Ռազմիկ Փանոսեան․ Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ:
26 Օգոստոսի 2022-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը տեղեկացուց, որ որ nayiri.com հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։
«Այս ընդարձակ ու մանրակրկիտ ուղեցոյցը, իր իւրայատուկ մօտեցումով եւ ձեւաչափով կը գոցէ բաց մը, որ երկար տարիներ է ի վեր գոյութիւն ունէր արեւմտահայախօս աշխարհին մէջ», յայտնեց բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։
Բաժանմունքը դիտել կու տայ, որ բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ։
Իր թուայնացած բնոյթով՝ այս աշխատասիրութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է ոճաբանութեան բաժինը, որ անվարան կրնայ նկատուիլ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի դաստիարակչական մատեան մը։
Ուղեցոյցէն կրնան օգտուիլ բոլորը՝ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, մասնագէտ թէ պարզ ընթերցող՝ դիւրութեամբ որոնելով ու գտնելով իրենց փնտռած լեզուական կամ քերականական տեղեկութիւն, յաճախ նաեւ ծանօթանալով տուեալ գրելաձեւին կամ բառեզրին պատմութեան կամ արմատներուն։
Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ գործածել առցանց՝
http://www.nayiri.com/imagedBook.jsp?id=100000
Տարբերակ21 հանդէսը կը շնորհաւորէ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը այս կոթողային գործի հրատարակութեան առիթով:
Կը հրապարակենք աշխատասիրութեան «Ներածական»ը՝ աշխատասիրութեան խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանի ստորագրութեամբ եւ հեղինակին «Յառաջաբան»ը, որոնք ընդհանուր գաղափար մը կը փոխանցեն աշխատութեան նպատակին եւ յատկանիշներուն մասին:
Վրէժ-Արմէն Արթինեան․ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ
Իր տեսակին մէջ եզակի գործ մըն է, որ կը դրուի հայ ընթերցողին առջեւ, կը դրուի համացանցի ճամբով ու մանաւանդ՝ անվճար, այլեւ կը դրուի գեղագիտական բարձր ճաշակով ձեւաւորուած ու էջադրուած։
Արդարեւ բժ. Արմենակ Եղիայեանի այս «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ը ամբողջ կեանքի մը հետեւողական հետապնդումներուն արգասիքն է, որ կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս ինք կը նշէ իր «Յառաջաբան»-ին մէջ։ Այս տարողութեամբ ու մանրամասնութիւններով նման աշխատասիրութիւն դժուար ըլլայ գտնելը արեւմտահայերէնի պարտէզին մէջ։
Քերականութեան գիրք մը չէ ան պարզապէս, ու իր երեք բաժինները՝ «Ուղղագրութիւն», «Ուղղախօսութիւն» եւ «Ոճ եւ ոճաբանութիւն» ի մի կը բերեն բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնար ա՛լ աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու դուռ բանալ։ Իրապէս ալ, ցանկացողը կրնայ դիմել իր յղումներուն ու աղբիւրներուն, եթէ ուզէ աւելի խորանալ։
Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է յատկապէս ոճաբանութեան բաժինը, որ կրնայ գեղեցիկ խօսքի դաստիարակչական մատեանի մը վերածուիլ։
Իր ներկայացման թուայնացած ձեւով ու առցանց բնոյթով, այս գործը կը ներկայացնէ երկու յաւելեալ նկատառելի առաւելութիւն։
Առաջին՝ ընթերցողը, կամ օգտատէրը՝ ան ըլլայ աշակերտ թէ ուսուցիչ, գրող թէ խմբագիր, կրնայ դիւրութեամբ որոնել ու գտնել իր ուզած տեղեկութիւնը ու խորանալ իր կարիքին համաձայն, կարդալով բացատրութիւններն ու մատուցուած բազում օրինակները, յաճախ նաեւ երթալով մինչեւ տուեալ գրելաձեւին կամ եզրին պատմութիւնը կամ արմատները։ Երկրորդ՝ այս գործը ժամանակի ընթացքին կրնայ զարգանալ, բարեփոխուիլ, նորանոր հարցեր ընդգրկել ու միշտ մնալ այժմէական։ Կրնայ նաեւ ունենալ տուեալ հարցերուն շուրջ կարծիքներ փոխանակելու հարթակ մը։ Եւ դեռ այլ դիւրութիւններ։
Համոզուած եմ, որ ան մեծապէս պիտի գնահատուի արեւմտահայերէնը սիրող, արեւմտահայերէն խօսող ու գրող հասարակութեան կողմէ։
Արմենակ Եղիայեան․ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մերօրեայ ճիգերուն հիմնական թիրախը պարտի նախընտրաբար ըլլալ լեզուի միօրինակութեան իրականացումը։ Տրուած ըլլալով, որ արեւմտահայ աշխարհաբարը չէ ունեցած պետական լեզուի կարգավիճակ, ինչպէս նաեւ լեզուաբանական կաճառ մը, որ կարգաւորէր զայն, ան ժամանակի ընթացքին ենթակայ դարձած է ուղղագրական, բառային, ձեւաբանական, շարահիւսական, գրողական եւ այլ կարգի բազմաձեւութիւններու եւ աղաւաղումներու, յատուկ՝ բոլոր այն լեզուներուն, որոնք զրկուած են կեդրոնական ուղղիչ մարմինի մը հեղինակաւոր վերահսկողութենէն: Այս տեղատւութիւնը աւելի շեշտուած է մեր պատմութեան յետեղեռնեան փուլին, երբ հայ գաղութները, իմա՝ դպրոց, մամուլ, գրական ու այլ բնոյթի հրատարակչականներ եւ ազգային զանազան հաստատութիւններ, սկսած են գործել ու գոյատեւել անջատաբար, ընդհանրապէս իրարու անհաղորդ ու իրարմէ անկախ, իսկ երբեմն ալ՝ իրարամերժ տրամադրութեամբ:
Բազմաձեւութեան վերացումը, թիրախ ունենալով լեզուական ընդունելի միութիւն մը, մեր մէջ միշտ ալ բախած է ու կը շարունակէ բախիլ զօրաւոր դիմադրութեան մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր գրող այսպէս կամ այնպէս կառչած է իր գիտցածին. քող գրողը դժուար պիտի ընդունի քօղ գրել եւ փոխադարձաբար, կամ ծրագիրներ ըսելու վարժուած բերանը պիտի չյօժարի ծրագրեր ըսելու, իսկ այսպիսիներուն զուգահեռ կիրարկութիւնն ալ մերժելի է լեզուական միութեան տեսակէտէ: Պատկերացուցէք պահ մը, որ նոյն դպրոցին մէջ երկու ուսուցիչներ կառչած ըլլան այս եւ նման տարբերակներու կամ թէ դասագիրքերէն մէկը որդեգրած ըլլայ ասոնցմէ առաջինը, միւսը՝ երկրորդը: Այսօր նման կացութիւններ կը պարզուին դպրոցէ- դպրոց, թերթէ-թերթ, գրողէ-գրող եւ անշուշտ գրասենեակէ-գրասենեակ, պաշտօնեայէ-պաշտօնեայ, գաղութէ-գաղութ եւ այլն: Արեւելահայերէնը, բաղդատած արեւմտահայերէնին, ունի այն առաւելութիւնը, որ կ’ուսուցուի միայն մէկ ձեւով, այլ հարց՝ թէ կիրարկութեան մէջ անմիօրինակութիւնները այնտեղ եւս ընդմիշտ բացակայ չեն:
Այս մտահոգութիւններէն առաջնորդուած եւ տարիներու հետեւողական աշխատանքով, ձեռնարկեցինք ներկայ Ուղեցոյցի շարադրութեան, որ, առ ի չգոյէ պետականութեան, ակադեմիայի կամ լեզուի որեւէ կարգի բարձրագոյն խորհուրդի, ենթադրուած է ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք ու միակերպ ուսուցման ու կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին: Առ այս՝ հիմնուած ենք տասնամեակներու մեր դիտարկումներուն եւ արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն նմուշներու սերտողութեան, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի կառոյցին, գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութեանց նուիրուած լաւագոյն ուսումնասիրութեանց վրայ՝ առանց մոռնալու ստացուած արդիւնքները անցընել արեւմտահայերէնի գիտակ սրտցաւ բարեկամներու քննարկումին ալ բովէն: Կը մնայ, որ այս ճիգերուն շնորհիւ բիւրեղացած արդիւնքները մատչելի ու ընդունելի դարձուին սփիւռքի բոլոր խաւերուն, բոլոր անոնց, որոնք պատասխանատու են հայերէնի կիրարկումին ու յաւերժացումին, իմա՝ դպրոց, մամուլ, գրողներ, հրատարակչատուներ, բառարանագիրներ, գրասենեակներ եւ այլն: Վասնզի ամեն միութիւն կ’ենթադրէ կամաւոր հրաժարումը կարգ մը նախասիրութիւններէ եւ իւրացումը կարգ մը ցաւցնող ընտրութիւններու: Եթէ ամեն ոք պիտի շարունակէ կառչիլ իր գիտցածին ու յատկապէս նախընտրածին, ապա որեւէ միութիւն չ’իրագործուիր:
Այս բոլոր տուեալները աչքի առաջ ունենալով՝ համազգային բնոյթի հանրօրէն ընդունուած ուղեցոյց մը, որ իբրեւ օրինագիրք պիտի ծառայէ ամեն կարգի զառածումներու եւ շփոթներու, այն նուազագոյնն է, որ կրնայ սփիւռքահայութեան բեկորներուն ապահովել լեզուական տարրական միութիւն մը եւ դառնալ անոր պաշտպանութեան մէկ տոկուն կռուանը:
Անգամ մը, որ այս աշխատասիրութիւնը ստանայ իր վերջնական ձեւաւորումը, փափագելի է, որ անոր հիմնական դրոյթները իրենց կիրարկութիւնն ու ցոլացումը գտնեն դպրոցական բառարանի մը մէջ, որ ցաւագինօրէն բացակայ եղած է արեւմտահայ դպրոցէն եւ որ պէտք է ըլլայ արեւմտահայերուս հետագայ թիրախներէն մէկը: Ան իր ուղղագրական, ուղղախօսական, քերականական, կէտադրական ու այլ ենթաբաժիններով մէկտեղ պարտի հանդիսանալ արեւմտահայ դպրոցականի օրինագիրքը, որուն պիտի դիմեն բոլոր անոնք՝ մանուկ, պատանի թէ չափահաս, դպրոցական թէ արտադպրոցական, աշակերտ, ուսուցիչ թէ արհեստաւոր, որոնք կ’ուզեն ստուգել բառերու ուղղագրութիւնը, բայերու խոնարհումը, գոյականներու հոլովումը, ինչպէս նաեւ գրողական ընթացիկ ոճերու եւ ասոյթներու ուղիղ ձեւերը: Ակնկալելի է, որ այս միջոցառումներուն շնորհիւ մեր այլազան հատուածները կամաց-կամաց սկսին միանման մտածել, գրել եւ ուսուցել հայերէնը, եւ հետզհետէ վերանան վերոնշեալ բազմաձեւութիւնները: Լեզուի մը մեծագոյն առաքինութիւնը անոր ճշգրտութիւնը չէ,− ինչ որ երբեմն յարաբերական հասկացութիւն է,− այլ անոր միօրինակութիւնը, միաձեւութիւնը, ուր իւրաքանչիւր բառ ազգին բոլոր զաւակներուն կողմէ կը գրուի նոյն ձեւով եւ կ’ունենայ նոյն նշանակութիւնը: Այլ խօսքով՝ նախընտրելի է սխալ բայց միաձեւ գրել ու խօսիլ, քան «ճիշտ», սակայն բազմաձեւ: Այլ հարց, մենք հաւաքաբար պիտի փորձենք որոնել թէ՛ ճիշտ, թէ՛ միաձեւ խօսելու եւ գրելու միջոցները:
Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, գրաւոր ազդերու, տոմսակներու եւ այլնի վրայ: Ընտրութիւններն ու առաջարկները կատարուած են նկատի ունենալով մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի արդի փուլը եւ անոր ցուցաբերած ուղղութիւնը ժամանակի ընթացքին եւ մեկնելով մասնաւորաբար մանկավարժական մտահոգութիւններէ, դուրս ձգելով անկէ բացառութիւններ, որոնք գործածողներս ժամանակի ընթացքին անհեռատեսօրէն կուտակեր ենք: Առ այս՝ անոնք կրնան անհատական նախասիրութիւն չվայելել անպայման, բայց կ՛ըլլան աւելի հեշտ ուսուցելի, ընկալելի ու կիրարկելի: Չմոռնանք, որ եթէ հայերէնը կարգ մը շրջաններու, օրինակ՝ Միջին Արեւելքի մէջ, աւելի լայն եւ դիւրին ընկալում ունի,− թէեւ այս պերճանքն ալ հիմա սկսած է խնդրոյ առարկայ դառնալ,− ապա հեռաւոր գաղութներու մէջ շատ դժուարացած է անոր ընկալումն ալ, ուսուցումն ալ, եւ չենք կրնար այնտեղ հասնող սերունդները հրապուրել կամայական, բարդ ու մանուածապատ բառաձեւերով ու կանոններով: Ինչպէ՞ս կարելի է պահանջել լոսանճելըսածին անգլիախօս հայէ մը,− որ բախտով հայկական դպրոց կ’երթայ ու կ’ուզէ հայերէն սորվիլ,− իւրացնել սա՛պիսի յարացոյց մը՝ ամառ- ամրան–ամառնային-ամարանոց-ամառուան, որ շատ աւելի աճպարարական բնոյթ ունի ռ/ր կամայական ու անհիմն հնչիւնափոխութիւններով:
Շեշտենք այս եւս, որ ուղեցոյցը պէտք չէ շփոթել աւանդական քերականութեան ձեռնարկով, որ կ’ընդգրկէ լեզուն կանոնակարգող բոլոր երեւոյթներուն համադիր ամբողջութիւնը. ան կը հիմնուի լեզուն ճիշտ կիրարկելու տեսակէտէ եւ համաժամանակեայ կտրուածքով ներկայացող երեւոյթներու վրայ: Առ այս՝ ան կայուն, մանաւանդ քարացած ու անփոփոխ բովանդակութիւն չի կրնար ունենալ. պարտի քայլ պահել ժամանակին հետ, եւ ըստ այսմ ալ՝ տրամաբանական միջոցէ մը ետք վերանայուի, վերաթարմացուի՝ ըստ օրուան կարիքներուն, ապա ունենալու համար իր հերթական վերահրատարակութիւն(ներ)ը: