Կը հրատարակենք լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:
Բ. Մաս
Ծանօթ է, որ ըստ հինէն ի վեր, դեռ հին յոյներու, թերեւս նաեւ փիւնիկեցիներու եւ հետագային բոլորին կողմէ ամենալայն ընդունելութեան արժանացած մօտեցման, Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ աշխարհամասին միջեւ բնական սահմանները կ՛անցնին Միջերկրական (Եգիական) ծովով, Պոսֆոր, Տարտանէլ նեղուցներով եւ անոնց միջեւ ինկած Մարմարայի ծովով, այնուհետեւ Սեւ ծովով:
Ի՞նչն է ոչ ճիշդը եւ անընդունելին նման մօտեցման մէջ եւ ի՞նչը մենք կը համարենք ճշգրտման ենթակայ:
Այս հարցերուն պատասխանելէն առաջ, նախ վերյիշենք, որ թէ՛ Միջերկրականը, թէ՛ Մարմարան` նեղուցներով հանդերձ, թէ՛ Սեւ ծովն ու անոր լրացուցիչը` Ազովի ծովը, Ատլանտեանի աւազանին պատկանող ջրային տարածութիւններ են, ուստի, կարծես թէ, շատ աւելի տրամաբանական պէտք է ըլլար աշխարհամասերու բնական սահմանները նշելու ատեն այս իրողութիւնը մշտապէս ի մտի ունենալ ու լրջօրէն հաշուի առնել աւազանային սկզբունքը: (Անմիջապէս ալ նկատենք, սակայն, որ այս սկզբունքին խիստ ծայրայեղացումն ալ, իհարկէ, ճիշդ չէ):
Բանը այն է, որ Միջերկրականը, իրարմէ անջատելով Ափրիկէն Եւրոպայէն, միաժամանակ կ՛երկարի մինչեւ Ալեքսանտրեթի (Հայոց) ծոցը, աւելի հարաւ` մինչեւ հին փիւնիկեցիերու երկիրը եւ իրաւացի կ՛ըլլանք, եթէ զայն լիովին եւրոպական ծով համարենք: Նմանապէս ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հիմնականին մէջ եւրոպական երկիրներով շրջապատուած Սեւ ծովը, Ազովի ծովին հետ, նոյնպէս դիտարկուի որպէս եւրոպական ջրաւազան: Արդ` հարց կը ծագի. Անատոլիական թերակղզին ի՞նչ չափանիշներէ մեկնած պէտք է համարուի Ասիական աշխարհամասին մէկ կտորը, հատուածը, երբ անիկա երեք կողմերէն շրջապատուած է եւրոպական ջուրերով եւ արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի մէջ միայն կը սահմանաւորուի աշխարհագրական այլ բնոյթի առարկայով մը` լեռնաշխարհով մը: Արդեօ՞ք միայն այն չափանիշէն մեկնելով, որ անոր արեւմուտքը գտնուող Տարտանէլը, Մարմարան ու Պոսֆորը, որոնցմէ վերջինին լայնութիւնը որոշ տեղեր չի գերազանցեր նոյնիսկ քանի մը հարիւր մեթրը (Պոսֆորի նեղուցին լայնութիւնը 700-3000 մեթր է, 60 քլմ. երկարութիւն ունեցող Տարտանէլինը` 1,5-էն մինչեւ 5 քլմ., այսինքն շատ տեղեր`անոնք քանի մը անգամ աւելի նեղ են աշխարհի բազմաթիւ գետերէն): Ամէն պարագայի, եւրոպական երկու ծովերը իրար կապող ջրային այդ ուղին ինքն ալ, բնականաբար, կը պատկանի Ատլանտեանի աւազանին: Ի դէպ` շատ հին ժամանակ այդ նեղուցները գոյութիւն ալ չեն ունեցած. անոնք արգասիքն են երկրակեղեւի խզման, ինչը կը նշանակէ, որ Պալքանեան եւ Անատոլիական թերակղզիները ծագումնաբանական առումով տարբեր չեն:
Անկասկա՛ծ, միայն Անատոլիական թերակղզիին շրջապատուածութիւնը եւրոպական ջրային աւազաններով, լիովին բաւարար չէ զայն Եւոպա աշխարհամասին մէջ դասելու համար: Այդ կերպ վարուելու համար պէտք է առկայ ըլլան նաեւ առարկայական այլ չափորոշիչներ եւս:
Կան արդեօ՞ք նման չափանիշներ:
Լայնօրէն տարածուած կարծիքին համաձայն, Անատոլիայի արեւելեան սահմանը պայմանական գիծ է, որ կ՛անցնի Ալեքսանտրեթէն մինչեւ Տրապիզոն երկարող ուղիով: Բայց այս կարծիքը բոլորովին ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ լիովին վերջին տեղ կը մղէ մէկ աշխարհագրական առարկան միւսէն տարազատող առարկայական չափանիշները եւ, յստակ գիծերով օժտուած բնական սահմանին փոխարէն, կամայականօրէն կը մատնանշուի լոկ ինչ-որ մօտաւոր սահման: “Ասիական Թուրքիան բաղկացած է Փոքր-ասիական կամ Անատոլիական թերակղզիէն, որ արեւելքին մէջ կը վերջանայ Իսքենտերուն (Ալեքսանտրեթ) միջերկրածովեան նաւահանգիստը Տրապիզոն սեւծովեան նաւահանգիստին հետ միացնող պայմանական գիծով, Հայկական-քրտական լեռնաշխարհէն եւ Սուրիա-միջագետքեան տափարակէն”, յենելով յիշեալ ելակէտային դրոյթին վրայ կը նշեն, օրինակ, “Ժամանակակից Թուրքիան” տեղեկատուին հեղինակները: (Տե՛ս Ժամանակակից Թուրքիան, Երեւան, 1967, էջ 7): Կը թուի, որ այս տողերը գրած ատեն հեղինակները առաջնորդուած են մէկ-երկու նախադասութեան մէջ հնարաւորինս շատ սխալներ եւ բացթողումներ ընելու մղումով: Իհարկէ, դեռ կարելի է հասկնալ, անտարակոյս, ամենեւին չընդունելով ու չարդարացնելով այդ, որ ինչ-ինչ քաղաքական հաշիւներով առաջնորդուելով, անոնք գիտակցաբար Հայկական բարձրաւանդակը կ՛անուանեն “Հայկական-քրտական լեռնաշխարհ”, ինչը բացարձակապէս անընդունելի է: Նոյնչափ անընդունելի է նաեւ Հայկական բարձրաւանդակէն աւելի քան 700-800 մեթր ցածութիւն ունեցող Անատոլիական թերակղզիին բնական սահմանները յստակօրէն չճշգրտելը, ինչպէս նաեւ Փոքր Ասիա թերակղզիին սահմաններուն մէջ Կիլիկիան որպէս ինքնուրոյն տարածաշրջան չառանձնացնելը այն պարագային, երբ Կիլիկիան մնացած Անատոլիայէն անջրպետուած, որոշակիօրէն ինքնուրոյն տարածաշրջան է, որ առաւել սերտօրէն կը յարի Հայկական բարձրաւանդակին եւ, մեծ չափով կը հանդիսանայ Հայկական լեռնաշխարհին բնական շարունակութիւնը Անատոլիա թերակղզիին մէջ: Հայաստանն ու Կիլիկիան նոյն լէռնաշղթային` Տաւրոսի բնական շարունակութիւնն են թէ ծագումնաբանական եւ թէ աշխարահագոյացման իմաստով: Մեզ կրնան առարկել, որ մարդիկ գիրք գրած են արդի Թուրքիոյ մասին եւ նպատակ չեն ունեցած ճշգրտելու աշխարհագրութեան մէջ շատոնց ընդունուած հասկացութիւններ: Այնուհանդերձ, համոզուած ըլլալով, որ կարելի չէ ձեռնամուխ ըլլալ լուրջ գիտական տեղեկատու մը կազմելու գործին, առաջնորդուելով միմիայն այնպիսի հիմնդրոյթներով, որոնց “առաւելութիւնը” սոսկ լայն տարածուածութեան մէջ է. կը կարծենք, որ տեղեկատուին հեղինակները էական սխալ մը ըրած են: Մանաւանդ` աշխատութիւնը լոյս տեսնելէն յետոյ վերահրատարակուած է բազմիցս եւ մեծ տպաքանակներով, ինչը կամայ թէ ակամայ նպաստած է թիւրըմբռնումներու տարածման ու ամրակայման:
Արդ, ինչպիսի՞ ճշգրտումներու կարօտ է Անատոլիայի արեւելեան բնական սահմանին մասին տարածում գտած այս ըմբռնումը: Այս հարցին պատասխանը գտնելու նպատակով պէտք է նախ դիմել այլ հեղինակի մը:
“Բնագաւառը, որ մենք կ՛անուանենք Անատոլիա կամ Փոքր Ասիա, Հիմալայաններէն մինչեւ Ֆրանսայի, Սպանիոյ ու Հիւսիսայի Ափրիկէի ատլանտեան ափերը երկարող հսկայական լեռնային համակարգի մաս մըն է եւ բարձրալեռնային սարահարթ մը, որ ծովի մակերեւոյթէն կը բարձրանայ 3000 ոտնաչափ եւ հիւսիսի ու հարաւի մէջ կը սահմանաւորուի Պոնտական եւ Փոքր-ասիական Տաւրոսի առաւել երիտասարդ լեռնային գոյացութիւններով: Իսկ իր ամբողջութեան մէջ այդ բոլորը Սեւ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ կը կազմաւորէ արեւելքէն դէպի արեւմուտք, Հայաստանի լեռներէն մինչեւ Եգիական ծովը աստիճանաբար ցածցող հսկայական թերակղզի մը, որուն մէջ կ՛անհետանան անոր ժայռոտ հրուանդանները”, կը նշէ անգլիացի հնագէտ Ճ. Մաքքուինը, խէթերուն ու անոնց դրացի ցեղերուն նուիրուած իր արժէքաւոր աշխատութեան մէջ: (Տե՛ս Ճ.Հ. Մաքքուին, Խէթերն ու անոնց դրացիները, Մոսկուա, 1983, էջ 4, ռուս.):
Ինչպէս կը տեսնենք, Մաքքուին, ինչպէս վայել է իսկական գիտնականին ու պարկեշտ անձնաւորութեան, իրերը կը կոչէ իրենց անունով. մէկ կողմ դնելով «հայ-քրտկան լեռնաշխահ» յօրինովի տեղանունը, ան յստակօրէն կը զատէ Հայկական լեռնաշխարհը Անատոլիայէն, այդ լեռնաշխարհին արեւմտեան բնական սահմանը համարելով Անատոլիայի արեւելեան բնական սահման, եւ ատով իսկ կը խուսափի Ալեքսանտրէթէն Տրապիզոն կամայական “ ուղիղ գիծեր” քաշելէն:
Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ զանազան հնավայրերուն մէջ պեղումներ կատարած անգլիացի գիտնականին, յատկապէս սկսած 1923 թուականէն, այսինքն` յատկապէս Թրքական հանրապետութեան հռչակման պահէն, թուրք հեղինակները, իսկ անոնց հետեւելով նաեւ բազմաթիւ այլազգի հեղինակներ, միանշանակօրէն “Անատոլիա” կ՛անուանեն Փոքր Ասիա թերակղզին եւ Հայկական բարձրաւանդակը միասին: Ընդսմին, Հայկական բարձրաւանդակը համարելով Անատոլիայի մէկ մասը, անոնք աշխարհագրական ինքնուրոյն, հազարամեակներով Հայաստան կոչուած առարկան կ՛անուանեն “Արեւելեան Անատոլիա”, որ անտրամաբանական է, անգամ` ծիծաղելի, որովհետեւ “Անատոլիա” հին յունարէնով արդէն իսկ կը նշանակէ “արեւելք”, “արեւելեան”: Հայկական բարձրաւանդակը “արեւելքի արեւելք”, “արեւելեան արեւելք” վերամկրտող թուրքերուն, զիրենք երկրորդողներուն, երրորդողներուն տրամաբանւթենէ զուրկ, հակագիտական այս ըմբռնումը, յատկապէս վերջին շրջանին, ցաւո՛ք, ամենալայն ընդունելութեան կ՛արժանանայ, անգամ մեր մէջ կը գտնուին հեղինակներ, մանաւանդ` լրագրողներ, որոնք կ՛օգտագործեն “Արեւելեան Անատոլիա” շինծու տեղանունը:
Կարելի չէ՛, գիտական չէ՛ արուեստականօրէն նոյնացնել աշխարհագրական առարկաները տարազատող բնական սահմանները մարդու կողմէն գծուող պետական սահմաններուն, ինչպէս նաեւ էթնիկական սահմաններուն հետ: Վերջիններս իւրաքանչիւր պահու այդ նոյն մարդ էակի կողմէն ենթակայ են փոփոխութիւններու, ի տարբերութիւն առաջիններուն, որոնք ի զօրու է փոփոխութեան ենթարկել միմիայն ինքը` ամենակարող բնութիւնը. Անատոլիան որեւէ, անգամ նուազագոյն չափով, Հայաստանի մէ՛ջ չէ եւ Հայաստանն ալ Անատոլիայի մէջ չէ՛:
Բայց մէկ կողմ ձգենք թուրքերու (եւ ոչ միայն թուրքերու) “աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւնը” եւ վերադառնալով մեր նիւթին, անգամ մըն ալ հաստատենք, որ Հայկական բարձրաւանդակի արեւմտեան լեռնաշարերուն փէշերով անցնող գիծը բոլոր պարագաներուն, նոյնիսկ մօտաւորապէս, ուղիղ գիծ չեն յիշեցներ, մանաւանդ` Կիլիկիան Տաւրոսի շրջանին մէջ: Բայց լոկ այդ ոչ ուղիղ գիծը կը կազմէ այն բնական սահմանը, ուրկէ կը սկսի Անատոլիան: Այնուհետեւ անմիջապէս նշենք նաեւ, որ, այնուամենայնիւ, այդ ծուռումուռ գիծի վրայ չէ, որ ինկած է Եւրոպայի ու Ասիոյ բնական սահմանը: Անիկա կը գտնուի շատ աւելի արեւելքին ու հարաւին մէջ: Նախ տեսնենք, թէ հարաւին մէջ ուր կը վերջանայ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպան:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան
Սկիզբը՝ https://wp.me/pd909i-fI3