Կը սկսինք հրատարակել լրագրող, խմբագիր, պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ լեզուի ուսումնասիրող, նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Փամպուխչեանի աշխարհագրագիտական ուսումնասիրութիւնը, հինգ մասերով, ուր ան կը ներկայացնէ տեսութիւն մը, համաձայն որուն, Հայկական բարձրաւանդակը կը ներկայանայ որպէս Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մաս: Սոյնը նախատեսուած էր ըլլալու մուտքը աւելի ծաւալուն աշխատասիրութեան մը՝ Հայկական Հարցի առեղծուածները վերնագրով:
«Աշխարհագրութիւնը ճակատագիր է». Նափոլէոն Պոնափարթ
Ա. մաս
Մէկ ու միասնական է համաշխարհային ովկիանոսը: Մինչդեռ մոլորակի ցամաքային մակերեւոյթը բաղկացած է միասնական ովկիանոսի ընդերքէն վեր խոյացող հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր մանր ու մեծ կղզիներէ, քանզի հանրայայտ է` կղզիներ կ՛անուանուին ցամաքի այն «բեկորները» որոնք բոլոր կողմերէն օղակուած են ջուրով: Խիստ գիտական չափանիշներով եթէ մօտենալու ըլլանք հարցին, ապա պէտք է նշենք, որ աշխարհագրական այս կամ այն առարկան իրեն յարակից աշխարհագրական այլ առարկաներէ կը զատորոշեն բնական սահմանները, իսկ կղզիներու բնական սահմանները կը «գծէ ջուրը»` ովկիանոսը, ծովը, լիճը, գետը…
Երկրագունդի բազմահազար կղզիներու մեծագոյններէն քանի մը հատը ընդունուած է անուանել մայրցամաքներ: Սակայն, մայրցամաքները մատնանշելու ատեն, կղզիներէն ամենամեծը սովորաբար կը բաժնեն երկու մայրցամաքի, ատով իսկ, կամայ թէ ակամայ, ընդունելով, որ կայ առնուազն մէկ կղզի որ բաղկացած է …երկու կղզիներէ:
Խօսքը, այո՛, Եւրասիայի ու Ափրիկէի մասին է:
Աւելին` դեռ մինչեւ 1883 թուականը, այսինքն մինչեւ այն պահը, երբ գերմանացի աշխարհագէտ Է․ Զիւս առաջարկեց «Եւրասիա» եզրը, աշխարհագէտները, հինէն եկած աւանդոյթին համաձայն, մոլորակի մեծագոյն կղզին կը բաժանէին երեք մայրցամաքներու`Եւրոպայի, Ասիայի, Ափրիկէի:
Զիւս, իհարկէ, իրաւացի էր, երբ կը հիմնաւորէր, որ նման բաժանումը ճիշդ չէ, որովհետեւ Եւրոպան եւ Ասիան միասնական մայրցամաք կը կազմեն: Սակայն, Զիւս եւ անոր մօտեցումը ընդունողները, հետեւողական չեղան. Ափրիկէն, նախկինին նման, առ այսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ առանձին մայրցամաք, ինչը, անշուշտ, հիմնովին սխալ է եւ տեղիք կու տայ խառնաշփոթութեան, որովհետեւ այդ կերպ վարուելով կը նոյնացուին մայրցամաքներու ու աշխարհամասերու բնական սահմաններու տարբերակման առարկայական չափանիշներըը:
Իրականին մէջ, Ափրիկէն Սուէզի պարանոցով կապուած ըլլալով Եւրասիային, անոր հետ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ, ուստի անիկա եւս անհրաժեշտ է դիտարկել ոչ որպէս առանձին մայրցամաք: Չէ՞ որ իրողութիւն է` Եւրոպան, Ասիան, Ափրիկէն ներկայացնելով միասնական ցամաքի բաղադրիչներ, ըստ էութեան, կրնան համարուիլ միմիայն նոյն մայրցամաքին անբաժանելի մասեր: Ճիշդ է, Սուէզի ջրանցքով Ափրիկէն կը զատուի մայրցամաքի հիմնական հատուածէն, բայց այդ իրողութիւնը խնդրին էութիւնը չի փոխեր. Սուէզի ջրանցքը մարդու ստեղծածն է, իսկ անոր լայնութիւնը բազմիցս կը զիջի աշխարհի բազմաթիւ գետերու լայնութեան, որոնք կը հոսին աշխարհի գրեթէ բոլոր մայրցամաքներուն մէջ: Բացի այդ, Սուէզի ջրանցքը այսօր կայ, վաղը կրնայ նաեւ չըլլալ: Այդպէս եղած է արդէն․ «Սուեզի ջրանցք» առաջին անգամ կառուցած են եգիպտական փարաւոնները: Ջրանցքը հետագային քանդուեցաւ, անհետացաւ: Նոյնը պատահեցաւ միջնադարուն արաբներուն կողմէ կառուցուած ջրանցքին․․․
Մինչդեռ անհերքելի է` Սուէզի պարանոցը բնութեան արարչագործութեան արգասիք է եւ կը միաւորէ Ափրիկէն Եւրասիայի հետ: Եւ միթէ՞ Փանամայի ջրանցքին գոյութիւնը կը ջնջէ այն իրողութիւնը, որ Հարաւային ու Հիւսիսային Ամերիկաները մէկ մայրցամաք կը կազմեն: Ուստի, դարձեալ ընդգծենք, որ, եթէ շատերը անտեսելով առարկայական իրողութիւնները, Եւրասիան ու Ափրիկէն կը դիտարկեն որպէս առանձին մայրցամաքներ, ապա ատոր պատճառով լիովին կը կորսուին մոլորակի ցամաքը մայրցամաքներու ու աշխարհամասերու բաժնելու առարկայական չափանիշներուն տարբերութիւնները, անոնք կը նոյնացուին, հետեւաբար, գիտականօրէն անարժէք կը դառնայ նման բաժանումը:
Եւրասիան ու Ափրիկէն ընդգրկող մայրցամաքը` աշխարհի մեծագոյն կղզին, բնականաբար, պէտք է իր անունը ունենայ, քանզի զայն «Եւրասիա» անուանելը բնաւ այլեւս ճիշդ պիտի չըլլայ , եւ, ըստ իս, նպատակայարմար է զայն անուանել «Մեծ մայրցամաք»: Ինքնաբերաբար, մայրցամաքներու թիւը մէկով պէտք է նուազեցուի, իսկ Ափրիկէն պէտք է այլեւս դիտարկուի որպէս աշխարհամաս: Ինքնին հասկնալի է, որ այդ պարագային աշխարհամասերու թիւը մէկով կ’աւելնայ:
Ըսուածը առաւել հիմնաւորելու նպատակով, փորձենք պարզել, թէ արդեօ՞ք գոյութիւն ունին նման մօտեցումը արդարացնող ու հիմնաւորող գիտական չափանիշներ, որոնցմէ մէկուն մասին վերը արդէն ակնարկուեցաւ:
Կը պարզուի, որ գիտութեան մէջ այդպիսիք գոյութիւն ունին. աշխարհագրագէտները շատոնց մշակած են աշխարհագրական առարկաները իրարմէ առանձնացնելու առարկայական համապատասխան չափանիշներ: «Բնութեան մէջ երկու տարբեր յատկանիշներ ունեցող տիրոյթներու անցման գիծը կամ գօտին կը բնորոշուի որպէս սահման: Յատկանիշներու կամ բնութագրիչներու քանակական կուտակումը այդ գիծէն այն կողմ կու տայ նոր որակ: Օրինակ, ափագիծը ցամաքին ու ծովուն սահմանն է, լեռնաշղթային ստորոտը լեռնաշխարհի սահմանն է եւ այլն», կը նշուի աշխարհագրագէտ` Հրաչ Գաբրիէլեանի մենագրութեան մէջ (Տե՛ս Հ.Կ. Գաբրիէլեան, Հայկական լեռնաշխարհ, Երեւան, 2000, էջ 11):
Աշխարհագրական առարկաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բնական սահմաններուն մասին այս մօտեցումը, որ աշխարհագրագէտներուն քով տարակոյսներ չի յարուցեր, երբ կը կիրարենք մեր կողմէ արծարծուող հիմնահարցին քննարկման ժամանակ, ապա ակնյայտ կը դառնայ, որ համաշխարհային ովկիանոսի ջուրերէն վեր խոյացող որեւէ ցամաքաբեկորի բնական սահմանները կը սկսին ու կ՛աւարտին ովկիանոսներու, ծովերու, ափագիծերու վրայ: Եւ ամենեւին ալ կարեւոր չէ, թէ տուեալ ցամաքամասը մէկ քառակուսի քիլոմեթր է, թէ միլիոնաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր կ՛ընդգրկէ. այսինքն` էական չէ, թէ ովկիանոսի անծայրութիւններուն մէջ կորսուած կղզեակ է անիկա, թէ տասնեակ միլիոնաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր ընդգրկող ահռելի տարածութիւն:
Ակնյայտ կը դառնայ նաեւ, որ ցամաքամասերու բաժանումը՝ կղզիներու ու մայրցամաքներու, աւելի ենթակայական բնոյթ ունի քան առարկայական, որովհետեւ մայրցամաքներու տարբերութիւնը մնացած կղզիներէն կ՛որոշուի հիմնականին մէջ մարդկային «աչքի չափով»:
Իրօ՛ք, եթէ ցամաքամասի տարածքին մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը չի փոխեր այն իրողութիւնը, որ անոր բնական սահմանները կը ձեւաւորեն համաշխարհային ովկիանոսին ջուրերը եւ ատով իսկ զայն կ՛առանձնացնեն աշխարհագրական այլ առարկաներէ որպէս այդպիսիք, ապա, ինքնին հասկնալի է, որ մայրցամաքներու թիւը կարելի է, ըստ կամս, աւելցնել կամ պակսեցնել: Կրինլէնտը, օրինակ, որ ցամաքի հսկայական հատուած մը կը ներկայացնէ, նոյնքան «իրաւունք ունի» մայրցամաք կոչուելու, որքան, ըսենք, Աւստրալիան, որովհետեւ այս կամ այն կղզին մայրցամաք համարելու ատեն, եւ ատիկա ակնյայտ է, առաջին հերթին նկատի կ՛առնեն անոնց մակերեսներու համեմատական մեծութիւնը, չնայած, ինչպէս ըսուեցաւ, մայրցամաքներու մակերեսի մեծութեան որեւէ յստակ չափ չի մատնանշուիր եւ, փաստօրէն, կ՛որոշուի, կրկնենք` պարզ «աչքի չափով»: Նմանապէս Աւստրալիա մայրցամաքը կարելի է կղզի համարել առանց խախտելու գիտական առարկայական որեւէ չափորոշիչ: Բայց, եթէ պահ մը մէկ կողմ ձգենք նման քննարկումը ու նշենք, որ մայրցամաքներու թիւը, այնուհանդերձ, կը համարուի հինգը, Ափրիկէն մայրցամաքներու թիւէն բացառելով, այդ թիւը, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, պէտք է մէկով նուազեցուի:
Այսպիսով, կը ստացուի, որ առարկայական չափանիշներու կիրարման պարագային, մեկնելով միմիայն առարկայական իրողութիւններու հաշուառումէն, մայրցամաքներու ընդունուած թիւը մենք կը համարենք վիճարկելի եւ կը գտնենք, որ անոնք չորսն են: Իսկ քանի որ Ափրիկէն Մեծ մայրցամաքի մասն է ու Եւրոպայէն շատ աւելի մեծ թերակղզի է, նաեւ՝ մայրցամաքէն «զատուած» ըլլալով աւելի ցայտուն՝ ցամաքի «բարալիկ» շերտով մը, եւ ըլլալով շատ աւելի մեծ, քան Եւրոպա աշխարհամասը, բնականաբար վերջինիս չափ իրաւունք ունի աշխարհամաս կոչուելու: Չէ՞ որ իրականին մէջ անիկա առաւել արտայայտուած թերակղզի մըն է, քան Եւրոպան:
Երբ կ՛անդրադառնանք մայրցամաքները աշխարհամասերու բաժնելու հիմնահարցին, ապա կը պարզուի, որ գիտութեան մէջ շատոնց ընդունուած է, որ աշխարհամասերուն միջեւ նոյնպէս պէտք ըլլան բնական սահմաններ` գետեր, լեռներ, նեղուցներ, ծովեր: Սակայն, ըլլալով առարկայական, այդ սահմանները միաժամանակ տարաբնոյթ են: Ըսել կ՛ուզուի, թէ աշխարհամասերը կազմելով նոյն մայրցամաքին ամենամեծ հատուածները, մեծագոյն տարածաշրջանները, մայրցամաքներուն պէս չունինն բացարձակօրէն յստակ, բնութեան մէկ երեւոյթով` «ընդգծուած» բաժանարարներ` նման հսկայական ովկիանոսի ու ծովերու ջուրերուն, եւ չունին նման գրեթէ անյաղթահարելի բնական սահմաններ:
Աշխարհամասերուն միջեւ գիտնականներուն կողմէ մինչ այժմ նշուող սահմանները, չնայած որ անոնք մեծ մասամբ անպայման կը յենին առարկայական իրողութիւններու վրայ, երբեմն, սակայն, շեշտուած կերպով արտայայտուած առարկայական արգելքներու գրեթէ բացակայութեան կամ եղածները ճիշդ չմատնանշելու պատճառով, կը թուին պայմանական, ուստի` յաճախ վիճարկելի: «Եւրոպական եւ ասիական տափաստանները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Ուրալեան լեռնաշղթան այն անջրպետը չէ, որ կարողանայ զանոնք երկուքի բաժնել: Երկու ցամաքներու ինքնորոշումը աշխարհագրական չէ, այլ` մարդկային ովկիանոս մըն է 50 միլիոն քառ. քիլոմետր տարածութեամբ», 1946-ին նկատել տուած է Ռուբէն Տէր Մինասեան՝ հայկական աշխարհաքաղաքականութեան ռահվիրան (Տե՛ս Ռուբէն, Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ, հ. 8, Պեյրութ-1984, էջ 19): Պատահական չէ, հետեւաբար, որ, օրինակ, Եւրոպա եւ Ասիա աշխարհամասերուն միջեւ եղած բնական սահմաններուն վերաբերեալ բանավէճերը առ այսօր ալ չեն դադարած:
Չանդրադառնալով այդ բանավէճերուն, ըսենք մէկ անգամէն, որ այդ երկու աշխարհամասերուն միջեւ առարկայականօրէն գոյութիւն ունեցող եւ մեծամասնութեան կողմէ ընդունուած բնական սահմանները, կամ առնուազն անոնց մէկ մասը, մենք նոյնպէս կը համարենք վիճարկելի եւ, կը գտնենք, որ առարկայական աւելի խիստ չափանիշներու կիրարման պարագային, պէտք պիտի ըլլայ այդ աշխարհամասերու գոնէ որոշ հատուածներուն մէջ մատնանշել բնական նոր, աւելի ազդեցիկ ու ընդգծուած սահմաններ, որոնք մնացած սահմաններուն հետ շատ աւելի օրկանապէս կը մերուին: Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի եւ Ասիա աշխարհամասի բնական սահմաններուն:
Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան