոտը, այնտեղէն` Պոզկուշ լեռնաշղթային հարաւային ստորոտով մինչեւ Ուրմիա (նախկին` Կապուտան) լիճին հարաւային ափերը` ընդգրկելով Սոհունտ (Սեխենտ) հրաբուխը: Այնուհետեւ` Ուրմիոյ հարաւային մասէն դէպի Զագրոսեան լեռնաշղթայի Շինական լեռնանցքը»: (Տե՛ս Հ. Կ. Գաբրիէլեան, Հայկական լեռնաշխարհ, էջ 13-14):
Մենք, եւ ատիկա նախապէս ալ արդէն ըսուեցաւ, որոշ հեղինակներու նման, աւելի յակուած ենք կարծելու, որ Հայկական բարձրաւանդակին մէկ ծայրը կը հասնի Կասպից ծովին եւ բարձրաւանդակին մէկ «բեկորը» սեպի նման կը խրի Իրանական բարձրաւանդակին ու Կուր-արաքսեան դաշտին միջեւ: Այդ «բեկոր»ին մէջ կը միաձուլուին Արաքսի աջափնեայ լեռներուն եւ Փոքր Կովկասի վերջին հատուածին շղթաները: Կասպից ծովին հասնող այդ սեպն ալ կը կազմէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի բնական սահմանին վերջին հատուածը: Հիւսիս-արեւելքէն այդ բեկորին բնական սահմանը, որ կը զատէ Կովկասը Հայկական բարձրաւանդակէն կը համընկնի Կուր-արաքսեան իջուածքի սահմաններուն հետ:
Աւելցնենք, որ Հայկական բարձրաւանդակին ու Իրանական սարահարթի բնական սահմաններուն վերաբերեալ մեր տեսակէտը այս կամ այն չափով կը համընկնի աշխարհագրագէտ Թ. Յակոբեանի մօտեցումին հետ: «Արեւելքում Հայկական լեռնաշխարհը Իրանական սարահարթից անջատւում է Ուրմիա (Կապուտան ծով) ու Արաքսի (Երասխ) աւազանների ջրբաժան շղթայով եւ Ղարատաղի լեռներով», դեռ 1968-ին նշած է ան (Տե՛ս Թ. Խ. Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, Երեւան, 1968, էջ 7):
Բայց, ի տարբերութիւն Թ․ Յակոբեանի, մենք կը խորհինք, որ Ահար (Ղարասու) գետին աւազանը եւ լեռները, որոնցմէ սկիզբ կ՛առնեն այդ գետն ու իր վտակները, նոյնպէս Հայկական բարձրաւանդակին մասեր են: Հետեւաբար, Հայկական բարձրաւանդակին, ուստի եւ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի սահմանը այդ հատուածին մէջ կը համընկնի Ղարասու գետի ջրբաժան լեռներու հարաւային ստորոտներուն: Այդ կերպ նայելով, ընդհանուր առմամբ սահմանը կ՛անցնի Թաւրիզ-Արտապիլ-Կասպից ծով եւ Մարաղա-Միանէ-Կասպից ծով գիծերուն մէջտեղէն․ դէպի հարաւ հոսող գետերը կը գտնուին Իրանական սարահարթին մէջ, դէպի հիւսիս` (Արաքս գետ), դէպի արեւմուտք` (Կապուտան լիճ) եւ դէպի արեւելք` Կասպից ծով հոսող գետերը կը մնան Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:
Այստեղ կ’արժէ յիշատակել մէկ այլ եւ շատ ուշագրաւ տեսակէտ Հայկական բարձրաւանդակին եւ Իրանական սարահարթին բնական սահմաններուն մասին: Այդ տեսակէտը արտայայտած է ռուս պատմաբան Օլեկ Պոլշաքովը Խալիֆաթի պատմութեան նուիրուած մենագրութեան մէջ: Ներկայացնելով Իրանի բաղկացուցիչ երկրամասերը, նշելով, որ Բարս նահանգի հիւսիսը ու Լուրիստանի արեւելքը կը գտնուի Իսպահանի բարեբեր հովիտը, Օ. Պոլշաքով կը շարունակէ. «Այնուհետեւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը սկսի Ազերպայկանը, հնագոյն Միդիան, որմէ անդին Իրանական բարձրաւանդակը առանց յստակ սահմաններու կ՛անցնի դէպի Հայկականը» (Տե՛ս Օ. Գ. Պոլշաքով, Խալիֆաթի պատմութիւնը, էջ 22): Այն, որ Իրանական սարահարթէն դէպի Հայկական բարձրաւանդակ սահուն անցումի մասին խօսք անգամ չի կրնար ըլլալ, ընթերցողը, կը կարծեմ, արդէն համոզուած պէտք է ըլլայ․ անոնց բարձրութիւններուն տարբերութիւնը արդէն կը բացառէ այդ: Այդ կը վկայեն նաեւ Թ․Յակոբեանի ու Յ.Գաբրիէլեանի ներկայացուցած տեսակէտները: Սակայն Օ. Պոլշաքովի մօտեցման մէջ ալ պէտք է ճշմարտութեան հատիկներ տեսնել: Իրօ՛ք, Հայկական բարձրաւանդակի այս հատուածին բնական սահմանները այնքան «արտայայտիչ» չեն, ինչպէս, ըսենք Տաւրոսի հարաւային լեռնափէշերունը կամ Կասպիցին ափագիծը, ուստի այս հատուածին մէջ մենք գործ ունինք Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի բնական սահմաններու «թոյլ օղակին» հետ: Պատահական չէ, որ ճիշդ այստեղէն` Թաւրիզի վրայով դէպի Նախիջեւան կ՛ընթանար Մետաքսի մեծ ճանապարհին հիմնական ճիւղը, որ Կարինի վրայով կը հասնէր մինչեւ Տրապիզոնի նաւահանգիստ․ պատահական չէ, որ հիմնականին մէջ այստեղէն է, որ գրեթէ միշտ Հայաստան ու Եւրոպա կը ներխուժէին իրանցիները, արաբները, թուրքական ցեղերը, մոնկոլները, իսկ հռոմէացիները, բիւզանդացիները, օսմանցիները յաճախ դէպի արեւելք իրենց արշաւանքներուն համար կ՛ընտրէին այս ուղին…
Ամփոփելով Եւրոպա ու Ասիա աշխարհամասերուն միջեւ բնական սահմաններու որոշ հատուածներուն մասին մեր դիտարկումները, կրնանք հաստատել, որ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան Ատրիաթիք ու Կասպից ծովերուն միջեւ, արեւմուտքէն արեւելք տարածուող ընդարձակ երկրաշրջան մըն է, որու հարաւային ու արեւելեան սահմաններուն մասին արդէն ըսուեցաւ, իսկ անոր հիւսիսային բնական սահմանները կ՛անցնին Տանուպ գետով, Սեւ ծովով, Կովկասեան լեռնահամակարգով եւ կը հասնին Կասպից ծովի արեւմտեան ափ: Խրիմի թերակղզին, որ սոսկ նեղլիկ պարանոցով մըն է միացած ցամաքին հետ եւ կը գտնուի երկու ծովերուն արանքը, պէտք է, թերեւս, խորհիլ, որ նոյնպէս կը մտնէ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի, քան Հիւսիս-արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Այսպիսով, Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան իր մէջ կը ներառէ Պալքանեան, Անատոլիական թերակղզիները, Կիլիկիան, Հայկական բարձրաւանդակը, Կովկասն ու Խրիմի թերակղզին, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ու Պաղեստինի լեռնաշղթաներով արաբական անապատներէն անջատուող Միջերկրականի արեւելեան առափնեակը:
Տանուպ-Սեւ ծով-Կովկաս գիծէն հիւսիս գտնուող տարածքները կը պատկանին Հիւսիս-արեւելեան Եւրոպային, որուն արեւելեան բնական սահմանները, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, նոյնպէս գիտական բանավէճերու առարկայ են, բանավէճեր, որոնք, սակայն, մեր խնդիրին սահմաններէն դուրս են: Այստեղ կը կամենայինք յիշատակել միայն, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական դպրոցի` եւրասիականութեան ներկայացուցիչները, Ափրիկէն բոլորին նման համարելով մայրցամաք, Մեծ մայրցամաքի մնացած մասը կը բաժնեն երեք գերտարածաշրջաններու: «Եւրասիականներու ընկալման մէջ Եւրոպայի տարածութիւնը կը սպառի «Արեւմտեան Եւրոպայով», որուն աշխարհագրական պայմանները ովկիանոսային են, իսկ «Արեւելեան Եւրոպան», ըլլալով մայցամաքային, Եւրասիայի մաս է եւ ոչ Եւրոպայի: Կարելի չէ նոյնացնել Եւրասիան Ասիոյ հետ», կը նշէ, օրինակ, Ն. ԱՅ. Նարտով: (Տե՛ս Ն. ԱՅ. Նարտով, Աշխարհաքաղաքականութիւն, Մոսկուա, 2003, էջ 120, ռուս.): Իհարկէ, պրն․ Նարտով «կը մոռնայ», որ Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի գրեթէ բոլոր մեծ գետերը կը պատկանին Ատլանտեանի աւազանին եւ այնքան ալ դիւրին չէ, օրինակ, պնդելը, թէ Ռումանիան կամ Լեհաստանը զուտ մայրցամաքային երկիրներ են: Բայց սա արդէն այլ խօսակցութեան թեմա է: Անցողակի նշենք միայն, որ թերեւս ճիշդ կ՛ըլլար Եւրոպայի սահմանները հիւսիս-արեւելքին մէջ աշխարհագրագէտները փորձէին ճշդել աւազանային սկզբունքէն մեկնելով:
Աւարտելէն առաջ աւելորդ չենք համարեր անդրադառնալ նաեւ նախապէս ներկայացուած աշխարհագրական որոշակի ըմբռնումներուն մէջ շփոթ յառաջացուցած այն պատճառներուն, որոնք մենք կը համարենք հիմնական:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան
Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3
Նախորդը՝ https://wp.me/pd909i-fIV